ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿՆԵՐՈՎ ԱՆԱԼՈԿ ՀԱՄԵՐԳ

«Չըփ­լաք ա­յաք­լար քում­փա­նեա­սը»ի Թոփ­հա­նէի աշ­խա­տա­նո­ցին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­հե­կան ձեռ­նարկ մը, որ խո­րագ­րուած էր «Հէր ան հէր շէյ օ­լա­պի­լիր»։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը այս ձեռ­նար­կը բնու­թագ­րած էին որ­պէս՝ տե­սա­հո­լո­վակ­նե­րով ա­նա­լոկ հա­մերգ մը, ո­րու ըն­թաց­քին նե­րա­կա­յա­ցուե­ցան ինք­նա­բուխ դրուագ­ներ, տե­սա­հո­լո­վակ­նե­րու զու­գա­հեռ։ Յայ­տագ­րին ող­նա­յա­րը կազ­մե­ցին Միհ­րան Թով­մա­սեան, Կիւ­լին Քը­լը­չայ եւ Էօյ­քիւմ Է­լիֆ Էր­տո­ղան։ Ե­րաժշ­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նած էր Պար­լաս Թան Էօ­զէ­մէք։

Գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուին այս ու­րոյն ձեռ­նար­կին նկատ­մամբ, ո­րու յայ­տա­գի­րը մագ­նի­սա­ցուց ներ­կա­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016