ՃԱԲՈՆԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ
Ճաբոնական Հոկաիտօ կղզիին վրայ երէկ սկսած է ամենամեայ «Ձիւնի եւ սառոյցի փառատօնը», որու շրջանակներէն ներս տաղանդաւոր քանդակագործներ միլիոնաւոր մարդոց դատին կը յանձնեն սառոյցէ ու ձիւնէ պատրաստուած իրենց հսկայական աշխատանքները:
Աւանդական դարձած այս փառատօնի ընթացքին ներկայացուող ինքնատիպ քանդակներու առաւելագոյն բարձրութիւնը կը հասնի 15 մեթրի, իսկ լայնութիւնը՝ 25 մեթրի: Այս տարի կը ներկայացուին հարիւրէ աւելի աշխատանքներ, որոնց ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Փետրուարի 11-ը։
Միւս կողմէ, ամէն տարի «Ձիւնի եւ սառոյցի փառատօն»ը կ՚ընդունի շուրջ երկու միլիոնէ աւելի այցելուներ։ Այցելուներու թիւին այսքան բարձր ըլլալը կը վերագրուի փառատօնի անվճար մուտքին։