ՎԵՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Վահէ Օշականի (1922-2000) հրապարակային մէկ բանախօսութիւնը, - Համազգայինի կողմէ իր գրական գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներէն մէկը, - 3 Հոկտեմբեր 1995-ին, Պուրճ-Համուտի (Պէյրութ) Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած, իմաստ մը ունեցած էր: Ոչ, առաջին հերթին, անոր բովանդակութեան արտասովոր ու խռովիչ նկարագրին պատճառով: «Վահէ Օշական մեղուին ծակը փայտի չէօփ խոթողն է», ըսեր էր թերեւս տարի մը առաջ, իր հանդարտ ու եղանակաւոր ոճով, Գրիգոր Շահինեան (1930-2009), Օշականի նուիրուած բանախօսութեան մը ընթացքին: Անշուշտ այդ չէօփը միշտ ներկայ է իր գրականութեան էջերուն մէջ ու անոր կեդրոնն իսկ կը ցցուի: Օշականի յիշեալ բանախօսութիւնը կարելի է կարդալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնաթերթին մէջ (թիւ 2-3, Փետրուար-Մարտ, 2011, էջ 150-158): Բանախօսութեան բովանդակութիւնը չէ հոս այս ակնարկին առարկան, այլ՝ այլիմաստը:
Առաջին անգամ ըլլալով հոն տեսնելով կ՚ապրէի, որ քիչ թէ շատ պաշտօնական բնոյթ ունեցող այդ ելոյթէն ետք, բանախօսը, բարձրախօսը ձեռքը առած, բեմէն վար կ՚իջնէր ու զրոյցի կը մտնէր ներկայ հանրութեան հետ, այդ սրահին մէջ, հետեւեալը ըսելէ ետք. «Խօսքիս պաշտօնական մասը վերջացաւ, հիմա զրոյցի պահն է. ով որ ժամանակ չունի՝ կրնայ երթալ»: Խօսքը վերէն վար կ՚իջնէր, վերուստ ի վայր կը պատռուէր: Որքան կը յիշեմ՝ սրահէն մեկնող չէր եղած: Յետոյ Օշական սկսեր էր բաց զրոյցի մը ներկաներուն հետ, հարցումներ դնելով, պատասխաններու սպասելով, զանոնք կոչելով: Բանախօսութեան մը յաջորդող սովորական հարցում-պատասխանի մթնոլորտը չէր այս մէկը, որուն ծանօթ էինք արդէն: Առաջին անգամն էր, այո, որ բեմէն էջքի մը ու անոր հետեւած ծափերուն տուն երթալ մը չէր յաջորդեր, կամ՝ նստիլ ու յաջորդ խօսողին ականջ տալ մը, կամ՝ գեղարուեստական յայտագիրի մը ընդմիջումը: Խօսքին շարունակութիւնը կ՚արծարծուէր զրոյցի մը միջոցաւ. զրուցաբանութիւն մը, եթէ կ՚ուզէք, որ կը մեկնի զրոյցէն, անոր վրայէն թռիչք կ՚առնէ եւ կրնայ տարբեր տեղեր հասնիլ: Ասիկա պահն է, ուր «ի վերայ»ն, «ի մասին»ը բեմ կ՚ելլեն, ու զրուցողը վար կ՚իջնէ, ինքն իր տեղէն քայլ մը ետ կ՚երթայ, յետզրոյցը կազմաւորում կ՚առնէ իրմէ առաջ, իրմէ յառաջ կու գայ ան: Ինք պէտք է անոր համար, սակայն միայն ինք չի բաւեր անոր յառաջացման համար: Խօսքէն (հ)ետք երթալ անոր ընդ արձակման: Պաշտօնական խօսքէն ետք՝ յետաբանութեամբ մը մնալ խօսքին մէջ, տեղւոյն վրայ, աւելի ազատ: Խօսուածին վերաբերումը բանալ: Շարունակուող, արձագանգող, տարբերուող, եւ ոչ թէ՝ հարցումի պատասխանող, լուսաբանող: Երբ առաջին ու պաշտօնական խօսքը կը կիսուի, կը ճեղքուի մէջտեղէն ու ծիլ կ՚արձակէ, երկաբանելով կ՚երկնեբանի:
Կը կարծեմ որ հիմա ալ, բանախօսութենէն աւելի քան քսան տարի ետք, եթէ նոյն տեղը նոյն բանը պատահի՝ նոյնպէս պիտի զարմանամ: Զարմանքը այստեղ հրճուանքի մը կ՚ընկերանայ, փակուղի մը չէ. հրճուախռովք մը, ըսեմ, որ անսպասելի երեւոյթի մը դիմաց քեզի մարտահրաւէր մը կ՚ուղղէ, սովորականէն տարբեր մօտեցում ունենալու: Արտաքին երեւոյթը, ուրեմն, մէջէդ դուրս կը հանէ արտասովորին հանդէպ զգայնութիւն մը: Ի՛ր արտասովորը քեզմէ՛ արտասովոր կը պահանջէ: Խօսքը կը դառնայ քեզի՛ ուղղուած. ան իր ուղին կը յստակացնէ: Կը բացուիս անոր դիմաց, կ՚ընդարձակուիս թերեւս, խօսքին պէս ու մէջ դուն ալ, կը դառնաս զգայուն. ոճը, մեթոտը, կերպը քեզ կ՚առնէ:
Օշականի մասին հետաքրքրական յուշ մը պատմած էր, ատենին, Դպրեվանքի մեր ուսուցիչներէն ու անոր պաշտօնակիցներէն՝ Գէորգ Գանտահարեան.- Օր մը, բանախօսութեան մը սկսելէ առաջ, Օշական, դեռ բառ մը չարտասանած՝ սեղանին վրայ դրուած ջուրի գաւաթը գետին կը շպրտէ…անշուշտ ցնցելով ու զարմացնելով ներկաները: Գանտահարեան կը բացատրէր, որ ան այս արարքով ու անկէ ետք կատարած լուսաբանութեամբ կ՚ուզէր ցոյց տալ, թէ ճի՛շդ ինչպէ՞ս քանդում մը կը կատարուի: Կատարողական այս ձեւին կամ նման բանի սպասումով ես ալ գացեր էի, թերեւս, քսան տարի առաջուան վիճակի մը մէջ, այդ բանախօսութեան, եւ կը կարծեմ որ աս իմաստով յուսախաբ չէի եղած: Գանտահարեանին պատմած այդ դրուագը արդէն խմորած էր ակնկալիքը պատահարի մը, որ պէտք է ըլլար, որ կապուած էր տուեալ անձին, գործին կողքն ի վեր՝ անձագործին: Գաւաթ չէր շպրտած ան, սակայն բարձրախօսը ձեռք առնելով, խօսքին տուած բաց ընթացք ու ծաւալումի կարելիութիւն:
Արտաքին, թերեւս ոչ այնքան միջուկային թուող այս ձեւն է որ կ՚ուզեմ հոս ընդգծել, բովանդակային մանրամասնութիւն հիմնաւորող, զայն դիմաւորող: Եւ կրնամ ըսել, որ նման երեւոյթներ, որոնք կրնան նաեւ իրենց բովանդակութիւնը իրենց հետ բերել, ընդհանրացած չեն մեր քով, չըսելու համար՝ հազուադէպ են կամ չկան: Շուրջ քսան տարի առաջուան այդ խլրտումին վերազարթնումն է որ հիմա ունիմ եւ զայն կ՚ընդգծեմ իբրեւ անհրաժեշտութիւն մը խօսքին բազմահունացման համար:
Կը յիշեմ գիտական-աշխատանքային հանդիպում մը Երեւանի մէջ, ուր զեկուցաբերներ իրենց ելոյթները կը ներկայացնէին ու հերթաբար… կը մեկնէին սենեակէն, առանց զեկոյցին յաջորդող քննարկման կամ զրոյցին ներկայ գտնուելու: Այսինքն ճիշդ հակառակ շարժում մը՝ վերը նկարագրուածին: Օշականին բանախօսութեան յաջորդող այդ մասը ներկայացում մը չէր ինքին, չունէր ալ պարտքը՝ դէպի զրոյցի դաշտ բացուելու: Իր անձնական նախաձեռնութեան կնիքը կը կրէր այդ երկրորդ բաժինը, որքան որ գիտեմ. քաղցր ինքնապարտադրանք մը, թերեւս: Երեւանի պարագային, ծրագրին մէջ գուցէ կա՛ր քննարկում-զրոյցը եւ անոր հարկը, սակայն անոր գոյութիւնը ինքնաբերաբար կը ջնջուէր, որովհետեւ մասնակիցները իրենց ներկայութիւնը կը ջնջէին: Այս հակադիր բեւեռները՝ նախաձեռնութիւն եւ ծրագրի ջնջում, այսինքն չնախածրագրուած տեղ՝ առաջադրուած ծրագիր (Օշականի պարագային) ու նախածրագրումէն արտաքսուած ծրագիր (Երեւանի պարագային) իրարու դէմ բռնած, կ՚ուզեմ տեսնել զրոյցին անհրաժեշտութիւնը իբրեւ խօսքի երկրո՛րդ մաս:
Զրուցելու սկսելով, բեմէն վար իջած, Օշական նաեւ չէր վարաներ ներկաներուն կարծիքը հարցնել: «Երուա՛նդ», ըսաւ, ուղղուելով ներկաներէն պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանին, «ի՞նչ կ՚ըսեն պատմաբանները ասոր մասին»: Ուրիշի մը իր անհամաձայնութիւնը յայտնելով՝ «կարծեմ նոյն լեզուով չենք խօսիր…», ըսեր էր:
Պէտք է հոս կողմնակի յիշեմ նաեւ մեր կրօնքի մանկավարժութեան Փրոֆ. Հելմութ Հանիշը (ականջը խօսի՛, զի ականջն ալ խօսող է), որ իր դասախօսութիւնները (Vorlesung), - որոնք ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ միայն ուսուցանող դասախօսին կողմէ կը պատրաստուին ու կը մատուցուին, իսկ ընկալող ուսանողը կու գայ, մտիկ կ՚ընէ, կը նօթագրէ ու կը մեկնի. թէեւ դասախօսներէն ոմանք նաեւ վերջին քանի մը վայրկեանը հարցումներու կը յատկացնեն կամ կը թոյլատրեն ընդմիջուիլ, չհասկցուած բառ մը կամ խօսք մը վերստին բացատրելու համար. իր դասական ձեւին մէջ, սակայն, այդ տիպի դասախօսութիւնը հոսք մըն է ուսուցանողի՝ վարդապետողի անընդմէջ ներկայացման, - կը կիսէր ուսանողներուն հետ, կը փռէր տեսութիւնները, դրոյթ ու հակադրոյթ, եւ յանկարծ, առանց որեւէ նախազգուշացման, կը հարցնէր այսինչ կամ այնինչ ուսանողին՝ տուեալ տեսութեան վերաբերող անոր անձնական կարծիքին մասին, ու չէր բաւարարուեր կարճ կամ ամփոփ պատասխաններով. երկրորդ, երրորդ հարցումով մը կրնար աւելի խորերը երթալ, անկէ եւս ուրիշի մը անցնիլ եւ աւելի ուշ վարպետօրէն կը վերադառնար ճիշդ այն կէտին, ուրկէ կատարած էր ընդհատումը: Այս ձեւով նաեւ ան զգաստ կը պահէր ուսանողը, զայն վերածելով պարտադիր ունկնդիրի: Այս շատ անձնական երկ-խօսութիւնը մանաւանդ կապ ունէր իր մանկավարժական դասանիւթին էութեան հետ: Անոր կեդրոնէն կը մեկնէր:
Հարկ մըն է հոս հաստատել, շատ որոշակի, որ Օշական իր գիրով ու բանով կրնար մղել: Իր հիմնաւորումները միշտ հեռահաս չէին, կարելի էր երբեմն կէս ճամբէն ետ դառնալ, սակայն մղիչ էին յաճախ, թերեւս կէս ճամբէն ուրիշ (երբեմն նաեւ սխալ՝ ծռածին ուղի մը տանող), սովորականացածէն տարբեր, երբեմն դէպի անհարթութիւն: Գիտենք, որ թէ՛ հօր թէ՛ իր պարագային՝ ճակատներ կազմուած են: Կամ օշականեան ես, կամ՝ չես: Կամ կը սիրես կամ չես սիրեր: Այսպիսի դէմքեր անտարբեր չեն թողուր առհասարակ: Ծանօթ է միւս կողմէ ալ, որ հայ գրական հասարակութիւնը, ընդհանուր առմամբ, դեռ կողմնակցական ախորժակներէ վեր չէ բարձրացած՝ հասնելու համար անձերուն կողմէ, բայց անոնցմէ վեր դրուած հարցերուն: Ի վերջոյ անձերն ալ «ծառայող»ի դեր մը ունին ու իրենցմէ վեր կը բռնեն հարցերը, թէեւ կրնան տարուիլ անուն կամ վաստակ ունենալու մարդկային բնական փառասիրութիւններէ: Գրականութեան մէջ կանգնող ո՞ր գրողը չի գիտեր, թէ «իր» հարցերը «իրմէ անցած» հարցեր են նախ եւ առաջ, ու թերեւս՝ միա՛յն, «զինք» ունենալով անցման կէտերու վրայ բաշխուած: «Տղաս ալ սկսած է գրել: Օշականները հայ ժողովուրդին գլխուն փորձանք են», կ՚ըսէր Օշական անգամ մը, կէս-կատակ կէս-լուրջ, քիչ մը վահէական ոճով մը, ընտանեկան գոյն տալու համար վաստակի մը, որ անշուշտ պատկառանքի ու անկէ աւելի՝ վերլուծումի արժանի է վստահաբար:
Նման գրողներու շուրջ հիացողներու (այլ լեզուներու մէջ ալ չենք վարանիր նոյնիսկ գործածել)՝ «երկրպագու»ներու՝ մէկ կողմէ, եւ միւս կողմէ՝ դատափետիչներու ու հալածիչներու պաշտօնական կամ անպաշտօն օղակներ կը կազմուին, Հայաստան կամ Սփիւռք: Այսպիսի տիպարներ բեւեռացումի կը տանին ընթերցողները: Պատճառները շատ են: Հիացմունքի առարկայ դարձող գրողներու պարագային կը գործածուի մանաւանդ «մեծ» մակդիրը, բանիւ կամ գրով, առանց յարգելու գիրին իբրեւ գիր ու խօսքին իբրեւ խօսք լրջութիւնն ու նկարագիրը, որ «մեծութիւն» դառնալու կարիք չունի…անպայան:
Փառապսակէ ու դատափետումէ հեռու կը փորձեմ պահել այստեղ նաեւ Օշականը, որ այդ օր, ինծի համար, ուզեց կամ չուզեց ըսել, թէ խօսքէն յետո՛յ միայն կը սկսի խօսքը, որուն թռիչքը ինքնասահմանեալ, դաստակերտ ու ձեռակառոյց ըլլալէ անդին կը գոյանայ ուրիշին հետ միասին կատար բերուելով, ոչ թէ ուրիշին բացակայութեան կատարուած այլացում, ինքն իր մէջ, ինքն իրեն, ինքն իր սահմանները՝ կարելիութիւններն ու անկարելիութիւնները սահամանագծող ու սահմանազանցող: Խօսքը արդէն ուրիշին պիտի ըլլայ օր մը ու տեղ մը: Երկրորդ խօսքը՝ ուրիշով է միայն:
Վերախօսութիւնը գրութեան է: Գրողական է միշտ, միշտ գրութիւն չէ: Ամբողջովին ու հեռագոյն, դրսեգոյն անծանօթին բերանն է ան: Որ իմս չէ:
Ի. Չ.