ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ՎԱՌ ԲՆԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐ
Օդանաւներ, գնացքներ, կառքեր… Ձմեռնային տասն օրուան ճանապարհ: Երեւանէն դուրս եկանք այն օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ կրիփի առաջին տեսակի H1N1 ենթատեսակի բռնկում կար, դպրոցները գոց էին, հիւանդանոցները լեցուն՝ հիւանդներով, կը յայտարարուէր, որ կրիփի վիրիւսը Հայաստան հասած է դուրսի երկիրներէն, եւ օդանաւերու, գնացքներու, կայանատեղիներու, օդակայաններու եւ բոլոր մարդաշատ վայրերու մէջ, ուրկէ անցանք տասը օրը, ամէն մէկ փռշտացող, հազացող կամ պաղառութեան նշան ունեցող անձ մեզի համար «զինուած» վարակակիր էր, որմէ քիչ մը արդէն զաւեշտի հասնող զգուշութեամբ կը փորձէինք հեռու մնալ:
ԵՐԵՒԱՆ-ՊՈԼԻՍ-ԼԻՒԹՈՆ
Անգլիական Լիւթոն քաղաքի մերձակայքը գտնուող «Լիւթոն» միջազգային օդակայանէն ճանապարհը կը տանէր դէպի Հենլի ին Արտէն փոքրիկ գիւղաքաղաքը: Ինքնաշարժի վարիչը հայաստանցի ընկերուհիս է, որ Մեծն Բրիտանիոյ բնակիչ է արդէն տասնը-հինգ տարիէ ի վեր, բայց հաւանաբար Լիւթոն-Հենլի ին Արտէն ճանապարհը միշտ չէր գործածեր, անծանօթ էր իրեն, ուստի ինքնաշարժի մէջ նորագոյն սարք մը տեղադրած էր, «Լիւթոն-Հենլի ին Արտէն» ուղղութիւնը նշած էր կոճակի մը օգնութեամբ եւ սարքը, առնելով հրամանը, տղամարդու ձայնով անսխալ կերպով, ուղղորդեց ամբողջ ճանապարհը: Ընկերուհիս «օգնական մարդուկ» անուանած է սարքը եւ հետագայ օրերուն ալ, արդէն քիչ մը վարժուած անոր արուեստական ձայնին, մենք ալ, ընկերացանք այդ անտեսանելի «նաւավար»ին հետ:
Արտէն անուանումով անգլիական անտառի մէջ ծուարած Հենլին մեզ դիմաւորեց ձմեռուան պաղ շունչով, ձիւն չկար, բայց խոտերու եւ թուփերու վրայ եղեամ իջած էր, ինչ որ հէքեաթային կը դարձնէր անգլիական այդ պզտիկ գիւղաքաղաքը: Ընկերուհիս ամբողջ ճանապարհին կը պատմէր Հենլիի սովորութիւններու մասին, հին ու ճերմակ անգլիացիներու աւանդական պահպանուած բնակավայրերէն մին է, մարդիկ դժուարութեամբ կը հեռանան այս շրջանէն եւ նաեւ քիչ մը դժուարութեամբ կը հանդուրժեն այլ տեղերէ եկածները: Օտարներ գրեթէ չկան. «Ամբողջ քաղաքին մէջ միայն ես հայ եմ, մէկ լեհ կայ, լսեցինք, որ ռուս մըն ալ պիտի գայ՝ ամբողջ քաղաքը գիտէ այս մասին, զիրար կը ճանչնան, բարեհամբոյր մարդիկ են», կը պատմէ ընկերուհիս: Ինք անգլիացի ամուսնոյն եւ դստեր հետ տարիէ մը ի վեր Լոնտոնէն փոխադրուած է Հենլի, եւ բնոյթով հակուած ըլլալով պրպտելու, աշխատելու, նոր հնարաւորութիւններ գտնելու, աշխատանք մը գտած է Հենլի քաղաքի ակումբին մէջ, ուր դասերէ եւ աշխատանքէ ետք կը հաւաքուին երախաներ մանաւանդ՝ փողոցէն հեռանալու նպատակով եւ ծերեր՝ ժամանակ անցընելու, գեղարուեստական եւ այլ զբաղմունքներ գտնելու համար:
Ցերեկուան ժամ է, եւ ինքնաշարժը տունին բակը կայանելէ ետք կը շտապենք Հենլիի եկեղեցիներէն մէկուն կից դպրոցը՝ դասերէն ետք առնելու համար իր եօթնամեայ դուստրը: Դուստրը, ընկերներէն զատուելով կը վազէ եւ ուրախութենէն ինքնամոռաց հայերէն կը խօսի, այնուհետեւ կը շտապէ դպրոցի հեծանիւներու կայանատեղին, ուր կայանած է իր մանկական վարդագոյն հեծանիւը, կը նստի եւ մեր ուղեկցութեամբ կը քշէ մինչեւ տուն: Միւս աշակերտներն ալ դպրոցէն տուն կ՚երթան կա՛մ հեծանիւներով կա՛մ փոքրիկ ոտքի ինքնագնացներով, կամ ալ՝ քայլելով, ծնողքի օգնութեամբ: Ինքնաշարժ քիչ կը գործածուի՝ երախաները դպրոցէն տուն տանելու ճանապարհին, փողոցները հանդարտ են եւ անվտանգ: Առաջին զարմանքը, որ կը պատճառեն փոքրիկ աշակերտները՝ ձմրան ցուրտին անոնց բաց ոտքերն են, որ կ՚երեւին զգեստներու կամ կիսաանդրավարտիքներու տակէն, բայց ընկերուհիս կը պատմէ, որ սովորութիւն եղած է ձմրան այդպէս դուրս գալ, կոփուած են ու վարժուած: Նոյնպէս նաեւ որոշ մայրեր առանց տաբատի կամ գուլպայի են՝ բաց ոտքերով: Թերեւս միայն ցուրտէն պաղած անոնց կարմիր քիթերը կը վկայեն, որ դուրսը անգլիական ձմեռ է, Յունուար ամիսը:
Ճանապարհը կ՚անցնի գիւղի հրաշալի գետակին՝ Ալնէին քովէն, որուն մէջ կը լողան բադիկներ, ընկերուհիիս պզտիկ դուստրը կ՚ըսէ, որ կապոյտ գլուխներով բադիկները արուներ են: Հենլիի բոլոր տուները միանման են՝ փոքրիկ, առանց աստիճաններու, գետնին կպած երկյարկանի կամ միայարկ տուներ, որոնք իրենց արտաքին կառուցուածքով, տանիքներով, բակերով հնագոյն Անգլիոյ դէմքը կը ներկայացնեն: Քաղաքին մէջ արգիլուած է քանդել, ձեւափոխել կամ ուզած ձեւով կառուցապատել սեփական տունը. բոլոր շէնքերը հնագոյն արժէք են, որ քաղաքի հարստութեան մաս մը կազմեն, եւ քաղաքապետարանը յատուկ հսկողութիւն ունի ամէն մէկ ցանկապատի գոյնի, տանիքի ձեւի, բակի կառուցուածքի, ճանապարհի հանդէպ: Ահա ինչո՛ւ Հենլիի մէջ նոր տուներ գրեթէ չեն կառուցուիր, իսկ եղած տուներու գիներն ալ տարուէ տարի կը բարձրանան: Քաղաքին մէջ կը գործեն հնագոյն եկեղեցիներ, գրադարան, արուեստի կեդրոններ, նոյնիսկ դրամատունը, բժշկական կեդրոնը, հիւրանոցը տեղակայուած են քանի մը դարու պատմութիւն ունեցող լաւ պահպանուած շէնքերու մէջ, նոր, ժամանակակից, շքեղ շէնքեր չկան Հենլիի մէջ, ինչ որ առանձնակի հմայք կը հաղորդէ քաղաքին: Տուներու պատուհանները հիմնականը ժանեակէ, հնաոճ վարագոյրներ կը ծածկեն, առանց վարագոյրներու տուներ ալ կան, եւ անոնց՝ ցած ըլլալուն պատճառով կարելի է տեսնել տուներու ներսի անցուդարձը, սակայն ոչ ոք հետաքրքրուած է միւսի կեանքով եւ մարդիկ մէկը միւսի պատուհաններու քովէն կ՚անցնին՝ առանց դոյզն ինչ հետաքրքրութեամբ դիտելու առանց վարագոյրի տուներու ներսը: Տուներու քով սովորաբար երեք աղբաման կայ՝ համապատասխան նշումներով, ինչ որ կը նշանակէ, թէ աղբը կը տեսակաւորուի, ինչպէս շատ մը քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ:
Ամբողջ ճանապարհին ընկերուհիս կը պատմէ, որ քաղաքի հնաբնակները ետ են խոհանոցային աւանդոյթներէ, աւանդական ուտելիքներ չունին, կ՚ուտեն միս, գետնա-խընձոր, երբեմն՝ սիսեռ, ոլոռն եւ նման պատիճաւորներ, որոնք կ՚աճին այս տարածքին, եւ չկայ մասնաւոր ճաշ մը կամ ուտեստ մը, որ բնորոշ է այս տարածքաշրջանին: Հենլիի մէջ մէկ-երկու հնդկական ու արեւելեան ճաշարան կայ, մնացեալները քիդ թիւով տեղական սնունդի կրպակ-ճաշարաններ (bouti-que), որոնք երեկոյեան ակումբներ եւ ժամանցի վայրեր են, կան նաեւ այլ ծառայութիւններ, բայց՝ կրկին քիչ քանակութեամբ:
Երեկոյեան, Հենլիի անտառի մենաւոր լռութեան մէջ կը լսուի անտառի միջով անցնող գնացքի ձայնը: Մօտակայ վայրերու մէջ աշխատողները տուն կը դառնան:
ՇԷՅՔՍՓԻՐԻ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԸ
Յաջորդ առաւօտեան նախատեսած ենք այցելել Հենլիէն ընդամէնը 15 րոպէ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Անգլիոյ գեղեցիկ քաղաքներէն մին՝ Սթրաթֆորտ, Էյվոն գետի ափին կառուցուած հրաշալի բնակավայր մը, որ հռչակաւոր է իբրեւ անգլիացի մեծ բանաստեղծ, թատերագիր, թատերական գործիչ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի ծննդավայր: Քաղաքի պաշտօնական անունը Սթրաթֆորտ ին Էյվոն է: Արդէն մուտքէն այցելուներուն կը ժպտայ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի նկարը, քաղաքի մէջ շատ են անոր անունով վայրերը, սրճարաններու մէջ կան մեծ գրողի գիրքերը, յուշանուէրները սովորաբար անոր ստեղծագործութիւններուն կամ գրողի կեանքին, թատրոնին ու գրականութեան կը վերաբերին, եւ ամէն քայլափոխին յստակ է, որ Շէյքսփիր, իր մահէն չորս հարիւր տարի յետոյ, իր անունով եւ փառքով կը պահէ ու կը կերակրէ իր ծննդավայրն ու անոր բնակիչները: Սթրաթֆորտը հարուստ եւ բարեկեցիկ քաղաք կ՚երեւի՝ նկատի առնելով տուները, մարդոց հագուածքը, զուարճանքի վայրերը, զբօսաշրջային առատ հոսքը՝ դէպի քաղաք: Քաղաքի գլխաւոր տեսարժան վայրերէն է Էյվոն գետի պուրակը, որուն մէջ կան Շէյ-քըսփիրի ստեղծագործութեան հերոսներու արձանները՝ ստեղծագործութիւններէ դուրս բերուած խօսքերով եւ յայտնի արտայայտութիւններով: Այգիին շատ մօտ կը գտնուի Թագաւորական շէյքսփիրեան թատերական ընկերութեան պատկանող Swan թատրոնը, որ կառուցած է շէյքսփիրեան ժամանակներուն գործած Swan թատրոնի անուան եւ աւանդոյթներու նմանութեամբ, ուր կը կատարուին դասական բեմադրութիւններ:
Առհասարակ, թատերական շունչը զգալի է Շէյքսփիրի ծննդավայրի ամէն մէկ քայլափոխին՝ փողոցներու սալայատակներուն Շէյքսփիրի հնչեակներէն տողեր քանդակուած են, շէնքերու եւ գինետուներու պատերուն կան Շէյքսփիրի եւ անոր առընչուած ժամանակակիցներու թեւաւոր խօսքերը: Եւ վերջապէս, քաղաքի ամենանշանաւոր վայրը Շէքսփիրի տունն է՝ իր քանի մը մասնաշէնքերով: Մեծ գրողի տուն-թանգարանը օրական երկու հարիւրէ աւելի այցելու կը մտնէ: Նախօրօք, առցանց, պատուիրած ենք տոմսակը՝ կարգ չսպասելու համար, իսկ առցանց գնումը նաեւ 10 առ հարիւր զեղչ կ՚ապահովէ իր հերթին: Շէնքի բոլոր մասնաշէնքերուն մէջ կը զգացուի 1500-ականներու միջավայրը՝ գրական, թատերական ընտանեկան աւանդոյթներով հարուստ շէյքսփիրեան ժամանակաշրջանի շունչը կայ բոլոր սենեակներուն մէջ: Ննջարանները կահաւորուած են այնպէս, ինչպէս մեծ գրողի ժամանակներուն եղած է, փայտեայ եւ պեթոնէ յատակներ, սիւնազարդ, շատ հին առաստաղներ, անհարթ պատեր… Ամէն ինչ պահպանուած է այնպէս, ինչ պայմաններու մէջ որ ապրած է գրողը՝ իր մեծ ընտանիքին հետ: Հիւրասենեակին մէջ վերականգնուած է ճաշարանը, իսկ ննջարանին մէջ՝ դրուած է Շէյքսփիրի անկողնին նմանութեամբ անկողին, որոնց վրայ կարուած են հին դարաշրջանը պատկերող հագուստներ. նոյնիսկ տղամարդիկ երկարափէշ զգեստներ կրած են եւ այդ զգեստներու նմանօրինակները դրուած են աթոռներու եւ մահճակալներու վրայ: Աշխատողները հիւրերն ու այցելուները կը դիմաւորեն միջնադարեան հագուածքով եւ առանց ձանձրանալու կը պատմեն Շէյքսփիրի ու անոր հարազատներու կեանքէն ամէն մէկ մանրամասն: Օրինակ, հետաքրքրական է այն հանգամանքը, թէ Շէյքսփիր ամուսնացած է տասնութ տարեկանին 26-ամեայ Աննա Հատաուայի հետ եւ ունեցած է երեք զաւակ՝ երկու աղջիկ եւ մէկ տղայ։ Անոր տղան, որուն անունը Համլէթ եղած է, մահացած է տասնմէկ տարեկանին, եւ Շէյքսփիր անոր անունը անմահացուցած է իր նշանաւոր «Համլէթ» ստեղծագործութեան մէջ։ Շէյքսփիրներու ընտանեկան տան բակէն քիչ մը հեռու կը գտնուի որդիին գերեզմանը: Շէյքսփիրը համալսարանական կրթութիւն չէ ստացած, բայց եղած է բազմակողմանի զարգացած գրող, որ կը տիրապետէր լեզուներու, հին յունական եւ հռոմէական գրականութենէն զատ, նաեւ հիանալի գիտէր իտալական, ֆրանսական գրողներու գործերը, եւ անշուշտ քաջատեղեակ էր իր հայրենի գրականութեան ու պատմութեան: Երիտասարդ տարիներուն ունեցած է թատերական գործունէութիւն, բացի գրականութենէն, թատրերգութենէն, հիմնած է թատրոններ, վարած է թատերական գործարարի յաջող կեանք եւ շատ հարուստ եղած է: Ան կը նկատուի Անգլիոյ պատմութեան՝ բոլոր ժամանակներու ամենէն շատ թարգմանուած եւ ամենէն շատ փառաբանուած գրողներէն մին:
Հայ իրականութեան մէջ Շէյքսփիր թարգմանուած է ինչպէս անցեալ դարուն, այնպէս ալ կը շարունակէ թարգմանուիլ նաեւ այսօր: Անոր թատերախաղերը բեմադրուած են Պոլսոյ, Թիֆլիզի, Հայաստանի թատրոններու մէջ, մեծ եղած է Շէյքսփիրի գրականութեան կապը հայ իրականութեան հետ, որովհետեւ հայ մամուլի էջերէն, հայ թատրոնի բեմէն երբեք չէ իջած անոր անունը:
Շէյքսփիրի տուն-թանգարանին կից կը գործէ նաեւ Շէյքսփիրի հայրական տուն-թանգարանը, իսկ Սթրաթֆորտի Հին քաղաք համարուող շրջանին մէջ կը գտնուի դստեր տունը, որու կառավարիչը հայուհի մըն է՝ Անայիս Վանեան-Քուփէր: Մեր այցին օրը Տիկին Անայիսի աշխատանքային օրը չէր, մենք չտեսանք զինք, բայց աշխատակցուհին պատմեց իր հայ տնօրինուհիին մասին եւ ըսաւ, որ անոր արմատները կը սերին Եթովպիայէն եւ իր մեծհայրը եղած է Եթովպիոյ թագաւորական պալատի աշխատակից:
Շէյքսփիրի տուն-թանգարանի քանի մը շէնքերու բակերուն մէջ կան այգիներ։ Աշխատողները կ՚ըսեն, որ տաք եղանակին սկսնակ դերասաններ կու գան եւ այցելուներու պահանջով կը խաղան Շէյքսփիրի ստեղծագործութեան բեմադրութիւններէն հատուածներ:
Այս տարի Ապրիլին ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի նշուի Շէյքսփիրի մահուան 400-ամեակը: Իր ծննդավայրին՝ Սթրաթֆորտին մէջ մանաւանդ մեծ շուքով կը պատրաս-տըւին նշելու զայն: Իսկ այս տարի, կրկին Ապրիլին կը լրանայ անոր ծննդեան 452-րդ տարին: Իր հիմնած ամենէն մեծ թատրոնի՝ «Կլոպուս» թատրոնի նմանութեամբ հիմնուած Անգլիոյ ամենէն մեծ թատրոններէն մին՝ «Կլոպուս»ը 2014 թուականէն ի վեր, գրողի ծննդեան 450-ամեակի առթիւ համաշխարհային հիւրախաղերու ելած է աշխարհի տարածքին եւ տակաւին կը շրջի զանազան երկիրներու մէջ: Հիւրախաղերը պիտի աւարտին Շէյքսփիրի մահուան 400-ամեակին առթիւ: «Կլոպուս»ը անցեալ տարի ներկայացում ունեցած է նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ հայաստանցի հանդիսականը նոյնպէս վայելած է նոր ժամանակներու շէյքսփիրեան թատրոնի շունչը:
Ահա այսպէս, Մեծն Բրիտանիոյ չափազանց վառ տպաւորութիւնները կամաց-կամաց մոռցնել տուին հայաստանեան ցուրտ ձմեռուան կրիփային վիրիւսներու վախը եւ Անգլիան մնաց իբրեւ Հենլիով բացայայտուած, Շէյքսփիրով համեմուած եւ այլ անգլիական քաղաքներով շարունակուած հրաշալի բնապատկեր մը՝ լրագրողական նօթատետրին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ