ՋՐԱՆՑՔՆԵՐՈՒ ՕՐՀԱՍԸ

Թի­թե­ղա­շէն տու­նե­րու շար­քին քա­րա­շէն տու­նե­րէն մին էր մեր տու­նը:

Մեր թա­ղի տու­նե­րուն գլխա­ւոր խնդի­րը այն էր, որ ձմե­ռը անձ­րե­ւէն գո­յա­ցած ջու­րե­րը ներս կը մտնէին, բո­լորս ան­տա­նե­լի դրու­թեան մատ­նե­լով: Մա­նա­ւանդ դպրո­ցա­կան­ներս ա­ռա­ւօտ երբ արթն­նա­յինք ու տու­նե­րը ջու­րե­րով ո­ղո­ղուած գտնէինք, մեծ ու բարդ հարց էր, թէ ինչ­պէ՞ս այդ օր դպրոց պի­տի հաս­նէինք:

Շատ պզտիկ­նե­րը, այ­սինքն ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կերտ­նե­րը ու­սե­րու վրայ շալ­կուած ա­պա­հով կը հաս­նէին դպրոց:

Իսկ մենք՝ մե­ծերս, նա­խա­պատ­րաս­տա­կա­նի ա­շա­կերտ­ներս, ա­ռա­ւօտ կա­նուխ կ՚արթն­նա­յինք, ե­րես­նիս կը լուա­յինք, գոգ­նոց­նիս կը հագ­նէինք, մա­զեր­նիս կը սանտ­րէինք ու տա­բատ­նիս վեր քա­շե­լով, մէկ ձեռ­քով պա­յու­սա­կը, իսկ միւս ձեռ­քով կօ­շի­կը բռնած, բո­պիկ, տու­նե­րու մի­ջեւ յա­ռա­ջա­ցած ջրանցք­նե­րէն անց­նե­լով դպրոց կ՚եր­թա­յինք, ոտ­քեր­նիս սա­ռած...:

Դպրոց չհա­սած, չոր մայ­թի մը վրայ մեր գուլ­պա­ներն ու կօ­շիկ­նե­րը հագ­նե­լով ու տա­բա­տը շտկելն ու քայ­լեր­նիս ա­րա­գաց­նե­լը մէկ կ՚ըլ­լար, դպրոց շուտ հաս­նե­լու հա­մար:

Շատ ան­գամ դպրո­ցէն հի­ւանդ կը վե­րա­դառ­նա­յինք տուն:

Իսկ ա­մե­նէն տա­ռա­պե­ցու­ցի­չը մօրս վի­ճա­կը կ՚ըլ­լար: Երբ ջու­րե­րը սկսէին խու­ժել մեր տու­նը, մայրս ինչ ապ­րանք տես­նէր՝ վե­րե­րը կը տե­ղա­ւո­րէր, ջու­րէն փրկե­լու հա­մար, իսկ քա­նի մը ժամ ետք, երբ ջու­րե­րը քա­շուէին, մայրս պէտք էր տու­նը օ­ճա­ռով լուար: Վեր դրուած ապ­րանք­նե­րը ի­ջեց­նե­լը եւ տե­ղա­ւո­րե­լը ուղ­ղա­կի տա­ռա­պանք էր մօրս հա­մար: Իսկ ա­մե­նէն վրդո­վե­ցու­ցի­չը՝ նոյն ի­րի­կու­նը ա­ռատ անձ­րեւ­նե­րէն գո­յա­ցած ջու­րե­րը կրկին տու­նե­րը երբ խու­ժէին, այն ա­տեն մօրս յոգ­նու­թիւ­նը ոչ թէ կը կրկնա­պատ­կուէր, այլ կը քա­ռա­պատ­կուէր...:

Մօրս հա­մար որ­քա՜ն նե­ղուեր ու ան­ձայն լա­ցեր եմ ձմրան պաղ գի­շեր­նե­րը, որ­քա՜ն ա­ղօ­թեր ու Աս­տուծ­մէ խնդրեր եմ, որ մեր թա­ղի եր­կին­քը չամ­պո­տի եւ ա­ռատ անձ­րեւ չտե­ղայ մեր գլխուն: Կար­ծես Աս­տուած տկար ձայնս չէր լսեր ու պէտք ե­ղա­ծէն ա­ւե­լի անձ­րեւ­նե­րով կ՚ո­ղո­ղէր մեր թա­ղե­րը…:

Ող­բեր­գու­թիւ­նը՝ ա­մէ­նու­րեք: Բո­լորս նոյն տագ­նա­պը կ՚ապ­րէինք, նոյն զգա­ցու­մը կ՚ու­նե­նա­յինք, մէկ խօս­քով ճա­կա­տագ­րա­կից դրա­ցի­ներ էինք: Երբ ա­մառ հաս­նէր, ձմրան պա­տա­հած օր­հաս­նե­րը կը մոռ­նա­յինք ու մեր բնա­կան կեան­քը կ՚ապ­րէինք, մա­նա­ւանդ մենք՝ պա­տա­նի­ներս այդ թա­ղե­րուն մէջ ինչ-ինչ խա­ղեր սար­քած եւ ու­րա­խա­ցած ենք, ինչ-ինչ կռիւ­ներ ը­րած ու տուն ե­կած ենք թաց աչ­քե­րով եւ եր­բեմն ալ վի­րա­ւոր:

Մին­չեւ հի­մա չեմ մոռ­նար աչքխ­փու­քը: Մեր հետ­քե­րը կորսնց­նե­լու, պա­հուը­տե­լու ինչ-ինչ ան­կիւն­ներ ու դարձ­դար­ձիկ ա­րա­հետ­ներ կա­յին այդ խրճիթ­նե­րուն շուրջ:

Իմ եր­ջա­նիկ ու տխուր պա­տա­նե­կու­թիւնս այդ թա­ղե­րուն մէջ ան­ցու­ցած ու մեծ­ցած եմ:

Մին­չեւ հի­մա, երբ ձմրան գի­շեր­ներ տե­ղա­տա­րափ անձ­րե­ւի ձայն լսեմ, ան­մի­ջա­պէս կը խան­գա­րուիմ, կը վե­րա­նամ եւ կը վե­րա­դառ­նամ դէ­պի ան­ցեալ, կը պատ­կե­րեմ այն օ­րե­րու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը. այն օ­րե­րու տա­ռա­պան­քը, ու­րա­խու­թիւնն ու մա­նա­ւանդ բո­պիկ ոտ­քե­րով ջրանցք­նե­րէն անց­նի­լը կ՚ու­րուագ­ծուին աչ­քե­րուս ու այդ գի­շեր քու­նը այ­ցի չի գար ին­ծի:

Յ. ՀԵԼ­ՎԱ­ՃԵԱՆ

Պէյ­րութ

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016