ԱՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆԵՐԿԱՅ ԴԱՐՈՒՆ ԱՄԵՆԱՏԱՐԱԾՈՒՆ ԽՆԴԻՐԸ

Ճէք Լանտըն իր «Մարթին Իտըն» գիրքին մէջ գրած է. «Քնանալը անոր համար կը նշանակէր մոռնալ. իւրաքանչիւր առաւօտը կը դիմաւորէր տխրութեամբ։ Կեանքը զինք կը մտահոգէր, կը ճնշէր, իսկ ժամանակը տանջանք մըն էր իրեն համար»։ Քնանալը ոմանց համար կը նշանակէ նոր օրուան մը արթննալու նախապատրաստութիւն, իսկ ոմանց համար՝ կեանքէն կղզիանալ։

Ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու, ներկայիս բազում մարդիկ կը տառապին անքնութենէ եւ քնաբեր դեղերու վաճառքն ալ վերելք արձանագրած է։ Մարդիկ դեղեր կը գործածեն ո՛չ միայն քնանալու, այլեւ օրուան տեւողութեան արթուն մնալու համար։ Բացի դեղամիջոցներէն, մարդիկ չափազանց քանակութեամբ սուրճ կը խմեն արհեստական ուժ հաւաքելու համար։ Քունը, որ նախապէս շատ բնական վիճակ մըն էր մարդոց համար, այժմ դժբախտաբար վերածուած է մղձաւանջի մը։

Մարդիկ իրենց անհանգստութիւնը, տխրութիւնը, անյաջողութիւնները եւ ընկճուած վիճակները կը կապեն անքնութեան հետ։ Բազում մարդիկ քնանալէ առաջ, նոյնիսկ արթննալէ անմիջապէս վերջ կը գործածեն իրենց հեռախօսները։ Նոյնիսկ երբ անկողնին մէջ ըլլան, այդ ժամանակ ալ իրենց զբաղումն է հաղորդագրութիւնները, տեսանիւթերը, ընկերային ցանցերը, բազմաթիւ գրառումներ եւ այլն։ Մարդոց ուշադրութիւնը շեղող այս բոլոր գործողութիւնները կը յառաջացնեն քունի խնդիրներ։

Անքնութիւնն ու քնանալու ցանկութիւնը իրենց հետ կը բերեն նաեւ «վաճառուող քունի» գաղափարը, այսինքն մարդոց շնորհել քուն՝ տնտեսական շահոյթ ապահովելով։ Քունը նախապէս բնական երեւոյթ էր թէ՛ աղքատներու եւ թէ հարուստներու համար։ Բայց եւ այնպէս, մերօրեայ պայմաններու ներքեւ մարդոց կը մատուցուին կամ կը պարտադրուին «անկողնային գովազդներ»։ Այսինքն՝ քունի հարցը վերածուած է եկամուտի մը։ Քունի պակասը կը նշանակէ բուժում ու աւելի շատ մասնագէտի կարիք։

Ինչպէս կ՚ըսէ ամերիկացի լրագրող ու հեղինակ Ճոն Մուալեմ, մահճակալները նախապէս «անանուն սպիտակ ուղղանկիւններ» էին, բայց այսօր անոնք դարձած են «առողջութեան գործիքներ»։ Քունէն զրկուած անհատի մը հայեցակարգը կը համապատասխանէ յատկապէս մեծ քաղաքներու բնակիչ հասարակութիւններու մեծամասնութեան։

1950-ական թուականներու բժշկագիտութեան դասագիրքերուն մէջ կը գրէր, թէ մարդիկ պէտք ունին օրական առհասարակ ութ ժամուան քունի։ Քնատութեամբ տառապող մարդիկ օրուան տեւողութեան կ՚ըլլան ուժասպառ։ Այժմ մարդոց ցանկութիւններէն մին է լաւապէս քնանալ։ Այլ խօսքով՝ քունը, որ նախապէս սովորական էր անխտիր բոլորին համար, այժմ վերածուած է վարձատրութեան։

Ըստ ընկերաբան Էտուարտ Փալմըր Թամփսընի, Արդիւնաբերութեան յեղափոխութենէն վերջ, ժամանակը կորսնցուց իր նախկին հասկացողութիւնը ու վերածուեցաւ մի միայն աշխատանքի։ Աշխատաւորի հանգիստի պահերը դարձան գործատիրոջ նիւթական կորուստին։ Արդիւնքին ի յայտ եկան միապաղաղ աշխատանքային ընթացք եւ ժամանակի «ապրանքայնացում»։ Մարդկութիւնը այժմ սկսած է ապրիլ «աշխատանք»ով եւ «քուն»ով։

Թէեւ ժամանակը սուղ է եւ կարելի չէ վատնել ու մսխել զայն, սակայն մարդ կարիքն ալ ունի մերթ ընդ մերթ ինքզինքին ժամանակ յատկացնելու, ընկերային շփումներ ունենալու եւ նորոգուելու։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024