ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ԵՂԵՌՆԱՊԱՏՈՒՄ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ» ԳՐՔԻՆ ՌՈՒՍԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս լոյս տե­սաւ «Ե­ղեռ­նա­պա­տում Փո­քուն հա­յոց եւ նո­րին մե­ծի մայ­րա­քա­ղա­քին Սե­բաս­տիոյ» գիր­քին ռու­սե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը։ Կա­րա­պետ Գա­բի­կեա­նի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած այս գիր­քը թարգ­մա­նուած է բա­նա­սէր Տքթ. Քնա­րիկ Տէր-Դաւ­թեա­նի կող­մէ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, գիր­քի ռու­սե­րէն թարգ­մա­նու­թեան շնոր­հան­դէ­սը վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Մա­տե­նա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ։ Այս առ­թիւ թարգ­մա­նի­չը պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Մա­տե­նա­դա­րա­նի «Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց» եւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան «Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի» յու­շա­մե­տայլ­նե­րով։ Հա­ւա­քոյ­թի ա­տե­նա­խօս­նե­րու շար­քին էին Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան եւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Ներ­սէս Տէր-Վար­դա­նեան։

Հարկ է նշել, որ այս գիր­քը ա­ռա­ջին ան­գամ 1924 թուա­կա­նին հրա­տա­րա­կուած էր Պոս­թո­նի մէջ։ Հե­ղի­նա­կը՝ Գա­բի­կեան մե­ծա­պէս կը գի­տակ­ցէր իր գիր­քի նշա­նա­կու­թեան եւ ար­ժէ­քին։ Ան յայտ­նի գիտ­նա­կան մըն էր իր շրջա­նին, փի­լի­սո­փայ ու ման­կա­վարժ։ Վե­րապ­րած էր 1915-ը եւ այդ բո­լո­րին շնոր­հիւ է, որ կը գի­տակ­ցէր իր տե­սած գոր­ծի լուրջ ար­ժէ­քին։ Ան­ցեալ տա­րի Ե­րե­ւա­նի մէջ «Նա­յի­րի» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը լոյս ըն­ծա­յած էր սոյն գոր­ծի կարճ տար­բե­րա­կը՝ «Ե­ղեռ­նա­պա­տում Սե­բաս­տիոյ» ա­նու­նով։ Այս վերջ­նոյն խմբա­գի­րը ե­ղած էր լու­սա­հո­գի ա­կա­դե­մի­կոս Սեն Ա­րեւ­շա­տեան։

 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016