ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ԳՈՐԳԵՐՈՒ ՆԱԽՇԵՐՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Անցեալի ապագայ» խորագրեալ հագուստներու հաւաքածոյի մը հանդիսաւոր ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան։ «Տէրեան մշակութային կեդրոն»ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Հերմինէ Նաղդալեան, Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ այլք։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կազմակերպիչ կեդրոնը այս առթիւ ներկայացուց հայկական աւանդական հագուստներու իր նոր հաւաքածոն։ Երեւանի «Մեգերեան» գորգի արտադրութեան ընկերութեան ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը։ Ներկայացուած հագուստները եւ աքսեսուարները պատրաստուած էին «Մեգերեան» ընկերութեան հետ համատեղ եւ օգտագործուած էին հայկական միջնադարեան գորգերու թանգարանային նմոյշներու նախշերն ու յօրինուածքները։ Արուեստի եւ մշակոյթի ոլորտներէն, ինչպէս նաեւ նորաձեւութեան բնագաւառներէն ներկայացուցիչներ անմիջական հետաքրքրութեամբ հետեւեցան այս ներկայացման։ Հաւաքածոն կ՚ընդգրկէր շուրջ քառասուն կտորներ, որոնց բոլորի պարագային օգտագործուած էին հայկական գորգերու թանգարանային նմոյշներու տարրերը։
«Տէրեան մշակութային կեդրոն»ի պատասխանատուներէն Անի Մարգարեան նշեց, որ սա աննախադէպ հաւաքածոյի մը ցուցադրութիւնն է։ Ըստ իրեն, նորաձեւութեան միտումներուն մէջ կը նկատուին հետաքրքրական տեղաշարժեր։ Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին ազգային մշակոյթները յայտնուած են նորաձեւութեան ձեւագծողներու ուշադրութեան կեդրոնին։ «Հարց կը ծագի՝ ինչո՞ւ մենք չանդրադառնանք մեր մշակութային արժէքներուն, եթէ միջազգային ձեւագծողները կը հետաքրքրուին հայկական գորգով՝ պայուսակի, վզնոցներու, հագուստներու մէջ կամ նոյնիսկ որպէս յայտնի ամսագրերու կողքերու ֆոն օգտա-գործելու համար», ըսաւ Անի Մարգարեան։
Ժամանակակից հագուստներու եւ զարդերու մէջ օգտագործելով հայկական միջնադարեան գորգերու թանգարանային նմոյշներու նախշերը եւ ամբողջական յօրինուածքները՝ հայ ձեւաւորողները կ՚առաջարկեն հայկական գորգերու քարոզչութեան նոր եղանակ:
«Ես ձեւագծող (տիզայնըր) եմ, որ ունիմ իր գաղափարը եւ մտածելակերպը: Մեր խնդիրը գաղափարը ստեղծելն ու զայն յառաջ տանիլն է: Տեսնելով, որ ամբողջ աշխարհի մէջ էթնիք թեման կը զարգանայ, կարեւորեցինք հայկական գորգի յայտնուիլը ժամանակակից հագուստներու մէջ:
«Առաջին անգամ մենք առաջարկեցինք հագուստներ, որոնք չունէին տարազի ձեւուածքներ: Իսկ այս նոր հաւաքածոյին մէջ օգտագործած ենք գորգի զարդանախշերը` չունենալով գիտական մօտեցում, քանի որ մինչ այդ չէինք ուսումնասիրած գորգը խորապէս: Մենք ընտրեցինք այն ամէնը, ինչ որ առաջին հայեացքով ուշադրութիւն կը գրաւէր: Տարազը ստեղծելու համար երկար ժամանակ անցուցինք թանգարաններու մէջ, աշխատեցանք ազգագրագէտներու հետ, որոնք մեզի բաւականին շատ տեղեկութիւն տուին։ Միւս կողմէ, ի սկզբանէ հաւաքածոն միայն կանանց համար էր, սակայն այժմ ունինք հագուստներ նաեւ տղամարդոց համար»,- ըսաւ «Տէրեան մշակութային կեդրոն»ի տնօրէն, ձեւաւորող, արուեստագիտութեան թեկնածու, Հայաստանի Պետական համալսարանի ձեւաւորութեան ամպիոնի դասախօս, հաւաքածոյի գաղափարի հեղինակ Լիլիթ Մելիքեան:
Անոնք իրենց հաւաքածոյին մէջ օգտագործած են այնպիսի նախշեր եւ ձեւուածքներ, որոնք, իրենց կարծիքով, պիտի գրաւեն հայ երիտասարդութիւնը: Հաւաքածոյին մէջ փորձած են միախառնել ժամանակակիցը տարազի հետ: Եւ, եթէ տեսնեն, որ մարդիկ կը հետաքրքրուին, անոնք պիտի շարունակեն իրենց ուսումնասիրութիւնները: Իւրաքանչիւր հագուստի համար ասեղնագործուած է իրեն համապատասխան զարդ: Բացի զարդերը` հաւաքածոյին մէջ կան պայուսակներ, մոյկեր եւ այլ իրեղէններ:
«Տէրեան մշակութային կեդրոն»ի ձեւարար, ճարտարապետ Թագուհի Սիմաւորեան, իր հերթին նշեց, որ գարուն-ամառ հաւաքածոյին մէջ ներկայացուեցան քառասուն հագուստներ, որոնց մէջ մասնաւորապէս օգտագործուած են Սիւնիք-Արցախ հաւաքածոյի գորգերը։