ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (10)

Ցնցում մը բացաւ աչքերը Զանային։

Բեռնակառքը կանգ առեր էր։

Ֆարզատ քեռին մեղմ ժպիտով մը նայեցաւ իրեն, եւ «բարիլոյս» մը հանեց շուրթերուն մէջէն.

-Սոպհ պի խեր, Զանա՛... գիշերն անցաւ, առաւօտ է արդէն։ Ես իջնեմ, աղօթքս ընեմ, գամ։

Զանան կամացուկ ուղղեց մէջքը։ Ոտքին ցաւը մեղմացեր էր քիչ մը։ Նայեցաւ ետեւէն Ֆարզատ քեռիին, որ դէպի մզկիթը կը քալէր։ Շփեց աչքերը, յօրանջեց։ Ամբողջ գիշերը նոյն դիրքով քնացեր էր, այնքա՜ն յոգնութիւն ունէր ամբարած նախորդ սեւ օրուայ ընթացքին։ Ապա աննպատակ եւ առանց որեւէ ակնկալիքի, գլուխը դարձուց աջ։ Եւ ի՞նչ տեսնէր։

Բլուրէն վար, դիմացը, քիչ մը անդին, հսկայ քաղաք մըն էր պառկած։ Սկիզբ ունէր, վերջ չունէր։ Թեհրան։ Մայրաքաղաք, որուն մասին այնքան լսեր, այնքան սորվեր էր Պամի մէջ։ Թեհրան, զոր տեսեր էր հեռատեսիլէն, ու միշտ երազեր էր երթալ։ Հոն էր ան, դիմացը, վարը, քիչ մը անդին։ Բազմած էր լեռներուն տակ գեղեկցութեամբ մ՚ այնպիսի, որ ուրիշ էր. ո՛չ աւելի քան Պամինը, բայց տարբեր։ Եւ ահա, այնտեղ, ձախ կողմը, աշտարակ մը գլուխը վեր, դէպի երկինք ցցած էր։ Միլատն էր, գուշակեց Զանան։

Հմայքն ընդհատուեցաւ քեռիին վերադարձով։

-Հը՞, տեսա՞ր... չըսի, որ անակնկալ ըլլայ, որ մինա՛կդ յատնաբերես։ Ահա, Թեհրանն է... նոր քաղաքդ Զանա՛...

Ֆարզատ քեռին շիշ մը պաղ թան երկարեց Զանային։ Յետոյ տոպրակին մէջէն հանեց տաք ու թարմ փուռի հաց, կիսեց զայն, կէսին վրայ կտրատած պանիր շարեց, տուաւ Զանային։

-Այսքանը կե՛ր հիմա, փորդ թող բռնէ մինչեւ տուն, մինչեւ կէսօր։

Շարժեցաւ բեռնակառքը դարձեալ։

Մէկ ձեռքին թան, միւս ձեռքին հաց-պանիր, Զանան անյագօրէն կը դիտէր Թեհրանը մօտեցող։ Հետաքրքրութեան հետ սակայն, կամաց-կամաց ինքզինք զգալ կու տար վախ մը, դժուար ըմբռնելի տակաւին։ Դիմացինը նոր աշխարհ մըն էր, այնպիսի չափերով, որ Զանան չէր տեսած երբեք։ Նոր քաղաք մը, ուր պիտի ապրէր ինք, թէեւ, չնայած այդ պահուն չէր կրնար գուշակել, կարճ բաւական... Ինչքան կը մօտենային քաղաքին, այնքա՛ն կը կազդուրուէր, կ՚արթննար, ձեւով մը կը խանդավառուէր նոյնիսկ Զանան։ Բայց մօտենալով անոր, իր մէջ նաեւ կ՚աճէր ներքին զգացողութիւն մը, որ կը յուշէր, թէ երկար պիտի չդիմանար ինք այնտեղ։ Թէ իրը չէր, իրը չէր կրնար ըլլալ այդ քաղաքը խոշոր։ Մինչդեռ

-Քաղաքդ է Զանա, քաղաքդ է...

Կրկնեց քեռին ինքնավստահ։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020