ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԲԱԺԱՆՈՒՄ
Որքան դիւրին է ըսել՝ ամիս մը, նոյնքան խրթին է ամիս մը զատուիլ զաւակէդ, ամուսինէդ: Զաւէնը համեմատաբար դիւրութեամբ ձգեցի մէկամսեայ ճանապարհորդութեան: Անհամբերութեամբ կը սպասեմ վերադարձին: Ամիսը կէս եղած է: Կարօտը երթալէն տեղի կու տայ: Երբեմն այնքան շատ կը կարօտնամ, որ կարծես իմ սիրտը կը պայթի:
Ամիս մը առանց լիարժէք ընտանիքի՝ առանց Արիի, առանց Զաւէնի:
Գիտէի, թէ դիւրին պիտի ըլլայ՝ ամիս մը շուտիկ մը պիտի անցնի: Սակայն եկուր ու տես, որ բաժանումը հեղձուցիչ է: Կարօտով կը սպասեմ իմ սիրելի ամուսինի եւ զաւակի վերադարձին: Իսկ աւելի քան յիսուն օր, անորոշ ժամանակով շրջափակումի մէջ յայտնուած իմ հայրենակիցները, աւելի քան ամիս մը զատ մնացին իրենց զաւակներէն: Չէ՞ որ անոնք կրցան համբերել, դիմանալ, ես ալ պարտաւոր եմ:
Իմ Զաւէնը իր հայրիկի հետ է, իր սիրելի մեծ մայրիկի ու մեծ հայրիկի, մեր մեծ ընտանիքի սիրով պարուրուած: Անոր իւրաքանչիւր օրը մեր մեծերը վերածած են տօնի: Թերեւս այս է պատճառներէն մին, որ Զաւէնիկ տակաւին չի խորհիր վերադարձի մասին: Անոր օրերը այնքան հետաքրքրական ու լեցուն կ՚անցնին, որ ան կ՚ուզէ մնալ հնարաւորինս երկար.
-Զաւէն, ե՞րբ պիտի գաս:
-Մայրիկ, աւելի շատ օր կ՚ուզեմ մնալ Պոլիս,- թախանձագին կը հնչէ իմ մանուկի պատասխանը, կամ կ՚առաջարկէ.- Մայրիկ, ինչ կ՚ըլլայ, դուն եւ Դանիէլն ալ եկէք մեզ մօտ:
Առաջին շաբաթը այսպէս կը պատասխանէր: Երկրորդ շաբաթը.
-Մա՛մ, երբ որ վերադառնանք Հայաստան, Դանիէլի հետ կու գաք մեզ օդանաւակայանէն դիմաւորելու:
Այս իմ ու Զաւէնի առաջին երկարատեւ բաժանումն է, ինչո՞ւ չէ նաեւ՝ իմ ու Արիի: Կարճ ըսած՝ մեր ընտանիքը առաջին անգամ երկար ժամանակով երկուքի բաժնուեցաւ: Արին ալ այնտեղ՝ հազարաւոր քիլօմեթրեր անդին կ՚ապրի Դանիէլի կարօտով: Օրը քանի մը անգամ տեսակապով կը խօսինք, սակայն հեռաւորութիւնը ազդու է:
Կարօտին դիմանալու բաղադրատոմսը Զաւէնիկի խնդուն աչուկներն են, ուրախ ժպիտը եւ գոհունակ դէմքը: Իմ որդին ինքզինքը կը զգայ շատ երջանիկ: Տակաւին չեմ գիտեր, թէ այս բաժանումը ի՞նչ պիտի տայ մեզի համար, ինչպիսի՞ դասեր պիտի քաղենք, սակայն յայտնի է բարեբեր ըլլալը: Սա կարճատեւ փորձութիւն մըն է մեր ընտանիքի համար: Վերարժեւորելու մեր ունեցածը, մեր ընտանիքը, փոխադարձ սէրն ու յարգանքը:
Որքան կը մօտենային մեկնումի ժամերը, այնքան կը տխրէի. չէի ուզեր զաւակէս հեռու մնալ: Քանի մը անգամ ուզեցի հրաժարիլ՝ առանց ինծի ճամբորդելու իմ որոշումէն: Սակայն տեսնելով իմ փոքրիկի ոգեւորութիւնը, ուրախութիւնը՝ ամէն անգամ կը զսպէի ինքզինքս: Ես պիտի կրնամ դիմանալ, կարեւորը Զաւէնիս ուրախութիւնն է: Ամէն անգամ, երբ տեսակապով կը խօսինք, Զաւէնիկ ցոյց կու տայ իր նոր խաղալիքները: Իր տեսած ամէն բան կ՚ուզէ տեղաւորել ճամպրուկին մէջ եւ հասցնել Հայաստան: Մանչուկս, ինծի պէս չի սիրեր թեթեւ ճամբորդել, ինչ որ կը տեսնէ, կ՚ուզէ առնել ու բերել:
Զաւէնը իր օրուան մեծ մասը կ՚անցընէ մեծ մայրիկին հետ: Իր ուզած ժամուն կը պառկի եւ կ՚արթննայ: Կ՚ընէ այն ամէնը, ինչ որ իր սիրտը կ՚ուզէ: Հեռաւոր ափերուն մէջ կ՚ըմբոշխնէ ազատութեան համը՝ մանուկներու փափաքած ազատութեան:
Այո՛, ես զաւակս ձգեցի ըմբոշխնելու սիրոյ համը: Ան գնաց սէր ժողվելու: Ծնունդէն ի վեր կը սնանի սիրով: Աշխարհէն կը պակսի սէրը: Սէրը լեցուն է ամէնուր: Աւելորդ զբաղումներու պատճառաւ սէրը, ինչպէս միշտ, անտեսած են մարդիկ: Բոլորը զայն կը փնտռեն, սակայն չեն նկատեր իրենց քովը: Ես ալ Զաւէնը ղրկեցի սէր ու ջերմութիւն տալու եւ ստանալու: Գիտեմ, վստահ եմ՝ ինչքան տայ՝ հազարապատիկը ետ պիտի առնէ: Եւ ուրեմն մեր երկարատեւ բաժանումը կրնանք կոչել սիրոյ ամիս: Սէրը երբեք աւելորդ չի կրնար ըլլալ, ինչպէս մարդոց մեծամասնութեան համար փողն ու հարստութիւնը: Կ՚ուզեմ, որ իմ երկու զաւակները իրենց կեանքի հոլովոյթին մշտապէս շռայլեն իրենց սէրն ու ջերմութիւնը, պարուրուին սիրով, ջերմութեամբ ու հոգատարութեամբ: Մարդուն կեանքի մէջ ամենէն շատ մարդ է պէտք, ըսել է, թէ սէր:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան