ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔ Է ԱՐԺԱՆԱՆԱԼ

Անմիտ քայլի պատճառաւ ամուսնացան, զաւակ ունեցան։ Երիտասարդ էին ու երկար-բարակ չխորհեցան, պարզապէս տարուեցան ակնթարթի թելադրանքով։ Քանի մը տարի ալ միասին ապրելէ վերջ եկան այն համոզումին, թէ սխալած են։ Զղջացին։ Որոշեցին ուղղել իրեց սխալը։ Բաժնուեցան։

Բաժանումն ալ դառնահամ էր։ Երկար ժամանակ տխրութիւնն ու անկումային տրամադրութիւնը բոյն հիւսած էր երբեմնի զոյգի հոգիներուն մէջ։ Համատեղ կեանքի ընթացքին երջանիկ չէին, բաժանումէն վերջ ալ՝ տեսակ մը…

Անոնք այնքան տարուեցան իրենց հոգերով, որ նոյնիսկ չնկատեցին, թէ ինչպէս կը մեծնայ իրենց մի մատ երեխան։ Հայրը բաւական անտարբեր էր երեխային հանդէպ։ Ապահարզանէ վերջ ան կարծես մոռցաւ իւր զաւկի գոյութիւնը։ Օր մը չփնտռեց, տեսութեան չգնաց։ Տարեդարձներուն պզտիկ նուէր մը, տուրմ մը անգամ չնուիրեց։

Առաջին ամուսնութենէն տարի մը անց ան կրկին ամուսնացաւ, զաւակներ ունեցաւ։ Մինչդեռ առաջին կինը կը շարունակէր գիշերները իր բարձը լուալ արցունքներու ծովուն մէջ։

Վարդանիկ կը նկատէր մօր մշտական տխրութիւնը ու զայն կը մխիթարէր։

Երբեւէ հայրը չէր տեսած, ցանկութիւն ալ չունէր։ Անունն անգամ չէր ուզեր գիտնալ։ Անբացատրելի խորթութիւն ու անտարբերութիւն մը կը զգար հայր բառին նկատմամբ։ Թէպէտ իր բոլոր ընկերները կը մեծնային լիարժէք ընտանիքներու մէջ, սակայն ան երբեւէ չէր փափաքած ունենալ ամբողջական ընտանիք մը։ Երբեւէ չէր զգացած հօր պակաս, քանզի ծանօթ չէր քաղցրութեան։ Կարծես, թէ ինքն ուրիշ էր, իր ընտանիքն ալ տարբեր։

Սա փոքրիկ ընտանիքէ ներս երեւակայօրէն արգիլուած էր մուտքը՝ արական սեռի ներկայացուցիչի մը։ Փոքրիկ տղան երջանիկ էր իր մայրիկի ու իրենց այցելութեան եկող ընկերներու, ազգականներու շրջապատին մէջ։ Ան չէր զգար երրորդի մը կարիքը։

Յիրաւի, մայրն ու ազգականները քանի մը անգամ փորձած էին Վարդանիկի ներկայութեամբ խօսք բանալ իր հօր մասին, սակայն փոքրիկը խստագոյնս արգիլած էր։ Թէպէտ փոքրիկը բազմիցս՝ պատահաբար, ծածուկ ունկնդիր դարձած էր զինք լքած ծնողքին վերաբերեալ յուշերուն։

Տարիները կը գլորէին, Վարդանիկը կը մեծնար։

Ան այլեւս պատանի էր, ուսման մէջ յաջող, ազնիւ ու բարի զաւակ մը իր մայրիկի համար։ Մայր ու որդի զիրար հրաշալի կը հասկնային։ Շատ մտերիմ էին, իրարմէ ալ գաղտնիքներ չունէին։ Մայրը բաւական նրբօրէն կը մօտենար որդւոյն, կը փորձէր անտեղի չյուզել միակ զաւակը։ Ան կը յարգէր Վարդանիկի որոշումներն ու զգացումները, երբեւէ անոր ներկայութեամբ չէր շօշափեր վերջինիս տհաճութիւն պատճառող նիւթեր։

Տասնութ տարի անց, Վարդանիկի տարեդարձին փոքրիկ ընտանիքի անդորրը պահ մը խախտուեցաւ՝ դրան անսպասելի զանգով մը. ան էր։

Դուռը բացաւ Վարդանիկ ու հանրաճանաչ դէմքը բարեհամբոյր կերպով ներս հրաւիրեց։ Հօր աչքերը տամկացան։ Ան վստահ էր, թէ որդին կը ճանչնար զինք եւ շատ ուրախ էր զայն տեսնելով։ Յիրաւի, Ազգային ժողովի պատգամաւորը, որ գրեթէ ամէն օր ելոյթ կ՚ունենար հեռատեսիլով, ձայնասփիւռով, զղջաց, որ այսքան տարի չէ այցելած, չէ հետաքրքրուած իր անդրանիկ որդւոյն ճակատագրով։

Այդ վայրկեանին ան զգաց դող մը, որ կայծակի պէս շանթահարեց մարմինը։ Փորձեց յառաջանալ, սակայն ոտքերը չէին ենթարկուեր իրեն։ Մեղքի զգացումը պատած էր զինքը, կարծես խեղդամահ կ՚ընէր։ Ի վերջոյ սթափեցաւ, խոր հառաչ մը քաշեց ու դողդոջուն ձայնով, քրտինքը ճակտին արտասանեց.

-Ծնունդդ շնորհաւոր որդիս, ներողամիտ գտնուէ, որ այսքան տարի չեմ այցելած քեզի։ Քեզի համար պզտիկ նուէր մը ունիմ,- ըսաւ ու գրպանէն հանեց ինքնաշարժի բանալիներ։

Վարդանիկ պահ մը չհասկցաւ, թէ ինչ կը կատարուէր։ Ան քարացած կը կենար նոյն տեղը։ Զարմացած էր, թէ ինչո՞ւ իր համակրելի պատգամաւորը եկած է շնորհաւորելու իւր տարեդարձը. առաւե՛լ, իրմէ ներողութիւն կը խնդրէ։ Այդ վայրկեանին ներս մտաւ մայրը.

-Դո՞ւն… այսքան տարի վերջ… Ի՞նչ գործ ունիս մեր տունը,- ապշահար հարցուց ան։

-Ներէ ինծի, ես բաւական ուշացայ…

-Վայրկեան մը, խնդրեմ շտապ լքել մեր բնակարանը,- բաւական խիստ ձեւով, մի կերպ զսպելով պոռթկումը իրենց տան շեմին յայտնուած պատգամաւորի խօսքը ընդհատելով ըսաւ Վարդանիկ։

-Վարդանիկ, ես…

-Ոչ մէկ բան կ՚ուզեմ իմանալ, դուրս մեր տունէն,- մռնչաց Վարդանիկ։ Ան ցասումի մէջ էր, ամբողջ մարմինը կը դողար զայրոյթէն։

Մայրը դուրս հրաւիրեց հայր կոչեցեալը, դուռը փակեց երեսին, առանց մտիկ ընելու վերջինիս արդարացումները։ Ան խուճապահար շտապեց Վարդանիկի սենեակ։

-Մայրիկ, ոչ մէկ բառ կ՚ուզեմ իմանալ։ Մոռցի՛ր սա տհաճ միջադէպը ու խնդրեմ անգամ մըն ալ չանդրադառնաս,- բաւական հանգիստ՝ սակայն կտրուկ ձայնով մը ըսաւ Վարդանիկ ու դրաւ վերջակէտ։

Լաւագոյնս ծանօթ ըլլալով որդւոյն փխրուն ու խոցելի հոգւոյն՝ մայրը չհամարձակեցաւ արտասանել նոյնիսկ բառ մը։ Ան յարգեց իր զաւկի որոշումն ու անցաւ խոհանոց՝ յոբելեարի կարկանդակի մոմերը վառելու։

Յաջորդ առտու Վարդանիկ արթնցաւ սովորականին պէս։ Մինչ նախաճաշի սեղան նստիլը՝ համբուրեց սիրասուն մայրը ու ըսաւ.

-Մայրիկ, թէպէտ Աստուած կ՚ըսէ՝ ներէ, որպէսզի ներուիս։ Սակայն, ըստ իս, ամէն սխալ կամ մեղք չէ, որ արժանի է ներման։ Ես ներողամիտ չեմ, ոչ ալ չարամիտ։ Ի դէպ, կը խնդրէի չվերլուծել իմ միտքը։

Մայրը բարեհամբոյր ժպտաց։ Ան հասկցաւ Վարդանիկի միտքը. անկարելի է, որ որդին օր մը ընդունի հայրը։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020