ԱՊՐԻԼ 1

Կրնա՞յ սուտ մը ան­մեղ ըլ­լալ։
Կրօն­ը կ՚ար­գի­լէ։
Օ­րէն­քը կը դա­տա­պար­տէ։
Ոչ ոք կը սի­րէ սու­տը։
Ոչ ոք կը յար­գէ ստա­խօ­սը եւ սա­կայն, այս կամ այն պատ­ճա­ռով բո­լորս ալ կ՚ը­սենք սու­տեր։

Եր­բեմն մա­նա­ւանդ, ստա­խօ­սու­թեան դի­մե­լով ան­հա­ճոյ հե­տե­ւանք­ներ կ՚ու­նե­նանք։

Մա­հա­մերձ հի­ւան­դի մը եր­բեք չենք ը­սեր, թէ պի­տի մա­հա­նայ, այլ ստե­լով՝ կ՚ը­սենք, թէ շու­տով պի­տի ա­ռող­ջա­նայ։ Կ՚ը­սենք հան­դարտ խղճով, վստահ ըլ­լա­լով, թէ ե­ղա­ծը վատ ա­րարք մը չէ։

Ստա­խօ­սու­թիւ­նը ո­րոշ նկա­տում­նե­րով վատ ա­րարք մը չէ եւ նման պա­րա­գա­նե­րու, կրօն­ը նե­րո­ղա­միտ կ՚ըլ­լայ եւ օ­րէն­քը չի դա­տա­պար­տեր, նոյ­նիսկ շատ ան­գամ­ներ կը գնա­հա­տէ։

Այս կեր­պի սու­տե­րը վատ ա­րարք չեն նկա­տուիր։ Վատ կրնայ ըլ­լալ մղու­մը, որ կ՚ար­տա­յայ­տէ սու­տը։

Կան Ապ­րիլ 1-ի խեղ­կա­տակ սու­տեր, ո­րոնց­մէ ոչ ոք ի­րա­ւունք ու­նի վրդո­վե­լու։

Ինչ­պէ՞ս նուի­րա­գոր­ծուե­ցաւ Ապ­­­րիլ 1-ին խեղ­կա­տակ սու­տե­րու այս սո­վո­րու­թիւ­նը։

Ո՞վ հնա­րեց զա­նոնք։

Յա­մե­նայն­դէպս, հա­մաեւ­րո­պա­կան սո­վո­րու­թիւն մըն է ան եւ եւ­րո­պա­ցի ա­ռա­ջին գաղ­թա­կան­նե­րու մի­ջո­ցով ալ փո­խանցուած է ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մաս։

Դժուար է վստա­հօ­րէն ը­սել, թէ՝ ո՞ւր եւ ե՞րբ «ծնունդ» ա­ռաւ ան։ Ա­նոր ծա­գու­մը կը կոր­սուի ժա­մա­նակ­նե­րու ան­ցեա­լին մէջ եւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող զա­նա­զան հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­ներ յա­ճախ կը հա­կա­սեն ի­րա­րու։

Ապ­րիլ 1-ի օ­րը, բո­լորս ալ կը ջա­նանք խեղ­կա­տա­կու­թիւն մը ը­նել։ Յա­ճախ Ապ­րիլ 1-ի այս ձե­ւի զուար­ճու­թիւն­ներ, մարդ­կօ­րէն ըն­դու­նե­լի կ՚ըլ­լան, բաւ է, որ խեղ­կա­տա­կու­թեան հա­մար մեր ընտ­րած ան­ձե­րը ըլ­լան մեր նեղ շրջա­նա­կէն, բա­րե­կամ­ներ կամ ազ­գա­կան­ներ, որ­պէս­զի թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­ներ չստեղ­ծը-ւին։ Երբ մեր «զո­հը» հա­ւա­տայ մեր ը­սած­նե­րուն, մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն մը կը զգանք։ Սա­կայն ին­չո՞ւ խեղ­կա­տա­կու­թիւն ը­նե­լու այս ե­ղա­նա­կը կ՚ընդ­հան­րա­նայ մեր մէջ Ապ­րիլ 1-ի օ­րը եւ ին­չո՞ւ բո­լորս ալ կը սպա­սենք մա­նա­ւանդ այս օ­րուան եւ յա­ճախ ալ կը նա­խա­պատ­րաս­տուինք ա­ւե­լի խո­րա­ման­կու­թեամբ մտա­ծուած խեղ­կա­տա­կու­թիւն մը ը­նե­լու հա­մար։

Ապ­րիլ 1-ի պատ­մու­թեան մէջ ե­ղած են այն­պի­սի խեղ­կա­տա­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք «կոր­ծա­նած» են աշ­խար­հը, պար­զա­պէս ա­նոր հա­մար, որ խեղ­կա­տա­կու­թեան հա­ւա­տա­ցող­նե­րու թի­ւը ե­ղած է բա­ւա­կան մեծ։ Օ­րի­նակ՝ 1906-ին, Ապ­րիլ 1-ին, Ա­թէն­քի եւ շրջա­կայ­քի հա­զա­րա­ւոր բնա­կիչ­ներ կը փու­թան Ա­թէն­քի կա­յա­րա­նը, ըն­դու­նե­լու հա­մար նոյն օ­րը Ա­թէնք հաս­նող գե­ղա­տիպ դա­նիա­ցի գե­ղեց­կու­հի­ներ, 360 ու­րիշ օ­տար մար­զիկ­ներ եւ ճա­բոն­ցի սպա­րա­պետ՝ Քո­րու­քին, ո­րոնք Ա­թէնք գա­լով պի­տի մաս­նակ­ցին քաղաքի ո­ղիմ­պիա­կան մրցում­նե­րուն… Ո՛չ դա­նիա­ցի գե­ղեց­կու­հի­նե­րը, ո՛չ ալ հան­րա­կառ­քը ժա­մա­նեց։

Ապ­րիլ 1-ի խեղ­կա­տա­կու­թիւն մըն էր ե­ղա­ծը եւ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար ե­ղած հրա­ւէ­րը հրա­տա­րա­կած էին ա­թե­նա­կան եր­կու մեծ օ­րա­թեր­թեր։

Ինչ­պէս ը­սինք, Ապ­րիլ 1-ի խեղ­կա­տա­կու­թեան սո­վո­րու­թիւ­նը հա­մաեւ­րո­պա­կան է։ Ան­ցեա­լին, շնոր­հիւ Ապ­րիլ 1-ի խեղ­կա­տա­կու­թիւն­նե­րուն, Ֆրան­սա­յի մէջ Լո­րէ­նի դուք­սը եւ դքսու­հին, կը կա­րո­ղա­նան փա­խուստ տալ ի­րենց բան­տար­կուած խցի­կէն։ Ա­նոնք գիւ­ղա­ցիի ծպտու­մով, բան­տի կեդ­րո­նա­կան դռնէն դուրս ե­կած պա­հուն, բան­տի աշ­խա­տա­ւո­րու­հի­նե­րէն մին զա­նոնք ճանչ­նա­լով լուր կու տայ պա­հակ­նե­րուն։ Պա­հակ­նե­րը սա­կայն կար­ծե­լով, որ Ապ­րիլ 1-ի խեղ­կա­տա­կու­թիւն մըն է աշ­խա­տա­ւո­րու­հիին ը­սա­ծը, չեն հա­ւա­տար ա­նոր խօս­քե­րուն։

Ապ­րիլ 1-ի մէկ ու­րիշ ա­ւե­լի նոր եւ նշա­նա­կե­լի խեղ­կա­տա­կու­թիւն մըն ալ ե­ղած է ի­տա­լա­կան «Մի­լա­նօ Սե­րա» թեր­թի այն յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, թէ Մի­լա­նո­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի բժշկա­կան ճիւ­ղը հնա­րած է շու­նե­րու կա­տա­ղու­թեան դէմ նոր դեղ մը եւ ո­րու պա­տուաս­տու­մը շու­նե­րուն՝ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի բժիշկ­նե­րուն կող­մէ կը կա­տա­րուի ձրիա­բար։ Այն օ­րը հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ ի­րենց շու­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ կ՚ո­ղո­ղեն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հրա­պա­րա­կը, ուր սա­կայն կը յայտ­նուի, թէ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը Ապ­րիլ 1-ի կա­տակ մըն էր։

1922 թուականին, Պեր­լի­նի ե­րե­կո­յեան թերթ մը կը հրա­տա­րա­կէ Ո­ւա­լիոյ գա­հա­ժա­ռանգ իշ­խա­նի -որ հե­տա­գա­յին Անգ­լիոյ թա­գա­ւո­րը ըլ­լա­լէ ետք, իր սի­րած ա­մե­րի­կու­հիին՝ Տի­կին Սիմ­փը­նի հետ ա­մուս­նա­նա­լու հա­մար գա­հըն­կէց ե­ղաւ- Պեր­լի­նի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տը այ­ցե­լու­թեան յայ­տա­գի­րը։ Այս ար­տա­կարգ լու­րով միա­տեղ, թեր­թին մէջ լոյս կը տես­նէին նաեւ իշ­խա­նի Պեր­լի­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ պտոյտ ը­րած լու­սան­կար­նե­րը։

Ամ­բողջ օ­րը, թեր­թի հա­զա­րա­ւոր ըն­թեր­ցող­ներ, երբ կը հե­ռա­ձայ­նէին թեր­թի խմբագ­րա­տու­նը, կը ստա­նա­յին Ապ­րիլ 1-ի պա­տաս­խա­նը։

1848 թուականի Մարտի 31-ին, Լոն­տո­նի «Իվ­նինկ Սթար» թեր­թը կը յայ­տա­րա­րէ, թէ յա­ջորդ օ­րը Էյ­լինկ­թը­նի կեն­դա­նա­բա­նա­կան հաս­տա­տու­թեան սրահ­նե­րուն մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ցու­ցա­տօ­նի մը բա­ցու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի ներ­կա­յա­ցուին Անգ­լիոյ ա­մե­նաըն­տիր… է­շե­րը։ Յա­ջորդ օ­րը, Ապ­րիլ 1-ին, ցու­ցադ­րու­թեան վայ­րը կ՚այ­ցե­լեն բազ­մա­հա­րիւր է­շե­րով հե­տաքրք­րուող­ներ, ո­րոնք սա­կայն փո­խա­նակ է­շեր տես­նե­լու՝ զի­րար միայն կը տես­նեն…

Լրջա­միտ անգ­լիա­ցիք ան­գամ չէին ար­հա­մար­հած Ապ­րիլ 1-ի այս ա­ւան­դա­կան խեղ­կա­տա­կու­թեան սո­վո­րու­թիւ­նը, ինչ­քան ալ պա­ղա­րիւն ըլ­լան ա­նոնք։

Ապ­րիլ 1-ի օ­րը գծան­կար մը ֆրան­սա­ցի քննա­դատ­նե­րէն ո­մանք ծի­ծա­ղե­լի կը դարձ­նէ։ Ա­նոնք ի­րենց ցոյց տրուած գծանկա­րի մը ի­տա­լա­ցի մեծ գծագ­րիչ Պոռ­նա­լիի գործ ե­ղած ըլ­լա­լը կը հաս­տա­տեն։ Ան­տա­րա­կոյս որ գծան­կա­րը ան­փո­խա­րի­նե­լի էր, քա­նի որ զայն գծագ­րո­ղը Պոռ­նա­լին չէր, այլ չոր­քո­տա­նի մը, այ­սինքն… էշ մը։ Ինչ­պէ՞ս։ Պար­զա­պէս, ֆրան­սա­ցի բե­մադ­րիչ Ռո­լան Տոր­վե­լէս եւ իր քա­նի մը «խենդ» բա­րե­կամ­նե­րը, գծա­տախ­տա­կի մը առ­ջեւ ի­շու մը պո­չին ի­րենց կա­պած վրձի­նը զա­նա­զան գոյն ներ­կե­րու մէջ թաթ­խե­լով, մնա­ցեա­լը թո­ղեր էին ան­մեղ կեն­դա­նիի պո­չի շար­ժում­նե­րուն։

Բազ­մա­թիւ են Ապ­րիլ 1-ի նման պատ­մա­կան խեղ­կա­տա­կու­թիւն­նե­րը։ Ու­րեմն յար­գե­լու հա­մար Ապ­րիլ 1-ի խեղ­կա­տա­կու­թեանց սո­վո­րու­թիւ­նը, դուք ալ խեղ­կա­տա­կու­թեան մը հա­մար ընտ­րե­ցէք ձեր «միա­մի­տը» եւ սա­կայն ու­շադ­րու­թիւն ը­րէք, դուք եւս զոհ չդառ­նաք այն միամ­տու­թեան ծու­ղա­կին, զոր կ՚ու­զէք լա­րել ու­րիշ­նե­րուն­…։

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017