Շիրակի Մարզի Երերոյքի Տաճարը
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը նպատակ ունի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ներկայացնել Երերոյքի տաճարը:
Այս մասին, «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Արեւ Սամուէլեան։ Ան ընդգծած է, որ ցանկութիւն կայ ներկայացնելու նաեւ Դուինը, որ նոյնպէս շատ կարեւոր արժէք է համաշխարհային նիւթական մշակոյթի ժառանգութեան մէջ ներառուելու համար: «Կ՚ուզենք ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան գոյք հանդիսացող Հաղպատի վանքի եւ Սանահինի վանական համալիրի յայտին մէջ աւելցնել նաեւ Սանահինի կամուրջը: Սակայն ատիկա երկար գործընթաց է եւ կրնայ տարիներ տեւել», նկատած է փոխ-նախարարը:
Խօսելով Երեւանի մէջ գտնուող իրանական Կապոյտ մզկիթին մասին՝ ան ըսած է, որ նախարարութիւնը քանի մը ամիսէ ի վեր զայն ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառելու հարցին շուրջ կը բանակցի իրանական կողմին հետ, սակայն դեռ յստակ համաձայնութիւն չէ եղած: Դեռ անցեալ դարու 90-ական թուականներուն՝ հայկական եւ իրանական կողմերը կնքած են առեւտրատնտեսական եւ ճարտարագիտական համագործակցութեան համաձայնագիր, աւելի ուշ՝ փոխըմբռնման յուշագիր, որոնց հիման վրայ «Կապոյտ մզկիթ»ը մինչեւ 1998 թուականը մասնակիօրէն վերականգնուած ու նորոգուած է եւ իբրեւ Իրանի մշակութային կեդրոն օգտագործման յանձնուած՝ Հայաստանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութեան:
Փոխ-նախարարը անդրադարձած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան: «Իւրաքանչիւր երկիր երկու տարին անգամ մը իրաւունք ունի յայտ ներկայացնելու ԻՒՆԷՍՔՕ-ին: Այս տարի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ «Քոչարին» ընդգրկելը մեր օրակարգին վրայ է», նշած է Սամուէլեան:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ արդէն ներառուած են Հայաստանի ներկայացուցած չորս մշակութային արժէքներ՝ «Տուտուկն ու անոր երաժշտութիւնը», «Խաչքարի արուեստ. խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը», «Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ» ժողովրդական դիւցազնավէպը, «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ»:
Սամուէլեանի խօսքով՝ նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը, որ կը ներկայացուի ԻՒՆԷՍՔՕ-ին, պէտք է համապատասխանէ յատուկ չափանիշներու: «Գիտնականներ, տարբեր ոլորտներու մասնագէտներ կ՚աշխատին զանոնք ընտրելու պահուն: Ընդգծեմ, որ չափանիշները կը փոխ-ւին», ըսած է Արեւ Սամուէլեան:
Երերոյքի տաճարը Շիրակի մարզի Անիպեմզա գիւղի արեւելեան եզրին է՝ ոչ մեծ բարձունքի վրայ: Երերոյքը (Երերուաց) պատմական Շիրակ գաւառի գիւղերէն է, որուն անունով ալ յայտնի է տաճարը: Ժ. դարու արձանագրութեան համաձայն (վերծանումը՝ Ն. Մառի) կոչուած է Ս. Կարապետի վկայարան: Ուշ միջնադարուն դարձած է վանք-եկեղեցի՝ Ս. Երրորդութիւն անունով: Յուշարձանը ոչ միայն հայկական դասական ճարտարապետութեան, այլեւ քրիստոնէական վաղ շրջանի կառուցողական արուեստի նուաճումներէն է: Տաճարը Ե.-Զ. դարերուն եռանաւ բազիլիք է՝ արտաքին կամարակապ սրահներով, եզերուած բազմաստիճան գետնախարիսխով: Կառուցուած է Անիի բաց նարնջագոյն տուֆով: Հիմնադրը-ւած է աւելի կանուխ, իբրեւ հեթանոսական մեհեան: Ճարտարապետական յարդարանքը զուսպ ու նրբագեղ է: Քանդակները կատարուած են ոչ մեծ խորութեամբ: Գեղարուեստօրէն մշակուած են արեւմտեան՝ մէկ եւ հարաւային զոյգ շքամուտքերը, միակտուր բարաւորները, լուսամուտները, բեկուածքաւոր եւ ատամնաշար քիւերը, խոյակները, որմնամոյթերու խարիսխները: Պահպանուած են որմնանկարչութեան հետքեր:
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024