ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԻՆԳ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է մեր երկրի համար: Եւ պատասխանատու է առաջինը Տիրոջ առջեւ: Մենք մեր գործած մեծ ու փոքր, թէկուզ անզգոյշ ու աննկատ սխալներով կը վնասենք ոչ միայն մենք մեզի, մեր ընտանիքներուն ու զաւակներուն, այլեւ, ուշադրութիւն՝ մեր երկրին՝ մեր սուրբ հայրենիքին: Ժողովուրդն է որոշիչ ուժը: Ի զուր չէ ըսուած՝ գիւղ կանգնի, գերան կը կոտրի: Աստուածաշունչի՝ Հին կտակարանի Ղեւտացիներու գրքի 26 գլուխին մէջ Աստուած մեզ կը յայտնէ այն հինգ նախազգուշացումներու՝ պատիժներու մասին, որոնք տեղի պիտի ունենան մեր ու մեր ազգի, մեր պետութեան հետ, եթէ չպահենք, եթէ չյարգենք Տիրոջ խօսքն ու պատուիրանները:

Եթէ մեր երկնաւոր Հօրմէ զատ ուրիշ աստուածներ ունենանք: Եթէ մեզի համար ձեռակերտ կուռքեր ու արձաններ շինենք ու պաշտենք: Ակամայ կը թուի, թէ մենք՝ հայերս լաւագոյնս կը պահենք Տիրոջ այս պատուիրանը, սակայն կը սխալինք: Գրեթէ բոլորիս տունը կան իրեր կամ առարկաներ, որոնք իբր թէ յաջողութիւն կը բերեն կամ մեզ հեռու կը պահեն չար աչքերէ, անյաջողութիւններէ: Զոր օրինակ, տան շեմին կամ երեխաներու թեւին ու կուրծքին կախած աչքի ուլունքները, ձիու պայտերը... Ասոնք ամէնը հանեցէք եւ դուրս դրէք ձեր կեանքէն: Պէտք է կողմնորոշուիլ՝ Աստուծո՞յ կը հաւատանք, թէ՝ պայտին կամ ուլունքին: Սնապաշտութիւնը, բախտագուշակութիւնը, սուրճի գաւաթ նայիլը նոյնպէս մեծ մեղքեր են: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինչ-որ չափով սնահաւատ է: Զոր օրինակ՝ երբ դանակը ձեռքէ ձեռք չենք փոխանցեր, իբր վատ նշան մըն է...

Եթէ շաբաթ օրերը չպահենք սուրբ: Աստուած կ՚ըսէ. «Իմ շաբաթ օրերը սուրբ պահեցէք»: Այսինքն շաբաթուայ եօթներորդ օրը մի՛ աշխատիք, զայն նուիրէք Տիրոջը եւ հանգստացէք: Գացէք եկեղեցի, Սուրբ Պատարագին մասնակցեցէք, Հաղորդութիւն ստացէք, այնուհետեւ ձեզի համար հանգիստ կազմակերպեցէք: Իսկ թէ ինչ կը պատահի, եթէ մենք չանսանք Տիրոջ կամքին ու պատուիրաններուն, Աստուած կը պատմէ Աստուածաշունչի Հին կտակարանի Ղեւտացիներու գրքի 26 գլուխին մէջ.

«Սակայն, եթէ չլսէք ինձ եւ չկատարէք իմ այս բոլոր հրամանները, արհամարհէք զանոնք, իմ կարգադրութիւններէն ձանձրանալով չկատարէք իմ պատուիրանները, վերացնէք իմ հաստատած ուխտը, ապա ես նոյն կերպ պիտի վարուիմ ձեզի նկատմամբ. տագնապալից տառապանքներու պիտի մատնեմ ձեզ: Քոսով ու դեղնախտով պիտի հիւանդացնեմ ձեզ, որպէսզի պակսի ձեր աչքի լոյսը, եւ դուք ըլլաք հալումաշ: Այնժամ զուր տեղը պիտի ցանէք ձեր սերմերը, ու ձեր արտերու բերքը ձեր հակառակորդները պիտի ուտեն: Ես իմ զայրացած հայեացքը ձեր վրայ պիտի յառեմ, եւ դուք պիտի իյնաք ձեր թշնամիներու առաջ: Ձեզ ատողները ձեզ հալածական պիտի ընեն, եւ դուք փախստական պիտի ըլլաք, եթէ անգամ որեւէ մէկը չհալածէ ձեզ»: Տիրոջ այս նախատինքը մեր ժողովուրդը զգացած է մեր ամբողջ պատմութեան հոլովոյթին: Տէրը մեր գործած մեղքերու համար պատժած՝ պատասխանատուութեան ենթարկած է մեզ ու մեր երկիրը: Սակայն մենք մեր մեղքը, յանցանքը չենք զգացած, շարունակած ենք նոյն կերպով: Այն ժամանակ Աստուած մեզի ղրկեց երկրորդ նախազգուշացումը.

«Եթէ նման պատիժներէ վերջ ալ զիս մտիկ չընէք, ձեր գործած մեղքերու համար եօթնապատիկ աւելի պիտի պատժեմ: Ես պիտի խորտակեմ ձեր ամբարտաւան պարծենկոտութիւնը»: Ամբարտաւան պարծենկոտութի՞ւն... հետաքրքրական բառակապակցութիւն մըն է: Այո՛, մենք միշտ եղած ենք պարծենկոտ ազգ, եւ մինչեւ օրս ալ կը շարունակենք այդպիսին մնալ: Մենք միշտ կը պարծենանք մեր մտաւոր կարողութիւններով, այն որ առաջին Քրիստոնեայ ազգը եղած ենք: Ես եւս իմ մէջ հպարտութիւն, պարծենկոտութիւն ունէի: Մշտապէս հպարտացած եմ, որ ես յաղթանակած ժաղովուրդի մէկ մասի զաւակ եմ՝ արցախցի: Եւ կը խոստովանիմ, թէ ինքզինքս միշտ վեր դասած եմ իմ ամուսինէն: Քանզի ես ունիմ հայրենիք, մենք յաջողեցանք մերը պահելու, իսկ իմ ամուսինը, անոր նախնիները՝ ոչ: Սակայն ի՞նչ պատահեցաւ: Աստուած իմ ամբարտաւան պարծենկոտութիւնը հողին հաւասարեցուց. այսօր Արցախի զգալի հատուածին կը նայինք, ինչպէս Արարատին՝ հեռուէն:

«Երկինքը ձեր վրայ երկաթի պէս ծանր պիտի դարձնեմ, իսկ ձեր հողը՝ պղինձի պէս կարծր: Ձեր զօրութիւնը ի չիք պիտի դառնայ, հողը ձեր ցանած սերմի չափով իսկ բերք պիտի չտայ, ոչ ալ երկրի ծառերը պտուղ պիտի տան»: Արցախի վերջին պատերազմի ընթացքին իսկապէս երկինքէն երկաթ կը թափէր: Մեր ծուլութեան, մեծամտութեան պատճառաւ մեր հողերը տասնամեակներ շարունակ անմշակ մնացած էին: Այնուհետեւ Տէրը կը շարունակէ.

«Իսկ եթէ դուք շարունակէք շեղիլ ուղիղ ճանապարհէն ու չկամենաք լսել զիս, ձեր գործած մեղքերու համեմատ եօթնապատիկ աւելի պիտի պատժեմ ձեզ: Ձեր վրայ պիտի ուղարկեմ երկրի վայրի գազաններ, անոնք պիտի լափեն ձեզ ու պիտի յօշոտեն ձեր անասունները: Այսպիսով պիտի պակսեցնեմ ձեր թիւը: Եւ ձեր ճանապարհները ամայի պիտի դառնան»: Մեր թիւը զգալիօրէն պակսեցաւ 1915 թուականին, եւ մինչեւ հիմա մենք չկրցանք կրկնապատկել կամ եռապատկել զայն: Շուրջ տասն միլիոն հայ ենք աշխարհի մէջ եւ չենք աւելնար, ընդհակառակը՝ կը պակսինք:

«Իսկ եթէ ատկէ ետք ալ չխրատուիք ու հակառակիք ինծի, ես դարձեալ, զայրանալով, պիտի հակառակիմ ձեզի եւ ձեր գործած մեղքերու համեմատ եօթնապատիկ աւելի պիտի պատժեմ ձեզ: Ձեզ սրակոտոր պիտի ընեմ՝ լուծելու համար իմ ուխտի վրէժը: Եւ եթէ ամրանաք ձեր քաղաքներու մէջ, ես ձեզ մահ պիտի ղրկեմ, եւ դուք պիտի մատնուիք թշնամիներու ձեռքը: Երբ ձեզ նեղեմ հացի պակասութեամբ, տասը կին ձեզի հաց պիտի եփեն մէկ թոնիրի մէջ եւ ձեզի հաց պիտի բաժանեն հաշուուած կշռով: Պիտի ուտէք եւ պիտի չկշտանաք»: Տիրոջ չորրորդ նախազգուշացումը մենք մեր մորթի վրայ զգացինք Արցախի առաջին ազատամարտի տարիներուն: Երբ մեր երկիրը մեզի մնաց, սրակոտոր եղանք, տալով աւելի քան վեց հազար զոհ ու երկար ժամանակ չկրցանք հանապազօրեայ հաց գտնել:

«Եթէ ատկէ ետք ալ ինծի չանսաք ու հակառակ երթաք ինծի, ես ալ, զայրանալով, պիտի հակառակիմ ձեզի ու ձեր գործած մեղքերու համեմատ եօթնապատիկ աւելի պիտի պատժեմ ձեզ: Դուք պիտի ուտէք ձեր տղաներու եւ ձեր աղջիկներու միսը: Ես պիտի կործանեմ ձեր արձանները, պիտի խորտակեմ ձեր փայտեայ ձեռակերտ կուռքերը: Ձեր դիակները պիտի նետեմ ձեր ջարդուփշուր եղած կուռքերու բեկորներու վրայ, եւ իմ հոգին պիտի խորշի ձեզմէ: Ձեր քաղաքները աւերակ պիտի դարձնեմ, պիտի ամայացնեմ ձեր սրբարանները եւ ձեր զոհաբերութիւններու անուշ բոյրը այլեւս պիտի չհոտոտեմ: Պիտի աւերեմ ձեր երկիրը, եւ անոր մէջ ապրող ձեր թշնամիները պիտի զարմանան ասոր վրայ: Ձեզ պիտի ցրուեմ զանազան ժողովուրդներու մէջ, եւ ձեր վրայ իջած սուրը պիտի կոտորէ ձեզ: Ձեր երկիրը աւերակ պիտի դառնայ, իսկ ձեր քաղաքները՝ ամայի» Ղեւտական 26, (Բ. Օր. 28. 15-68): Մեր արձանները կ՚ոչնչացուին: Յիշենք սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի արձանի պղծումն ու ոչնչացումը Շուշիի մէջ: Մեր սրբավայրերը կը քանդեն ու կը փլուզեն հիմնայատակ. Շուշիի Կանաչ Ժամը, Մեխակաւանի եկեղեցիի հիմնայատակ փլուզումը... Մեր եկեղեցիները այսօր ամայացած են: Կիրակնօրեայ պատարագներուն շատ քիչ թիւով հաւատացեալ ներկայ կ՚ըլլան: Հաւատացեալներու թիւը մայրաքաղաքիս բնակչութեան մէկ տոկոսն անգամ չի կազմեր: Երեւանը ունի մէկ միլիոն բնակչութիւն, որու մէկ տոկոսը կ՚ընէ՝ տասն հազար: Մայրաքաղաքիս եկեղեցիներու մէջ մէկ տոկոս անգամ անկարելի է տեղաւորել: Մինչդեռ եկեղեցիները կիրակիները լեցուն չեն: Այս ցաւալի ու ողբալի վիճակ մըն է:

Իսկ ինչո՞ւ Տէրը մեզ կը պատժէ, ոչ թէ Աստուած դաժան է, այլ կ՚ուզէ մեզ դաստիարակել: Ինչպէս ծնողը իր զաւակին, նոյնն ալ Աստուած, երբ կը տեսնէ, թէ մենք սխալ ուղիի վրայ ենք, կը փորձէ մեզ դարձի բերել: Պատիժ կը նշանակէ՝ բարի հատուցում, ինչ որ մենք կը հրաւիրենք մեր վրայ: Ինծի կը թուի, թէ մենք այս հինգ աստիճանակարգերուն մէջ կը զբաղեցնենք նախավերջին կամ վերջին տեղը: Լաւ, իսկ որքա՞ն պիտի շարունակուէ այսպէս, Տէրը կը պատասխանէ.

«Այնքան ժամանակ, որ երկիրը աւերակ պիտի մնայ, պիտի վայելէ իր հանգստեան օրերը, իսկ դուք պիտի ըլլաք ձեր թշնամիներու երկրին մէջ՝ օտար երկրի մէջ: Այնքան ժամանակ, որ երկիրը աւերակ պիտի մնայ, պիտի վայելէ իր հանգստեան օրերը, պիտի հանգստանայ այն շաբաթ օրերու փախարէն, որ չհանգստացաւ ձեր այնտեղ բնակելու ընթացքին: Ձեր թշնամիներու երկրի մէջ վերապրածներուդ սրտին մէջ վախ պիտի դնեմ, անոնք պիտի սարսռան տերեւներու սօսափիւնէն, անոնք փախուստի պիտի դիմեն, ինչպէս կը փախին ռազմի դաշտէն: Եւ պիտի իյնան առանց որեւէ մէկէն հետապնդուած ըլլալու: Դուք պիտի չկարողանաք դիմադրել ձեր թշնամիներուն: Դուք պիտի կորչիք ժողովուրդներու մէջ, եւ ձեր թշնամիներու երկիրը ձեզ կուլ պիտի տայ: Ձեզմէ վրապրածները իրենց գործած մեղքերու համար պիտի կոտորուին իրենց թշնամիներու երկրին մէջ եւ իրենց հայրերու մեղքերու համար անոնց հետ միասին պիտի ըլլան հալումաշ: Այդ ժամանակ է, որ անոնք պիտի խոստովանին իրենց ու իրենց հայրերու գործած մեղքերը: Պիտի համոզուին, որ յանցանք գործած եւ արհամարհած են զիս: Անոնք հակառակեցան ինծի, ես ալ անոնց հակառակեցայ բարկութեամբ եւ ոչնչացուցի զանոնք իրենց թշնամիներու երկրին մէջ: Այնժամ պիտի ամչնայ անոնց հեթանոս սիրտը, եւ անոնք պիտի զգան իրենց գործած մեղքերու ծանրութիւնը: Ես պիտի յիշեմ նաեւ այն Յակոբին, Իսահակին ու Աբրահամին տուած իմ խոստումը, պիտի յիշեմ նաեւ այն երկիրը, որ լքուելով անոնց կողմէ, պիտի վայելէ իր հանգըս-տեան օրերը: Քանզի այն աւերակ դարձած էր իր բնակիչներու պատճառաւ: Անոնք պիտի պատժուին իրենց կատարած անօրէնութիւններու համար, այն բանի փոխարէն, որ արհամարհեցին իմ պատուիրանները, եւ իմ հրամանները անոնց համար տաղտկալի դարձան...»:

Աստուած ողորմած է, մենք այսօր ալ կրնանք ամէն բան փոխել: Դառնալով դէպի Աստուած, ապաշխարելով՝ մենք կրնանք փրկել ո՛չ միայն մեզ ու մեր ընտանիքները, այլեւ՝ մեր սուրբ հայրենիքը, որ այսօր այնքա՜ն շատ կարիքն ունի մեզի:

Թող Աստուած օրհնէ Հայաստանն ու Արցախը: Թող Տիրոջ կամքը ըլլայ մեր երկու հայրենիքներու մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021