ՍԱՏԱՐԵԼ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ
Հօրեղբօրս՝ Տքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանի Հալէպի բնակարանը թերեւս պէտք է համարել պզտիկ տուն-թանգարան մը: Հոն կան մեծաթիւ հայկական մամուլ եւ գիր, նաեւ՝ գեղանկարչական գործեր, որոնց մէջ իր անձնական գծագրական հաւաքածոն եւ շատ մը համաշխարհային վաստակ ստացած նկարիչներու գործեր՝ տարբեր երկիրներէ: Իր բնակարանը միշտ ալ եղած էր ժամադրավայր, ուրկէ անցած են արուեստագէտ-մտաւորական, ազգային եւ հայրենի բազմաթիւ գործիչներ: Հալէպի Սեպիլի իր բնակարանը պատանեկան տարիներէս ինծի համար եղած էր արուեստի եւ գրականութեան ծանօթացումի լաւ դպրոց մը:
Կարգ մը այցելողներու անձամբ հանդիպած եմ, ուրիշներու եւ անոնց տաղանդներուն մասին լսած եմ հօրեղբօրս յարաբերութիւններուն եւ բարեկամութիւններուն ճամբով, անոնք ո՛չ միայն այցելած են իրեն՝ Հալէպի տան մէջ, այլ նաեւ ձգած են գեղարուեստական գործեր-յուշանուէրներ, որոնք տան պատին վրայ գտած են իրենց արժանաւոր տեղը: Եւ այլեւս կարելի չէ տան պատին վրայ տեսնել ազատ տեղ մը անոնց բազմազանութենէն:
Այս հետաքրքրական նկարներէն մէկուն մասին հօրեղբայրս կ՚ըսէր, որ՝ «Այս երգիծանկարը Սարուխանի գործն է»՝ միշտ դէմքին վրայ նոյն ժպիտով, երբ կը ներկայացնէր զայն: Վերջապէս երգիծանկար է եւ անոր մէջ պատգամը կը յառաջացնէ քիչ մը խնդուք, քիչ մը ծիծաղ եւ երեւի քիչ մըն ալ… խծբծա՞նք…
«Մեծ երգիծանկարիչ է եւ համաշխարհային համբաւ ու վաստակ ունի», հօրեղբայրս էր, որ կը տածէր իր յարգանք-հիացմունքը Ալեքսանտր Սարուխանին հանդէպ, որուն հետ բարեկամութիւնը սկսած է Հալէպի անոր մէկ այցելութեան ընթացքին եւ շարունակուած է ատկէ ետք ալ:
Իմ պատանեկան տարիներուն, եւ՝ այդ օրերու մտածողութեամբ ու պատկերացումով, այս նկարը քիչ մը իւրայատուկ էր: Պէտք էր կամաց-կամաց սորվէի, թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել երգիծանկար: Բայց չէ՞ որ հօրեղբայրս է… Ինծի սիրելի… Բայց ինչո՞ւ այսքան կերպարանափոխուած ձեւով պէտք էր գծուէր իր նկարը: Եւ հապա՞ նկարին միտք բանին: Պատգա՞մը:
Գիտէի, որ հօրեղբայրս ակնաբոյժ է: Պատանեկան տարիներուս կը տեսնէի, թէ ինչպէս իր հիւանդներուն աչքերը կը քննէր եւ կը գործածէր այդ փոքրիկ, միջակ եւ մեծ տառերը՝պատին վրայ դրուած տեսնելու եւ չափելու համար աչքին ուժականութիւնը: Բայց այս նկա՞րը… նաեւ անոր միտքը-արտայայտութիւնը՝ «Սատարել հայկական մշակոյթին»:
Եւ կամաց-կամաց տարիներու ընթացքին պիտի սորվէի, որ երգիծանկարն ալ արուեստ է, եւ անոր մէջ կայ սուր պատգամ..: Եւ պատգամը կրնայ գալ գծագրութեան մը միջոցով, որ կրնայ տարօրինակ եւ քիչ մըն ալ խնդալիք խծբծանք ունենալ: Բայց Ալեքսանտր Սարուխան լաւ տեսած ու հասկցած էր հօրեղբօրս ներաշխարհը: Թէեւ ակնաբոյժ էր մասնագիտութեամբ, բայց «հայ մշակոյթին սատարելը» իր ամբողջ էութիւնն էր: Եւ տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր Հալէպ այցելութեանս այս նկարը կար, ու կը դիտէի միշտ՝ քիչ մը աւելիով հաղորդակցելու եւ ճանչնալու Սարուխանը, անոր տաղանդն ու մշակած մշակոյթը:
Իսկ տաղա՞նդը:
Գահիրէ, Եգիպտոս. ուրբաթ, 1 փետըր-ւար 2019: Կարօ Ներետեանին եւ իր կնոջ՝ Սեդա Սարուխանին տունն եմ: Բայց տո՞ւն, թէ՞ ուրիշ փոքր տուն-թանգարան մը:
Սեդա Սարուխանը դուստրն է Ալեքսանտրի, Կարոն՝ փեսան: «Սարուխանը զիս ընտրեց իբրեւ իր աղջկան ամուսինը», ըսաւ Կարոն իրեն յատուկ գեղեցիկ ժպիտով մը:
Կարոն չվարանեցաւ ըսելու իր տարիքը. «Արդէն իննսուն տարեկան եմ»: Կարոն ամէն ձեւով սարուխանագէտ է: Տեսած է իր աներոջ տաղանդը եւ սորված ու իւրացուցած է զայն իր կեանքին մէջ որպէս արժէք: Ան երբեք չի յոգնիր որեւէ այցելուի դարձեալ ցոյց տալու Սարուխանի գործերը, որոնք տան բոլոր պատերուն տեղադրուած են: Եւ ան, մէկ կողմէ համբերութեամբ, բայց նաեւ մեծ կորովով կը բացատրէ իւրաքանչիւր երգիծանկարին ետին կեցած միտքն ու գաղափարը ու նաեւ արուեստը: «Քաղաքական հոտառութիւն ունէր», ըսաւ Կարոն: «Բայց նաեւ կը կարդար միջազգային պատմութիւն, որպէսզի իրազեկ դառնայ ընդհանրական իրավիճակներուն»:
«Հայրս շատ համեստ մարդ էր», ըսաւ Սեդան: «Նոյն մօտեցումը ունէր բոլոր մարդոց հանդէպ՝ առանց խտրութեան: Ամէն բանէ գոհ էր», շարունակեց ան:
Սարուխանի համար «գոհ» մարդը սկսած է իր մանկութենէն, երբ սկսած է քալել իր կեանքի ճամբէն:
Սարուխան ծնած է Արտանուշ, ապա անցած է Պաթում, ուր հասակ առած է: Կ՚անցնի Պոլիս՝ ուսանելու համար եւ որմէ ետք Վիեննա՝ կատարելագործելու համար իր գծագրական տաղանդը: Վիեննայի մէջ կը հանդիպի արաբ գործարարի մը, որ կը համոզէ Սարուխանը, որ Եգիպտոս գայ, ուր իրեն համար ասպարէզային մեծ հնարաւորութիւններ կրնան ստեղծուիլ: «Պարզ մարդ էր հայրս, հաւատացած է արաբին եւ մեկնած՝ Եգիպտոս», ըսաւ Սեդան:
Սարուխան կը հասնի Աղեքսանդրիա, բայց եգիպտացի գործարարը հոն չ՚ըլլար զինք դիմաւորելու համար, ինչպէս որ խոստացած էր, իսկ Սարուխան «հաւատացած»: Եւ ինչպէս որ Սարուխան գրած է իր վկայութիւններուն մէջ.
«Վստահ քայլերով կը դիմէի փարաւոններուն երկրին մէջ ինծի սպասող փայլուն հեռանկարներով լի ապագան»: Արաբ գործարարը չտեսնելով՝ չ՚ուշանար յուսախաբութիւնը: «Անասելի ու անբացատրելի յուսախաբութիւնը պատեց զիս: Իջնել քարափ՝ ի՞նչ ընելու, ո՞ւր երթալու համար»:
Բայց ան իջած էր քարափ: Իջած էր, որպէսզի սկսի անակնկալներով եւ անորոշութիւններով լեցուն կեանքը բոլորովին անծանօթ երկրի մէջ. ան չէր գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի երթայ եւ ի՛նչ պիտի ընէ: Սարուխան պիտի գտնէր ելքը: Ան կը հանդիպի հայորդիներու, որոնք կը խրախուսեն զինք: «Բնաւ մի՛ վախնար: Ես կռնակդ եմ» արտայայտութիւնը կը կրկնուի՝ հաւաստիացնելով ու խրախուսելով երիտասարդ Սարուխանը: Եւ Սարուխան մէկ-մէկ պիտի բարձրանար Եգիպտոսի իր կեանքի անորոշ եւ անծանօթ աստիճանները եւ կերտէր իր կեանքը՝ հասնելու համար իր տաղանդի յաջողութեան: Եւ յաջողութեան գաղտնի՞քը: «Ես կը կարծեմ, որ աշխարհի մէջ յաջողութեան պայմանը երբեք չյուսահատիլն է,անվհատ պայքարիլը ձախողութեան դէմ», ըսած է ան:
Կը դիտեմ Սարուխանի յաջողութեան արգասիքը: Իր երգիծանկարներուն մէջէն կը տեսնես սուր միտք, բայց նաեւ՝ զօրաւոր տեսողութիւն: Ան կրնայ դիտել հեռուն՝ ապագայի գալիք պատահարները եւ անցուդարձերը տեղադրելով իբրեւ երգիծանկար՝ միշտ պաշտպանելով արդարութիւնը եւ արհամարհելով արժէքներու ոտնակոխումը: 1960-ական տարիներէն արդէն կրցած էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Կիպրոս կղզին պիտի բաժնուի երկուքի՝ աշխարհագրական սահմաններու հասկացողութեամբ: Շատ հետաքրքրական կերպով կրցած էր պատկերացնել, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ Քրիստոս երկրորդ անգամ ըլլալով դարձեալ ուզէ աւանակի վրայ Երուսաղէմ մտնել Ծաղկազարդի օրը, եւ թէ ինչպէ՛ս մարդ պատնէշներ շինած է արգիլելու համար անոր մուտքը… Իր ժամանակներու կեանքի արժէքի չափանիշերը տեսնելով:
«Հայրս շատ հայրենասէր մարդ էր», ըսաւ Սեդան: «Բայց միշտ կ՚ուզէր կիրարկել հաւասարակշռութիւն՝ իր ազգային ուղեգիծին մէջ»: Իր երգիծանկարներուն մէջ պակաս չեն մեր ազգային կեանքէն վերցուած ստեղծագործութիւնները: Սարուխան նաեւ ապրած է իր կեանքը՝ իր ժողովուրդին ծառայելով տարբեր բնագաւառներու մէջէն:
Եւ նայելով իր բոլոր գործերուն եւ անոնց ետին կեցած ազգային-քաղաքական ու ընկերային բոլոր թեմաներուն՝ կրցայ նաեւ տեսնել, որ Սարուխան սիրած է մարդը եւ սիրած՝ կեանքը: Իր համեստ եւ գոհ ներաշխարհը իր մէջ կերտած է մարդկային ըլլալու արժէքը մարդուն մէջ: Իր երգիծանկարներուն մէջ կայ քննադատութիւն, քննական տեսողութիւն եւ երեւի քմծիծաղ, բայց այդ բոլորը՝ մարդուն սէրը եւ յարգանքը բարձր պահելով: Եւ այս ներաշխարհը կարելի է ընկալել, քանի Սարուխան հաւատացած է, որ «պէտք է սէր ու կիրք ունենալ գործին հանդէպ»: Սէրն ու կիրքը մարդկայինը կը ստեղծեն մարդուն մէջը:
Կարոյին ու Սեդային հետ այդ օր ես կամրջեցի իմ անցած ճանապարհս Հալէպի հօրեղբօրս տան յուշերէն մինչեւ Գահիրէ… Հալէպի տան այդ երգիծանկարը՝ «սատարել հայ մշակոյթին» եղաւ ապրող վկայութիւն մը: Վկայութիւն, քանի տեսայ հայ արուեստագէտ-երգիծանկարիչին տաղանդը, մեծ տաղանդը, որով մեծ ներդրում ունեցած է սատարելու հայ մշակոյթին, բայց նաեւ տեսայ, որ հայ մշակոյթը հայուն, իմ եւ մեր բոլորին կեանքին գանձն է եղեր: Եւ ինչպէս հայր Սարուխան իր դստեր՝ Սեդային իր երգիծանկարներէն մէկուն մէջ մակագրած է իր կեանքի խրատ-աւանդը. :
« Մի՛ վախնար նմանելէ հօրդ ամէն բանի մէջ, նոյնիսկ՝ իր դէմքի գիծերուն: Եւ գիտցիր, որ այդ դէմքի գիծին տակ պահուած կան հոգեկան այնպիսի գանձեր, որոնց նմանելէն չես վնասեր»:
Իրապէս Սարուխան երգիծանկարիչի դէմքի գիծերուն եւ իր բոլոր գեղարուեստական գործերուն գիծերուն ետեւ կրցայ տեսնել հայ մշակոյթի գանձերը, որոնք ճոխացուցած են հայուն կեանքը: Սարուխան եւ իր նմանները ապրեցան եւ իրենց կեանքերով ստեղծագործեցին՝սատարելով հայ մշակոյթին:
Մենք այսօր ժառանգորդն ենք այս հայկական մեծ մշակոյթին՝ իր տարբեր երանգներով: Անոնք մեր կեանքերուն «գանձերն» են, որոնք մեզի՝հայերուս կու տան հպարտութիւն: Հպարտութիւն մը, որուն միջոցով կրնանք ապրիլ:
Գահիրէի Սարուխանի պզտիկ տուն-թանգարանէն այսօր կայ ապրող վկայութիւն մը: Սատարել հայ մշակոյթին: Սարուխանէն մէկ պատգամ, որ կը խօսի ինծի, քեզի եւ մեր բոլորին:
Իւրաքանչիւր հայ պարտի սատարել իր ազգային մշակոյթին, հայուն կեանքին, «գանձին»:
Հայուն կեանքին հպարտութիւնը: Հայուն մշակոյթը:
Արժէ պահել ու սատարել անոր: Հայուն մշակոյթը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ