ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՆԳԱՌ

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Փիւ­նիկ» մար­դու­ժի զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մին մի­ջեւ ե­րէկ ստո­րագ­րուե­ցաւ յու­շա­գիր մը, որ կը վե­րա­բե­րի «Մշա­կու­թա­յին կան­գառ» ծրագ­րին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, սոյն նա­խա­գի­ծը կ՚են­թադ­րէ ներ­կայ տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան երկ­րի զա­նա­զան մար­զե­րէն ներս 426 մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Այդ ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին պի­տի ըլ­լան հա­մերգ­ներ, ներ­կա­յա­ցում­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ, փա­ռա­տօն­ներ եւ այն։ «Փիւ­նիկ» հիմ­նադ­րա­մը նա­խա­րա­րու­թեան պի­տի տրա­մադ­րէ եր­կու շար­ժա­կան շար­ժան­կա­րի դահ­լիճ, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ նաեւ կազ­մա­կեր­պել ժա­պա­ւէն­նե­րու ներ­կա­յա­ցում­ներ։

Յու­շա­գի­րը ե­րէկ ստո­րագ­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան եւ «Փիւ­նիկ» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Գաբ­րիէլ Չեմ­պեր­ճեան։ Սոյն ծրագ­րին պայ­մա­նագ­րա­յին ար­ժէ­քը կը կազ­մէ 73 մի­լիոն դրամ։ Ար­մէն Ա­մի­րեան ընդգ­ծեց, որ այս գու­մա­րը պի­տի բա­ւա­րա­րէ փո­խադ­րու­թեան, օ­րա­պա­հի­կի, գի­շե­րե­լու եւ միւս այլ ծախ­սե­րը։ Գաբ­րիէն Չեմ­պեր­ճեան յայտ­նեց, որ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ի­րենց սրտէն կը բխի, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց հա­մար հա­ճե­լի է Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին կեան­քին մաս­նա­կից ըլ­լա­լը։ Իր կար­գին, Ար­մէն Ա­մի­րեանն ալ յայտ­նեց, որ նա­խա­գի­ծը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ստեղ­ծէ՝ որ­պէս­զի մար­զե­րու բնա­կիչ­նե­րը աշ­խու­ժօ­րէն մաս­նակ­ցին շարք մը մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու։

Մար­զե­րէ ներս ձեռ­նարկ­նե­րը պի­տի կազ­մա­կեր­պուին մշա­կու­թա­յին բո­լոր հար­թակ­նե­րուն վրայ. ինչ­պէս՝ ա­կումբ­ներ, մշա­կոյ­թի տու­ներ, դպրոց­ներ եւ բա­ցօ­թեայ մի­ջա­վայ­րեր։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017