«ՄԱՐԱԼ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԱՄԱՆՈՐԸ

Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ «Մարալ» համոյթի ընտանիքը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց Ամանորը։ 2018 թուականը ողջունելու համար միութեան երդիքին տակ նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ խրախճանք մը։ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ներկայ էին պարուսոյցներ Իրիս եւ Կարպիս Չափքանները, որոնք «Մարալ»ի ամբողջ կազմին կողմէ շրջապատուեցան ջերմօրէն։ Հտպիտ Արման Քէօսէի հսկողութեան տակ փոքրիկ մարալցիները ունեցան հաճելի ժամանց։ Համոյթի անդամներու ծնողներուն կողմէ սարքուած տօնական սեղաններուն շուրջ բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթանքներ եւ զիրար ողջունեցին՝ աշխատանքային նոր ու բեղմնաւոր շրջանի մը ակնկալութեամբ։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2018