ՀՈԳԵՒՈՐ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ. ԱՍՏՈՒԾՄՈՎ ԶՕՐԱՆԱԼ

«Սիրելինե՛ր, ձեզի կ՚ըսեմ.- մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել: Ըսեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք: Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու: Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, անկէ վախցէք» (Ղկ 12.4-5):

Ի՜նչ գօտեպնդիչ են մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը, որոնց միջոցով ինքնավստահութիւն եւ զօրութիւն կու տայ իւրաքանչիւր ճշմարիտ հաւատացեալի, թելադրելով չվախնալ «անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել»: Եւ ինչքա՜ն շատ է թիւը անոնց, որոնք յաճախ եւ մնայուն կերպով կը սպառնան մեր ֆիզիքական մարմինը սպաննել: Ինչքա՜ն պատերազմներ մղուած են նախորդ քսան դարերու ընթացքին յանուն Քրիստոնէութեան եւ հակառակ քրիստոնէութեան եւ քանի-քանի միլիոն մարդիկ սպաննուած են այդ պատերազմներու ընթացքին՝ յանուն Քրիստոսի:

Հալածիչներն ու նեղիչները միշտ եղած են, կան եւ ապագային ալ պիտի ըլլան տակաւին, բայց այդ բոլորէն անդին եւ այդ բոլորէն վեր, մեր Տիրոջ գօտեպնդիչ խօսքը գերակշռող կը մնայ. «Մի՛ վախնաք» այդպիսիներէն:

Սուրբ Հռիփսիմէ Կոյսն ու իր ընկերակիցները վառ օրինակ են այս խօսքին հնազանդ եղողներուն ու հաւատարմապէս հաւատացողներուն: Սրտապնդիչ են Սուրբ Պօղիկարպոսի խոսքերը. «86 տարի Անոր [Քրիստոսի] ծառան եղած եմ եւ Ան ոչ մէկ վատութիւն ըրած է ինծի: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կրնամ անարգել իմ Արքայիս՝ որ զիս փրկած է»: Տակաւին, Սրբոց Վարդանանք՝ մեր հերոսները, որոնք չվարանեցան ըսելու՝ «մենք չենք կրնար թողուլ աստուածներուն Աստուածը եւ տէրերու Տէրը եւ պաշտել արարածները եւ անբանները: Ոչ ոք կրնայ մեզ խախտել ճշմարիտ հաւատքէն՝ զոր ունինք հանդէպ Հօր եւ Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն, ո՛չ դեւերը եւ ոչ մարդիկ, ո՛չ տանջանքները եւ ոչ մահը»: Ի՜նչ սէր եւ ի՜նչ նուիրուածութիւն ու կապուածութիւն, աւելին, ի՜նչ վստահութիւն ու հաւատարմութիւն: Սուրբ Հռիփսիմեանց Կոյսերը, Սուրբ Պօղիկարպոսն ու Սուրբ Վարդանանք օրինակներն են այն բազմաթիւ նուիրեալներուն, որոնք իրենց հաւատքը, իրենց Աստուածն ու Տէրը չեն ուրացած եւ չեն վախցած ո՛չ սպառնալիքէն, ո՛չ տանջանքէն եւ ոչ ալ ամէն տեսակի բարբարոսութիւններէ ու նեղութիւններէ եւ անգամ մահէն, որովհետեւ անոնք լաւ հասկցած էին Տիրոջ խօսքերը, չվախնալու անոնցմէ, որոնք մարմինը կրնան սպաննել միայն, այլ՝ վախնալ Աստուծմէ, որ մարմինը սպաննելէ ետք նաեւ իշխանութիւն ունի մեզ դժոխք նետելու՝ յաւիտենապէս սպաննելու:

Մարդիկ, կրնան նեղել, սպառնալ ու նոյնիսկ սպաննել մեզ, բայց եթէ մեր ներսիդին ունինք զԱստուած եւ Անով կ՚ապրինք, ինչքան ալ նեղեն, ինչքան ալ տանջեն, ինչքան ալ սպառնան, մեր մէջ բոյն դրած Աստուծոյ սէրը այդ բոլորը կը յաղթահարէ եւ կը զօրացնէ մեզ դիմանալու եւ համբերելու այդ բոլոր նեղութիւններուն, յանուն յաւիտենական երանութեան եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելելու:

Քաղելիք դասը. Մարդիկ ինչքան եւ ինչ բանով ալ որ նեղեն ու սպառնան մեզի, եթէ մենք Աստուծմով զօրացած ենք, ո՛չ մէկ բան կրնայ մեզ զատել Աստուծմէ կամ ընկճել ու խանգարել մեր ընթացքը դէպի յաւիտենականութիւն:

ՄԵՐ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ

«Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին» (Ղկ 16.9):

Տէր Յիսուս կը թելադրէ մեզի աշխարհիկ հարստութիւնը գործածել «այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը» կարենանք շահիլ: Արդարեւ, ճշմարիտ քրիստոնեան, աւելին՝ Աստուածաշունչ կարդացող ճշմարիտ քրիստոնեան, շատ լաւ գիտէ, որ մենք՝ մարդիկս, ժամանակաւորապէս հանգրուանած ենք այս աշխարհին մէջ, եւ այն ինչ՝ որ այս աշխարհի օրէնքներուն համաձայն մեր սեփականութիւնը կը համարուի, խորքին մէջ ո՛չ թէ մեր սեփականութիւնն է, այլ՝ մեր խնամիքին յանձնուած է, որոշ ժամանակամիջոցի մը համար: Սխալ է կարծել, որ մենք մեր սեփական կարողութիւններով կրնանք հարստութիւն դիզել՝ եթէ Աստուած արտօնած չըլլայ մեզի: Շատեր կրնան ըսել, լաւ, իսկ այն բազմաթիւ մարդիկը, որոնք անիրաւ ու անօրէն կերպով տիրացած են հարստութեան, դարձեա՞լ Աստուծոյ թոյլտուութեամբ եղած է: Պատասխանը Երանելի Յոբին մօտ է: Աստուած թոյլ տուաւ սատանային, որպէսզի փորձութեան մատնէ Յոբը: Նոյն կերպ ալ Աստուած ամէն ինչ տեսնող ու մարդոց իւրաքանչիւր շարժումն ու մտածումը գիտցող ըլլալով, կը տեսնէ բոլոր մարդոց գործածները, թոյլ կու տայ բոլորին, որովհետեւ մեզի ազատ կամք տուած է: Սակայն, պէտք է լաւ գիտնանք, թէ ո՛չ մէկ անիրաւութիւն եւ անօրէնութիւն անպատիժ կը մնայ:

Գալով մեր խնամքին յանձնուած հարստութեան, սեփականութեան եւ ամէն ինչին: Տիրոջ թելադրութիւնը յստակ է: Պէտք է մեր հարստութիւնը օգտագործենք, շահելու համար Աստուծոյ բարեկամութիւնը եւ յաւիտենական յարկեր ընդունման տոմսը ապահովելու համար: Սակայն, ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիլ եւ յաւիտենական յարկերէն ներս ընդունման տոմսը ապահովել: Պատասխանը պարզ եւ դիւրաւ գործադրելի է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մր 12.31), եւ՝ «ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ» (Մտ 9.13): Սիրել մեր ընկերը, որ է՝ մեր նմանը եւ ողորմութիւն ընել բոլորին անխտիր: Այս երկուքը՝ սիրելն ու ողորմիլը ի՜նչ ուժեղ կերպով կը ներկայացնէ մեզի Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը, ըսելով. «Ով որ միայն ինքն իր համար կ՚ապրի եւ ուրիշները կը քամահարէ, այդպիսին ի զուր կ՚ապրի, այդպիսին նոյնիսկ մարդ չէ, մեր ցեղէն չէ»: Թէ՛ սէրը եւ թէ ալ ողորմութիւնը մեր ունեցած հարստութիւններն են եւ զանոնք օգտագործելը՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին կամեցողութեան ձգուած է: Այլեւս, մեզի կը մնայ զանոնք օգտագործելով Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիլն ու յաւիտենական յարկեր ընդունման տոմսը ապահովելը, կամ՝ հակառակը, թշնամանալ Աստուծոյ հետ եւ յաւիտենական դժոխքի տոմսը ապահովելը աշխարհիկ հարստութիւնը ժխտական կերպով օգտագործելով:

Քաղելիք դասը. Մեզի յանձնուած ամէն բան պէտք է օգտագործենք՝ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահելու եւ յաւիտենական յարկերէն ներս ընդունման տոմսը ապահովելու համար:

«Աստուած կը ներէ անոր՝ որ մարդու Որդիին դէմ կը խօսի. բայց բնաւ պիտի չներէ անոր՝ որ Սուրբ Հոգին կը նախատէ, որովհետեւ ըրածը հայհոյութիւն է» (Ղկ 12.10):

««Աստուած կը ներէ անոր՝ որ մարդու Որդիին դէմ կը խօսի»:

Շատ բաներ ըսիք իմ մասիս, թէ մոլորեցուցիչ է եւ Աստուծոյ հակառակ: Ներելի է այդ, եթէ ապաշխարութեամբ դարձի գան, ինչպէս անոնցմէ շատերը, որոնք այդ բանը ըսին եւ հաւատացին, եւ ներուեցաւ անոնց, եւ վերջապէս՝ ինչպէս էր պարագան առաքեալներու գլուխին [Պետրոս Առաքեալին]:

«Բայց բնաւ պիտի չներէ անոր՝ որ Սուրբ Հոգին կը նախատէ, որովհետեւ ըրածը հայհոյութիւն է»:

Իսկ ով որ Աստուծոյ Հոգին դեւերու իշխան կը կոչէ, այդ պատճառով անոր ներում պիտի չըլլայ, եւ թէ՛ այստեղ ու թէ՛ այնտեղ տոկոս պիտի տայ: Որովհետեւ այս հայհոյութեամբ սատանան անոր թոյլ չի՛ տար անոնց ապաշխարութեամբ դարձի գալու: Իսկ անոնք որոնք գիտակցաբար հայհոյեցին, ըսաւ. «Բնաւ պիտի չներէ անոր»: Յուդա Իսկարիոտացին վկայ է, որովհետեւ անոր հոգիին ապաշխարութիւնը ընդունելի չեղաւ, քանի որ զինք դեւերու կցորդ ըրին, եւ դեւին համար քաւութիւն չկայ ո՛չ այս աշխարհին մէջ եւ ոչ ալ այնտեղ:

Արդ, այդպիսիները դեւերէն աւելի անէծքներ պէտք է ընդունին, որովհետեւ գիտէին, թէ այդ հայհոյութիւնը առանց թողութեան է, [իսկ իրենք] յանդգնութեամբ կը գործէին:

Իսկ մենք, որ ուղիղ կերպով փառաւորել սորվեցանք, ամբողջ պատիւն ու երկրպագութիւնը կը պահենք Սուրբ Հոգի Աստուծոյն, Հօր եւ Որդիին հետ խոստովանելով, որպէսզի ճշմարիտ այս խոստովանութեան միջոցով, հաւատալով Սուրբ Հոգիին՝ մենք մեզ Սուրբ Երրորդութեան տաճար դարձնենք: Որովհետեւ, ով որ Սուրբ Հոգիին խոստովանութիւնը թերի եւ անկատար կերպով կը կատարէ, ինքզինք Սուրբ Երրորդութենէն կը հեռացնէ, եւ առանց թողութեան ինքզինք հայհոյութեան դատապարտութեան կ՚ենթարկէ: Մեծ հայհոյութիւն է Սուրբ Հոգին ամէն ինչով կատարեալ չխոստովանիլ Հօր եւ Որդիին հետ, հրաժարելով ամէն հերձուածներէն: Ճշմարիտ եւ ուղիղ հաստատութեամբ սորվեցանք խոստովանութիւնը՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին» (Սարգիս Կունդ):

Քաղելիք դասը. Սուրբ Երրորդութիւնը չբաժնել իրարմէ՛ մէկը միւսէն առաւել կամ նուազ համարելով, որովհետեւ Սուրբ Երրորդութիւնը մէ՛կ է, մէ՛կ Աստ-ւածութիւն, մէ՛կ կամք, մէ՛կ իշխանութիւն, մէ՛կ զօրութիւն, մէ՛կ տէրութիւն, որուն փառք յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

«Ով որ Ինծի հետ չէ՝ Ինծի հակառակ է. ով որ Ինծի հետ չի հաւաքեր՝ կը ցրուէ» (Մտ 12.30):

«Այս խօսքով սատանային հետ ունեցած Իր կատարեալ անմիաբանութիւնն ու թշնամութիւնը կը նշէ: Որովհետեւ Ես կ՚ուզեմ, կ՚ըսէ, [մարդոց] Աստուծոյ մօտեցնել, առաքինութիւն սորվեցնել եւ արքայութիւն պարգեւել, իսկ սատանան եւ դեւերը՝ ասոր հակառակը: Հետեւաբար «ով որ ինծի հետ չի հաւաքեր» մարդիկը, ինչպէ՞ս կրնայ Ինծի հետ ըլլալ եւ կամ ալ Ինծի հետ գործակցիլ, որ ո՛չ միայն չի հաւաքեր, այլ՝ հաւաքաուածներն ալ կը ցրուէ: Ես եկայ Ադամի ցրուած որդիները հաւաքելու աստուածպաշտութեան կրօնքի մը մէջ, իսկ ան (սատանան) կռամոլութեան զանազան պաշտամունքներու մէջ կը ցրուէ. ուստի, Ինծի հակառակ է եւ Ինծի հետ չէ:

Նաեւ, ով որ [մարդիկը] Քրիստոսի ճշմարիտ խօսքով կը հաւաքէ, այդպիսին չի՛ կորսնցներ, այլ՝ Տիրոջ մօտ կը բերէ [զանոնք], իսկ ով որ առանց [Քրիստոսի] խօսքի եւ իմաստութեան լոյսին կը հաւաքէ, այդպիսին Տիրոջ հետ չէ, այլ՝ Անոր ուսմունքը ցրուող: Տակաւին, ով որ հաւատքով Ինծի չի՛ միանար, ուղղակի սատանայ է, եւ ով որ գործերով Ինծի հետ չի հաւաքեր, դեւերուն հետ կը ցրուէ իր հոգին, որովհետեւ սատանան նաեւ Դիա՛պոլոս կը կոչուի, որ կը նշանակէ «ցրուած»» (Յովհաննէս Ծործորեցի):

Քաղելիք դասը. Մեզմէ իւրաքանչիւրին ազատ կամքին յանձնուած է Տիրոջ հետ հաւաքել կամ դեւերուն հետ ցրուել՝ կորսնցնել: Եթէ կ՚ուզենք Տիրոջ հետ ըլլալ յաւիտեան, հետեւաբար այսօրուընէ պէտք է սկսինք Տիրոջ հետ հաւաքել, Անոր հետ ըլլալու համար յաւիտեան: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021