ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Հին ժա­մա­նակ հայ­կա­կան տօ­նե­րէն ա­մե­նէն ու­րախն ու ա­մե­նա­տա­րա­ծուա­ծը Բա­րե­կեն­դանն էր։ Ա­նի­կա կը յա­ջոր­դէր Ս. Սար­գի­սի տօ­նին եւ կը տե­ւէր մին­չեւ Մեծ պահ­քի նա­խօ­րեա­կը։ Երկ­շա­բա­թեայ այս տօ­նախմ­բու­թիւ­նը կա­տա­կով յա­ճախ կ՚ա­նուա­նէին «փո­րե­կեն­դան», ո­րով­հե­տեւ տօ­նին գլխա­ւոր յատ­կա­նի­շը կե­րու­խումն էր։

Այս ա­ռի­թով կը պատ­րաս­տէին տար­բեր տե­սա­կի ճա­շա­տե­սակ­ներ եւ քաղց­րե­ղէն­ներ, կ՚օգ­տա­գոր­ծուէր ա­ռատ խմիչք, իսկ հար­բե­ցո­ղու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար նե­րե­լի էր այդ օ­րե­րուն։ Կա­ղան­դի նման, կ՚այ­ցե­լէին ի­րա­րու տուն եւ կը շնոր­հա­ւո­րէին, կը մաս­նակ­ցէին ճոխ սե­ղան­նե­րու խնջոյք­նե­րու, կը կազ­մա­կեր­պէին խա­ղեր, երգ, պար, ներ­կա­յա­ցում­ներ եւայլն…

Յատ­կան­շա­կան էր այն, որ խնջոյք­նե­րուն կը մաս­նակ­ցէին նաեւ կի­նե­րը, ե­թէ այլ տօ­նե­րու ան կ՚ա­ռանձ­նա­նար, ա­պա Բա­րե­կեն­դա­նին կը տի­րէր սե­ռի, տա­րի­քի եւ խա­ւի հա­ւա­սա­րու­թիւն։

Բա­րե­կեն­դա­նի ա­ւան­դոյ­թը կու գայ շատ հին ժա­մա­նակ­նե­րէն, բա­ռը ստու­գա­բա­նե­լով (բա­րե=բա­րի, կեն­դան=կեն­դա­նու­թիւն) կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել, որ ա­նի­կա կապ ու­նի բնու­թեան զար­թօն­քին, բեր­քի, բա­րի­քի հետ։ Այս ի­մաս­տով Բա­րե­կեն­դա­նը բազ­մա­թիւ ծի­սա­կան պաշ­տա­մուն­քա­յին տար­րեր ու­նի, ո­րոնք մնա­ցած են խա­ղե­րու ձե­ւով։ Այս­պէս, օ­րի­նակ, խա­ղե­րու ըն­թաց­քին սուտ­մե­ռուկ ձե­ւա­նալ, յե­տոյ՝ յառ­նող բնու­թեան պաշ­տա­մուն­քին հետ։

Բա­րե­կեն­դա­նի խոր­հուրդ­նե­րէն մէկն ալ բա­րիի ու չա­րի պայ­քա­րը կը խորհր­դան­շէ։ Խա­ղե­րու ըն­թաց­քին կը ծաղ­րուին հա­մայն­քի ա­նար­դար մե­ծա­ւոր­նե­րը, դա­տաս­տան կ՚ը­նեն եւ կը պատ­ժեն։ Ի­րա­կան կեան­քի մէջ չկրցա­ծը կա­րե­լի է կա­տա­րել Բա­րե­կեն­դա­նի օ­րե­րուն, խա­ղե­րու ընդ­մէ­ջէն։ Այդ օ­րը մէ­կը միւ­սէն նե­ղուե­լու ի­րա­ւունք չու­նէր, բո­լո­րը կրնա­յին կա­տա­կել, ծաղ­րել եւ քննա­դա­տել։

Չա­փա­զանց հե­տաքրք­րա­կան էր նաեւ հայ­կա­կան գիւ­ղե­րուն մէջ Բա­րե­կեն­դա­նի խա­ղե­րու եւ դի­մա­կա­հան­դէս­նե­րու սո­վո­րու­թիւ­նը, երբ պա­տա­նի­նե­րը դռնէ դուռ շրջե­լով՝ կը զուար­ճա­նա­յին։ Դժբախ­տա­բար մոռ­ցուած է այդ գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դոյ­թը, միայն դպրոց­նե­րուն մէջ կը յի­շուի կամ կը տօ­նուի. մինչ­դեռ, օ­րի­նակ, Վե­նե­տի­կի մէջ ա­նի­կա վե­րա­ծուած է ազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի։

Բա­րե­կեն­դա­նի խա­ղե­րէն էին ըն­կու­զա­խաղն ու ճօ­ճա­խա­ղը։ Ճօ­ճա­խա­ղին ա­ռա­ւե­լա­բար կը մաս­նակ­ցէին կի­նե­րը, ե­րի­տա­սարդ աղ­ջիկ­ներն ու ե­րա­խա­նե­րը։ Ա­նոնք պա­րա­նով պատ­րաս­տուած ճօ­ճա­նակ­նե­րու վրայ կ՚օ­րօ­րուէին, իսկ ի­րենց շուրջ հա­ւա­քուած բազ­մու­թիւ­նը ճ­պո­տով կը հա­րուա­ծէր ոտ­քե­րուն, որ­պէս­զի ճօ­ճուո­ղը ո­րե­ւէ գաղտ­նիք յայտ­նէ, կամ սի­րած ե­րի­տա­սար­դին ա­նու­նը բա­ցա­յայ­տէ։

Հայ Ե­կե­ղե­ցին

Հայ Ե­կե­ղե­ցին յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով կը նշէ այս տօ­նը։

Բա­րե­կեն­դա­նը մար­դու եր­ջան­կու­թեան յի­շա­տակն է, զոր կը վա­յե­լէին Ա­դամն ու Ե­ւան դրախ­տին մէջ։ Ա­նի­կա նաեւ դրախ­տա­յին կեան­քին օ­րի­նակն է, ուր մար­դուն ար­տօ­նուած էր ճա­շա­կել բո­լոր պտուղ­նե­րը, բա­ցի գի­տու­թեան ծա­ռին պատ­կա­նող­նե­րէն։ Իսկ յա­ջորդ Կի­րա­կին կը կո­չուի Ար­տաքս­ման Կի­րա­կի եւ կը բնո­րո­շուի մար­դուն ար­տաք­սու­մով ե­րա­նու­թեան դրախ­տէն։

Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի նա­խոր­դող օ­րը՝ շա­բաթ ե­րե­կո­յեան, ժա­մեր­գու­թեան ըն­թաց­քին ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նի վա­րա­գոյ­րը կը քա­շուի, խո­րա­նը կը ծած­կուի եւ այն­պէս փակ կը մնայ քա­ռաս­նօ­րեայ պահ­քի շրջա­նին։

Բա­րե­կեն­դա­նի Խո­հա­նոց

Բա­րե­կեն­դա­նի օ­րե­րու ա­մե­նաբ­նո­րո­շը, սա­կայն, կե­րա­կուր­նե­րու ա­ռա­տու­թիւ­նը եւ այ­լա­զա­նու­թիւնն է։ Ան­պայ­ման իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նիք, նիւ­թա­կան իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն չա­փով, կը մոր­թէր կով, այծ, ոչ­խար կամ հաւ։

Սո­վո­րա­կան օ­րե­րուն գիւ­ղա­ցին հա­զուա­դէ­պօ­րէն կը մոր­թէր իր տան ա­նա­սուն­նե­րը, սա­կայն Բա­րե­կեն­դա­նի ա­ւան­դոյ­թի ար­մատ­նե­րուն մէջ նաեւ կայ զո­հա­բե­րու­թեան գա­ղա­փա­րը. յա­նուն յա­ջո­ղակ երկ­րա­գոր­ծա­կան տա­րես­կիզ­բի, մա­տա­ղով սի­րա­շա­հուած են աս­տուած­նե­րը՝ խնդրե­լով բեր­քի ա­ռա­տու­թիւն։

Հե­տա­գայ օ­րե­րու կե­րու­խումն ու խրախ­ճանք­ներն ալ աս­տուած­նե­րուն նուի­րուած շքա­հան­դէս­նե­րու մնա­ցուկ­ներն են։

Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նի ա­ւան­դա­կան ճա­շա­տե­սակ­նե­րէն են ՓԱ­ԹԻԼ­ԼԱՆ (պա­նի­րով կամ մի­սով տապ­կուած խմո­րե­ղէն), Ա­ՄԻ­ՃԸ (լե­ցուած հաւ կամ հնդկա­հաւ), ԲԽԲԽԻ­ԿԸ (տապ­կուած ա­նու­շե­ղէն), ՀԱԼ­ՎԱՆ, ՓԱԽ­ԼԱ­ՒԱՆ, ՍԸ­ՌՈ­ՆԸ (թա­նա­պու­րի մէջ ե­փած խմո­րէ գնդիկ­ներ), ԹԱ­ՆԱ­ՊՈՒ­ՐԻ տե­սակ­նե­րը, ձուա­ծեղ­ներ, ՍԵՄ­ՍԵ­ԿԸ (մի­սով խմո­րե­ղէն), Գա­թա­նե­րու տե­սակ­նե­րը, ա­ղան­ձը, փո­խին­ձը, ինչ­պէս նաեւ՝ կո­լո­լակ­նե­րը, խո­րո­ված­ներն ու խաշ­լա­ման։

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016