ԱՐՑԱԽԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՏԱԿ

Շուրջ 80 օրէ ի վեր Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը շրջափակումի մէջ կը պահէ Արցախը: Գոց է աշխարհի հետ կապող Արցախի միակ ճանապարհը: 120 հազար արցախցիներ այս օրերուն կ՚ապրին անորոշութեան ու մարդու իրաւունքներու ոտնահարման պայմաններու մէջ: Հարեւան երկիրը սաստիկ ձմրան պայմաններուն, երբ կ՚ուզէ կը գոցէ ու կը բանայ Արցախի բնական կազի խողովակին ծորակը: Այս առիթով արցախահայութիւնը կը կատակէ. «Ատրպէյճանցիք թղթախաղ կը խաղան: Պարտուողը կ՚երթայ ու կը գոցէ բնական կազի խողովակը»: Իսկ քանի մը ժամ կազ ունենալու պարագային ալ կը կատակեն. «Կարծես ասոնք մոռցան կազը գոցելու»: Մարդ չի կրնար կողմնորոշուիլ՝ խնդա՞յ, թէ լայ...

Արցախի կեանքի ճանապարհի գալիքը անորոշ է: Ոչ մէկը կրնայ յստակ պատասխան մը ունենալ այս հարցին շուրջ: Ամէն բան խրթին է ու գերվտանգաւոր: Յանուն հայրենի հողին մէջ ապրելու իրաւունքի, արցախցիները վտանգելով իրենց կեանքը, թէկուզ զրկանքներու գնով կը շարունակեն ապրիլ ու արարել Արցախի մէջ: Հայութեան ազնուազարմ տեսակը պատրաստ չէ, չի՛ խորհիր իր հայրենիքը լքելու մասին: Գրեթէ միահամուռ պատասխան մը կը հնչէ. «Մենք մեր երկիրը շատ կը սիրենք: Այստեղ մեր տունն է, մեր արմատները: Մեր տեղը այստեղ է: Մենք երթալու ուրիշ տեղ չունինք: Արցախը պիտի չլքենք»:

«... Կարճ ըսեմ. մենք թէ՛ դուրսէն, թէ ներսէն քանդեցինք մեր երկիրը: Գլխաւորապէս մենք: Կ՚ըսեմ մենք, ասոր մէջ է ճշմարտութիւնը: Մաս մը խաչագող սրիկաներ, մաս մը գողեր ու աւազակներ, մաս մըն ալ ապիկար թշուառականներ: Եւ չերեւաց բազմութիւն մը, գոնէ խմբակ մը, զոր յայտնաբերէր վերածնող երկրի շունչը եւ բարոյական կարողութիւնը: Այսքան աղէտներու ու պարտութիւններու մէջ երեւաց ո՛չ մէկ յանցաւոր: Ո՛չ մէկը կանչուեցաւ պատասխանատուութեան: Ո՛չ մէկը տուաւ պատասխան մը: Եւ կը շարունակուէ: Այժմ ալ նոյն մարդիկը, նոյն ճանապարհով... Եւ ո՛չ մէկը գոնէ անձնասպան եղաւ, որ ապացուցանէր, թէ գոնէ ամօթ ու խղճմտանք կայ այս մարդոց կամ այս ժողովուրդի մէջ: Սակայն ես ինչ կ՚ըսեմ՝ չկրցան նոյնիսկ վշտանալ կամ երեւիլ վշտացած...»:

Խիստ արդիական, մերօրեայ այս ծանրագոյն խօսքերը, միտքը, գնահատանքը կը պարտինք Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանին: Օրերս Հայաստանի Հանրապետութիւնը նշեց մեծն գրողի 154-ամեակը: Ըսել է, թէ մեր ժողովուրդը, մենք այսօր չենք փոխուած: Մեր ժողովուրդը Նիկոլ Փաշինեանը չէ փոխած: Կամ Նիկոլ Փաշինեանի դաւաճան տեսակը նորութիւն չէ հայոց աշխարհին համար: Այս տեսակ բացասական կերպարներ, այս տեսակները յաճախ կը ծնին մեր աշխարհին մէջ: Թէկուզ այս է պատճառը, որ դարերու հոլովոյթին կորսնցուցինք մեր աստուածատուր երկիրը: Մեզի հասած փշրանքն ալ պատրաստ ենք զիջելու:

Օրէ օր կը պակսի Արցախի մասին յիշատակողներու, անհանգստացողներու թիւը: Տպաւորութիւնը այսպիսին է, քանզի դադրած են Արցախի մասին խօսակցութիւնները: Իւրաքանչիւրը կը զբաղի իր կենցաղով: Կարծես մահէ առաջ մարդիկ կ՚ուզեն ապրիլ, շնանալ, հնարաւորինս շատ մեղանչել: Ամէնքին յայտնի է մօտալուտ խաւարը: Աւա՜ղ, կը պակսին լոյս փնտռողները:

Այս ցաւը ուրիշ ցաւ է: Այս ցաւի անունն է՝ Նորագոյն, 21-րդ դարեան: Դուն՝ ապահով տունիդ մէջ նստած, փորդ կուշտ, տեղդ տաք հոգեպէս կը մաշիս, կը մահանաս: Անդադար կ՚ենթարկուիս բարոյական ու հոգեբանական կտտանքներու: Ձեռքերդ ծալած կը հետեւիս քու սեփական երկրիդ վախճանին: Պատրաստ չես զայն կորսնցնելու, ինքզինքիդ հետ կու տաս կռիւ: Ինքզինքդ կը հալածես, կը մեղադրես: Նորէն կ՚ելլես առեւտուրի, ճաշ կը պատրաստես: Երեխաներուդ հետ կը խաղաս, կը զուարճանաս միասին, կը ճաշես: Տեսակ-տեսակ ուտելիքներ կ՚ըմբոշխնես: Կերած ատեն կը յիշես արցախահայերը. տասնեակ հազարաւոր հայեր կը մսին, զրկուած են կեանքի տարրական պայմաններէն, անօթի փորով կը մտնեն պաղ անկողին, մինչեւ կը հասցնեն տաքնալ, աչքերնին գոցել, նորէն կը բացուի լոյսը: Այս վայրկեանին կրկին կը զգաս սեփական փոքրոգութիւնդ: Քու խիղճդ նորէն կը սկսի քու հետ կռուիլ: Հազիւ կը ճողոպրիս: Կարծես կը վերադառնաս բնականոն կեանքի, պահ մը կը կտրուիս ողբալի ներկայէն: Սակայն խիղճդ նորէն քեզ առանձին կը բռնէ: Անկողինի մէջ, մինչեւ քունը կը հասնի աչքերուդ, խիղճդ կ՚արթննայ. «Դուն, դուն այսօր կամ եւեթ ի՞նչ ըրիր քու հայրենիքիդ համար: Ինչո՞ւ ինքզինքէդ զատ կը մեղադրես բոլորը: Դուն այսօր քանի՞ մեղք գործեցիր: Յիշէ՛, քանի անգամ գիտակցաբար մեղանչեցիր: Իսկ ով ըսաւ՝ դուն ոչինչ կրնաս ընել: Դուն պարզապէս ականջալուր եղար չարին:

-Կը սիրես Արցախը:

-Այո՛, կեանքէն առաւել:

-Սուտ կը խօսիս: Դուն կեանքէդ առաւել կեանքդ կը սիրես, յետոյ ընտանիքդ: Դուն թուլամորթ մըն ես: Դուն նոյնիսկ պատրաստ չես սատար ըլլալու քու հայրենիքիդ վիրաւոր հատուածին: Ան այժմ առաւել քան երբեք ունի քու կարիքդ: Ան կ՚ուզէ իր գիրկին մէջ ունենալ քեզ: Պաշտպանուիլ՝ փարելով քեզի: Ի դէպ, այդպէս փարելով պիտի պաշտպանէք զիրար: Սակայն անձնային շահը, յարմարաւէտ ու անվտանգ կեանքդ բաւական սուղ է քեզի համար: Ահաւասիկ, պատճառը պետական, ազգային շահը զոհաբերելու, անտեսելու գլխաւոր պատճառները: Ամէն անգամ պիտի այցելեմ քեզի ու մերկացնեմ քու մեղապարտ հոգին: Ես քեզի փոխարէն անկարող եմ որոշում կայացնելու: Ես կրնամ միայն յիշեցնել քեզի, իմ պարտքը պարտաճանաչ կը կատարեմ»:

Ահաւասիկ, մեր ազգի ու մեր ներկայի ամօթալի ու տխրահռչակ իրականութիւնը: Մինչ Արցախի մասին բոլորը լուռ են, Մարտակերտի շրջանի մէջ գտնուող Սարսանգի ջրամբարի, որու հաշուին գործող ելեկտրակայանները միայն կ՚ապահովեն Արցախին հոսանքը, ջուրի մակարդակը սրընթաց կերպով կ՚իջնէ, չդիմանալով գերծանրաբեռնուածութեան:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2023