ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս հրա­տա­րա­կուե­ցաւ «Գի­տե­լիք­նե­րու հան­րա­գի­տա­րան» խո­րագ­րեալ գիրք մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ «Գի­տե­լիք­նե­րու հան­րա­գի­տա­րան»ին շնոր­հան­դէ­սը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։ Այս նոր հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը շատ կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ար­դէն սպա­ռուած է ա­ւե­լի քան 700 հատ, ինչ որ Հա­յաս­տա­նի պայ­ման­նե­րով կը հա­մա­րուի յատ­կան­շա­կան։ Տիե­զեր­քի, երկ­րի, բնու­թեան, մար­դու, գի­տու­թեան եւ պատ­մու­թեան հրաշք­նե­րը ամ­փո­փուած են նոյն հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ։ Հայ­կա­կան «Պու­քի­նիսթ» եւ անգ­լիա­կան «Dorling Kindersley» հրա­տա­րակ­չու­թիւն­նե­րը միաս­նա­բար կեան­քի կո­չած են այս ծրա­գի­րը։ «Պու­քի­նիսթ» ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն Խա­չիկ Վար­դա­նեան, որ այս գիր­քի հրա­տա­րակ­ման բուն նա­խա­ձեռ­նողն է, այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ. «Մեր յա­ջո­ղու­թեան գաղտ­նի­քը այն է, որ գիր­քը ստեղ­ծուած է սի­րով։ Ա­ռա­ջին հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ մեր անգ­լիա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն, ո­րոնք մեր բո­լոր խնդրանք­նե­րուն, պա­հանջ­նե­րուն ըն­թացք տուին։ Մենք ա­ռանց գո­վազ­դի, աղ­մու­կի եր­կու ամ­սուան մէջ վա­ճա­ռե­ցինք 600 օ­րի­նակ, գիր­քին սպա­ռու­մը հա­տած է 700-ի սահ­մա­նը։ Ի հար­կէ, պի­տի վե­րահ­րա­տա­րա­կենք զայն»։

­Խա­չիկ Վար­դա­նեան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք գիր­քի ստեղծ­ման աշ­խա­տան­քին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած էին։ Ըստ ի­րեն, ա­ռանց ըն­թեր­ցո­ղի հրա­տա­րա­կիչ­նե­րը ո­չինչ են։ Յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի հրա­տա­րա­կուին նաեւ «Տիեր­զերք», «Հո­յա­մո­ղէզ­ներ», «Հա­յաս­տան» հան­րա­գի­տա­րան­նե­րը։

Շնոր­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան նշեց, թէ իր բա­րե­կամ­նե­րուն հա­մար եւս ա­պա­հո­ված է այս հան­րա­գի­տա­րա­նէն։ «Գիր­քը թեր­թե­լու ժա­մա­նակ կը վե­րա­նայ ե­լեկտ­րո­նա­յին կայ­քեր-գիրք հար­ցա­կա­նը։ Հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րեց Խա­չիկ Վար­դա­նեան, պահ­պա­նե­լով գրա­խա­նու­թը, այս դժուա­րին ժա­մա­նակ­նե­րուն ինք իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը հա­մա­րեց չա­ւար­տած։ Այս­պի­սի գիր­քե­րը կ՚օգ­նեն ա­ւե­լի սերտ կա­պուիլ ըն­թեր­ցա­նու­թեան», ը­սաւ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։

Գիր­քի տիե­զեր­քի վե­րա­բե­րեալ բա­ժի­նը թարգ­մա­նած է Բիւ­րա­կա­նի աստ­ղա­դի­տա­րա­նի տնօ­րէն Հայկ Յա­րու­թիւ­նեան, որ շեշ­տեց, թէ մեծ ի­րա­դար­ձու­թիւն կը հա­մա­րուի նման գիր­քե­րու լոյս տես­նե­լը։

«Dorling Kindersley» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը յա­տուկ հայ ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­մար այս գիր­քին մէջ նե­րա­ռած է «Հա­յաս­տան» ա­ռան­ձին բա­ժի­նը, ո­րու խմբա­գիրն է պատ­մա­բան Տքթ. Ար­տակ Մով­սի­սեան։ «Երբ ստա­ցայ ա­ռա­ջար­կը, տոք­թո­րա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թեան վրայ կ՚աշ­խա­տէի։ Երբ գոր­ծին ծա­նօ­թա­ցայ՝ ան­կախ գերզ­բա­ղուած վի­ճա­կէս մտա­ծե­ցի՝ ափ­սոս է, որ մեր ե­րա­խա­նե­րը սա չու­նե­նան», ը­սաւ ան։

Այս հան­րա­գի­տա­րա­նի ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րէն մին այն է, որ նա­խա­տե­սուած է ըն­թեր­ցող­նե­րու լայն խա­ւի մը հա­մար։ Պա­տա­հա­կան չէ, որ ըն­թեր­ցող­նե­րը ա­նոր մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նակ ար­դէն սկսած են օգ­տա­գոր­ծել «ըն­տա­նե­կան հան­րա­գի­տա­րան» ո­րա­կու­մը։

Հա­մալ­րուած ըլ­լա­լով ապ­շե­ցու­ցիչ փաս­տե­րով, հա­մա­պար­փակ ժա­մա­նա­կագ­րու­թեամբ, զար­մա­նահ­րաշ նկար­նե­րով՝ այս հան­րա­գի­տա­րա­նը նոյ­նիսկ բարդ ե­րե­ւոյթ­նե­րը կը դարձ­նէ դիւ­րու­թեամբ ըն­կա­լե­լի։ Տե­ղե­կա­տուու­թեան մա­տուց­ման լիար­ժէք պատ­կե­րա­ւոր հա­մա­կար­գը ցոյց կու տայ այն, ո­րու մա­սին այլ գիր­քե­րու մէջ միայն գրուած է։

Գիր­քին գրա­կան խմբա­գիրն է Յով­հան­նէս Այ­վա­զեան, որ «Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան» հրա­տա­րակ­չու­թեան ղե­կա­վարն է։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016