ՈՒՇԱՑԱԾ ԶՂՋՈՒՄ

Մինակս եմ, մութ խորքին մէջ վճիտ գիշերին,
Յանցանքներու յուշերէն հոգիս կարեվեր…

Արեւմտահայ գրող՝ Ինտրա իր «Զղջում» (1908թ.) բանաստեղծական տողերուն մէջ լաւագոյնս արտացոլած է իմ հոգեվիճակը, զոր քանի մը տարիէ ի վեր կը հետապնդէ զիս։ Յաճախ մարդիկ անգիտակցաբար իրենց սիրելիներուն ցաւ կը պատճառեն, եւ կամ անուշադրութեան կը մատնեն ու այլեւս երբեք չեն կրնար ինքզինքնին ներել։ Նոյն կացութեան մէջ կը գտնուիմ նաեւ ես։

Պատճա՞ռը…

Տարիներ առաջ իմ պաշտելի մեծ հօր սիրտը կոտրեցի։ Այդ օրուընէ ի վեր հոգւոյս հետ անհաշտ կ՚ապրիմ, մեղքի զգացումը ներսէն կը կրծէ սիրտս եւ մինչեւ այսօր չեմ կրնար ներել ինքզինքս։

Եւ այսպէս՝ մեծ հայրս հիւանդ անկողինի մէջ կը պառկէր։ Օր մը ըսաւ.

-Արեւիկ կը հաճի՞ս խանութէն «Ջերմուկ» հանքային ջուր մը բերել, խմեմ քիչ մը զովանամ, կոկորդս չորացաւ։

-Լաւ պապի, քիչ մը համբերէ հիմա պիտի բերեմ։

Աճապարանքով պատասխանեցի ես ու անմիջապէս տունէն դուրս եկայ։ Հեռաձայնը ականջիս, մտազբաղ՝ անտեսելով մեծ հօրս խնդրանքը, հապճեպ անցայ խանութի քովէն։ Երբ հասայ քաղաքի կեդրոնը, ակամայ յիշեցի մեծ հօրս խնդրանքը, սակայն այլեւս ուշ էր։ Խորհեցայ վերադարձին «Ջերմուկ» կ՚առնեմ, կը տանիմ։ Քիչ ետք հեռաձայնս հնչեց, զանգողը մեծ հայրս էր, մեղքի զգացումը թոյլ չտուաւ, որպէսզի պատասխանեմ զանգին։ Բջիջայինիս ձայնը գոցեցի ու շարունակեցի գործս։ Գրեթէ ժամ մը ետք հեռաձայնս նորէն հնչեց, առանց հեռախօսահամարին նայելու պատասխանեցի։

-Արեւիկ շնորհակալ եմ ջուրի համար, ծարաւս յագեցուցի։

-Տետօ կը ներես, մոռցայ։ Հիմա անմիջապէս տուն կը վերադառնամ ու կը բերեմ։

-Իսկ ես երբեւէ ինծի համար յոյժ կարեւոր քու խնդրանքները չեմ մոռնար։

-Ներողութիւն։

-Ներողութեան կարիք չկայ… Ա՜խր ուզածս ինչ էր, ընդամէնը շիշ մը հանքային ջուր։ Յայտնի է, թէ դուն աւելի կարեւոր գործեր ունիս։ Իսկ ես, ո՞վ եմ ես, հիւանդ ծերունի մը, որ բեռ դարձած է ձեր ուսերուն։ Անկեղծօրէն քեզմէ այսպիսի անտարբերութիւն չէի սպասեր։ Վստահ էի, թէ Արեւիկս հիմա պիտի գայ, սիրտս զովացնելու համար պաղ ջուր պիտի բերէ։ Սակայն դուն, դուն ոչ միայն զիս սպասումով ձգեցիր, այլեւ հարկ չի համարեցիր՝ զանգերուս պատասխանել… դուն ալ ուրիշներուն կը նմանիս… այսքան բան՝ ուրիշ ոչինչ։

Ըսաւ ու անջատեց ընկալուչը։ Անմիջապէս բաց թողուած զանգերուն նայեցայ. 12 անպատասխան զանգ մեծ հօրս հեռաձայնէն։ Ինքզինքս չկրցայ զսպել, աչքերէս արցունք կը յորդէր։

Ա՜խր ես ինչպէս կրցայ այդքան անտարբեր գտնուիլ,
Զիս պահած-պաշտած,
Յանուն ինծի զրկանք կրած,
Կեանքը ինծի նուիրաբերած,
Ինձմով շնչող, ինձմով ապրող,
Այսօր արդէն ինձմէ կախեալ,
Ինծի համար յոյժ սիրեցեալ մեծ հօրս նկատմամբ։

Անմիջապէս խանութ մը մտայ, ջուրը գնեցի։ Երբ տուն հասայ, սեղանին վրայ տեսայ «Ջերմուկ»ի շիշ մը։ Պապս զիս տեսնելուն պէս բարկացած ու հիասթափուած գլուխը թեքեց։

Քանի մը օր վշտացած էր ինձմէ։ Ի վերջոյ մոռցաւ տհաճ միջադէպի մասին։ Մեր ջերմ յարաբերութիւնները կրկին վերականգնուեցան։ Ճիշդ է մեծահոգի ու գթասիրտ պապս ինծի ներեց, սակայն ես՝ ես մինչ օրս չկրցայ ինքզինքս ներել։ Միթէ՞ կեանքի մէջ առաւել կարեւոր բաներ կան քան հոգածութիւնը, ուշադրութիւնը մեր սիրելիներուն նը-կատմամբ։ Ինչո՞ւ Աստուած, ինչո՞ւ մարդ արարածը այսքան անտարբեր կը գտնուի իրեն շնորհուած ընծաներուն հանդէպ, ըլլայ այն սէր, ընտանիք, առողջութիւն եւ այլն։ Անտեսելով իրական արժէքները՝ կը վազէ շինծու, անցողիկ հաճոյքներու ետեւէն։ Այսօր նոյնիսկ չեմ յիշեր, թէ այդ օր ինչ չակերտեալ «կարեւոր» գործ ունէի, որու պատճառաւ հիասթափեցուցի մեծ հայրս։ Միայն անոր խօսքերն ու իմ անփոյթ վերաբերմունքն է, որ ժամանակ առ ժամանակ միտքս կու գայ։

Աւա՜ղ, քանի մը տարի ետք, մեծ հայրս մէկընդմիշտ լքեց մեզ, ինձմէ կորզելով կորուստի հանդէպ վախի զգացումը։ Այդ օրը այնքան արցունք թափեցի, որ արցունքներս ցամքեցան։ Կը կարծէի, թէ առանց անոր, պիտի չկարողանամ շարունակել կեանքս, սակայն Ամենակարող Աստուած ինձ ու ընտանիքիս զօրավիգ եղաւ։ Առանց անոր կեանքի համը, հոտը փոխուեցաւ, գոյները խամրեցան։ Պապս ու տատս կերակուրի աղն էին, իսկ յայտնի է, թէ նոյնիսկ ամենէն համեղ կերակուրը առանց աղի անհամ կ՚ըլլայ։

Հուսկ, կը փափաքէի միտքս ամփոփել, ինծի պէս իր մեծ հայրը պաշտող, անոր երկրպագող, համբաւաւոր գրող՝ Համօ Սահեանի հետեւեալ բանաստեղծական տողերով.

Օրը մթնեց, ժամն է արդէն
Իրիկնահացի,
Տխրութիւնս կամաց-կամաց
Փոխւում է լացի: 

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019