ՉԱՐԵՆՑ. ՄԵԾ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉԸ

Երեւանի սիրտին մէջ առ այսօր կանգուն է այն շէնքը, ուր աշխատած է հայ մեծ գրող, բանաստեղծ, թարգմանիչ Եղիշէ Չարենց: Տէրեան փողոցի վրայ յայտնի այդ սիւնազարդ շէնքին վրայ ցուցանակ մը կայ՝ «Այստեղ աշխատած է Եղիշէ Չարենց»: Հայաստանի Պետական հրատարակչութեան՝ ՀայՊետՀրատ-ի շէնքն է այդ մէկը: Շէնքը, որ ծանօթ է նաեւ «Գիրքի պալատ» անունով, հիմնադրուած է խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք եւ գործած է ժամանակահատուածի մը ընթացքին, երբ գիրքի արտադրութիւնը զուտ պետական մենաշնորհ էր:

Կեանքին որոշ մէկ շրջանը Եղիշէ Չարենց կարեւոր պաշտօններ զբաղեցուցած է ՀայՊետՀրատ-ի մէջ: Եղերական մահուան արժանացած բանաստեղծը, իր կեանքին ընթացքին ոչ միայն անմահ գործեր ստեղծած է, այլ յաջողած է զարկ տալ նաեւ տպագրական գործին՝ աջակցելով բազում արժէքաւոր գիրքերու տպագրութեան: Անոր ան-ւան շուրջ գոյացած պիտակներուն մաքրումէն եւ Չարենցին անունը, ըստ արժանաւոյն, գնահատելէ ետք, ՀայՊետՀրատ-ի բոլոր տնօրէններն ու աշխատողները, հպարտութեամբ մտած են այն շէնքը, ուր անցեալ դարասկիզբին աշխատած է հայ մեծ բանաստեղծը:

Այս տարի՝ 2018 թուականին, կը լրանայ Եղիշէ Չարենցի՝ ՀայՊետՀրատ-ի մէջ աշխատանքի անցնելու 90-րդ տարին: 1 Յուլիս 1928 թուականէն սկսեալ Եղիշէ Չարենց աշխատած է նախ ՀայՊետՀրատ-ի գեղարուեստական ենթաբաժնին մէջ՝ որպէս ղեկավար, իսկ 1 Յունիս 1930 թուականին, երբ կազմաւորուած է գեղարուեստական բաժինը, ան նշանակուած է այդ բաժինի ղեկավար: 1 Ապրիլ 1934 թուականին Չարենց նշանակուած է հայ, օտար դասականներու հրատարակութեան պատասխանատու խմբագիր եւ այդ պաշտօնէն ազատուած է 8 Մարտ 1935 թուականին: Այս տարիներուն է, որ Չարենցի գեղարուեստական բարձր ճաշակին, գրագիտութեան եւ գրականութեան հանդէպ անսահման նուիրուածութեան շնորհիւ հայ գրատպութիւնը մեծ զարգացում ապրած է: Իր բոլոր հնարաւորութիւնները, կարողութիւնները եւ անսպառ եռանդը գործի դնելով՝ Եղիշէ Չարենց ամենայն պատասխանատուութեամբ շարունակած է հայ առաջին տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտի եւ անկէ ետք եկող բոլոր հայ հրատարակիչներու սրբազան գործը:

Չարենց կրցած է իր շուրջը համախմբել ժամանակի տաղանդաւոր նկարիչներ Մարտիրոս Սարեանը, Յակոբ Կոճոյեանը եւ ուրիշներ եւ անոնց հետ հրատարակած է նոր, թարմ միտքերով եւ լուծումներով հարուստ բազմաթիւ գիրքեր: Լաւ գիտնալով կերպարուեստի պատմութիւնը՝ Չարենց յաճախ ինք նկարիչներուն ցուցմունքեր կու տար, թէ ինչպէս պէտք է ձեւաւորել այս կամ այն գիրքը: Յետագային Յակոբ Կոճոյեան յիշած է հետեւեալը. «Ամէն մէկ գիրքին շուրջ ան երկար զրոյց կ՚ունենար նկարիչին հետ, անոր ոճային ուղղութիւն կու տար, որպէսզի գիրքը զգեստաւորէր իր բովանդակութեան համաձայն»:

Ժամանակակիցներու վկայութեամբ, Չարենց մեծ կարեւորութիւն տուած է նաեւ թուղթի որակին, տառաձեւերուն, կողքին եւ բոլոր այն մանրամասնութիւններուն, որ գիրքի տպագրութեան կը վերաբերէին, հաւատացած էր, որ գիրքը, նախքան ընթերցումը, պէտք է խօսի ընթերցողին հետ:

Ստանալով Համայնավարական կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի այդ ժամանակուան առաջին քարտուղար Աղասի Խանճեանի համաձայնութիւնը՝ Չարենց մեծ դժուարութեամբ կը համոզէ լեզուաբան Մանուկ Աբեղեանը՝ գլխաւորել հայկական ժողովըր-դական էպոսի հրատարակութեան գործը: Հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն՝ 1935 թուականին լոյս կը տեսնէ «Սասնայ ծռեր»ու առաջին հատորը՝ Եղիշէ Չարենցի պատասխանատու խմբագրութեամբ: Հայագէտ, արեւելագէտ Կարօ Մելիք Օհանճանեան այսպէս կը յիշէ պատմական այդ տպագրութեան նախորդած դրուագը.

«Սասնայ ծռեր»ու առաջին հատորը պատրաստ էր. տարինք Պետական հրատարակչութիւն: Լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպիսի անկեղծ ուրախութեամբ Չարենց դիմաւորեց մեզ, երբ «Ծռեր»ու առաջին հատորին ձեռագիրը յանձնեցինք իրեն: Անոր մեծ, գեղեցիկ աչքերը կը փայլէին, ահարկու քիթին տակ լայն ժպիտ մը կը խաղար...

-Կը շնորհաւորեմ,- մեկնեց ան իր ձեռքը մեզի,- Ահա անմահ գործ մը, որով դարեր շարունակ հիացած ու ոգեւորուած է մեր ժողովուրդը եւ տակաւին շատ ու շատ դարեր ա՛լ աւելի կը սիրէ ու կը պարծենայ ու կ՚ոգեւորուի առհասարակ հայ մարդը:

ՀայՊետՀրատ-ի մէջ աշխատելու տարիներուն Եղիշէ Չարենցի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած են հայ անուանի երգահաններու՝ Կոմիտասի, Սպենդիարեանի, Տիգրանեանի, Ռոմանոս Մելիքեանի, Վ. Տիգրանեանի, Ա. Սաթեանի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւնները: Ծանօթ է, որ այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ երաժշտական ձայնանիշեր՝ նօթաներ տպագրելու հնարաւորութիւն չկար, Կոմիտասի երկու ժողովածոները կը հրատարակուին Մոսկուա: Չարենցի նախաձեռնութեամբ ՊետՀրատ-ի տպարանէն ներս կը ստեղծուին երաժշտական ձայնանիշերու տպագրութեան թեքնիկ հնարաւորութիւններ:

ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Այս օրերուն Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ բացուած է եւ կը գործէ ժամանակաւոր ցուցադրութիւն մը՝ նուիրուած Չարենցի՝ ՀայՊետՀրատ-ի մէջ աշխատած տարիներուն եւ բանաստեղծի գրահրատարակչական գործունէութեան 90-ամեակին: Այս ցուցադրութիւնը Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ կը շարունակուի մինչեւ Մարտի 29-ը:

Այստեղ ցուցադրուած են բանաստեղծին եօթնամեայ գրահրատարակչական գործունէութեան տարիներուն տպագրուած գիրքերը: Բնականաբար, ցուցադրութեան դրուած գիրքերը գրադարաններէն չեն բերուած, այլ հանուած են Չարենցի անձնական գրադարանէն: Մեծ բանաստեղծին հարուստ գրադարանը կը պահպանուի այս թանգարանին մէջ:

Մտայղացման հեղինակը Չարենցի տուն-թանգարանի հանրահռչակման եւ ցուցադրութեան բաժնի ղեկավար Թագուհի Ղազարեանն է:

Ան ցուցադրութեան համար զատած է հետաքրքրական նմոյշներ, որոնց մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն արեւմտահայ գրականութեան փայլուն նմոյշները, ինչպէս՝ Պետրոս Դուրեանի գործերը, Յակոբ Պարոնեանի տասնմէկ հատորեակը, Միսաք Մեծարենցի լիակատար ժողովածոն, Գրիգոր Օտեանի գիրքերը եւ արեւմտահայ հեղինակները առաջին անգամ խորհրդային տարիներուն Չարենցի արժեւորմամբ է, որ լոյս տեսած են: Ցուցադրութեան ներկայացուած են նաեւ Մարք Թուէյնի, Էրիխ Մարիա Ռեմարկի, ռուս եւ համաշխարհային դասականներու նշանաւոր գործերը, որոնք հայերէնի թարգմանուած են Չարենցի պաշտօնավարութեան տարիներուն, նմոյշներ ատրպէյճանական, վրացական գրականութենէն: Այդ տարիներուն ՊետՀրատ-ը լոյս ընծայած է նոյնինքն՝ Չարենցի գիրքերէն, ինչպէս անոր անմահ «Էպիքական լուսաբաց» եւ «Գիրք ճանապարհի» ժողովածոները:

Ոչ միայն այս ցուցադրութեան օրերուն, այլ պարզ օրերուն եւս այցելուներով յաճախ լեցուն է Չարենցի անուան տուն-թանգարանը: Մաշտոց պողոտային վրայ գտնուող ճամբեզրեայ այս շէնքի բնակարանին մէջ Եղիշէ Չարենց իր ընտանիքին հետ ապրած է 1935-1937 թուականներուն: Թանգարանը հիմնադրուած է բանաստեղծի մահէն շատ տարիներ ետք՝ 1964-ին, բացուած է աւելի ուշ՝ 1975-ին:

1987 թուականին Չարենցի ծննդեան 90-ամեայ յոբելեանի առթիւ շէնքը ենթարկուած է մասնակի փոփոխութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ թանգարանի տարածքը ընդլայնուած է: Տուն-թանգարանը բանաստեղծի կեանքին, գրական-մշակութային եւ հասարակական-քաղաքական գործունէութիւնը ուսումնասիրող գիտական կեդրոն մըն է, որու բոլոր աշխատողները ինքնատիպ են իրենց չարենցասիրութեամբ: Այստեղ սրբութեամբ պահուած եւ պահպանուած են Չարենցէն մեզի հասած անձնական իրերը, կահոյքի մասերը, սպասքը, գրադարանը, փաստաթուղթերը, լուսանը-կարներ եւ այլ նիւթեր:

Բանաստեղծի տուն-թանգարանի հիմնական շտեմարանին մէջ 2017 թուականի Սեպտեմբերի տուեալներով՝ ցուցակագրուած է 8000-էն աւելի ցուցանմոյշ։ Ամբողջ թանգարանը կ՚ընդգրկէ մօտ 626 մեթր քառակուսի տարածք, այդ կարգին՝ չարենցեան ժամանակներուն նմանութեամբ վերականգնուած յուշատունը։ Միւս յարկաբաժիններուն մէջ կը ցուցադրուին Չարենցին եւ իր ժամանակակիցներուն հետ առընչուող իրեր, լուսապատճէններ, գեղանկարներ եւ այլն… Թանգարանի այժմեան ցուցադրութեան հեղինակը Ռոպերթ Էլիբէկեանն է, նախկին ցուցադրութիւնը հեղինակած էր Կամօ Նիկարեանը:

Բացի իր հիմնական առաքելութենէն, գրադարանը կը կազմակերպէ ցուցահանդէսներ, գրական-երաժշտական երեկոներ, դասախօսութիւններ, համերգներ, հանդիպումներ, շնորհանդէսներ, քերթողութեան օրեր, հանդիպումներ ժամանակակից մտաւորականներու հետ: 2016-էն ի վեր տուն-թանգարանի տնօրէնը հայագէտ, բանաստեղծուհի Անահիտ Ասատրեանն է, որ համոզուած է, թէ ցուցադրութեան ներկայ ձեւը պէտք է հիմնովին փոխուի եւ թանգարանը աւելի ժամանակակից շունչ ստանայ։

«Գրողներուն թանգարանները պէտք չէ մնան զուտ թանգարաններ: Այդ վայրերը մէկ ոտքով պէտք է կեցած ըլլան գիտութեան, իսկ միւս ոտքով՝ մշակոյթին վրայ: Թանգարանը այդ երկու վայրերուն միջեւ հաւասարակշռող դեր պէտք է կատարէ: Երբ ես եկայ թանգարան, նախ մտածեցի, որ Չարենց միջազգային ճանաչումի կարիք ունի, բայց յետագայ ամիսներուն եկայ այն համոզման, որ ոչ միայն միջազգային հանրութեան, այլ՝ սեփական ազգին մօտ ալ ան ճանաչման կարիք ունի: Այսինքն, նախ՝ մենք ճանչնանք Չարենցը, եւ յետոյ հրամցնենք օտար հանրութեան:

«Այսօր թանգարանի ցուցադրութիւնը պէտք է փոխուի, նորոգում կատարուի թանգարանին մէջ, որ նոր շունչ մը մտնէ հոն: Նորացման ծրագիրին մէջ կայ նաեւ չարենցեան ընթերցասրահ-սրճարանը, որ գործելով պէտք է, որ գրաւէ անցորդները: Ցուցադրութիւնները պէտք է փոխուին, եռաչափ եւ այլ ժամանակակից ձեւաւորումներ ներմուծուին, որպէսզի ժամանակակից մարդը հետաքրքրէ թանգարանը: Հրատարակչական որակը ամբողջովին պէտք է փոխենք: Շատ ծաւալուն ալ չեն կրնար ըլլալ գիրքերը, օտարները կը մտնեն թանգարան, կը տեսնեն հաստ գիրքերը, կ՚ուզեն ունենալ, բայց կ՚ըսեն՝ այս ծանրութիւնը չենք կրնար տանիլ: Ծրագիր պէտք է մշակենք եւ փոքր գիրքերու տեսքով, ժամանակակից ձեւաւորմամբ հրատարակենք Չարենցի ստեղծագործութիւնները:

«Այս նոր մօտեցումներու ծիրէն ներս մենք Երեւանի նախկին Ինթուրիսթ, այժմ՝ «Կրանտ հոթէլ Երեւան» պանդոկի մէջ բացինք Չարենցին սենեակը, ուր շրջան մը ապրած է ան: Այդ գաղափարը վաղուց կար եւ պանդոկը տնօրինող իտալացիները, ի ուրախութիւն մեզի, կ՚ուզեն նման համագործակցութիւններ ունենալ: Մենք նոր տեսանկիւնէ պէտք է նայինք մեր բանաստեղծներուն, նոր բանաձեւումներ պէտք է ունենանք: Երբ ետ կը նայինք, երբեմն կը տեսնենք, որ Չարենցի գործունէութիւնը արժեւորելու մեր մօտեցումին մէջ թերեւս նաեւ չափազանցումներ եղած են, եղած են անճշդութիւններ: Այո, Չարենցը շատ հետաքրքրական կերպար մը եղած է, ան հայկականութեամբ եւ հայոց աշխարհով ապրած եւ ունեցած է հայ մարդու, հայ մտաւորականի ամուր ողնաշար, ամբողջ հասարակարգի մը դէմ կեցած է եւ խօսած է այդ մասին անթաքոյց: Պէտք է ըսել այն, ինչ որ եղած է», կ՚ըսէ Անահիտ Ասատրեան:

ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ

Տուն-թանգարանին մէջ առանձնակի ուշադրութեան արժանի է մեծ բանաստեղծին անձնական գրադարանը, որուն թերեւս կ՚արժէ տրամադրել այցելութեան ուրիշ օր մը եւ հանգամանօրէն ուսումնասիրել Չարենցի գիրքերուն աշխարհը: Չարենց այն գրողներէն է, որ իր ողջութեան տարիներուն բախտը ունեցած է տեսնել իր սեփական գիրքերուն հրատակուիլը եւ գրադարանին մէջ առանձին տեղ կը զբաղեցնեն անոր անունը կրող հատորները: Սակայն այցելուներուն ուշադրութեան միշտ կ՚արժանանան այն գիրքերը, որոնք այս կամ այն ճանապարհով ձեռք բերած է բանաստեղծը՝ նուէր ստացած է կամ գնած:

Չարենցի անձնական գրադարանը կը գտնուի թանգարանի յիշատակային մասը: Ըստ բանաստեղծի դստեր՝ Արփենիկ Չարենցի, 1930-ականներուն գրադարանին մէջ եղած է մօտ 6 հազար գիրք: Չարենցի ձերբակալութենէն ետք գիրքերուն մեծ մասը ոչնչացուած է: Այժմ գրադարանին մէջ կայ 1452 գիրք, որոնց մէջ են հայերէն, ռուսերէն եւ այլ օտար լեզուներով հազուագիւտ արժէքաւոր գիրքեր զանազան մասնագիտութիւններու, արուեստի զանազան ճիւղերու, կրօններու վերաբերեալ:

Իր գրադարանին մէջ Չարենց տարիներու ընթացքին շարունակ ժողված եւ սրբութեամբ պահպանած է հայերէն լեզուով ընտիր գրականութիւն՝ Մովսէս Խորենացիի, Փաւստոս Բիւզանդի, Գրիգոր Նարեկացիի, Նահապետ Քուչակի, Ներսէս Շնորհալիի, Սայաթ-Նովայի, Լէոյի, Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Միսաք Մեծարենցի, Բահաթուր Բահաթուրեանի եւ այլ հեղինակներու գիրքերը, ուսումնասիրած է հին յունական, եւրոպական, ռուսական գրականութիւն: Ըլլալով Հին Արեւելքի արուեստի ու գրականութեան գիտակ՝ անձնական գրադարանը հարստացուցած է Աւրելիուսի, Մարսէլ Փրուստի, Ասվակոշայի, Լուիճի Փիրանտելլոյի, Կոնստանդին Պալմոնտի, Ֆրէօյտի, Շտայների, Պելիի, Նիքոլայ Կոկոլի, Փուշքինի, Շփենկլերի, Թակորի ստեղծագործութիւններով: Գիրքերուն կարգին շարուած են նաեւ ամսագիրներ, ինչպէս ժամանակին մեծ համարում ունեցած «Սթարիէ կոտի» արուեստի եւ երկիրներու վերաբերեալ ռուսական ամսագիրի թիւերը: Չարենց անոնցմէ հաւաքած է 1907-1916 թուականներու 25 հատորները:

Անձնական գրադարանի գիրքերէն շատեր կը կրեն բանաստեղծին ստորագրութիւնները, լուսանցքներուն վրայ կ՚՚երեւին Չարենցի ձեռքով կատարուած նշումներ, որոնք կ՚արտայայտեն բանաստեղծին վերաբերմունքը՝ գիրքին այս կամ այն հատուածին վերաբերեալ: Կան նաեւ զանազան հեղինակներու՝ Չարենցին նուիրուած գիրքեր. ինչպէս՝ Յովհաննէս Թումանեանի որդիներէն հասարակական գործիչ, թարգմանիչ Համլիկ Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Գարեգին Բեսի, Խաչիկ Դաշտենցի, Մ. Մազմանեանի, Ռ. Թերլեմեզեանի, Ա. Բելի, Ա. Կատովի, Եանովսքիի եւ ուրիշներունուէրները:

Գրադարանը սկսած է կազմել Չարենցի անձնական գրադարանի մատենագիտութիւնը, շուտով կը հրատարակուի նաեւ Չարենցի հանրագիտարանը:

Մեծ բանաստեղծի հարուստ գրադարանը, ինչպէս նաեւ անոր ջանքերով լոյս տեսած գիրքերը այն անգնահատելի հարստութիւնն են, որ թանգարանի այցելուներուն միշտ հիացմունք կը պատճառեն:

ԿԱՐՕՏ՝ ԵՐԿՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐՈՒ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն եւ սփիւռքի կազմութենէն ետք, մեր գրականութիւնը ունեցաւ խառ-նըւածքային արտակարգ եռուզեռով օժտուած երկու դէմքեր, մէկը հոն՝ հայրենիքի մէջ, միւսը հոս՝ սփիւռքի մէջ:

Եղիշէ Չարենց եւ Վազգէն Շուշանեան:

Արու գեղեցկութիւններու տեսիլքը սաստկօրէն զգացող երկու բորբ տրամադրութիւն, հայոց հայրենիքը եւ ժողովուրդը լոյսի եւ ուժի մէջ տեսնելու իղձով այրող երկու սիրտ, հայ կեանքին մէջ շատ անկատար բաներ տեսնող զօրաւոր երկու աչք, երկու յեղափոխական, որոնք գրեթէ նոյն տարիներուն հրապարակ եկան, փթթեցան երեսնական թուականներուն ու մեռան նոյն տարիքին, կեանքի կէս ճանապարհին, քառասունին հազիւ հասած, քառասունին դեռ չհասած:

Խոցուած էին ի տղայ տղոց, խոցուած էին արհաւիրքներով, ոտնակոխուած սրբութիւններու դառն իրականութեամբ, որբութեամբ, ու աշխարհէն վրէժ լուծելու համար կարծես՝ իրենց լաւագոյնը, ամբո՛ղջ հոգին նուիրեցին յաւիտենական հայրենիքին ու ժողովուրդին, ճանչցան, ճառագայթեցին, արարեցին ու արիւնեցան՝ դառնալով ի վերջոյ ընդարձակ ու մշտանորոգ վաստակի մը կենսաթրթիռ խորհրդանշանները:

Տրուած էր իրենց շատ բան, «լուսաւոր ու վեհ» բազում գեղեցկութիւններ, այն ամէնը, «ինչ ունեցել է ժողովուրդը», ու տրուածը, այսպէս, կրկնապատկեցին իրենք, քառապատկեցին սիրով, հաւատարմութեամբ, անդուլ տքնութեամբ, ճգնութեամբ, ողողելով ամբողջ հայ գրականութիւնը, հայ կեանքը ամբողջ:

Եւ որովհետեւ շատ տրուած էր իրենց, եւ տաղանդաւորներուն շատը ի կենդանութեան շատ հանդուրժելի ընծայ մը չէ, բարեկամներէ աւելի թշնամիներ ունեցան անոնք, քարկոծողներ, դատախազներ:

Ու զարմանալին այն է, որ թէ՛ Չարենց եւ թէ՛ Շուշանեան՝ հայ գրականութեան այս երկու ճառագայթները աւելի բախտաւոր եղան դուրսը, քան ներսը՝ հայրենիքի մէջ: Պատմութիւնը ծանօթ է: Չարենցին ու Շուշանեանին անուններուն յիշատակութիւնը մահացու մեղք համարող շրջան մը արձանագրուած է մեր հայրենիքի պատմութեան մէջ, որ մեզի պատահած միւս ողբերգութիւններէն նուազ ողբերգական չէ:

Այսօր խնդիրը քիչ մը տարբեր է: Չարենցի ու Շուշանեանի վաստակին ու անցաւոր անձերուն կապուած վիճելի կողմերէն անկախ՝ մարդիկ ընդհանուր գուրգուրանքի մը առարկայ դարձուցած են զանոնք: Ամէն քաղաքի մէջ, ամէն թերթի մէջ ամէն օր Չարենց կայ, Շուշանեան կայ, Չարենցէն քերթուած, Շուշանեանէն արձակ, Չարենցի մասին յօդուած, Շուշանեանի մասին սրտայոյզ խօսք:

Այս երկու տաղանդաւորներուն վերանորոգուած վարկին առընթեր, սակայն, անոնց նշխարներուն կորուստը խորապէս կը խոցէ հայ մարդուն սիրտը: Ահաւոր բան է, երբ մարդ կ՚անդրադառնայ, որ երկուքն ալ գերեզման չունին: Շուշանեան մեռաւ Փարիզ եւ մետասաներորդ ժամու իր բարեկամներուն գձուձ հաշիւներուն պատճառով հասարակաց փոսի մը մէջ նետուեցան գրագէտին խոնջ ոսկորները, իսկ Չարենցի ոսկորներուն մասին այս չնչին տեղեկութիւնն իսկ չունինք, պետական որոշումով մեռաւ մեր «յաղթ ժողովուրդի օղակը վերջին», պետական որոշումով անհետ եղաւ իր մարմինը եւ պետական որոշումով հայրենիքը կը շարունակէ դեռ այդ մասին բառ չարտասանել:

Հայրենիքի սրտին վրայ պետականացած այս ոճիրին համար եւ լուսոյ քաղաքին մէջ ցուցադրուած այս միւս ապիկարութեան համար քի՛չ է ամէն ընդվզում, ամէն հայհոյանք: Ողջերուն տէր կանգնելու լայն տրամադրութիւններ շատ չենք ունեցած, բայց նոյն օրն իսկ սկսած ենք գուրգուրալ անշնչացած վաստակաւորներուն վրայ: Այսպէս եղած ենք միշտ, ամէ՛ն տեղ…

Ս. Մեսրոպի մասին երախտագիտութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ կը խօսինք, ազգովին կը խոնարհինք անոր գիւտին առջեւ, բայց Ս. Մեսրոպի առիթով երկրպագելի է նաեւ ի՛նքը, հայ ժողովուրդը, Ս. Մեսրոպին գերեզմանը պահելու իր իմաստութեան, փառքի՛ն համար: Թագաւորներ շատ ունեցած ենք, հռչակաւոր սպարապետներ, հազար մեծամեծ, բայց հազիւ թէ մէկ-երկուքին յետմահու հասցէն գիտենք, շատերը չկան, փոշիացած են, այլ կայ Ս. Մեսրոպի գերեզմանը, հրաշքը, որ երկնային միջամտութեամբ չպատահեցաւ, մնաց հայ ժողովուրդին կամքով, կը մնայ տակաւին, կը ներշնչէ, կը ստեղծագործէ, կը հրաշագործէ՛ տակաւին…

Ժողովուրդները բանաստեղծներուն չափ բանաստեղծ չեն ու արտայայտչական հրապուրիչ ձեւերով շատ չեն տարուիր, կը հետեւին իրենց բնազդին, խոր իմաստութեան: Ժողովուրդները շիրիմ կը շինեն անմահութիւնը նուաճած մարդոց, կը փնտռեն «անմահօրէն մահացեալ»ներու հասցէն՝ աւելի շօշափելիօրէն զգալու համար անոնց ներկայութիւնը, առանց անոնց չկարենալ ապրելու մղումով մը գուցէ, ուխտի մը համար, երդումի մը համար, անդիմադրելի կարօտի մը անձնատուր:

Շիրիմները ձգողութիւն մը ունին, կարօտ մը կը յուզեն, ու Հայաստան ու Փարիզ այցելող հետաքրքիրներու սրտին, Չարենցի եւ Շուշանեանի անուններուն դիմաց՝ անհանգչելի պիտի մնայ այդ կարօտը: Ափսո՜ս:

ՊՕ­ՂՈՍ ՍՆԱ­ՊԵԱՆ
(1968 թ.)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018