ՊԱՏԻԺ՝ ԲԱՐԻ ԳՈՐԾԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ…
Մեր տան դարձդարձիկ աստիճաններէն երբ իջնենք՝ առաջինը Սաթոյին եւ Մարիամին սենեակն էր, յետոյ հօրաքրոջս տունը եւ անոր կողքին պզտիկ խոհանոցով սենեակի մը մէջ տիկին Զարուհին կ՚ապրէր իր աղջկան՝ Արշալոյսին հետ։
Ետեւ-ետեւի բարի լոյսեր բաշխելով կը հասնէի դպրոց։
Նոյնն էր եւ այդ առտուն.
-Բարի լոյս տիկին Զարուհի…
-Անուշ աղջիկս, ինչ կ՚ըլլայ Արշամէն կաթ բեր ինծի, Արշալոյսը արդէն գործի գացեր է, հեւալով ըսաւ տիկին Զարուհին։
Թէեւ հինգ վայրկեան միայն ունէի դպրոց հասնելու, բայց ինչպէս մերժէի… Ամէն բանէ առաջ ծեր կին մըն էր խնդրողը, դրացուհի մը, յետոյ տիկին Զարուհին որբանոցի աղջիկ էր, մօրական մեծ մօրս հետ որբանոցի քոյրեր էին, որոնք Վանէն հասած էին Երուսաղէմ, ծնողքէ զրկուած մանկութիւն ապրած էին միասին։ Թերեւս հարիւր անգամ մեծ յուզումով լսած եմ, թէ ութ տարեկան էր միայն երբ աչքերուն առջեւ մայրը կը սպաննեն։ Ինչպէս բաժնուէր մեռած մօրմէն, կը նստի դիակին քով հրաշքի սպասելով, որ մայրը կը կենդանանայ։ Յետոյ ձայներ կը լսէ, տեղական լեզուով կը խօսէին, շունչը բռնած կը պահուըտի մեռելներուն տակ, աւելի ճիշդը մօր դիակին փաթթուած։
-Մօրս կուրծքէն հոսած արեան մէջ մատներս թաթխեցի եւ երեսիս քսեցի, որ հաւատան թէ մեռած եմ։ Երեք անգամ գիշեր եղաւ եւ երեք անգամ արեւը ծագեցաւ, ես դեռ հոն անօթի նստած կու լայի… Քանի անգամ ինքզինքս մեռած ձեւացուցի, մինչեւ հայերէն լսեցի, մեզի նման տուներնէն-տեղերնէն բռնի տեղահանուած բախտակիցներ դժուարութեամբ մօրս դիակէն բաժնեցին զիս եւ իրենց հետ տարին։ Ութ տարեկան էի։
Կրնա՞ս մերժել տիկին Զարուհիին խնդրանքը։
Աւելի արագ ըլլալու համար, դպրոցական ծանր պայուսակս տիկին Զարուհիին դուռին առջեւ դրի եւ պարոն Արշամէն կաթ բերելու սուրացի։
-Անուշ աղջիկս պութակազս ինչո՞ւ չի վառիր։
-Տիկին Զարուհի պութակազը չէ, լուցկիիդ տուփը թրջուեր է։ Մէկ վայրկեան սպասէ։
Վազեցի հօրաքրոջս տունը։
-Սիր (հօրաքրոջս՝ իր փափաքով այդպէս կը կանչէինք) շատ արագ լուցկի կ՚ուզեմ, յետոյ կը բացատրեմ, դպրոցէն ուշացած եմ։
Պութակազն ալ վառեցի եւ տիկին Զարուհիին օրհնութիւնը ականջիս մէջ, ամէն մէկ քայլս մէկ մեթր նետելով հասայ դպրոց։
Առաւօտեան աղօթքէն կ՚ելլէին արդէն։ Ուշացած էի, բայց հանգիստ էի, չէ՞ որ բարի գործի մը համար ուշացած էի։ Ինչպիսի՜ հպարտութեամբ պիտի ներկայացնէի ուշանալուս պատճառը։
-Ուսուցչարանին առջեւ ինծի սպասէ, հրահանգեց աղջիկներուն պատասխանատու ուսուցչուհին։
Հնազանդեցայ, ուրիշ ի՞նչ կրնայի ընել։
-Ինչո՞ւ ուշացար։
-Օրիորդ, տիկին Զարուհին կաթ ուզեց, չէի կրնար մերժել։
-Օ՜, տիկին Զարուհիին կաթը քու դպրոցէդ աւելի կարեւոր է ուրեմն։
-Այդպէս չըսի, պարզապէս օգնել ուզեցի։
-Օ՜, ուրեմն օգնող ես…
-Այդպէս ալ չըսի, ծեր կին է, կարծեմ բարի գործ մը ըրի…
-Օ՜, հիմա ալ բարեգործ դարձար ուրեմն…
-Ոչ օրիորդ, բայց եթէ դուք կ՚ըսէք, որ բարեգործ եմ՝ թող այդպէս ըլլայ…
-Զբօսանքին չես իջներ եւ վարքէդ տասը նիշ պիտի իջեցնեմ։
Հպարտութիւնս կը զսպէր արցունքներս։
-Լաւ, զբօսանքի չեմ իջներ, բայց վարքը ի՞նչ կապ ունի ասոր հետ։ Անկիրթի մը վարքէն տասը նիշ կ՚իջեցնեն։ Ես ի՞նչ անկիրթ բան ըրի։
-Յաջորդ շարադրութիւնդ «Բարի գործիդ» մասին կը գրես։
Աստուած իմ…
Ամիս մը առաջ դասարանով պատժուած էինք։ Պատճա՞ռը։ Քանի մը օր սաստիկ անձրեւ տեղացած էր։ Այդպէս են Երուսաղէմի ձմեռները, ձի՞ւն՝ շատ հազուադէպ, խենթի նման կը սպասէինք ձիւնի, որ դպրոց չերթանք. դպրոց չէինք երթար, բայց ամբողջ ժամանակը ձիւներուն մէջ կը խաղայինք։ Այդ տեղատարափ անձրեւին բնականաբար դասարանները պիտի մնայինք։ Դասընկերներով որոշեցինք մէկը հաց, միւսը՝ պանիր, մէկ ուրիշը թէյ, միւսը թէյնիկ պիտի բերէինք, որպէսզի յաջորդ օրը զբօսանքին դասարանին մէջ վառարանին վրայ տաքցնենք եւ ուտենք։ Բախտերնիս ալ ժպտաց, ուսուցիչ մը բացակայեցաւ, եւ մենք այդ ազատ պահուն արդէն թէյնիկը դրած էինք վառարանին վրայ, յետոյ հացը տաքցուցինք պանիրով եւ վառարանին շուրջը նստած՝ համով-հոտով կերանք։
Քիթերնէս եկաւ…
Տեսուչին դասարանները այցելելը միտքը ինկաւ եւ բռնեց մեզ «Դարու աններելի ոճիր»ին ժամանակ՝ դասարանին մէջ կ՚ուտէինք։ Անշուշտ հաց ու պանիրը թէյնիկին հետ գրաւուեցաւ, եւ մենք՝ «ոճրագործ»ներս պատժուեցանք։
Մեր հսկիչ ուսուցչուհին տեսուչին աչքին լաւ երեւնալու համար «Արժանի էք» շպրտեց մեր երեսին։
Այդ շաբաթ Յակոբ Օշականի «Հայ գրականութիւն» դասագիրքէն Մինաս Չերազի «Օհան րէիզ» դասը անցած էինք, որպէս շարադրութիւն հայերէնի ուսուցիչնիս «Անարդար վճիռ մը» վերնագրով շարադրութիւն տուաւ մեզի, ես ալ մեր «Արդար հաց պանիրին անարդար մարսողութիւնը» գրեցի…
Փաստօրէն այդպիսի անարդար վճիռ մըն ալ չհասկցուած բարի գործիս համար տրուեցաւ։
Բան չէ փոխուած ու չի փոխուիր կեանքի մէջ։ Բայց, ինչ ըսեմ, մանրուքներով պէտք չէ զբաղիլ…
Ամէն բան անցաւ, իրենք ալ անցան՝ Աստուած հոգինին լուսաւորէ։ Մենք շա՜տ հաց-պանիր կերանք, շա՜տ թէյի համար ջուր եռացուցինք վառարանին վրայ։ Ի՞նչ մնաց՝ տիկին Զարուհիին օրհնութիւնը եւ այս պատմութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ