ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՂԹԻ ԶՈՅԳ ԵՐԵՍՆԵՐԸ

Աշ­խար­հի պատ­մու­թեան մէջ հա­զուա­դէպ չեն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու զան­գուա­ծա­յին գաղ­թե­րը՝ այ­լա­զան պատ­ճառ­նե­րով-պա­տե­րազմ, սով, կրօ­նա­մո­լու­թիւն, ա­տե­լու­թիւն, հա­մա­ճա­րակ, եւայլն: Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւ­նը եւս ար­ձա­նագ­րած է մաս­սա­յա­կան տե­ղա­փո­խու­թիւն­ներ, ինչ­պէս՝ Ա­նիի ան­կու­մէն ետք (մօտ 1000 թուա­կա­նին), Շահ Ապ­պա­սի կող­մէ 17-րդ դա­րուն Ճուլ­ֆա­յի 300 հազարի մօտ հայ բնակ­չու­թեան  բռնա­գաղ­թը եւ տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը Նոր Ջու­ղա, Լե­հաս­տա­նի մէջ (1370-ա­կան թուա­կան­նե­րուն կազ­մուած հայ գաղ­թօ­ճա­խը), Հնդկաս­տա­նի մէջ (1500-ա­կան տա­րի­նե­րուն) եւ մին­չեւ Ծայ­րա­գոյն Ա­րեւմ­տեան եր­կիր­ներ, ու վեր­ջա­պէս՝ Եղեռնի հե­տե­ւան­քով՝ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր վե­րապ­րող­նե­րու գաղ­թը դէ­պի Մի­ջին Ա­րե­ւե­լեան հիւ­րըն­կալ Ա­րա­բա­կան եր­կիր­ներ, Յու­նաս­տան, Ռու­սաստան, Ֆրան­սա եւ մին­չեւ Ա­մե­րի­կա­ներ ու Գա­-նա­տա: Ա­ռանձ­նա­յա­տուկ պատ­մու­թիւն է 1940-1960-ա­կան տա­րի­նե­րուն դէ­պի Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թը եւ մօտ կէս դար ետք ա­նոնց մէկ կա­րե­ւոր մա­սին ար­տա­գաղ­թը՝ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ դէ­պի Ա­մե­րի­կա եւ Գա­նա­տա:

Վեր­ջին քա­նի մը ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին աշ­խարհ զար­հու­րան­քով եւ մտա­հո­գու­թեամբ ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լայ մի­լիոն­նե­րու հաս­նող բնիկ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու, ո­րոնք ըն­տա­նիք­նե­րով, խու­ճա­պա­հար, նոյ­նիսկ մա­հը աչք առ­նե­լով, Ափ­րի­կէէն, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն, Ա­սիա­յէն կը թա­փին Մի­ջերկ­րա­կան ծով, ա­պաս­տան գտնե­լու հա­մար եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ: Ո՞վ, ին­չո՞ւ եւ ինչ­պէ՞ս յան­կարծ այս մարդ­կա­յին «ցու­նա­մի»ն ըս-տեղ­ծեց, որ Եւ­րո­պա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւն­ներն իսկ ա­նակն­կա­լի մատ­նեց, թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի կա­րե­նան ըն­դու­նիլ կամ ետ ու­ղար­կել այս մարդ­կա­յին զան­գուած­նե­րը:

Այս գրու­թեան նպա­տա­կը չէ այդ պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն վեր­լու­ծումն ու քննար­կու­մը կա­տա­րել, այլ՝ կ՚ու­զենք կեդ­րո­նա­նալ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մեր մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան հայ­րե­նա­մերձ գաղ­թօ­ճախ­նե­րէն՝ յատ­կա­պէս Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ քա­ղա­քա­ցիա­կան, ծայ­-րա­յեղ կրօ­նա­մո­լու­թեան ար­դիւնք՝ պա­տե­րազ­մա­կան ճգնա­ժա­մա­յին կրա­կէն  խոյս տուող եւ Գա­նա­տա ա­պաս­տա­նած հայ զան­գուած­նե­րու ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րուն, ո­րոնց լու­ծում­նե­րը ար­դիւ­նա­բեր կեր­պով կը հե­տապն­դեն Մոնթ­րէա­լի եւ Թո­րոն­թո­յի կեն­սու­նակ հայ հա­մայնք­նե­րու ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու գրա­սե­նեակ­նե­րը, ե­կե­ղե­ցա­կան, բա­րե­սի­րա­կան, կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րը, պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ:

Տագ­նա­պա­լի կա­ցու­թեան սկզբնա­ւո­րու­թեան, օ­ժան­դա­կու­թեան աշ­խա­տան­քը կեդ­րո­նա­ցած էր Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի հայ­կա­կան կեդ­րոն­նե­րու մի­ջո­ցաւ հա­մա­ժո­ղովր­դեան մաս­նակ­ցու­թեամբ կեն­սա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ փու­թաց­նել տեղ­ւոյն հա­յու­թեան, եւ յե­տոյ ա­ւել­ցաւ Գա­նա­տա ժա­մա­նող հայ փախս­տա­կան­նե­րու կե­ցու­թեան, աշ­խա­տան­քի, կրթա­կան եւ այ­լա­զան հար­ցե­րու լու­ծու­մի ճի­գե­րը, մաս­նակ­ցու­թեամբ հայ­կա­կան ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան գրա­սե­նեակ­նե­րու եւ բա­րե­սի­րա­կան, ե­կե­ղե­ցա­կան, կու­սակ­ցա­կան, մշա­կու­թա­յին ու այլ միու­թիւն­նե­րու: Մխի­թա­րա­կան է տես­նել, թէ մեր տե­ղա­կան հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ յա­ճա­խող նոր ժա­մա­նած սու­րիա­հա­յե­րու եւ ի­րա­քա­հա­յե­րու թի­ւը, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնց­մէ վար­չա­կան եւ գոր­ծօն դեր ստանձ­նող­նե­րու թի­ւը հետզ­հե­տէ կը բարձ­րա­նայ:  Ա­նոնք այ­լեւս կը սկսին հետզ­հե­տէ ի­րենց տան մէջ զգալ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց  հա­մար, ե­կե­ղե­ցին, դպրո­ցը, ա­կում­բը, մշա­կոյ­թը, մա­մու­լը, լե­զուն, ի­րենց ա­ռօ­րեա­յին, ի­րենց կեան­քին ան­բա­ժան մա­սը կը կազ­մեն: Ու­րեմն սխա­լած չենք ըլ­լար ե­թէ ը­սենք, թէ նոր ժա­մա­նած սու­րիա­հա­յը կամ իրա­քա­հա­յը «բեռ» մը չէ մեր հա­մայն­քին հա­մար, այլ՝ ե­կած է բաժ­նե­լու մեր հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու բե­ռը, նոր կեն­սու­նա­կու­թիւն ներ­մու­ծե­լու մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քին եւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ լեց­նե­լու մեր ղե­կա­վա­րու­իւնը, որ մտա­հոգ է, թէ մեր նոր սե­րուն­դը ո՞ր  չա­փով պի­տի կա­րե­նայ պա­հել եւ օգ­տա­գոր­ծել հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րը: Ինչ­պէս ժո­ղովր­դա­յին ա­ռա­ծը կ՚ը­սէ. «Ա­մէն չա­րի­քի տակ բա­րիք մը կայ»: Ա՛յս է որ ան­ցեա­լին պա­հած է մեր ժո­ղո­վուր­դին լի­նե­լիու­թիւ­նը եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ մեր գո­յա­տե­ւու­մը:

Կ՚ար­ժէ հոս խորհր­դա­ծու­թիւն մը եւս կա­տա­րել: Սու­րիա­հա­յու­թեան տագ­նա­պի սկզբնա­ւո­րու­թեան, Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բա­ցաւ իր դռնե­րը եւ ըն­դու­նեց 17 հազար սու­րիա­հա­յեր, ու ար­դար գո­հու­նա­կու­թեամբ յա­ճա­խա­կի կեր­պով յայ­տա­րա­րուե­ցան, թէ բնա­կա­րա­նա­յին, աշ­խա­տան­քի, ըն­կե­րա­յին եւ այլ օ­ժան­դա­կու­թեամբ պի­տի բա­ւա­րար-ւին նո­րեկ­նե­րը: Սա­կայն ըստ ե­րե­ւոյ­թին, գոր­ծը չյա­ջոր­դեց խօս­քին, եւ ի դե­րեւ ե­լան շա­տե­րու յոյ­սե­րը, թէ աշ­խա­տան­քի հա­մար Հա­յաս­տա­նէն հե­ռա­ցող­նե­րու պա­կա­սը գէթ մա­սամբ պի­տի փո­խա­րի­նուի սու­րիա­հա­յե­րով եւ ի­րա­քա­հա­յե­րով: Ըստ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի, Յու­լիս 2015-ի հա­շուար­կով, Հա­յաս­տա­նի մէջ մնա­ցած է 13 հազար սու­րիա­հայ: Հասկ­նա­լի է, թէ ե­թէ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ու­նե­նար մի­ջոց­նե­րը, հո­գա­լու նո­րեկ­նե­րու կա­րիք­նե­րը, պի­տի կա­րե­նար գո­հաց­նել աշ­խատան­քի պա­կա­սի պատ­ճա­ռաւ եր­կի­րը ձգող բնիկ հա­յաս­տան­ցիին կամ սու­րիա­հայ հայ­րե­նա­դար­ձին: Սա­կայն ե­թէ Հա­յաս­տա­նի օ­լի­կարխ­նե­րու կող­մէ նուա­զա­գոյն մաս­նակ­ցու­թիւն մը ըլ­լար, վստա­հա­բար Սփիւռ­քէն եւս բա­րե­րար­ներ պի­տի գտնուէին սու­րիա­հա­յե­րու բնա­կա­րա­նա­յին եւ այլ հիմ­նա­կան կա­րիք­նե­րը լրաց­նե­լու: Բայց ին­չո՞ւ միայն սփիւռ­քա­հայ բա­րե­րա­րը պար­տա­ւոր զգայ հո­գա­լու իր հա­մայն­քին կրթա­կան, ե­կե­ղե­ցա­կան, մշա­կու­թա­յին ու այլ ազ­գա­յին կա­րիք­նե­րուն կող­քին, նաեւ՝ Հա­յաս­տա­նի կա­րիք­նե­րը: Այդ ալ ա­ռան­ձին հարց մը:

Բա­րի ե­կաք սու­րիա­հայ եւ իրա­քա­հայ հայ­րե­նա­կից­ներ:

ՏՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016