ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՏՕՆԸ
Հայաստանի մէջ արդէն շուրջ ութ տարիէ ի վեր՝ ուշագրաւ եւ հետաքրքրական տօն մը կը նշուի՝ Գիրք նուիրելու տօնը: Տակաւին Հայաստանի Գրողներու միութեան լուսահոգի նախագահ Լեւոն Անանեանի նախագահութեան օրօք որոշում կայացուած է Հայաստանի մէջ Փետրուարի 19-ը հռչակել իբրեւ Գիրք նուիրելու աւանդական օր: Այս մասին յայտարարուած է 2008 թուականին՝ նշելով, որ տօնակատարութեան նախաձեռնողը Հայաստանի կառավարութիւնն է: Օրուան ընտրութիւնը պատահական չէ. ան առընչութիւն ունի 1869 թուականի Փետրուարի 19-ին ծնած հայ մեծ գրող, յայտնի հասարակական գործիչ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան հետ:
Յովհաննէս Թումանեան ստեղծագործել սկսած է երիտասարդ տարիքէն՝ 1880-ական թուականներուն, եւ իր գործերու մէջ արտայայտելով հայ ժողովուրդի ողջ տառապանքն ու ուրախութիւնը, ցաւն ու ցասումը՝ հետագային անուանուած է Ամենայն հայոց բանաստեղծ: Իր ամբողջ կեանքը նուիրելով հայ գիրին, գրականութեան, ընթերցանութեան եւ իր ժողովուրդին, Թումանեան իր մահէն ետք հայ ժողովուրդի համար դարձած է գրականութեան խորհրդանիշ։ Ահա ինչու, գիրքի եւ ընթերցանութեան հանդէպ սէր տածելու եւ տարուան մէջ ամբողջ օր մը գիրքի մասին խօսելու եւ գիրք քարոզելու պարագային ալ ընտրուեցաւ Թումանեանի ծննդեան օրը: Անշուշտ, Հայաստանի մէջ այլ ձեռնարկներով նոյնպէս կը մեծարուի մեծն Թումանեան։ Ամէն տարի Ապրիլին, Հայաստանի մէջ կ՚իրականացուին թումանեանական օրեր:
Կար ժամանակ՝ երբ գիրքը ամենէն ցանկալի նուէրը կը դիտուէր, սական շուկայական արժէքներու տիրակալութեան ժամանակներուն գիրքը, այլ հոգեւոր, մշակութային արժէքներու հետ գրաւեց աւելի յետին տեղ մը։ Գիրք նուիրելու օրը ամբողջ Հայաստանով մէկ տարածելու գաղափարն ու զայն գործնականի վերածելը այդ վաղեմի սովորութեան վերականգնման նպատակ ունէր: Տարուէ տարի աւելի շատ թիւով մարդիկ կը հետեւին տօնի խորհուրդին եւ գիրք կը նուիրեն իրարու: Բազմաթիւ հաստատութիւններ, գրադարաններ, հրատարակչատուներ, դպրոցներ, համալսարաններ, պետական եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ կը միանան այս օրուան եւ իրարու գիրք կը նուիրեն:
Օրուան առթիւ կը կազմակերպուին նաեւ միջոցառումներ, որոնց ընթացքին կը փառաբանուի գիրքը, իբրեւ մարդու անբաժան ուղեկից եւ մտաւոր զարգացման ամենէն մեծ միջոց:
Ուրախալի է տեսնել, որ մանաւանդ երիտասարդութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն ունի գիրքի հանդէպ: Անոնք կը մասնակցին ձեռնարկներու, գիրքեր կը գնեն՝ միմեանց նուիրելու համար։ Նոյնիսկ եթէ ամէնը չընթերցեն, բայց տեսնելով այդ օրուան ոգեւորութիւնը՝ գիրքի հանդէպ, կ՚արժեւորեն գիրքը, հոգիի խորքէն կը հաւատան գիրքէն եկած այն մեծ լոյսին, որուն ուղեկցած է մեր ժողովուրդը՝ դարեր շարունակ:
Այսօր ալ, հոգեւոր սնանկութեան վտանգներու, համաշխարհայնացման գործիքներու, զուարճանքի ու շոուներու տանող ժամանակներուն նորէն գիրքն է, որ խաւարի մէջ լոյս կու տայ եւ մութի մէջ ճանապարհ ցոյց կու տայ՝ հոգւով եւ մտքով կոյր եւ սնանկ մարդուն, որ երբեմն շուարած կը մնայ վտանգներու դէմ յանդիման:
Գիրք նուիրելու օրը ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին տեղի ունեցող տօնակատարութիններու մէջ են նաեւ հանրային ընթերցումները, կրթական եւ մշակութային միջոցառումները, հայ գրողներու հանդիպումները՝ ընթերցողներուն հետ:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը երկրի կառավարութեան որոշման համաձայն` իւրաքանչիւր տարի Գիրք նուիրելու օրը պետական պատուէրով եւ աջակցութեամբ հրատարակուած եւ չվաճառուած գիրքերը կը բաշխեն մարզային եւ համայնքային գրադարաններուն, ինչպէս նաեւ ատոնք կը ղրկուին Արցախ եւ Ջաւախք:
Բազմաթիւ գիրքեր կ՚առաքուին նաեւ գիւղական բնակավայրեր, զօրամասեր, առողջապահական եւ խնամքի կեդրոններ, մանկատուներ եւ այլ հանրային վայրեր:
Գիրք նուիրելու օրը մասնագիտական տօն դարձած է Հայաստանի բոլոր գրադարաններու, հրատարակչատուներու եւ գրատուներու համար, որոնց գլխաւոր առաքելութիւնն է գիրքը հասցնել ընթերցողին: Եւ անոնք մանաւանդ այդ օրը կը նուիրաբերեն առատօրէն:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ նոյնպէս հրաւիրուեցաւ մասնակցելու Հայաստանի ամենէն նշանաւոր հրատարակչատուներէն մէկուն՝ «Զանգակ» հրատարակչատան սրահներու մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին, որ կը քարոզէր գիրքը, իբրեւ լաւագոյն նուէր եւ լաւագոյն գիտելիքի աղբիւր: «Զանգակ» հրատարակչութեան գրատունը Գիրք նուիրելու օրը լեցուն էր ընթերցասէրներով, որոնք եկած էին գիրք գնելու կամ ալ պարզապէս նուէր ստանալու «Զանգակ»էն: Հայաստանի անկախութենէն ետք ստեղծուած եւ այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ նշանաւոր անուն դարձած «Զանգակ» հրատարակչատունը հիմնադրուած է Սոկրատ Մկրտչեան եւ Մաշա Մնացականեան ամոլին կողմէ, ու ան կարճ ժամանակի ընթացքին դարձած է Հայաստանի հեղինակաւոր հրատարակչութիւններէն մին: Այսօր անոնց որդին՝ Էմին Մկրտչեան միացած է ընտանեկան գործին եւ իբրեւ գործադիր տնօրէն կը ղեկավարէ «Զանգակ»ը: «Զանգակ» հրատարակչութիւնը հազարաւոր անուն գիրքեր հրատարակած է, ինչպէս հայերէն, այնպէս ալ՝ այլ լեզուներով:
Այս հրատարակչութիւնը մանաւանդ ծանօթ է որպէս ուսումնական գրականութեան, մասնաւորապէս դպրոցական դասագիրքերու հրատարակմամբ զբաղող ընկերութիւն: Որոշ տուեալներով՝ ան կը նկատուի տարածքաշրջանի յառաջատար դասագիրքաստեղծ հաստատութիւններէն մին: Հրատարակչութեան մասնագէտներու տպագրած գիրքերը կը գործածեն Լիբանանի, Լոնտոնի եւ Ռուսաստանի հայկական ամէնօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցնէրէն ներս: Այդ դասագիրքերը նախատեսուած են թէ՛ արեւելահայերէնով եւ թէ արեւմտահայերէնով սովորող աշակերտներու համար:
Մեծ է նաեւ «Զանգակ»ի հրատարակած մանկական, գեղարուեստական գիրքերու, բառարաններու, քարտէսներու, գիտական ամսագրերու, մասնագիտական գրականութեան ցանկը:
Դիտելով «Զանգակ» գրատան գրադարակներուն մէջ շարուած գիրքերը, պահ մը կը մոռնաս, որ այսօր թուային դարաշրջան է եւ շատ մը բովանդակութիւններ հասանելի են թուային տարածքներու վրայ: «Զանգակ»ի ծանրաբեռնուած դարակները այլ բան կը վկայեն՝ որ տպագիր գիրքը միշտ ալ իր փառաւոր տեղը ունեցած է եւ կ՚ունենայ: Եւ թուային տպագրութիւններու զարգացման զուգընթաց, «Զանգակ» ոչ թէ կը նուազեցէ իր տպագիր հրատարակութիւններու թիւը, այլ՝ ընդհակառակը՝ կ՚աւելցնէ: Ամէն օր նոր ու շքեղ կողքերով, բազմազան հեղինակներով եւ ամենէն բազմազան նիւթերով գիրքեր կը դրուին ընթերցողներու սեղանին: Այնուամենայնիւ՝ կարեւորելով ժամանակի պահանջները եւ երիտասարդութեան հակումները՝ թուային աշխարհի հանդէպ, «Զանգակ» ընթերցողին կը ներկայացնէ նաեւ ելեկտրոնային գիրքերու տարատեսակ հրատարակութիւններ, որոնք նախատեսուած են կարգ մը նորագոյն թուային սարքերով եւ կրիչներով ընթերցելու համար:
Այսօր դժուար է պատկերացնել հրատարակչութեան մը աշխատանքը՝ առանց թարգմանական գրականութիւն ներկայացնելու, այլ խօսքով՝ աշխարհը գիրքի միջոցով բերելու Հայաստան: «Զանգակ» այսօր Հայաստանի մէջ ամենէն մեծ թարգմանական գրականութիւնը ներկայացնող հրատարակչատուներէն մին է, որ կը գործակցի միջազգային հրատարակիչներու, այլազգի եւ այլալեզու հեղինակներու հետ՝ իրականացնելով համապատասխան աշխատանքներ՝ միջազգային գիրքի շուկայի լաւագոյն նմոյշները հայ ընթերցողին ներկայացնելու համար: «Զանգակ»ի մէջ կարելի է գտնել օտար թէ՛ ժամանակակից, թէ՛ դասական հեղինակներու հայերէնով թարգմանած գիրքեր: Այս ճանապարհին հսկայական աշխատանք տարուած է՝ համաշխարհային գրականութեան հսկայական թիւով գիրքերէ ընտրել մանաւանդ այն գիրքերը, որոնք կը հետաքրքրեն հայ ընթերցողը:
«Զանգակ»ի աշխատակիցները մեզի ներկայացնելով իրենց կատարած աշխատանքները, միաժամանակ տեղեկացուցին, որ իր կատարած լայնածաւալ աշխատանքներով՝ «Զանգակ» հրատարակչութիւնը Հայաստանի Հրատարակիչներու ազգային ընկերակցութեան, Եւրոպական կրթական հրատարակիչներու խումբի եւ այլ միութիւններու ու միաւորումներու անդամ է, բազմաթիւ ազգային եւ միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, որոնք առաւել կը հարստացնեն ընկերութեան կտրած ճամբան եւ մեծ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնեն աշխատակիցները՝ նոր ձեռնարկումներու ճանապարհին: Մանաւանդ երիտասարդ խմբագիրներու, թարգմանիչներու, մասնագէտներու մեծ խումբ մը կայ հաւաքուած «Զանգակ»ի երդիքին տակ եւ այդ մէկը ուրախալի է, քանի որ հայագիտութիւն, թարգմանութիւն, լեզուներ եւ այլ մասնագիտութիւններ ուսանած երիտասարդները վհատած չեն եւ գիտեն, որ կան նման ընկերութիւններ, ուր կարելի է գտնել աշխատանք: Այդ մէկն ալ արդէն, ինչպէս մեզի հետ զրոյցի ժամանակ նշեց Մաշա Մնացականեան, հրատարակչութեան գործունէութեան գլխաւոր նպատակն է՝ հոգեւոր, մշակութային, կրթական արժէքներու ստեղծում, տարածում եւ լուսաբանում եւ այդ գործի մէջ երիտասարդ մասնագէտներու ներգրաւում:
Այսօր «Զանգակ»ի կառուցուածքի մէջ ձեւաւորուած են առանձին միաւորներ` գիտահետազօտական խումբեր ուսողութեան, պատմագիտութեան, մանկավարժութեան, ազգային հոգեբանութեան, լեզուաբանութեան եւ այլ բնագաւառներէ ներս:
Մեծ են նաեւ այն ցուցահանդէսներու թիւը, որոնց իր գիրքերով մասնակցած է «Զանգակ». ինչպէս՝ Ֆրանքֆուրթի, Լոնտոնի, Պոլոնիայի, Մոսկուայի, Կէօթենպուրկի, Աստանայի գիրքի հռչակաւոր ցուցահանդէս-տօնավաճառները, որոնց «Զանգակ» միշտ կը մասնակցի: Եւ քիչ չեն նաեւ այն միջոցառումներու թիւը, որոնք կը վերաբերին գիրքաշխարհին եւ որուն աշխոյժ մասնակցութիւն կ՚ունենայ հրատարակչատունը:
Այդ միջոցառումներէն մին ալ Գիրք նուիրելու օրուան միջոցառումն էր, որու ժամանակ շուրջ քառասուն հոգի նուէր ստացան «Զանգակ»ի գիրքերը՝ նախօրօք մասնակցելով ընծայագիրերու մրցոյթի: Այս միջոցառման կարեւորուեցաւ նաեւ ընծայագիրը, իբրեւ գիրքի անբաժանելի մաս: Բազմաթիւ մարդիկ փորձած էին հետաքրքրական ընծայագիրերով մասնակցիլ մրցոյթին, եւ անոնցմէ ընտրուած էին լաւագոյն գիրերու հեղինակներ, որոնց մատնանշած անձերն ալ իբրեւ նուէր ստացան արժէքաւոր գիրքեր:
Իսկ յառաջիկային «Զանգակ» կը պատրաստուի նոր գիրքերու շնորհանդէսներու, որոնցմէ են Հալիտ Հիւսէյնիի «Եւ արձագանգեցին լեռները», Ռէյ Պրետպէօրիի «Ֆարենհայթ 451», Սոմերսէթ Մոէմի «Երփներանգ շղարշ»ը, Ալիս Մունրոյի «Կեանքիս սիրոյն» եւ այլ գիրքեր: «Զանգակ»ի գործադիր տնօրէն Էմին Մկրտչեանն ալ տեղեկացուց, որ շուտով ուրախանալու առիթ մը եւս պիտի ըլլայ պատանի ընթերցողներուն համար։ «Զանգակ» լոյս պիտի ընծայէ Ջ. Ք. Ռոուլինքի «Հերրի Փոթըր եւ փիլիսոփայական քարը» գիրքը՝ թարգմանուած Ալվարդ Ջիւանեանի կողմէ:
Այսօր համոզուած կարելի է ըսել, որ հայ ընթերցողներու վստահութիւնը՝ հայերէն գիրքերու նկատմամբ կը մեծնայ: Եթէ կար ժամանակ, երբ գիրքը տունի մէկ անկիւնը մոռցուած կամ քիչ գործածական իր կը նկատուէր, ապա այսօր ձգտում կայ՝ նոր հրատարակութիւններով հաւաքածոյ ունենալ։ Այդ միտումին կը նպաստեն Հայաստանի մէջ այսօր տպագրուող իրապէս որակեալ գիրքերը:
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Ներկայիս հայապահպանական, լեզուագիտական ու մշակութաբանական առաջնահերթ խնդիրներէն է արեւմտահայերէնի պահպանութեան, ուսումնասիրութեան, ուսուցման եւ զարգացման հարցը: Հայերէնի դրսեւորման այս եղանակը հայ ժողովուրդի լեզուամշակոյթի անբաժանելի մասն է, բացառիկ կարեւորութեան ազգային արժէք, որ թէեւ զրկուած է գործառութեան բնականոն պայմաններէն, սակայն հաղորդակցման միջոց ըլլալէ բացի ձեռք բերած է նաեւ համազգային նշանակութիւն ունեցող այլ գործառոյթներ: Արեւմտահայերէնը ոչ միայն ազգապահպան դեր ունի Սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ կ՚ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուական ներկայութիւնը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, կը կատարէ լեզուական դեսպանի իւրայատուկ դեր՝ հնարաւորութիւն ստեղծելով աշխարհի մէջ ճանաչելի դարձնել մեր մշակոյթը, ազգային ինքնատիպութիւնը: Այս առումով, խնդիրը ոչ միայն ազգային, այլ նաեւ պետական նշանակութիւն ունեցող առաջնահերթութիւն է:
Իր բնօրրանէն զրկուած եւ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան տարբեր զանգուածներու ընդհանուր հաղորդակցման լեզուի՝ արեւմտահայերէնի առջեւ ծառացած են մի շարք մարտահրաւէրներ:
Արեւմտահայերէնի հիմնական խնդիրը եղած է եւ կը մնայ ըլլալ հայրենիքէն դուրս եւ ոչ միասնական գոյութիւնն ու գործառութիւնը: Այս խնդրի լուծման եղանակները ներկայիս դժուար է կանխորոշել: Սակայն խնդրէն բխող մարտահրաւէրներուն դիմակայելու ուղիներ եւ եղանակներ պէտք է որոնել եւ գտնել: Այս առումով՝ հարկաւոր է հասարակութեան մէջ ամրապնդել այն բանի գիտակցումը, որ արեւմտահայերէնը համազգային արժէք է, որ պէտք է իր տեղը ունենայ հայաստանեան իրականութեան մէջ, այստեղ պէտք է արմատներ ձգէ, ամրապնդուի եւ հայրենիքէն իր կենդանարար աւիւնը մղէ սփիւռք: Հայրենիքի մէջ արեւմտահայերէնի ամրապնդման կրնան նպաստել հայերէնի այդ տարբերակով ռատիօհեռուստատեսային հաղորդումներու, պարբերականներու, ֆիլմերու ստեղծումը, բարձրագոյն ուսման ու դպրոցական ծրագրերու մէջ արեւմտահայերէնի համակարգուած ուսուցման ընդգրկումը, նաեւ հնարաւոր այլ միջոցներու օգտագործումը, յատկապէս՝ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնով կրթական ծրագրեր իրականացնող բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան ստեղծումը: Ի վերջոյ, հայերէնի դրսեւորման բոլոր տարբերակները՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրական լեզուները, խօսակցական լեզուն եւ բարբառները միասնական համակարգի անտրոհելի բաղադրիչներ են, եւ այդ դրսեւորումներէն իւրաքանչիւրի խնդիրները ընդհանուր հայերէնի, այսինքն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուի խնդիրներն են:
Հայրենիքէն դուրս, տիրապետող այլախօս հասարակութիւններու մէջ գործառող որեւէ լեզու ստիպուած է դիմակայել բազում մարտահրաւէրներ: Մասնաւորապէս, տուեալ երկրի լեզուի նկատմամբ իրաւական անհաւասար վիճակը, համաշխարհայնացման գործընթացները, այլալեզու միջավայրին յարմարելու նոր սերունդի բնական մղումը օպժեքթիւ իրողութիւններ են, որոնք մշտապէս առկայ են եւ մշտապէս կը ձգտին նեղացնելու արեւմտահայերէնի գործառութեան շրջանակները: Արեւմտահայերէնը ենթակայ է այլ լեզուներու տարաբնոյթ ազդեցութիւններու, եւ բացի այդ՝ նոր սերունդի շարքերուն հայախօսներու թիւի շարունակական նուազումը վտանգ կը ներկայացնէ ոչ միայն լեզուապահպանական, այլ նաեւ հայապահպանական առումներով: Մերօրեայ արեւմտահայերէնի մասին Ռ. Տէր-Մերկերեան կը գրէ. «Արեւմտահայ տարբերակով բոլոր հաղորդակցուողները երկլեզուանի են, եւ անոնց համար առաջին լեզուն ընդունող երկրի լեզուն է, որ ժամանակի ընթացքին իր ազդեցութիւնը կը թողէ. այդ առաջին հերթին ակնյայտ է յատկապէս արտասանութեան մէջ (չնայած բառապաշարի վրայ նոյնպէս այդ ազդեցութիւնը շօշափելի է): Այսպէս, այսօրուան դրութեամբ կարելի է զանազանել յունահայը ամերիկահայէն, ֆրանսահայը պոլսահայէն, արժանթինահայը լիբանանահայէն: Հեռու չէ այն ժամանակը, երբ կը զանազանենք նաեւ ֆրանսահայերէնը պոլսահայերէնէն, ամերիկահայերէնը յունահայերէնէն, լիբանանահայերէնը սպանահայերէնէն»: Այս պայմաններով՝ հայոց պետականութիւնը եւ սփիւռքեան համազգային կազմակերպութիւնները պէտք է համադրեն իրենց ջանքերը՝ շարունակաբար տարածելու եւ ամրապնդելու ազգային ու լեզուական միասնութեան գաղափարները յատկապէս հայ երիտասարդութեան շրջանակներէն ներս՝ իրապէս ողջ հայութեան համար սրբագոյն արժէք դարձնելով մայրենին:
Այսօր լրջագոյն խնդիր է Սփիւռքի հայկական դպրոցներու պահպանութիւնը, որոնցմով հայերէնի, հայագիտական միւս առարկաներու ուսուցման մակարդակի բարձրացումը: Ցաւօք, առկայ է որակեալ մանկավարժական շարքերու մեծ պակաս, օպժեքթիւ պատճառներով գործածական չեն միասնական կրթական ծրագրեր եւ դասագիրքեր: Որքան ալ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը կը ջանայ աջակցիլ սփիւռքահայ դպրոցին, կը ձեռնարկէ գործօն միջոցներու, կը գործակցի ազգային կառոյցներու, Հայ Եկեղեցւոյ, պետական այլ մարմիններու հետ, շարունակ կ՚որոնէ, կը գտնէ ու կը գործադրէ սփիւռք-հայրենիք կապերու ամրապնդման նորանոր, բազմազան ու արդիւնաւէտ եղանակներ, կը նպաստէ հայաստանեան գիտակրթական համակարգերու մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման եւ ուսումնասիրութեան կեդրոններու ձեւաւորման, արեւմտահայերէնի դասագիրքերու եւ ձեռնարկներու ստեղծման, հայրենիք եկած մեր ազգակիցներու խնդիրներու կարգաւորման եւ այլն, այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ է պետական նպատակադիր քաղաքականութիւն եւ հիմնաւոր ծրագիր՝ արտերկրի հայկական դպրոցներուն համակարգուած օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար:
Կարեւոր խնդիրներէն է արեւմտահայերէնի գիտական ուսումնասիրութիւնը: Ճիշդ է, տասնամեակներու ընթացքին կատարուած են առանձին հետազօտութիւններ, գրուած են քերականութիւններ, սակայն գիտական առումով 19-րդ դարավերջի ուսումնասիրութիւններու համեմատ էական յառաջընթաց տեղի չէ ունեցած, եւ եղած քերականութիւնները հիմնականին հետապնդած են ուսուցողական նպատակներ: Ներկայիս անհրաժեշտ է գիտական հիմնաւոր ուսումնասիրութիւններով ստեղծել արեւմտահայերէնի ակադեմական լիարժէք քերականութիւն, ինչպէս նաեւ ամբողջական բացատրական բառարան: Նման աշխատանքները կը նպաստեն նաեւ արեւմտահայերէնի կանոնարկման, կը դառնան այն աղբիւրը, ուրկէ կը բխին արեւմտահայերէնի ուսումնական ձեռնարկներն ու դասագիրքերը՝ ըստ տեղային առանձնայատկութիւններու:
Արեւմտահայերէնի բնականոն զարգացման մեծապէս կը վնասէ այն իրողութիւնը, թէ ան զրկուած է բարձրագոյն կրթութեան, գիտութեան լեզուի իր դերէն, դպրոցական համալիր ուսուցման, պետական, հասարակական կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ համընդգրկուն եւ միասնական հաղորդակցման միջոց ըլլալու գործառոյթներէն: Գիտութեան տարբեր բնագաւառներու, կրթական համակարգի զարգացումը չ՚արտայայտուիր արեւմտահայերէնով, հայերէնի այդ տարբերակով չի հրապարակուիր գիտական, գեղարուեստական, այլ բնոյթի հարուստ գրականութիւն, արեւմտահայերէնի գիտական թերմինաբանութիւնը բնականոն զարգացում չ՚ունենար, բացի այդ՝ յաճախ կը ստեղծուին արհեստական, որեւէ կիրառական արժէք չունեցող բառային միաւորներ ու թերմիններ, միւս կողմէ՝ արեւմտահայերէնի բառարաններուն մէջ անգամ առկայ բազմաթիւ թերմինները կը մնան անգործածելի՝ նաեւ համապատասխան միջավայրի բացակայութեան պատճառով: Այդ ամէնը էականօրէն բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենան լեզուական համակարգի հետագայ զարգացման վրայ։
Արտաքին անբարենպաստ պայմանները ժամանակի ընթացքին պատճառ դարձած են արեւմտահայերէնի ուղղագրական, բառապաշարային, քերականական ու ոճական բազմաթիւ զուգաձեւութիւններու ու աղաւաղումներու, որոնք իրենց հերթին կը խոչընդոտեն լեզուի ուսուցումը, կիրարկումն ու տարածումը: Մեծ քանակութեամբ բառեր տարբեր համայնքներու մէջ ունին գրութեան, կազմութեան, քերականական յատկանիշներու բազմաձեւութիւններ: Լեզուական միասնականութեան հասնելու կամ եղած բազմազանութիւնները ըստ հնարաւորին նուազեցնելու համար անհրաժեշտ է հետեւողական աշխատանք, նպատակադրում ու կամք՝ ոչ միայն գտնելու, գիտականօրէն հիմնաւորելու եւ առաջարկելու միասնական ու ընդհանուր ձեւեր, այլ նաեւ զանոնք ընդունելի դարձնելու Սփիւռքի բոլոր համայնքներուն ու խաւերուն: Այս իմաստով խիստ կարեւոր կրնայ ըլլալ հայաստանեան գիտակրթական հանրութեան ու սփիւռքեան համապատասխան կառոյցներու, մասնաւորապէս՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ գործող Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խորհուրդի ազգաշահ համագործակցութիւնը:
Արեւմտահայերէնի պահպանումը հայերէնի պահպանումն է, արեւմտահայերէնը մեր հոգեւոր հայրենիքի անբաժանելի, բայց վտանգուած մէկ մասն է, եւ ինչպէս անթոյլատրելի է նահանջը երկրի սահմաններէն, այդպէս ալ անթոյլատրելի է նահանջը լեզուական սահմաններէն: Հայերէնը սրբօրէն պահպանող միլիոնաւոր սփիւռքահայերը, Հայ Եկեղեցւոյ կառոյցները, սփիւռքեան բազմաթիւ միութիւնները, կազմակերպութիւնները, պարբերականներն ու հանդէսները, կայքէջերը, ռատիօհեռուստաընկերութիւնները, գիտակրթական օճախները մեր հոգեւոր հայրենիքի սահմանապահներն են, որոնց խիստ անհրաժեշտ է իրական հայրենիքի աջակցութիւնը: Արեւմտահայերէնի գոյութիւնն ու գործառութիւնը անհրաժեշտ է նաեւ արեւելահայերէնի բնականոն զարգացման համար: Շատ կարեւոր խնդիր է նաեւ ընդհանուր հայերէնի միասնականութեան պահպանումը, գրական երկու ճիւղերու ըստ հնարաւորին մերձեցումը, փոխներթափանցումն ու փոխհարստացումը: Յատկապէս բառապաշարի եւ թերմինաբանութեան առումով առկայ են փոխլրացման բազում օրինակներ եւ լայն հեռանկարներ: Այս ամէնը կ՚ենթադրեն զարգացման միասնական հեռանկարի եւ փոխհամաձայնեցուած կանոնարկման ու փոխհարստացման ուղիներու մշակում եւ անոնց գործադրումը այն գիտակցումով, որ իր տարբերակային բոլոր դրսեւորումներով հանդերձ հայերէնը մէկ միասնական լեզու է, որու բոլոր իրողութիւններն ու միաւորները շաղկապուած են իրարու՝ անկախ տարբերակային վերաբերութենէն:
ՎԻԿՏՈՐ ԿԱՏՈՒԱԼԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ