«ԱՆՑԱՆԿԱԼԻ» ԹԵՄԱՆԵՐԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՊԱՏՄԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Այս ուսումնասիրութիւնը տարիներ շարունակ նախապատրաստական հանգրուանի մէջ կը գտնուէր։ Այտ տարուան Յուլիս 1-ին Երեւանի «Ականաթ» սրճարան-պատկերասրահին մէջ ««Անցանկալի» թեմաները հայ պատմագրութեան մէջ» նիւթին շուրջ դասախօսութենէս ետք, այս մէկը տեսակէտներս տպագրուած ներկայացնելու առաջին փորձն է։ Պիտի ջանամ տեսականօրէն համակարգել անցնող երեսուն տարիներուն կուտակուած անձնական փորձառութիւնս՝ Պէյրութի, Երեւանի (Միխայէլ Կորպաչեւի այսպէս կոչուած վերակառուցման շրջանին), Լոնտոնի ու Տիրպորնի (Միչիկըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) մէջ՝ իբրեւ սփիւռքահայ անհատ, իբրեւ պատմութեան մէջ մասնագի-տացող ուսանող, իբրեւ նոյն դասանիւթի դասախօս եւ իբրեւ տարբեր ժամանակներու ընթացքին, երկու տարբեր երկիրներու մէջ, հայագիտական երկու կեդրոններու վարիչ։ Հետեւաբար սոյն գրութեամբ կ՚անդրադառնամ կացութեան այնպէս ինչպէս զայն կը տեսնեմ մերօրեայ Սփիւռքին մէջ։ Յօդուածիս վերջին բաժնով հպանցիկօրէն կ՚անդրադառնամ նաեւ խոր-հըրդային եւ յետխորհրդային Հայաստանի զուգահեռ հանգամանքներուն։ Աւելի՛ն, ասիկա տակաւին ընթացող աշխատանք մըն է, եւ եզրակացութիւնները պիտի վերամշակուին այլ պատմաբաններու, հայագիտութեան այլ գիտակարգերու (discipline) փորձագէտներու եւ հայկական ժամանակակից խնդիրներով հետաքրքըրուող հանրութեան հետ միտքերու փոխանակման շնորհիւ։
Հայութեան մեծամասնութիւնը կը հպարտանայ իր ազգի պատմութեամբ։ Անոնց սորված պատմութիւնը կ՚ընդգծէ իրենց ազգի անցեալի դրականն ու հերոսականը։ Ըստ էութեան, հայոց պատմութեան ժամանակակից մեծ պատմումը (grand récit; metanarrative) շատ չի տարբերիր յետգաղութային շատ մը պետութիւններու կամ իրենց սեփական ազգային պետութիւնը ստեղծելու ձգտող ազգային-ազատագրական շարժումներու կողմէ քարոզուող ազգային պատմութիւններէն։ Ան կ՚ընդգծէ ազգի փառաւոր անցեալը, զոր ընդհատուած է արտաքին ներխուժումներու, նուաճումներու եւ նախօրօք բացառապէս հայաբնակ շրջաններու մէջ օտարներու կողմէ բնակեցման պատճառով։ Հայերու ազգային զարթօնքը տեղի ունեցած է 19-րդ դարուն եւ կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը։ Յամենայնդէպս, հայութեան համար իրենց երկրի անկախութեան տիրանալը օտարներու դէմ պայքարի յաջող եզրափակումը չէր։ Ներկայ անկախ հայկական պետութեան սահմանները շատ աւելի փոքր են քան երազած պատմական հայրենիքը (…)։
Հայկական Սփիւռքի ազդեցիկ վերնախաւերու շրջանակին մէջ գերիշխող է այն տեսակէտը, որ հայոց պատմութիւնը դրական ոսպնեակով ներկայացնելը անհրաժեշտ է դաստիարակելու համար նոր հայրենասէր սերունդներ, որոնք որպէս ազգային փոքրամասնութեան ներկայացուցիչներ հասակ կը նետեն Սփիւռքի հայ գաղութները հիւրընկալող տարբեր պետութիւններու մէջ: Այս վերնախաւերու նպատակն է մօտ ապագային հայ երիտասարդութիւնը հեռու պահել ուծացումէ (…)։
Բոլոր հաւաքականութիւններու (ներառեալ՝ ազգերու) պատմութեան մէջ կան դրուագներ, որոնց մասին այդ խումբի մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ բարձրաձայն չխօսիլ։ Այս յօդուածին մէջ, սակայն, պիտի կեդրոնանամ բացառապէս հայոց պատմութեան վրայ։ Տակաւին ամբողջութեամբ չեմ որոշած թէ ինչպէ՛ս պէտք է կոչել այն թեմաները, որոնցմէ սփիւռքահայ պատմաբանները գիտակցաբար կը խուսափին։ Անցեալ քանի մը տարիներու ընթացքին՝ ծանօթներուս եւ գործընկերներուս հետ ունեցած անհատական քննարկումներու ընթացքին, բազմաթիւ եզրոյթներ առաջարկուած են՝ «դժուար», «չխրախուսուող», «անցանկալի»։ Ճշգրիտ եզրի մասին վերջնական համաձայնութեան հարցը ձգելով ապագային, հոս միայն կը փորձեմ որքան հնարաւոր է նեղ իմաստով սահմանել անոր ուրուագիծերը:
Վստահաբար, հայ պատմագրութեան ներկայի բոլոր բացերը չէ, որ կարելի է բացատրել անոնց սուր քննարկումներու դուռ բանալու վտանգի առկայութեամբ, կամ անոնց հայ համայնքէն ներս ազդեցիկ խումբերուն համար անցանկալի ըլլալու հետեւանքով։ Այս ճեղքերէն մէկ քանին պարզապէս այն պատճառով են, որ անհրաժեշտ սկզբնաղբիւրները չեն պահպանուած։ Նուազ համոզիչ կ՚ըլլայ եթէ բոլոր թեմաները նոյն խորութեամբ ուսումնասիրել չկարենալու իրողութիւնը վերագրուի միա՛յն ժամանակի կամ ֆինանսաւորման անբաւարարութեան։ Ի վերջոյ, կարելի է դիւրութեամբ հակառակը պնդել, թէ որոշ թեմաներուն՝ հաստատութիււններու կամ անհատ հովանաւորողներու կողմէ նախապատուութիւն տալը յաճախ պայմանաւորուած է համայնքին մէջ իշխող քաղաքական, կրօնական, գործարար կամ մտաւորական վերնախաւերու նախընտրութիւններով: Այս յօդուածին մէջ պիտի բացայայտեմ այն թեմաները, որոնցմէ գերիշխող վերնախաւերը կը խուսափին գիտակցաբար՝ նոյնի՛սկ եթէ բոլոր անհրաժեշտ սկզբնաղբիւրները եւ հետազօտական գործիքները հասանելի են, եւ կը խուսափին միա՛յն այն պատճառով, որ անոնք կ՚ենթադրեն, թէ այս թեմաները հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելը կրնայ հայութեան կամ տուեալ համայնքին վրայ լայն իմաստով բացասական ազդեցութիւն գործել։ Ասոնք է, որ այս գրութեան մէջ կը կոչեմ «անցանկալի» թեմաներ եւ փորձնականօրէն զանոնք կը սահմանեմ հետեւեալ կերպով.- «անցանկալի» թեման այն աստիճան վիճայարոյց է, որ հանրութեան մէջ գերակշռող տարրերը կը նախընտրեն այդ մասին քննարկումներ չկատարել՝ պատճառաբանելով, որ այդ հարցին շուրջ լռելը կը նպաստէ աւելի գերակայ նպատակի մը իրագործման։ Հոս պիտի չանդրադառնամ նաեւ այն խնդիրներուն, որոնց շուրջ հայկական շրջանակներէ ներս մէկէ աւելի, իրերամերժ, բայց ամրագրուած կարծիքներ կան եւ այդ տեսակէտները շարունակաբար եւ ազատօրէն կ՚արտայայտուին տարբեր խմբաւորումներու կողմէ։
«Անցանկալի» թեմաներու մասին ըս-փիւռքեան տեսանկիւնը շատ հետաքրքրական է, քանի որ այդ համայնքները հիւրընկալող երկիրներուն համապատասխան պետական վարչակարգերուն անմիջական դերը շատ փոքր է որոշ հայկական թեմաներ «անցանկալի» դարձնելու հարցին մէջ։ Անոնց «անցանկալի» ըլլալը գլխաւորաբար կը յառաջանայ հայկական մտահոգութիւններէ։
Սփիւռքի մէջ ներկայիս գերիշխող վերնախաւերու շրջանակին մէջ «անցանկալի» համարուող թեմաներու երկար ցանկ մը կազմելու փոխարէն՝ աւելի նպատակայարմար կը գտնեմ հոս ներկայացնել հայոց պատմագրութեան մէջ որոշ թեմաներ «անցանկալի» դարձնող համոզումներն ու մտահոգութիւնները՝ զանոնք դասակարգելով չորս խումբերու մէջ։
«Անցանկալի» թեմաներու որոշ քանակ գոյացնող ամենատարածուած սկզբունքը առկայ այն փափաքն է, որ սփիւռքահայ պատմագրութիւնը հայերը ներկայացնէ դրական, նոյնիսկ՝ գրեթէ կատարեալ տեսքով։ Շատ քիչ են այն թերութիւնները, որ սփիւռքահայ պատմաբաններու աշխատանքներուն մէջ բացէ ի բաց ներկայացուած են, կա՛մ որովհետեւ անոնք լաւ օրինակներ չեն նկատուիր հայ երիտասարդութեան համար, կա՛մ ալ այն վախին պատճառով, թէ Հայաստանի թշնամիները կրնան այդ թերութիւնները օգտագործել։ (Հայերը միամիտ համարելը անորոշ տեղ ունի «անցանկալի» թերութիւններու այս ցանկին մէջ): Ընդհակառակն, թերութիւն համարուող յատկանիշները կամ այն անհատներն ու դրուագները, որոնք կրնան հայերը բացասականի լոյսին տակ ներկայացնել, սովորաբար կ՚անտեսուին կամ կարելի եղածին չափ մաքրազտուած կը ներկայացուին։ Ըստ իս, սեռական այլասերման եւ ընտանեկան բռնութեան հարցերը եւս այս շերտին կը պատկանին, քանի որ հայ աւանդական ինքնութիւնը կը շարունակէ իտէալականացնել ու անվիճելի դարձնել ընտանեկան բարոյականութեան 19-րդ դարուն կազմաւորուած ըմբռնումները։ Ժամանակին յայտնի եւ արգասաբեր հայկական որոշ հաստատութիւններու հետագայ անկումի ետին ինկած գործօններու վերլուծութիւնը եւս սովորաբար կը շրջանցուի։
Այլ ցեղային հաւաքականութիւններու եւ ազգութիւններու հետ հայերու յարաբերութիւնները պէտք է դասակարգել առանձին։ Քրիստոնէութիւնն այժմ կը համարուի հայկական ինքնութեան յենասիւներէն մէկը։ Հայերը՝ Մերձաւոր Արեւելքի այլ քրիստոնեաներու նման, մշակութային առումով իրենց մօտ կը զգան ժամանակակից Եւրոպան եւ գերադաս՝ տարածքաշրջանի ոչ քրիստոնեայ ժողովուրդներէն։ Մանրամասնել այն դէպքերն ու հանգամանքները, երբ հայերը սորված են այլ քրիստոնեայ, մասնաւորաբար՝ եւրոպական մշակոյթներէն, ընդունուած մօտեցում մըն է սփիւռքահայ ժամանակակից պատմագրութեան մէջ։ Միաժամանակ, սփիւռքահայ պատմագրութիւնը հայերը կը ներկայացնէ գերադաս իրենց պատմական հայրենիքին դրացի հինգ ազգութիւններէն՝ կեանքի գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ։ Հաւաքական բռնութեան պարագային սովորաբար յանցաւոր կը նկատուին դրացիները, եւ այն դրուագները, ուր հայերը զոհերն են, սովորաբար լաւ ուսումնասիրուած են։ Գլխաւորաբար անցեալ քանի մը դարերու ընթացքին, հայկական պետականութեան բացակայութեան հետեւանքով, հայերու կողմէ նախաձեռնուած զինեալ գործողութիւնները աւելի հազուադէպ են: Յամենայնդէպս, նոյնիսկ այս հատուկենտ օրինակները սովորաբար կը մեկնաբանուին որպէս ինքնապաշտպանութիւն։ Հայոց պատմութեան այսպիսի մեկնաբանութեան եզրակացութիւնն այն է, որ հայերը միշտ ալ եղած են արդար ու խաղաղ (ինչպէս վերը նշուեցաւ), սակայն, դժբախտաբար, գրեթէ բոլոր կողմերէն շրջապատուած եղած են նուազ զարգացած (յետամնաց) ու վտանգաւոր դրացիներով։ Արեւմուտքէն փոխառութիւններու մասին յատուկ թեմաները սփիւռքահայ պատմաբաններու համար անհետաքրքրական կը դառնան, երբ վերջիններս հնարաւորութիւն չեն ունենար պնդելու, թէ այդ նորութիւնն ընդունելու հարցին մէջ հայերը տարածքաշրջանին մէջ առաջինը եղած են։ Միաժամանակ, հայերու կողմէ գործադրուած բռնութեան որեւէ գործողութիւն կը շրջանցուի, եթէ զայն կարելի չէ արդարացնել որպէս ինքնապաշտպանութիւն։
Այս երկու հիմնական համոզումները ճիշդ են նաեւ հայրենիքի մէջ ստեղծագործող հայ պատմաբաններու պարագային։ Սակայն հոս ներկայացուող դասակարգման մնացեալ երկու շերտերը, ըստ երեւոյթին, աւելի բնորոշ են ժամանակակից Սփիւռքին։
Առաջարկած դասակարգմանս երրորդ շերտը կը վերաբերի հայկական Սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներու կողմէ զիրենք հիւրընկալող համապատասխան համայնքներուն հանդէպ ցուցաբերուող այն հետեւողական փորձերուն, որոնց համաձայն հիւրընկալներուն ու հայոց շահերը պատմութեան ընթացքին միշտ ներդաշնակ եղած են։ Այս շրջագիծին մէջ չզետեղուող անցեալէն որեւէ դէպք մէկդի կը դրուի։ Ինչպէս կը սպասուէր, այս շերտին մէջ դասակարգուող «անցանկալի» թեմաները սփիւռքահայ մէկ համայնքէն միւսը անցնելու ժամանակ փոփոխութեան կ՚ենթարկուին՝ նկատի առնելով այն փաստը, որ հայերը կ՚ապրին ամբողջ աշխարհով մէկ՝ սփռուած տարբեր երկիրներու մէջ, ներառեալ՝ այնպիսի պետութիւններու տարածքին, որոնք կրնան իրարու թշնամի ըլլալ։ Լաւ օրինակ մըն է այն, որ հայերը Արեւմուտքի մէջ կը փորձեն Առաջին աշխարհամարտի ցեղասպանութիւնը բացատրել Երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակ հրեաներու Ողջակիզման (Հոլոքոսթ) հետ բաղդատելով։ Արաբական աշխարհի մէջ ապրող հայերը, սակայն, որքան կարելի է կը խուսափին այս համեմատութենէն՝ հայերու եւ հրեաներու միջեւ հեռաւորութիւն պահպանելու նպատակով։ Ատոր փոխարէն, նոյնիսկ համեստ ջանքեր գործադրուած են հայոց ցեղասպանութիւնը բաղդատելու 1948 թուականին եւ անկէ ետք կատարուած պաղեստինցի արաբներու հայրենազրկման հետ։
Դասակարգման չորրորդ եւ վերջին շերտը հայկական Սփիւռքի վերջին տասնամեակներուն - յատկապէս՝ 1960-ականներէն սկսեալ - միջհամայնքային ու միջկուսակցական զարգացումներուն արդիւնքն է։ Հայերը ազգային միասնականութեան հրաւիրող կոչերը եղած են հայոց ժամանակակից ազգային գաղափարախօսութեան հաստատուն բաղադրիչներէն։ Յաճախ կը պնդեն, որ հայերը յաղթական պիտի ըլլային եթէ մասնատուած չըլլային։ Յամենայնդէպս, հայկական երեք յարան-ւանութիւններու, ինչպէս նաեւ հայկական դասական երեք կուսակցութիւններու միջեւ տարբերութիւններն ու մրցակցութիւնը ակնյայտ եղած են անցեալին՝ մինչեւ որ յարաբերականօրէն վերջերս եւ երկու պարագային ալ նախապէս մրցակցող վերնախաւերու ներսը որոշ փոխհամաձայնութիւն գոյացնելու տրամադրութիւն յառաջացաւ։ Այսպէսով, անցեալին կրօնական-համայնքային կառոյցներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ զանազան հակամարտութիւններու բազմաթիւ դրուագներ դարձան «անցանկալի» թեմաներ, որովհետեւ անոնք կը յիշեցնեն ներհայկական լարումին հին ժամանակները եւ կրնան հին բայց ակնյայտօրէն չսպիացած վէրքեր վերաբանալ: Աւելի՛ն, իւրաքանչիւր կրօնական կառոյցի կամ քաղաքական խմբակցութեան հերոսները եւ պատմութեան աստեղային դրուագները քննարկելը դարձած է «առանձնայատուկ», կամ ինչպէս արեւելահայերը կ՚ըսեն՝ մասնաւորեցուած։ Նախապէս «հակառակորդ» նկատուող դաւանանքներն ու կուսակցութիւնները ներկայիս դադրեցուցած են բացէ ի բաց վիճարկել իրենց մըր-ցակիցներուն սիրելի անհատներու եւ պատմական փառաւոր դրուագներու վերաբերեալ «հակառակ կողմին» ներկայացուցած բացարձակապէս դրական մեկնաբանութիւնները՝ նոյնիսկ եթէ անոնք տակաւին թերահաւատ կը մնան «հակառակ կողմի» հրապարակաւ ըսածին կամ գրածին նկատմամբ։ Նման թեմաներ գրեթէ բոլորին համար փաստօրէն դարձած են «արգիլուած տարածքներ»՝ բացառութեամբ այն դաւանական կամ քաղաքական հաւաքականութեան, որ այդ անհատը կամ պատմական դրուագը կը նկատէ իր «սեփականութիւն»ը։
Սփիւռքի վերնախաւերու կողմէ հայոց պատմութեան մէջ որոշ թեմաներ «անցանկալի» դարձնելը շատ աւելի նշանակալից է, որովհետեւ անոնք չեն օգտուիր կառավարական ծառայութիւններէն եւ մամուլն ու քարոզչական միջոցները պաշտօնապէս գրաքննելու՝ վերջինիս մենաշնորհէն։ Հետեւաբար, «անցանկալի» թեմաները հայկական Սփիւռքի մէջ պիտի պահպանուին այնքան ատեն, որքան առկայ փոխհամաձայնութիւնը կը շարունակուի դաւանական, քաղաքական ու գործարար վերնախաւերուն միջեւ։ Քանի դեռ այսպիսի համընկնում գոյութիւն ունի, իշխանութեան գլուխ գտնուող մարդիկ «անցանկալի» թեմաներ պիտի չքննարկեն, անոնց քըն-նարկումը պիտի չխրախուսեն եւ այդ թեմաներու հետազօտութեան համար պիւտճէ պիտի չտրամադրեն։ Նոյնիսկ երբ սփիւռքահայ պատմաբան մը աշխատանքի անցնի ոչ հայկական հաստատութեան մը մէջ, ինչպէս օրինակ՝ հիւսիս-ամերիկեան կամ եւրոպական համալսարանի մը մէջ, եւ հետեւաբար նիւթապէս անկախ դառնայ հայկական համայնքէն, համայնքային այս հաստատութիւնները տակաւին կրնան անոր հետազօտութիւնները խոչընդոտել՝ նիւթեր չտրամադրելով, ինչպէս օրինակ՝ իրենց հաստատութեան արխիւները փակ պահելով կամ արգիլելով հարցախոյզեր կատարել այն անձերուն կամ խումբերուն հետ, որոնց վրայ իրենք ազդեցութիւն ունին։ Նոյնիսկ եթէ ի հեճուկս բոլոր արգելքներու՝ «անցանկալի» նիւթ մը ուսումնասիրուի, նոյն հայկական հաստատութիւնները տակաւին կրնան կանխել անոր արդիւնքներուն լայն տարածումը հայկական շրջանակէն ներս՝ մերժելով դահլիճներ տրամադրել այդ թեմային շուրջ հանրային դասախօսութիւններու համար կամ արգիլելով հետազօտութեան եզրակացութիւններուն անդրադառնալ իրենց ազդեցութեան տակ գտնուող զան-գըւածային լրատու միջոցներուն մէջ։ Ամենէն ծայրայեղ պարագան կրնայ ըլլալ «անցանկալի» թեմաներու հետ աշխատող գիտնականները «կազմակերպուած» ձեւով հրապարակաւ վարկաբեկելը։ Նշեալ սահմանափակումներուն հետեւանքով, «անցանկալի» թեմաներու քննարկումը հնարաւոր է միա՛յն ոչ հանրային, մասնաւոր ձեւաչափերով, որոնց շրջանակները յարաբերաբար նեղ են։
Սոյն յօդուածի սկզբնական մէկ տարբերակին շուրջ ինծի հետ միտքերու անձնական փոխանակման ժամանակ, Ուէզլէեան համալսարանէն Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան նկատել տուաւ, որ իմ առանձնացուցած բոլոր տարբերակները այսպէս թէ այնպէս 19-րդ դարուն սկսած ազգակերտման ժամանակակից գործընթացի արդիւնք են։ Ասիկա համոզիչ բացատրութիւն կը թուի։ Դժբախտաբար, 18-րդ դարու վերջերուն սկիզբ առած հայ ժամանակակից պատմագրութեան զարգացման նուիրուած, ինչպէս նաեւ այդ պատմագրութեան նախորդած 5-րդ եւ 8-րդ դարերու, միջնադարեան հեղինակներու ժառանգութեան հետ համեմատական լուրջ վերլուծութիւններ ցայսօր շատ քիչ կատարուած են։ Հայ պատմագրութեան նկատմամբ նմանատիպ նոր մօտեցում մը կարելի պիտի դարձնէ պարզաբանել, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ հանգամանքներու մէջ որոշ թեմաներ «անցանկալի» կը դառնան, մինչ ուրիշներ, որոնք նախապէս «թապու» կը նկատուէին, կը դառնան հետազօտութեան համար ընդունելի թեմաներ։ Ի վերջոյ, ներկայիս «անցանկալի» նկատուող թեմաներէն շատերը կը պայմանաւորուին հայութեան մօտ առկայ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային իրավիճակներով։ Երբ որ այս իրավիճակները փոխուին, հայ համայնքին ներսը ներկայիս գերիշխող տարբեր գաղափարախօսութիւններ եւս պիտի ենթարկուին փոփոխութեան, իսկ «անցանկալի» թեմաներու ցանկը որոշ չափով պիտի վերախմբագրուի։ Աւելի՛ն, հայագէտ պաշտօնակիցներէս լսած եմ, որ համացանցի միջոցով հաղորդակցութեան տարածման եւ համաշխարհայնացման աւելի լայն գործընթացներու իբրեւ հետեւանք, «անցանկալի» թեմաներու յարատեւման խնդիրը աւելի դժուար պիտի ըլլայ ապագային՝ այսօրուան հետ բաղդատած։
Միաժամանակ, Թէօլէօլեան կը նշէ, թէ հայ պատմագրական ժամանակակից աւանդութիւնը կը դժուարանայ բացատրել «պատերէ ներս պարփակուած յարատեւ հակամարտութեան» «մարդկութեան առանցքային շարժիչ» ըլլալու հանգամանքը։ Հետեւաբար, ըստ անոր, «այն, ինչ պէտք է ըլլար հայոց պատմութեան ընթացքին եւ յատկապէս ազգային վերնախաւերէն ներս, յարատեւ եւ միայն հազուադէպօրէն ամբողջական լուծում ստացող հակամարտութիւններու պատմում մը, կը վերածուի հերոսներու եւ դաւաճաններու մասին պարզունակ պատմութեան մը» (“what should be fully resolved and persist through Armenian history, especially within national elites, becomes a simplistic story of heroes and traitors”)։ (Տե՛ս. համացանցային հաղորդակցութիւն, 2015 Յուլիս 5)։
Չեմ կրնար ինքզինքս գիտակ համարել նոյն իրավիճակի հայաստանեան, խորհրդային եւ յետխորհրդային առանձնայատկութիւնները ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ առկայ դրութեան ու հայաստանեան համապատասխան իրականութեան միջեւ խոր համեմատական քննութիւն կատարելու համար։ Պիտի սահմանափակուիմ քանի մը դիտարկումներով, որոնք հետագային Հայաստան ապրող մասնագէտը կրնայ աւելի խորապէս վերլուծել։
Նախ, պետական համակարգի գոյութիւնը, վերջին տասնամեակներուն Հայաստանի իրարու յաջորդող վարչակարգերու օրինակարգութեան նկատմամբ մնայուն կասկածները, ինչպէս նաեւ գործող իշխանութիւններու կողմէ տպագիր մամուլով, հեռատեսիլով եւ ձայնասփիւռով սփռուող նիւթերու վերահսկումը աւելի կը բարդացնեն բացատրելու կարելիութիւնը, թէ հրապարակի վրայ լայն տարածում գտած տեսակէտները ի՛նչ չափերով ընդունուած են նաեւ երկրի տնտեսական ու մշակութային վերնախաւերէն։ Յամենայնդէպս, նոյնիսկ խորհրդային իշխանութեան ժամանակ եղած են քանի մը օրինակներ, երբ հեղինակները իրենց ստեղծած գրականութեան պատճառով անարգանքի թիրախներ դարձած են ընթերցող հասարակութեան զգալի մէկ մասին կողմէ, որ կը տարբերէր իշխող կուսակցութենէն եւ կառավարութենէն։ Ժամանակակից Հայաստանի մէջ որոշ անձեր տակաւին կը կիրարկեն այս մարտավարութիւնը, երբ պատմագիտական որոշ մեկնաբանութիւններ ազգային ապահովութեան հարց կը հռչակեն՝ այլընտրանքային մեկնաբանութիւններու շուրջ որեւէ քննարկում կանխելու համար։
Երկրորդ, հայաստանաբնակ հայերը կ՚ապրին իրենց հայրենիքին մէջ, ինչ որ պէտք է ինքնին բացառէր այս յօդուածին մէջ տեղ գտած դասակարգման երրորդ շերտին հետ բաղդատութիւն ընելու կարելիութիւնը։ Այսուհանդերձ, հայաստանցի քանի մը գործընկերներ անձնական զրոյցներու ընթացքին յայտնած են, թէ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները Հայաստանի մէջ յաճախ կը մեկնաբանուին այնպէս, ինչպէս նկարագրեցի Սփիւռքի տարբեր վերնախաւերու մօտեցումը զիրենք հիւրընկալող համայնքներու ազգային պատմութեան վերաբերեալ։
Երրորդ, յետխորհրդային Հայաստանի մէջ ոչ մէկ միջվերնախաւային փոխհամաձայնութիւն յառաջացած է եւ այդ է պատճառը, որ դասակարգմանս չորրորդ շերտին մէջ ներառուած «անցանկալի» թեմաները շատ սահմանափակ են Հայաստանի մէջ։ Հայոց նորագոյն պատմութեան առանցքային դէպքերուն առընչուող եւ յաճախ կտրականապէս տարբերող մեկնաբանութիւնները ներկայիս կողք կողքի կը շրջին երկրէն ներս, բայց միայն քաղաքականապէս գերակշիռ վերնախաւերուն հաճելի մեկնաբանութիւնները կ՚արտացոլուին դպրոցական դասագրքերու եւ հեռատեսիլի յայտագիրներուն մէջ։
Վերջապէս, քանի որ 1991 թուականէն սկեալ ազգային-պետական շինարարութեան համար գործադրուած ջանքերը ակնկալուածէն քիչ արդիւնաւէտ եղան, հաւանական է, որ հայոց պատմութեան մէջ բոլոր անյաջողութիւններուն համար օտարները մեղադրող մեկնաբանութիւնը հայրենիքի մէջ աւելի շուտ վիճարկուի քան Սփիւռքի մէջ։
ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ