ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Սուրիոյ ներքին պատերազմէն խոյս տալով Հայաստանի մէջ ապաստան գտած հայոց բազմակողմանի կարիքներու դիմագրաւումը միշտ առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Այս առումով երէկ Երեւանի մէջ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ «Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնին բացումը։ «Հալէպ» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութիւնով վերաբացուած բարեկարգեալ այս կեդրոնը ծառայութիւն պիտի մատուցէ մտային կամ ֆիզիքական տկարութեամբ անձերու։
«Հալէպ» հասարակական կազմակերպութեան գործունէութեան շրջագծէն ներս առանցքային նշանակութիւն ունի «Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնի բացումը։ Այս ծրագիրը կեանքի կոչուած է Երեւանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան աջակցութեամբ։ Կեդրոնի ստեղծումը հնարաւոր դարձած է մանաւանդ՝ «Ճուլիա Թաւթ» հիմնարկի «Աւելի լաւ պայմաններ հաշմանդամութեան խնդիրներով սուրիահայ անձերու համար» նախագծին շնորհիւ։
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի առընթեր կեդրոնի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլս։ Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ «Հալէպ» կազմակերպութեան նախագահ Անի Պալըխեան։ Արտայայտուեցան նաեւ նախարարն ու դեսպանը։
Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ռիչըրտ Միլս մտահոգութիւն յայտնեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններու ենթարկուած բռնութիւններուն կապակցութեամբ։