ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՎԵՐԱՊՐԻ
Վերջերս սփիւռքահայ մամուլին մէջ կը հանդիպինք միջազգային քաղաքական վերլուծումներու, որոնք առաւել կամ նուազ ուժգնութեամբ մեր ներկայ Հայաստանի ցամաքամասային ամբողջականութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը գրեթէ անհնարին կը նկատեն։ Յօդուածագիրներու անուններ չենք յիշեր հոս, նախ՝ խծբծելու երանգով քննադատութիւն կատարած չըլլալու նախանձախնդրութեամբ եւ յետոյ՝ յայտնել կարենալու համար որ՝ սաստիկ յոռետեսութեամբ վախազդեցիկ դարձուած այդ ժխտական տեսակէտը բոլորովին ալ անհիմն չենք նկատեր նաեւ մենք։
Բայց մէ՛կ պայմանով. վերյիշելով ֆրանսացի աշխարհահռչակ քաղաքագէտ ու դիւանագէտ Շարլ Մորիս տը Թալէրանի (1754-1838) մէկ խորիմաստ խօսքը. «Tout ce qui est exagéré ne compte pas» («Ինչ որ չափազանցուած է չի սեպուիր»), կ՚ուզենք շեշտել թէ՝ քաղաքական աշխարհին մէջ կարելիութիւններն անսահման են, անլուծելի երեւցող հարցերը կարգադրելու համար, հետեւաբար, սաստիկ յոռետեսութիւնը ոչ միայն որեւէ լուծումի ճամբայ չի բանար, այլ նոյնիսկ արդէն գոյութիւն ունեցող ելքերն ալ անտեսանելի կը դարձնէ։
Ներկայ քաղաքական կացութեան մասին կարելի է երկարօրէն արտայայտուիլ, բայց կը նախընտրենք ամփոփելով ըսել թէ՝ մեր հայրենիքը այսօր ունի երկու դրացի պետութիւններ՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։ Անոնցմէ որեւէ օգնութիւն ակնկալելը հիւանդագին միամտութիւն է, զոր որոշ թիւով հայեր ունին այսօր, որքան ալ անհաւատալի թուի այդ դիրքաւորումը։
Մեր դաշնակցիներն են Ռուսաստանը եւ Իրանը։ Այսուհանդերձ, մեզի համար անհրաժեշտ է գտնել, թէ հաւանական պատերազմի մը պարագային կարելի՞ է կանխատեսել անոնց օգնութեան քանակն ու ուժգնութիւնը։ Կ՚արժէ յիշեցնել թէ՝ անոնք՝ երկուքն ալ, այս օրերուն ունին իրենց ազգային խորունկ մտահոգութիւնները, որոնց մէջ առաջին գծի վրայ կու գան իրենց դէմ դրուած սեղմումները եւ ասոնց եւ այլ պատճառներով՝ յարաճուն տնտեսական տագնապը։
Ասկէ զատ՝ Հայաստան, փոքր պետութիւն մը՝ սահմանափակ տարածութեամբ եւ անխուսափելի արտագաղթով հետզհետէ նուազող բնակչութեամբ, Ատրպէյճանի դէմ նոր պատերազմի պարագային եթէ նոյնիսկ դա՛րձեալ յաղթական ի յայտ գայ, մեր կրելիք հսկայ վնասներուն բերմամբ մեզ երկար ժամանակով արիւնաքամ կը դարձնէ։ Այս առիթով՝ խորունկ գնահատանքով կ՚արձանագրենք Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի պաղարիւն վերաբերմունքը՝ Պաքուի գրգռիչ կրակոցներուն եւ անարգալից արտայայտութիւններուն դէմ յանդիման։
Վերոյիշեալ բոլոր նկատումներով ընդունելի լուծում է մեզի համար, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը իր ամբողջ կարելին կ՚ընէ մեր դաշնակիցներուն եւ մեր ազգային շահերը նոյնացնելով։ Այսպիսի աշխատանք մը կ՚ենթադրէ լրջախոհ հետեւողականութիւն մը, ջանալով որ սխալներ, թերացումներ եւ վտանգաւոր մոռացումներ չպատահին։ Մենք համոզուած ենք որ՝ մեր նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան վարժ է այս մարզին մէջ իմաստուն քայլեր առնելու։
Այս առիթով չենք ակնարկեր Եւրոպական միութեան, որուն ղեկավարներուն բարի տրամադրութիւններն ու շռայլած խոստումները միշտ ալ իրականանալու կարելիութիւն չեն ներկայացներ, պարբերաբար յուսախաբ ընելով մեզ։
Գալով Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի, պէտք չէ չափազանցել զինք գովելու կամ չգովելու պարագաներուն։ Անոր բարեացակամութիւնը՝ մեզի հանդէպ անուրանալի է. մեր ցաւն այն է որ՝ անոր բարի տրամադրութիւնները Եղեռնի մասին մեզ երջանկացնելու չհասցուցին։
Եթէ մենք իրաւունք ունինք հետապնդելու մեր ազգային շահերը, թիւրիմացաբար այդ իրաւունքը զլանալու չենք մեր դաշնակիցներուն։ Բնականաբար անոնք ալ իրենց գերագոյն շահերը հետապնդել պիտի նախընտրեն, եթէ նոյնիսկ այսպիսի գործելակերպ մը մեզի հեշտ չի գար։ Ըսել կ՚ուզենք որ՝ միջազգային քաղաքական աշխարհին մէջ ամէն բան մեր ուզածին պէս չ՚ընթանար. այդպիսի մղձաւանջային պարագաներուն՝ անհրաժեշտ է իմաստութեամբ մօտենալ բացառիկ կացութեան, մեր դաշնակիցը մեզմէ չհեռացնելու մտահոգութեամբ։
Մենք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը մօտենանք Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան այժմու ղեկավարութեան կեցուածքին, զայն տեսնելով բացուած բովանդակ աշխարհին եւ սրտանց մաղթելով որ՝ անիկա այսպէս բացուած մնայ անդադար։ Արդարեւ, մեր այժմու Արտաքին գործոց նախարարը՝ Եդուարդ Նալպանտեան թրծուած դիւանագէտ մըն է, որ նախ՝ Եգիպտոսի այն ատենուան բարգաւաճ գաղութին, ապա՝ Ֆրանսայի գաղութին մօտ իբրեւ դեսպան արժանաւորապէս պաշտօնավարելէ ետք, այսօր կը վարէ իր բարձր պաշտօնը զմայլելի յաջողութեամբ։
Հայաստան հասկնալիօրէն մաս կազմած է Հաւաքական ապահովութեան դաշնագրային կազմակերպութեան, զինուորական մարմին մը, բաղկացած վեց նախկին խորհրդային պետութիւններէ, հովանաւորութեամբ Ռուսաստանի եւ որուն նախագահութիւնը այժմ ըստ կարգի ստանձնած է Հայաստանը։
Այդ անմերժելի անդամակցութիւնը չի նշանակեր որ՝ Երեւան պէտք է խորթ աչքով նայի Պրիւքսէլի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող Եւրոպական միութեան։ Ուրեմն, իմաստուն քաղաքականութեամբ՝ մեր Արտաքին գործոց նախարարութիւնը միաժամանակ բարեկամական յարաբերութիւններ կը մշակէ երկուքին հետ, որոնք չափով մը դիրքաւորուած են իրարու դէմ։ Նոյն է պարագան Հիւսիսային Ատլանտեան դաշնագրային կազմակերպութեան (ՆԱԹՕ-ին) հանդէպ, որ Եւրոպական միութեան զինուորական թեւն է։
Բովանդակ աշխարհի բացուած մնալու մեր քաղաքականութիւնը դժգոհութիւն չի պատճառեր Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի, որ կ՚ըմբռնէ հայկական դիրքորոշումին օգտապաշտութիւնը։ Մնաց որ Նախագահ Փութին՝ իր կարգին՝ միլիառաւոր տոլարի նորատեսակ զէնքեր կը վաճառէ Ատրպէյճանին, որովհետեւ ան կարիքը զգացած է այդ գումարին, իր տնտեսական տագնապին բեռը թեթեւցնելու պահանջով։
Խանդավառութիւն կը պատճառէ մեզի տեսնել թէ՝ տակաւին քսանչորս գարուններ բոլորած մեր անկախ եւ ազատ Հայաստանի ղեկավարութիւնը դիւանագիտական սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէ հեռաւոր Չինաստանի հետ, արժանանալով ներկայ դարուս մեծագոյն բնակչութեամբ այս երկրին յարգալիր վերաբերումին։
Կասկած չկայ որ՝ դիւանագիտական համապարփակ գործունէութիւնն անծայրածիր է։ Հիացումով կ՚արձանագրենք հոս մեր սիրելի Արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանի հսկայական աշխատանքը, զոր ան կը տանի աներկիւղ եւ անվարան, ամէնուրեք յաջողութեամբ պսակուելով, ունենալով եւ պահպանելով միաժամանակ Հայաստանի իմաստուն նախագահ Սերժ Սարգսեանի անպակաս հովանաւորութիւնն ու զօրակցութիւնը։
Չենք կրնար լուռ անցնիլ Հայաստանէն արտագաղթին. այսօր հայաթափումը մեզի աներեւակայելիօրէն աւելի կը վնասէ, կը տկարացնէ, կը մտահոգէ քան Ատրպէյճանի շարունակական իմաստազուրկ սպառնալիքներն ու հայհոյանքները։ Եւ մի՛ մոռնաք, որ այս տողերը գրողը Հայաստան չ՚ապրիր, սփիւռքահայ է, հետեւաբար սխալ բան մը ըսած պիտի չըլլայինք, եթէ աւելցնէինք թէ՝ հասկնալի է հայրենիքէն հեռու, հայրենիքէն արտագաղթին առթած յարաճուն տառապանքը նուազ սաստկութեամբ դիմակալած ըլլայինք։
Թէեւ ճիշդ է այն տեսակէտը թէ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս չի կրնար արգիլել արտագաղթային ամէն տեսակէտ ու շարժում, բայց եւ այնպէս արդեօք Երեւան ամէն ինչ կատարելապէս կ՚ընէ՞, զայն կասեցնել կարենալու համար։ Թող Հայաստանէն ոեւէ մէկը անմիջապէս «այո» չըսէ մեր այս տեղին հարցումին, այնուհետեւ խղճի խայթ չունենալու մտահոգութեամբ։
Գալով Արցախի այժմու գոյավիճակին, այդ ալ շատերու կարծածին պէս բաղձալի վիճակի մէջ չէ, բազմաթիւ պատճառներու բերումով, զորս գիտենք բայց չենք ուզեր կրկնել հոս։ Մեր տեսակէտը կը մնայ անփոփոխ. կառչած մնալ Եւրոպայի ապահովութեան ու համագործակցութեան կազմակերպութեան Մինսքի խմբակին, որ կը վայելէ մնայուն հովանաւորութիւնը Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Այս երեք բարեկամ պետութեանց ներկայացուցիչները, թէեւ շատ լաւ կ՚ըմբռնեն թէ՝ Հայաստա՛ն իրաւունք ունի եւ ոչ թէ Ատրպէյճանը, բայց միջազգային քաղաքականութեան անտանելի բաւիղին մէջ չեն արտօներ իրենք իրենց, իրենց գիտցած բոլոր ճշմարտութիւնները բարձրաձայն յայտարարելու։ Եւ հայերս պէտք է ըմբռնած ըլլայինք այդ փափուկ պարագան։
Մեր դիրքաւորումը Արցախի կնճռոտ հարցին առընչութեամբ որոշ է. երբե՛ք տեղի չտալ ազէրի սպառնալիքներուն. ո՛չ մէկ մասնիկ հող Արցախէն, ոչ իսկ զայն շրջապատող եօթ շրջաններէն որեւէ զիջում կատարել երբեւիցէ։ Արցախը ի՛սկապէս հայկական հող է. ան ո՛չ մէկ ժամանակ իրաւականօրէն Ատրպէյճանի մաս կազմած է. էական հիմնակէտ, որ չարամտօրէն գրեթէ միշտ մոռացութեան կը տրուի։ Եւ Արցախի բնակչութիւնը, որեւէ հանրաքուէի պարագային, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ իր ներկայ անկախութեան կը կառչի։
Ինչ կը վերաբերի Արցախը Հայաստանէն պաշտօնապէս ճանչցուելու լուրջ հարցին, մեր կարծիքով՝ ատիկա տակաւին կանխահաս է. այդ որոշումը անփոխարինելի յաղթաքարտ մըն է, որ ապահով տեղ պահելու է։
Դիւանագիտական զմայլագեղ աշխարհին մէջ, որեւէ երկիր -եւ առաւել եւս Հայաստանի պէս նորակազմ փոքր պետութիւն մը- պէտք է ի վիճակի ըլլայ օգտագործելու բազմաթիւ եւ բազմատեսակ կարելիութիւններ։ Ասոնց մէջ առաջին հերթին ուշադրութիւն կը գրաւէ խնդրոյ առարկայ պետութեան ղեկավարութիւնը։
21-րդ դարուս, աւելի քան նախորդ դարերուն, ղեկավարներն առաւել կամ նուազ չափով իրաւասութիւն կ՚ունենան օգտակար -ու մինչեւ իսկ երբ պարագան ներկայանայ բախտորոշ անգամ- դերակատարութեան, բաւեց որ անոնք իրենց երկրին ազգային գերագոյն շահերը տեսնելու, երբեմն նոյնիսկ գուշակելու պայծառամտութեամբ շարժած ըլլան։
Եւ անհրաժեշտ է գիտնալ թէ՝ ազգակառոյց դիւանագիտութեան հիմնական աշխատանքը էապէս շարժո՛ւմ կ՚ենթադրէ եւ կը տկարանայ երբ ղեկավարներ, ո՛րեւէ պատճառով կամ պատրուակով, ինքնամեկուսացման միտումներէ կը տարուին, յաճախ իրենց հետ հեռացնելով իրենց հովանաւորած կազմակերպութիւնը եւս։ Էականը բացուի՛լն է աշխարհին եւ նոյնքան էական կը դառնայ բացուիլ ի՛ր ժողովուրդին։ Այսօր Հայաստանը ի՛ր ղեկավարներուն առաջնորդութեամբ, ուղիղ ճամբու մէջ է, բացուելով բովանդակ աշխարհին։ Կը մնայ իրեն բացուիլ, աւելի՛ բացուիլ իր ժողովուրդին։
Արդարեւ երբ ժողովուրդ կ՚ըսենք, մեր պարագային մեր ակնարկութիւնը միմիայն հայրենաբնակ բնակիչներուն չ՚երթար։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ, մենք աւելին ունինք. ունինք երկրորդ Հայաստան մը, զոր մեր արի երիտասարդներուն արեան գինով ձեռք բերինք եւ որ Արցախ կը կոչուի. այն ալ հանրապետութիւն մըն է, թէեւ փոքր Հայաստանէն շատ աւելի փոքր է տարածութեամբ ու բնակչութեամբ, բայց ազգային գիտակցութեամբ եւ ազգային արժանապատուութեամբ համազօր է անկասկած։
Եւ դեռ աւելի՛ն կայ. կա՛նք մենք սփիւռքահայերս, որոնք թէեւ թիւով գերազանց ենք Հայաստանէն եւ Արցախէն, բայց մենք անոնցմէ՛ է որ կը ստանանք, ամէն օր քիչ մը աւելի, մեր ազգային ոգին, ինքնաճանաչումը, ազգային գիտակցութիւնը, ազգային ոգին, սիրելով հայ մշակոյթն ու օրըստօրէ յարաճուն թափով ծանօթանալով անոր եւ վերջապէս սիրելով ու սորվելով հայերէն լեզուն, որ աշխարհի կատարեալ լեզուներու կարգին իր արժանաւոր անկորնչելի տեղն ունի։ Հայաստանի իմաստուն ղեկավարները պէտք է իրենց յարաճուն ուշադրութեան առարկայ դարձնեն ո՛չ միայն Արցախի բնակչութիւնը, այլ նաեւ՝ բովանդակ սփիւռքահայերս։
Ինչո՞ւ համար. որովհետեւ մե՛նք ալ հայ ենք։ Հայաստանէն հեռու կ՚ապրինք, բայց Հայաստանի հետ ենք։ Մեր հայրենիքի յառաջդիմութեանց ու բարգաւաճման ջատագով ենք, երբեմն ալ մասնակից ենք, երբեմն ալ բաժնեկից ենք։ Թէեւ հեռու կ՚ապրինք, բայց Հայաստանի տառապալից կեանքի սաստկութիւնը նոյնութեամբ մե՛նք ալ կը զգանք։
Անցեալ տարի Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակն էր։ Արցախին հետ մենք ալ մասնակից դարձանք անոր, մեզմէ ոմանք թերեւս հասկնալի եւ ներելի երկչոտութեամբ, բայց հոգ չէ. մի՛ մոռնաք որ դուրս չմնացինք, անտէր չզգացինք մենք զմեզ, որուն համար ջերմօրէն շնորհակալ ենք եւ շնորհակալ կը մնանք մեր անզուգական Երեւանին։
Ահա թէ ինչո՛ւ հայրենի ղեկավարութիւնը պէտք է աւելի՛ բացուի իր ամբո՜ղջ ժողովուրդին, փոխադարձ ճանաչման եւ փոխադարձ սիրոյ ամրապնդումով։
… Եւ որպէսզի Հայաստան վերապրի։
ՏՔԹ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Պոստոն