Յովսէփ Կարալեան. Թիֆլիզի Հայոց Կենցաղը Յաւերժացնող Ինքնատիպ Գեղանկարիչը
Քսաներորդ դարու հայ տաղանդաւոր գեղանկարիչներուփաղանգին մէջ իր ուրոյն պատուանդանը ունի Յովսէփ Կարալեան (1897-1981), որուն ծննդեան 119-րդ տարեդարձը կը նշենք Փետրուար 1-ին։
Թէեւ Կարալեանի ստեղծագործական կեանքը մեծ մասամբ անցաւ խորհրդային ամբողջատիրութեան պայմաններուն մէջ, այդուհանդերձ՝ ինչպէս Աստղիկ Ստամբոլցեան ընդգծած է «Մանկութեան արահետների Ճամբորդը» խորագրով «Քրիստոնեայ Հայաստան» թերթի կայքէջով 15 Հոկտեմբեր 2010-ին լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ, «անոր կտաւները, որոնք այլեւս դասականի արժէք ունին եւ իրենց անփոխարինելի տեղը մեր կերպարուեստին մէջ, զերծ են ժամանակին տուրք տալու միտումէ։ Անոնք առաւելապէս կը խօսին այն մասին, որ արարման բանալին մարդու մանկութեան լուսաւոր ու անեղծ տպաւորութիւններով լեցուն փոքրիկ ու մեծ աշխարհի խնամուած ու փայփայուած ծալքերուն մէջ է»։
Յովսէփ Կարալեան ոչ միայն անհարկի տուրք չվճարեց խորհրդային մտակաղապարումներուն, այլեւ ստեղծեց նախախորհրդային ժամանակաշրջանին կապուած յուշերու եւ տպաւորութիւններու, յոյզերու եւ երազներու իր ուրոյն, պարզ ու գողտրիկ աշխարհը՝ Թիֆլիզի հայոց ամէնօրեայ կենցաղը յաւերժացնող պատկերներով, միշտ ուղեցոյց ունենալով արուեստի հետեւեալ փիլիսոփայութիւնը.-
«Երբ արուեստի գաւաթը մինչեւ վերջ կը լեցուի հմտութեամբ ու արհեստի փայլատակումով, անհրաժեշտ է թափել պարունակութիւնը եւ կրկին լեցնել նախաստեղծով, անաղարտով ու անպաճոյճով։ Անով է արուեստի բարեշրջութեան փրկութիւնն ու յաւիտենութիւնը»։
Յովսէփ Կարալեան ծնած է 1897-ի 1 Փետրուարին, Թիֆլիզ։ 1914-1916-ին հետեւած է Թիֆլիզի Գեղարուեստներու խրախուսման կովկասեան ընկերութեան կից Գեղարուեստի եւ քան-դակագործութեան դպրոցի դասընթացքներուն։ Աւարտելով՝ 1917-էն սկսեալ, մասնակցութիւն ունեցած է բազում հաւաքական ցուցահանդէսներու։
1922-էն 1926, Կարալեան դասաւանդած է Թիֆլիզի միջնակարգ ուսումնական հաստատութեանց մէջ։ Իսկ 1927-ին տեղափոխուած է Մոսկուա, ուր դասաւանդման աշխատանք գտած է Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Մ. Պ. Գեղարուեստի Սթիւտոյէն ներս։
1935-ին, Մոսկուայի Հայկական պետական սթիւտիոյի մէջ կատարած է Գ. Սունդուկեանի «Քանդած օջախ» թատերախաղի բեմական ձեւաւորումը (բեմադրիչ՝ Ռ. Սիմոնով)։
1936-1940-ին վերադարձած է մասնագիտական ուսման եւ հետեւած ու աւարտած է Մոսկուայի Համամիութենական գեղարուեստա-Տեխնիկական Ինստիտուտը, Ա. Ֆավորսկիի եւ Եա. Կրավչենկոյի մօտ։ 1942-ին ընդունուած է Խորհրդային Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ։
1947-ին Կարալեան տեղափոխուած է Պաքու, ուր 1948-1953-ին նկարչութիւն դասաւանդած է Աշխապադտն Պաքու փոխադրուած Գեղարուեստի ուսումնարանին մէջ։
1953-ին գեղանկարիչը վերջնականապէս հաստատուած է Երեւան։ Սկսած է մասնակցելու հանրապետական, միութենական եւ միջազգային հաւաքական ցուցահանդէսներու։ Ձեռնարկած է Հայաստանի Գ.Տ.Ց. վիթրաժներու (ցուցափեղկերու) ձեւաւորման (Ռ. Շահվերդեանի հետ)։
1967-ին արժանացած է Հայաստանի Վաստակաւոր նկարիչի կոչումին։ Սկսած է հանդէս գալ անհատական ցուցահանդէսներով՝ 1967-ին Հայաստանի Նկարիչներու տան, իսկ 1969-ին Մոսկուայի եւ Նովոսիպիրսկի Ակադեմական Աւանի գիտնականներու տան մէջ։
1977-ին Յովսէփ Կարալեան Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան կողմէ պարգեւատրուած է պատուոյ յատուկ գիրով՝ ծննդեան 80-ամեակին առթիւ։
Տաղանդաւոր գեղանկարիչը վախճանած է 1981 թուականի Ապրիլի 24-ին։
Իր ստեղծագործական կեանքի ընթացքին Յովսէփ Կարալեան զբաղած է նաեւ պաշտօնական ու հանդիսաւոր պաստառներու եւ գիրքերու ձեւաւորմամբ։
Կարալեանի գեղարուեստական գործերը կը գտնուին կամ մնայուն ցուցադրուած են Ժամանակակից արուեստի թանգարանին (Երեւան), Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Թրեթեակովեան պետական պատկերասրահին (Մոսկուա), Արեւելքի ժողովուրդներու արուեստի թանգարանին (Մոսկուա), Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանին (Երեւան), Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան ֆոնտերուն, Հայաստանի եւ անոր սահմաններէն դուրս բազմաթիւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ։
Յովսէփ Կարալեանի արուեստին եւ տեղին մասին խօսուն արժեւորում մը կը փոխանցէ Մ.Պ.Մինասեան, «Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների» հանդէսի կայքէջով 2010-ին իր լոյս ընծայած ուսումնասիրութեան մէջ.
– «Վաստակաւոր նկարիչը ժամանակակից հայ գեղանկարչութիւն բերեցիր ինքնատիպ աշխարհը, իր արուեստի պարզութիւնը, անկեղծութիւնը եւբանաստեղծական ամբողջականութիւնը: Կարալեանի արուեստը խոստովանանքի պէս ազատ է որեւէ կեղծ հնչիւնից ու սեթեւեթանքից: Այն հմայիչ մանկութեան յուշ է, ժողովրդի մնայուն կեցութեան վերապրում: Նա մանկութեան մասին խօսում է մանկական պարզութեամբ եւ անմիջականութեամբ, խոր յուզականութեամբ, ժպիտով, երբեմն էլ թախիծով:
«Կարալեանի ժանրային պատկերներն արտացոլում են հին Թիֆլիսի եւ Սագարեջոյի անկիւնները, մարդկանց նիստուկացը, աշխատանքային առօրեան:
«Կարալեանն ու նրա ստեղծագործութիւնը ներդաշնակութիւն են: Նա իր հերոսների հետ է, իւրաքանչիւրի մէջ: Նկարիչը սիրում է իր հերոսներինայնպիսի վարակիչ սիրով, որ դիտողն ակամայից դառնում է տուեալ կոմպոզիցիայի կերպարներից մէկը, ապրում նրանց մէջ, դառնում նրանց ուրախութեան ու վշտի ընկեր, մասնակից:
«Յ. Կարալեանն իրաւամբ ժողովրդական նկարիչ է: Որպէս կենցաղայինժանրը ներկայացնող լաւագոյն նկարիչներից մէկը` նա հայ արուեստիպատմութեան մէջ գրաւել է իր հաստատուն տեղը»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ