ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մը ար­դէն եր­րորդ տա­րին է, որ մեծ շու­քով պի­տի նշէ Մեծ պահ­քին նա­խոր­դող Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նը: Հայ­կա­կան դի­մա­կա­հան­դէ­սի նա­խա­պատ­րաստ­ման գոր­ծին մէջ մեծ ներդ­րում ու­նին թե­մի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք ճա­շա­ցան­կէն մին­չեւ ա­ւան­դա­կան խա­ղե­րը ու­սում­նա­սի­րած են՝ տօ­նը պատ­շա­ճու­թեամբ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար:

Ըստ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան, Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մի ե­րի­տա­սար­դաց կա­ռոյց­նե­րու հա­մա­կար­գող, Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Պետ­րոս Ա. Քհնյ. Մա­լեան յայտ­նած է Փետ­րուա­րի 7-ին կա­յա­նա­լիք Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը:

«Կի­րա­կի օ­րը՝ ժա­մը 11.00­-ին, պի­տի մա­տու­ցուի Ս. Պա­տա­րագ, որ­մէ յե­տոյ՝ ժա­մը 13.30-ին, թե­մի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, հա­մայնք­նե­րու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ազ­գագ­րա­կան եր­գի ու պա­րի հա­մոյթ­նե­րը, Ե­րե­ւա­նի տար­բեր հա­մայնք­նե­րը ներ­կա­յաց­նող մշա­կու­թա­յին խում­բե­րը պի­տի հա­ւա­քուին Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մօտ, իսկ ժա­մը 14.00ին պի­տի սկսի տօ­նա­կան շքեր­թը: Ս. Սար­գիս ե­կե­ղե­ցիէն Մաշ­տո­ցի պո­ղո­տա­յով պի­տի յա­ռա­ջա­նանք դէ­պի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րակ, ուր ալ նա­խա­տե­սուած են տար­բեր մի­ջո­ցա­ռում­ներ», նշած է Տ. Պետ­րոս Ա. Քհնյ. Մա­լեան։ Ըստ ի­րեն՝ եր­թին կրնան մաս­նակ­ցիլ բո­լոր փա­փա­քող­նե­րը, ո­րոնք ար­դէն Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ ա­կա­նա­տես պի­տի ըլ­լան ազ­գա­յին եր­գի ու պա­րի, թա­տե­րա­կան խում­բե­րու ե­լոյթ­նե­րու, պի­տի կա­րե­նան դի­տել եւ մաս­նակ­ցիլ ազ­գա­յին խա­ղե­րու: «Բա­ցի այդ՝ պի­տի բա­ցուի Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նին նուի­րուած տար­բեր մշա­կու­թա­յին ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րու թե­մա­թիք նկար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս, իսկ Բուն Բա­րե­կեն­դա­նին նուի­րուած ու­տեստ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն-վա­ճառ­քի հա­սոյ­թը պի­տի յատ­կա­ցուի բա­րե­գոր­ծու­թեան», ը­սած է Տ. Պետ­րոս Ա. Քհնյ. Մա­լեան։

Ըստ ի­րեն, Բուն Բա­րե­կեն­դա­նին կը թոյ­լատ­րուի ու­տել ա­մէն ինչ, իսկ ար­դէն յա­ջորդ օ­րուը­նէ, երբ կը սկսի 48-օ­րեայ Մեծ պահ­քը, պէտք է անց­նիլ ժուժ­կալ սննդա­կար­գի ու վար­քի: Բա­րե­կեն­դա­նին նա­խա­պա­տուու­թիւն կը տրուի մսե­ղէ­նի, կաթ­նե­ղէ­նի ա­ռա­տու­թեան: Տա­ւա­րի, ոչ­խա­րի եւ թռչնե­ղէ­նի մի­սէն կը պատ­րաս­տուին տար­բեր ճա­շեր, կ՚ու­տեն խա­շած հաւ­կիթ, զերծ չեն մնար նաեւ քաղց­րե­ղէ­նէ: Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նա­կան սե­ղա­նին նա­խընտ­րե­լի է տես­նել փախ­լա­ւայ, գա­թայ, հա­լուայ: Եւ ինչ­պէս ժո­ղովր­դա­կան խօս­քը կ՚ը­սէ՝ «Բուն Բա­րե­կեն­դա­նին հաւ­կի­թով կը փա­կեն բե­րան­նե­րը, որ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին հաւ­կի­թով ալ բա­նան»:

Շքեր­թին ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կոչ կ՚ը­նեն ի­րենց հետ վերց­նել նաեւ դի­մակ­ներ՝ դի­մա­կա­հան­դէ­սը լիա­կա­տար դարձ­նե­լու նպա­տա­կով:

Բա­րե­կեն­դան բա­ռա­ցի կը նշա­նա­կէ կեն­դա­նու­թիւն, բա­րի կեանք: Մեծ պահ­քի բա­րե­կեն­դա­նը կը կո­չուի Բուն Բա­րե­կեն­դան, քա­նի որ կը նա­խոր­դէ ա­մե­նաեր­կար պահ­քին: Բա­րե­կեն­դա­նը մար­դու եր­ջան­կու­թեան յի­շա­տակն է, զոր դրախ­տին մէջ կը վա­յե­լէին Ա­դամն ու Ե­ւան: Ա­նի­կա նաեւ օ­րի­նակն է դրախ­տա­յին կեան­քի, ուր մար­դուն ար­տօ­ն-ւած էր ճա­շա­կել բո­լոր պտուղ­նե­րը, բա­ցա­ռու­թեամբ բա­րիի եւ չա­րի՝ գի­տու­թեան ծա­ռի պուտ­ղէն, որ պահ­քի խորհր­դա­նիշն է:

 Բա­րե­կեն­դա­նը ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն է: Այդ օ­րը մար­դիկ սու­գէն կ՚անց­նին ու­րա­խու­թեան, չար­չա­րան­քէն՝ խա­ղա­ղու­թեան: Այս ըն­կա­լու­մով է, որ իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեայ հո­գիին մէջ խո­նար­հու­մով, ա­պաշ­խա­րու­թեամբ, պահ­քով եւ ո­ղոր­մու­թեան յոյ­սով կը սկսի Մեծ պահ­քի ճա­նա­պար­հին: Ա­նի­կա կը տե­ւէ 48 օր՝ Բուն Բա­րե­կեն­դա­նէն մին­չեւ Ս. Յա­րու­թեան՝ Զատ­կի տօ­նը:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016