6 ՄԻԼԻԱՌ ՔԻԼՕՄԵԹՐԸ՝ ՔԱՆԻ ՄԸ ՏՈՂՈՎ…

Մտածելը կամ խորհրդածելը սահման չեն ունենար երբեք։ Ուստի չափազանցութիւն չէ ըսել, թէ մարդ մտածելով, երեւակայելով շատ աւելի հեռուներ կրնայ «սուզուիլ» իր մտքի «անհուն տարածութեան» մէջ, քան երթալ տիեզերքի անհաշուելի եւ աներեւակայելի հեռաւորութիւնները։

Երկիր մոլորակը, իրականութեան մէջ շատ իւրայատուկ է, թերեւս միակ մոլորակն է, որու վրայ կեանք կայ։ Մարդիկ յաճախ կ՚ըսեն, թէ իրենց մեծագոյն փափաքն է թռիչք կատարել տիեզերքի մէջ, տեսնել այլ մոլորակներ, բայց չեն հասկնար այն իրողութիւնը, որ իրենց ոտքի տակի հողը, ջուրը եւս տիեզերքի մաս կը կազմեն։ Առաւե՛լ, մենք չենք գնահատեր մեր ունեցածը, մեր աչքը միշտ ուրիշի, ուրիշի ունեցածի վրայ է։ Երկիրը հոս է, անշուշտ ամէն անոնց համար, որոնք կ՚ըմբռնեն անոր գեղեցկութիւնները եւ կը տեսնեն անոր մատուցածները, որոնք հոս են, միայն կը բաւէ մեր շուրջը նայիլ։ Ուստի, անոնք որոնք գիտեն իրենց «շուրջը նայիլ», անպայման կը տեսնեն «Երկիրը» եւ կը տեսնեն անոր գեղեցկութիւնները։

Արդարեւ, մտածումի մը, խորհուրդի մը իմաստը կրնայ առաւել խորունկ ըլլալ, քան անջրպետի երկու մոլորակներու, աստղերու իրարմէ հեռաւորութիւնը։ Ամերիկացի աստղագէտ, գրող եւ բնագիտութեան զանազան ոլորտներու գիտնական Քարլ Սական Երկրի 6 քիլօմեթր հեռաւորութենէն նկարահանուած դրուագին մասին խորհրդածութիւններ ըրած է իր «Գունատ կապոյտ կէտը» յօդուածին մէջ, որով ան կը պատմէ, թէ ինչու այս նկարը կարեւոր է մեզի համար։ Ստորեւ յօդուածը։

ԳՈՒՆԱՏ ԿԱՊՈՅՏ ԿԷՏԸ

Մենք կարողացանք այս պատկերը նկարահանել անջրպետի խորքէն: Եթէ նայիք այս նկարին, այնտեղ կը տեսնէք հասարակ կէտ մը միայն։ Այս դիտակէտէն կը թուի, թէ Երկիրը ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ։ Բայց եւ այնպէս, մեզի համար ամէն ինչ այլ է։ Անգամ մը եւս ուշադրութեամբ նայեցէք այս կէտին։ Սա այստեղ է։ Սա տունն է։ Սա մենք ենք։ Այստեղ են այն ամէն ինչ՝ զորս կը սիրէք, զորս կը ճանչնաք, որոնց մասին լսած էք եւ իւրաքանչիւր մարդ, որ առայժմ գոյութիւն ունեցած է։ Մեր վիշտերու եւ ուրախութիւններու ամբողջութիւնը, հազարաւոր կրօններ, գաղափարախօսութիւններ, տնտեսագիտական ուսմունքներ, իւրաքանչիւր որսորդ, իւրաքանչիւր գիշատիչ, իւրաքանչիւր հերոս եւ վախկոտ, քաղաքակրթութեան իւրաքանչիւր ստեղծիչ ու կործանիչ, իւրաքանչիւր թագաւոր, իւրաքանչիւր գիւղացի, սիրահարուած իւրաքանչիւր երիտասարդ զոյգ, իւրաքանչիւր մայր եւ հայր, յոյս ունեցող իւրաքանչիւր երեխայ, իւրաքանչիւր գիւտարար եւ հետազօտող, իւրաքանչիւր ուսուցիչ՝ որ կը դաստիարակէ բարոյական արժէքներ, այլասերած իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ, իւրաքանչիւր «աստղ», իւրաքանչիւր «գերագոյն առաջնորդ», իւրաքանչիւր սուրբ եւ իւրաքանչիւր մեղաւոր մեր տեսակի պատմութեան ողջ տեւողութեան ապրած է այս փոշեհատիկի վրայ անշարժացած՝ Արեւու շողերուն։

Երկիրը՝ հսկայածաւալ տիեզերական թատերաբեմին շա՜տ փոքր մէկ դրուագն է։ Մտածեցէ՛ք, բոլոր այդ հրամանատարերու եւ կայսրերու կողմէ թափուած արեան լիճերու մասին… Փառքի եւ համբաւի շողերու ներքեւ անոնք կրցան միայն շատ կարճ ժամանակով տիրապետել այս կէտի փոքր մէկ մասին։ Մտածեցէ՛ք, այս կէտի մէկ անկիւնի բնակիչներուն միւս անկիւնը ապրող իր նմաններու հանդէպ ցուցաբերած բռնութեան, հալածանքի մասին։ Որքան յաճախ կը տեսնենք տարաձայնութիւններ մարդոց միջեւ, որքան պատրաստակամ են զիրար սպաննելու եւ որքան շատ կ՚ատեն զիրար։

«Այս գունատ փոշեհատիկը» մարտահրաւէր կ՚ուղղէ մեր բոլոր կծկումներուն, մեր անձին նկատմամբ տուած կարեւորութեան եւ մեր կեղծ համոզումին, ըստ որու մենք առաջնային դիրք ունինք տիեզերքի մէջ։ Մեր մոլորակը, մեզ շրջապատող հսկայական տիեզերական խաւարի մէջ միայնակ բիծ մըն է։ Անորոշութեան, մեր անգիտութեան եւ այս ամբողջ անսահմանութեան մէջ, ուր կ՚ապրինք, ո՛չ մէկ ապացոյց կայ, թէ այլ տեղէ մը օգնութիւն կու գայ եւ կը փրկէ մեզ մեզմէ։

Երկիր… Մինչ այժմ կեանք պարունակող միակ մոլորակը։ Չկայ ուրիշ տեղ, ուր մեր նմանները գաղթեն, առնուազն մօտաւոր ապագային։ Այո՛, իսկապէս կ՚այցելենք, բայց մենք տակաւին չենք կրնար հաստատուիլ։ Ուզէք կամ ոչ, այս պահուն Երկիրը մեր ապրած տեղն է։

Կ՚ըսեն, որ աստղագիտութիւնը «համեստ» է եւ մեր անհատականութիւնը ձեւաւորող զբաղում մըն է:  Իմ կարծիքով, մարդկային ամբարտաւանութեան անտրամաբանականութիւնը ցցնելու ամենալաւ միջոցն է մեր փոքրիկ աշխարհի հեռաւոր այս պատկերը։ Այս պատկերը կ՚ընդգծէ մեր պարտաւորութիւնը՝  իրարու նկատմամբ բարի ըլլալու, պահպանելու եւ փայփայելու այս գունատ կապոյտ կէտը՝ մեր գիտցած միակ տունը։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021