«ՓՐՈՏ ԷՔՍՓՕ-2016» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամին աջակցութեամբ Փետրուարի 8-12 թուականներուն հայկական 21 ընկերութիւններ միասնական տաղաւարով մը երկրի սննդաարդիւնաբերութեան ոլորտը կը ներկայացնեն Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Փրոտ Էքսփօ-2016» միջազգային ցուցահանդէսին:
Անիկա սնունդի, խմիչքներու եւ սննդային հումքի 23րդ միջազգային ամենամեայ ցուցահանդէսն է, որ ճանչցուած եւ ընդունուած է արտադրողներու, յատկապէս խոշոր գնորդներու եւ ներմուծողներու կողմէ: «Փրոտ Էքսփօ»ին տարեկան կը մասնակցի շուրջ երկու հազար կազմակերպութիւն՝ աւելի քան վաթսունհինգ երկրէ, կ՚այցելէ աւելի քան երեսուն հազար հոգի:
Հայկական ընկերութիւնները միասնական տաղաւարի մէջ կը ներկայացնեն արտադրանքի հարուստ տեսականի. մրգային եւ բանջարեղէնային պահածոներ, հիւթեր, ըմպելիքներ, անուշներ, թթու, մարինացուած բանջարեղէն, թարմ եւ մարինացուած սունկ, գարեջուր, խմելու աղբիւրի շիշալցուած ջուր, խաղողի կորիզի, նրան հատիկի եւ կտաւատի իւղ, մսամթերք, միսի ու ձուկի պահածոներ, թէյի տեսակներ, մեղր, ընդեղէն, չիրեղէն, ալքոլային խմիչքներ՝ մրգային խմիչքներ եւ օղիներ, քոնեակ, գինի, ուիսքի:
«Այսօր Հայաստանը ռուսական մեծ շուկային կըր-նայ առաջարկել սննդաարդիւնաբերութեան ընդգըր-կուն տեսականի, իսկ այսպիսի միջոցառումները ամենակարճ ճանապարհն են մեծածախ գնորդներուն հայկական արտադրանքը լաւագոյնս ներկայացնելու, գործարար կապեր ստեղծելու համար: Նման ցուցահանդէսներու ժամանակ մեր ընկերութիւնները հնարաւորութիւն կ՚ունենան նաեւ ծանօթանալու ոլորտի նորութիւններուն եւ զարգացման միտումներուն», նշած է Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատրեան: