ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՎԱԶԳԷՆԻՆ ԱՐԾԱԹԵԱՅ ԳՈՐԾԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՏԵՂԸ ԳՐԱՒԱԾ ԵՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԲԵՐ ԱՆԿԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Դժուար է պատկերացնել, թէ Երեւանի Ոսկիի շուկայի ամենավերեւի յարկի փոքրիկ խուցի մը մէջ, ուր երկու հոգին դժուարութեամբ կրնան շարժիլ, սուրիահայ Վազգէնը ինչպէս կը ստեղծէ արծաթէ փոքրիկ հրաշքներ, շունչ կու տայ սառն մետաղին ու կը դարձնէ արուեստի գործեր: Հետաքրքրական է, որ սուրիահայ արծաթագործին աշխատանքները հիմնականօրէն կը գնահատեն զբօսաշրջիկները:
Վերջին տարիներուն Վազգէն Արճեան Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման սեփական վիճակագրական սանդղակը ստեղծած է. եթէ առեւտուրը ամրան ամիսներուն նախատեսուածէն լաւ կ՚ըլլայ, կը նշանակէ զբօսաշրջիկներու հոսքը մեծ է: «Եւրոպա, Գանատա, Ռուսաստան, Իրան… Հիմնականօրէն այդ երկիրներէն ժամանածները կը գնեն իմ պատրաստած զարդերս: Ես ալ կ՚ուրախա-նամ, որ իմ զարդերս իրենց անկիւնը կը գտնեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ», կ՚ըսէ Վազգէն ու կ՚աւելցնէ, որ իր զար-դերը իւրայատուկ են, քանի որ բացառապէս ձեռքի աշխատանք են: Վազգէնը կը կիրառէ արծաթագործութեան հին աւանդական մեթոտները, որոնք իրեն սորվեցուցած են իր նախնիները:
Ան Հայաստան տեղափոխուած է երեք տարի առաջ: Սուրիոյ իրադարձութիւնները ան կ՚ան-ւանէ «անիմաստ պատերազմ»: Բազմաթիւ ընկերներ, հարազատներ կորսնցուցած է արիւնահեղութեան հետեւանքով, որուն նպատակն ու իմաստը ո՛չ ինք կը հասկնայ, ոչ ալ իր շրջապատը:
Վազգէն կ՚ըսէ, որ Հալէպը դըժ-ւարութեամբ ձգած է, բայց Երեւան գալու հարցով վայրկեան մը իսկ չէ տատանած: «Բախտաւոր մարդ եմ, քանի որ հայրենիքէս եկած եմ հայրենիք: Սուրիան իմ հայրենիքս է, Հայաստանը՝ նոյնպէս», կ՚ըսէ Վազգէն:
Կենսամակարդակի առումով Վազգէնը նոյնիսկ համեմատութեան եզրեր չի կրնար գտնել Երեւանի եւ Հալէպի կեանքերուն միջեւ: Հալէպի մէջ ան նշանաւոր արծաթագործ Վազգէնն էր եւ շատ յաճախ 24 ժամ անդադար աշխատանքը չէր բաւականացներ պատուէրները հասցնելու համար: Երեւանի մէջ ան դժուարութեամբ կը հոգայ ընտանիքին ծախսերը: «Արաբները կը սիրէին հայ վարպետներուն գործերը ու իրենց տունը կը զարդարէին արծաթեայ իրերով, սպասքով, սկուտեղներով: Հայաստանի մէջ, ի հարկէ, վաճառքի առումով անհամեմատելի է: Հոս ամէն մէկը չէ, որ կրնայ մեծ զարդեր գնել, հիմնականօրէն զբօսաշրջիկները կը գնեն իմ գործերս», կ՚ըսէ Վազգէն:
Ան կը խոստովանի, որ Երեւանի մէջ գտած է ապահովութիւն, սակայն որպէս առաջնակարգ մասնագէտ՝ յաճախ կը վիրաւոր-ւի ու կը նեղուի: «Պատճառն այն է, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ կը նախընտրեն ոչ թէ ձեռքի, այլ մեքենայի աշխատանքը», կ՚ըսէ Վազգէն ու կը շեշտէ, որ յաճախ խանութները հրաժարած են ընդունելէ իր գործերը՝ պատճառաբանութեամբ, որ անոնք ձեռքի աշխատանք են: «Շատ զարմանալի է: Ողջ աշխարհը այսօր նախապատուութիւնը կու տայ ձեռքի աշխատանքին, իսկ Հայաստանի մէջ հակառակն է», կ՚ըսէ ան:
Վազգէն կը փաստէ, որ մետաղի լեզուն հասկնալը այնքան ալ բարդ գործ չէ: Քիչ մը երեւակայութիւն, քիչ մը ստեղծագործական մօտեցում, շատ սէր ու նուիրում, աշխատասիրութիւն: Սա, ըստ Վազգէնին, իւրաքանչիւր աշխատանքի յաջողութեան բանալին է: «Պէտք է աշխատանքդ արժեւորես, գնահատես, յարգես, որպէսզի արդիւնքը գոհացնէ», կ՚ըսէ ան: Երեւանեան կեանքին յարմարուելու համար ալ Վազգէն բաղադրատոմս ճարած է. քիչ մը համբերութիւն, լաւատեսութիւն ու կամքի ուժ:
ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
«Արմէնփրէս»