ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ

Կիւմ­րի: Վայր մը, ուր կ՚ապ­րի հայ ժո­ղո­վուր­դի խտա­ցուած ցա­ւի մէկ մաս­նի­կը: Ցա­ւը, ար­դէն քսա­նութ տա­րիէ ի վեր՝ ներ­կայ է Կիւմ­րիի մէջ եւ կար­ծես հրա­շա­գեղ այս քա­ղա­քը լքե­լու ցան­կու­թիւն չու­նի:

Հա­յոց հիւ­սի­սա­յին դար­պասն է Կիւմ­րին, հնա­գոյն պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող Ա­լեք­սանտ­րա­պո­լը, ուր 1988 թուա­կա­նի ա­հեղ երկ­րա­շար­ժը շե­ղեց այն­տեղ ապ­րող մար­դուն կեան­քի ըն­թաց­քը: Հա­զա­րա­ւոր մարդ­կա­յին կեան­քեր խոր­տա­կ-ւե­ցան, հա­զա­րա­ւոր տու­ներ փո­շի դար­ձան, կիւմ­րե­ցին իր ճա­կա­տագ­րին մէջ յա­ւերժ կրեց վի­րա­ւո­րի պի­տա­կը: Այ­սօր ալ, երկ­րա­շար­ժէն տա­րի­ներ ետք, այդ խա­րա­նը տա­կա­ւին կիւմ­րե­ցիի վրան է: Թէեւ նոր Կիւմ­րին աչ­քի կը զար­նէ երկ­րա­շար­ժէն ետք կա­ռու­ցուած նոր շէն­քե­րով, բայց շատ են նաեւ կի­սա­փու­լ, վթա­րա­յին շէն­քե­րու թի­ւը, եւ շատ են նաեւ ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ցա­րան­նե­րը, ո­րոնց մէջ կը բնա­կին ե­րեք հա­զա­րէ ա­ւե­լի կիւմ­րե­ցի­ներ: Փայ­տեայ, թի­թե­ղէ եւ այլ նիւ­թե­րէ կար­կա­տուած տնակ­ներ, ո­րոնք ու­նին ո՛չ ջուր, ո՛չ ջե­ռու­ցում, ո՛չ սան­հան­գոյց (=սա­նի­տա­րա­կան հան­գոյց=լուա­ցա­րան, լո­գա­րան, զու­գա­րան), ոչ ալ՝ խո­հա­նոց: Ա­նոնց տա­նիք­նե­րէն ա­մառ-ձմեռ ջուր կը կա­թի, յա­ճախ նաեւ ջու­րը կը լե­ցուի մար­դոց ան­կո­ղին­նե­րուն մէջ, եւ այդ խո­նավ, ան­յոյս կա­ցա­րան­նե­րու մէջ ապ­րող մար­դիկ բո­լորն ալ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու տէր դար­ձած են: Ա­նոնք կ՚ապ­րին ա­նա­սե­լի յու­սա­հա­տու­թեան մէջ, կորսն­ցու­ցած են ի­րենց հա­ւա­տը եւ ա­նո­րոշ, ո­չինչ ը­սող հա­յեացք­նե­րով կը դի­տեն ի­րենց տու­նե­րը ժա­մա­նած ան­ծա­նօթ մար­դոց: Դըժ-ւար է նա­յիլ մա­նա­ւանդ այդ կա­ցա­րան­նե­րու մէջ ապ­րող ե­րա­խա­նե­րուն, ծե­րե­րուն, ո­րոնք ա­ռա­ւել խնամ­քի կա­րիք ու­նին…

Այդ ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ցա­րան­նե­րէն մաս մը կը գտնուի Կիւմ­րիի եր­բեմ­նի «Ֆան­տան­նե­ր» (Շատ­րուան­ներ) կո­չ-ւող թա­ղա­մա­սին մէջ: Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն ան­տա­ռով ու զբօ­սայ­գիով նշա­նա­ւոր այդ թա­ղը այ­սօր լքուած տա­րածք մըն է, Կիւմ­րիէն կտրուած վայր մը, ուր­կէ կ՚ան­ցնինք յաղ­թա­հա­րե­լով ան­բա­րե­կարգ ճամ­բա­ներն ու ձմրան վեր­ջին օ­րե­րուն յա­ռա­ջա­ցած ցե­խե­րը:

Նոյ­նիսկ Կիւմ­րիի հրա­պա­րա­կէն առ­նուած կիւմ­րե­ցի թաք­սիի վա­րոր­դը կը զար­մա­նայ, թէ ի՞նչ գործ ու­նինք «Ֆան­տան­նե­ր», եւ երբ կը լսէ, որ կիւմ­րե­ցի աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ Տիգ­րան Հա­մա­սեա­ն ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նայ այն­տեղ, ա՛լ ա­ւե­լի կը զար­մա­նայ ը­սե­լով՝ «Այդ շու­նե­րով ու աղ­բով լե­ցուն տա­րած­քի մէջ ինչ­պէ՞ս պի­տի նուա­գէ մեր Տիգ­րա­նը»…

Այ­նու­հե­տեւ, մօ­տե­նա­լով Ֆան­տան­նե­րուն եւ տես­նե­լով հա­ւա­քուած բազ­մու­թիւ­նը, կը զար­մա­նայ, որ ին­չո՞ւ կիւմ­րեց­ի­ներ տե­ղեակ չեն ե­ղած հա­մեր­գէն։ «Է՜, Կիւմ­րին աշ­խար­հէն կտրուած է, ին­չէ՞ն տե­ղեակ ենք, որ մեր Տիգ­րա­նի հա­մեր­գէն տե­ղեակ ըլ­լան­ք», կ՚ը­սէ թաք­սիի վա­րոր­դը: Կիւմ­րե­ցի­նե­րը ամ­բողջ սրտով «մեր Տիգ­րա­նը» կը կո­չեն աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն բե­մե­րը նուա­ճած եւ միշտ Կիւմ­րիի ա­նու­նը բարձր պա­հած այդ հա­մեստ տղան: Հա­րիւ­րա­ւոր նշա­նա­ւոր բե­մե­րէ, լե­ցուն եւ տա­քուկ դահ­լիճ­նե­րէ ետք Տիգ­րան Հա­մա­սեան այս ան­գամ սա­կայն, ընտ­րած է մէկ այլ «բեմ»՝ իր հա­րա­զատ Կիւմ­րիի ա­մե­նէն չքա­ւոր թա­ղա­մա­սի մէկ հա­տուա­ծը: Ժա­մա­նա­կա­ւոր թի­թե­ղեայ տնակ­նե­րու քով դրուած ա­նոր ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծի­քը՝ դաշ­նա­մու­րը, վե­րա­ցա­կան պատ­կեր հա­ղոր­դած էր աղ­քատ­նե­րու այդ թա­ղա­մա­սին: Բո­լո­րի կող­մէ լքուած եւ կար­ծես մո­ռա­ցու­թեան մատ­նուած «Ֆան­տան­նե­ր­»ը եր­բեք այդ­քան մարդ չէր այ­ցե­լած, ինչ­քան որ այ­ցե­լեց Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի հա­մեր­գին օ­րը:

Հա­մեր­գը մէկ մասն էր նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը, ո­րու հե­ղի­նա­կը կիւմ­րե­ցի ե­րի­տա­սարդ լու­սան­կա­րիչ Հայկ Բար­սե­ղեանն է: Ան, Յու­նուար ամ­սուն այ­ցե­լե­լով «Ֆան­տան­նե­ր» եւ մօ­տէն ման­րա­մասն լու­սան­կա­րե­լով հոն թի­թե­ղեայ տնակ­նե­րու մէջ, խիստ ան­մարդ­կա­յին պայ­ման­նե­րու տակ ապ­րող կիւմ­րե­ցի­նե­րու կեան­քը, հրա­պա­րա­կե­լով իր կա­տա­րած լու­սան­կար­նե­րը, դրա­մա­հա­ւաք մը սկսած է մի­ջազ­գա­յին դրա­մա­հա­ւա­քի կայ­քե­րէն մէ­կուն՝ www.crowdfunder.co.uk մի­ջո­ցով: Այս նա­խա­ձեռ­նու­թե­նէ ետք ձե­ւա­ւո­րուած է ե­րի­տա­սարդ կիւմ­րե­ցի­նե­րէ կազ­մուած SOS GYUMRI խում­բը, ո­րու ան­դամ­նե­րը զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով փոր­ձած են թէ՛ կա­ռա­վա­րու­թեան, թէ՛ ան­հատ բա­րե­րար­նե­րու եւ թէ տե­ղա­կան ու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րել տար­րա­կան կեն­ցա­ղա­յին բո­լոր պայ­ման­նե­րէ զուրկ տնակ­նե­րու մէջ ապ­րող մար­դոց կեան­քին վրայ: Կիւմ­րե­ցի ա­նօ­թե­ւան­նե­րու մա­սին հա­ղոր­դում պատ­րաս­տած է ա­րա­բա­կան նշա­նա­ւոր «Ալ Ճա­զի­րա» հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան անգ­լե­րէն բա­ժի­նը, շու­տով՝ Ապ­րի­լին «Պի. Պի. Սի.»ն պի­տի այ­ցե­լէ Կիւմ­րի՝ տե­սա­ֆիլմ պատ­րաս­տե­լու այս բա­ցա­ռիկ նա­խա­ձեռ­նու­թեան մա­սին, ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­դառ­նա­լու կիւմ­րե­ցի ա­նօ­թե­ւան­նե­րու խնդրին:

Նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը վերջ­նա­ժամ­կէտ մը դրած են՝ մին­չեւ 20 Մարտ հա­ւա­քել 175 հա­զար տո­լար՝ մա­նա­ւանդ խիստ չքա­ւոր պայ­ման­նե­րու տակ ապ­րող տաս­նե­րեք ըն­տա­նի­քի հա­մար բնա­կա­րան ա­պա­հո­վե­լու հա­մար: Մին­չեւ հա­մեր­գի օ­րը հա­ւա­քուած էր 40 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար, հա­մեր­գի օրն ալ, բե­մին վրայ դրուած արկ­ղին մէջ ներ­կա­նե­րը հան­գա­կա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին, իսկ առ­հա­սա­րակ, նա­խա­ձեռ­նու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րու յոյ­սը խո­շոր կազ­մա­կե­րպու­թիւն­ներն են, ո­րոնք կ՚օգ­նեն՝ բնա­կա­րան­ներ նուի­րա­բե­րե­լու հա­մար ըն­տա­նիք­նե­րուն: Յայ­տա­րա­րուե­ցաւ նաեւ, որ բրի­տա­նա­կան նշա­նա­ւոր կայ­քի պայ­ման­նե­րէն մէկն ալ այն է, որ ե­թէ մին­չեւ վերջ­նա­ժամ­կէ­տի օ­րը նա­խա­տե­սուած գու­մա­րը չհա­ւա­քուի, ա­պա այդ նպա­տա­կաւ բա­ցուած հա­շի­ւը պի­տի սա­ռե­ցուի եւ գու­մա­րը ետ պի­տի վե­րա­դար­ձուի նուի­րա­տու­նե­րուն:

Այն ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք այս օ­րե­րուն ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած են, ի­րենց տու­նե­րը կորսնց­նե­լով երկ­րա­շար­ժի ժա­մա­նակ, մին­չեւ հի­մա կար­գի կը սպա­սեն՝ բնա­կա­րան ստա­նա­լու, սա­կայն պե­տա­կան մի­ջոց­նե­րը բա­ւա­րար չեն գտնուած՝ այդ հար­ցը վերջ­նա­կա­նա­պէս լու­ծե­լու հա­մար: Յա­մե­նայն­դէպս, այդ­պէս կ՚ը­սուի պաշ­տօ­նա­կան մեր­ժում-պա­տաս­խա­նին մէջ:

Տիգ­րան Հա­մա­սեա­ն, իբ­րեւ ճանչ­ցուած ու նշա­նա­ւոր անձ, իր հա­մեր­գի մի­ջո­ցաւ կրցաւ մեծ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րել նշուած խնդրին: Ան յայ­տա­րա­րեց, թէ քա­նի որ ձեռք բե­րուե­լիք բնա­կա­րան­նե­րը նոր պի­տի ըլ­լան, ա­պա ինքն ալ պի­տի ջա­նայ նոր նուագ­ներ հնչեց­նել այդ առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած հա­մեր­գին, եւ իր նոր ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կէն եր­կու նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն նուա­գեց, ինչ­պէս նաեւ՝ այլ գոր­ծեր իր ծա­նօթ նուագ­նե­րէն: Իր նուա­գակ­ցու­թիւ­նը ան եր­բեմն-եր­բեմն կ՚ընդ­մի­ջէր փոք­րիկ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով, զորս կը կա­տա­րէր իր սի­րե­լի Կիւմ­րիի բար­բա­ռով: Մօտ մէկ ժամ տե­ւած հա­մեր­գի ա­ւար­տին Կիւմ­րիի փոխ­քա­ղա­քա­պետ Ռու­բէն Սա­նո­յեա­ն Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նին շնոր­հեց Կիւմ­րիի քա­ղա­քա­պե­տի «Ոս­կէ մե­տայ­լ­»ը, նշե­լով, որ ան միշտ բարձր պա­հած է Կիւմ­րիի ա­նու­նը:

Հա­մեր­գի ա­ւար­տին հան­րա­ճա­նաչ դաշ­նա­կա­հա­րը պա­տաս­խա­նեց լրագ­րող­նե­րու հար­ցում­նե­րուն:

Ծնած ըլ­լա­լով Կիւմ­րի, երկ­րա­շար­ժէն տա­րի մը ա­ռաջ՝ 1987 թուա­կա­նին, եւ մին­չեւ 1999 թուա­կա­նը ապ­րած ըլ­լա­լով Կիւմ­րիի մէջ, Տիգ­րան Հա­մա­սեա­ն ն­շեց, որ ի­րեն լաւ ծա­նօթ է երկ­րա­շար­ժէն տու­ժած­նե­րու կեան­քը, Կիւմ­րի ապ­րե­լու տա­րի­նե­րուն յա­ճախ ա­ռըն­չուած է ա­նոնց կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն, ը­սաւ, թէ այն ինչ որ ինք տե­սած է Ֆան­տան­ներ թա­ղա­մա­սի ժա­մա­նա­կա­ւոր տնակ­նե­րուն մէջ, վեր է ե­րե­ւա­կա­յու­թե­նէն եւ միայն ապ­շան­քի ու ա­մօ­թի զգա­ցում կրնայ յա­ռա­ջաց­նել:

«Մեր բո­լո­րիս հա­մար ա­մօթ է, որ մար­դիկ տա­կա­ւին այս պայ­ման­նե­րու տակ կ՚ապ­րին: Ար­դէն ե­րե­սուն տա­րի պի­տի ըլ­լայ, բայց պայ­ման­նե­րը նոյնն են եւ դեռ՝ ա­ւե­լի վատ: Մենք բո­լորս ա­մէն ինչ պի­տի ը­նենք, որ­պէս­զի մար­դիկ դուրս ելլ­են այս տնակ­նե­րէն, ուր ապ­րե­լու ոչ մէկ պայ­ման կայ: Ես կոչ կ՚ը­նեմ ա­մէն մար­դու, ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել ա­նօ­թե­ւան կիւմ­րե­ցի­նե­րու խնդրին, գան Հա­յաս­տան, տես­նեն, օգ­նեն, այս­տե­ղէն ալ օգ­նեն, բան մը ը­նեն, որ­պէս­զի տուն յատ­կա­ցուի այս մար­դոց: Ես մեծ յոյ­սեր ու­նիմ, որ այս դրա­մա­հա­ւա­քը յա­ջո­ղու­թեամբ կ՚ա­ւար­տի եւ մար­դիկ կը հաս­նին ի­րենց ե­րա­զանք­նե­րուն։ Լաւ է ուշ, քան՝ եր­բե­ք», ը­սաւ Տիգ­րան Հա­մա­սեան:

SOS GYUMRI խում­բի նա­խա­ձեռ­նած այս հա­մեր­գը վեր­ջի­նը պի­տի չըլ­լայ: Տիգ­րան Հա­մա­սեանն ալ ը­սաւ, որ իր պայ­քա­րը պի­տի շա­րու­նա­կէ եւ այլ մի­ջոց­նե­րով եւս պի­տի նպաս­տէ նա­խա­ձեռ­նու­թեա­ն:

«ՀԱՍԱԾ Է ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԿԱՂԱՊԱՐՈՒԱԾ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՎ ՉԻ ՄՏԱԾԵՐ, ԱԶԱՏ ԿԸ ԳՈՐԾԷ»

Հա­մեր­գին քիչ թի­ւով պաշ­տօ­նեա­նե­րու կար­գին ներ­կայ էր նաեւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Շի­րա­կի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մի­քա­յէլ Ե­պսկ. Ա­ջա­պա­հեան: ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ հար­ցում­ներ ուղ­ղեց Սրբա­զան Հօ­ր։

-Սրբա­զան Հայր, կար­ծես ա­ռա­ջին ան­գամն է որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը՝ Կիւմ­րիի մէջ, ի՞նչ ար­դիւնք կ՚ու­նե­նայ Ձեր կար­ծի­քով:

-Նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ող­ջու­նե­լի է: Ես ու­րախ եմ, որ ե­կած է ժա­մա­նա­կը վստահաբար, հա­սած է ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­ն մը, ո­ր կա­ղա­պա­րուած չա­փա­նիշ­նե­րով չի մտա­ծեր, ա­զատ կը գոր­ծէ, ոչ սթան­տարտ կը մտա­ծէ, իր մա­սին չի մտա­ծեր, ու­րի­շի մա­սին կը մտա­ծէ:

-Ի՞նչ կը կար­ծէք՝ կ՚ու­նե­նա՞յ ար­դիւնք այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը:

-Յու­սանք: Այս­պի­սի պա­րա­գա­նե­րուն միշտ չէ, որ ես լա­ւա­տես եմ, բայց՝ յու­սանք: Ին­ծի հա­մար, յա­մե­նայն­դէպս, այն­քան ա­րդիւն­քը կա­րե­ւոր չէ, որ­քան՝ ե­րե­ւոյ­թը, ինչ­պէս ը­սի՝ այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար շատ ու­րախ եմ:

-Սրբա­զան Հայր, ի՞նչ կը կար­ծէք, այն վի­ճա­կը, որ այ­սօր կը տի­րէ այս տնա­կա­յին ա­ւա­նի մէջ, տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տան­քի թե­րա­ցո՞ւ­մը չէ, ո­րուն պատ­ճա­ռաւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ստի­պուած կ՚ըլ­լան այս տե­սակ մի­ջոց­նե­րով լրաց­նել:

-Իշ­խա­նու­թիւ­նը բաց­թո­ղում­ներ շատ ու­նի, բայց ե­թէ նոյ­նիսկ չու­նե­նար, հա­ւա­նա­բար հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րար չ՚ըլ­լար՝ ա­մէն ինչ ը­նե­լու: Այն­պէս որ հա­սա­րա­կու­թեան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը միշտ ալ պէտք է իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն:

Այս մէ­կը հա­մազ­գա­յին խայ­տա­ռա­կու­թիւն է, միայն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մեղ­քը չէ, բո­լո­րիս խայ­տա­ռա­կու­թիւնն է, բո­լո­րիս ա­մօթն է՝ Հա­յաս­տան, Սփիւռք, հա­յու­թիւն, իշ­խա­նու­թիւն, բա­րե­րա­րու­թիւն…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016