ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԳԻՐՔԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս իրերայաջորդ ձեւով ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ կը դնէ՝ բարձր պատմական արժէքով գիրքեր։ Այսպէս, վերջին օրերուն լոյս տեսաւ «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Առաջին աշխարհամարտի եւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան տարիներուն (1914-1920)» խորագրեալ նիւթերու ժողովածոն։ Երկու հատորներէ բաղկացեալ այս հրատարակութիւնը ձօնուած է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հռչակման 100-ամեայ յոբելեանին։
Առաջին հատորին մէջ ներկայացուած են 393 փաստաթուղթեր, որոնք կը ներկայացնեն 1914 թուականէն՝ Առաջին աշխարհամարտի սկիզբէն մինչեւ 1917 թուականի Փետրուարը զուգադիպած ժամանակաշըր-ջանի իրադարձութիւնները։ Հրատարակուած փաստաթուղթերը կը պահպանուին Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ։ Փաստաթուղթերը ըստ էութեան ընտրուած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Դիւանին, Սուրբ Էջմիածնի Լուսաւորչական հայոց սինոտին, Կովկասի հայոց բարեգործական ընկերութեան, Երեւանի հայոց հոգեւոր թեմակալ կառավարութեան կից «Եղբայրական օգնութեան» կոմիտէի, Սուրբ Էջմիածնի Եղբայրական օգնութեան կարգադիր յանձնաժողովի ֆոնտերէն։ Երկրորդ հատորին մէջ ընդգրկուած են 456 փաստաթուղթեր, որոնք կը ներկայացնեն 1917 թուականի Մարտէն մինչեւ 1920 թուականի վերջաւորութիւնը համընկնած ժամանակի իրադարձութիւնները։ Հրատարակուած փաստաթուղթերը կը ներկայացնեն տուեալ ժամանակահատուածէ ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ առանձին հոգեւորականներու դերն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի եւ Հայաստանի կառավարութեան փոխյարաբերութիւնները։
Գրեթէ բոլոր փաստաթուղթերը, որոշ բացառութիւններով, կը հրատարակուին առաջին անգամ, բնագրի լեզուով՝ մասնակի ուղղագրական եւ կէտադրական շտկումներով։
Այս երկու հատորներն ալ հրատարակուած են մեկենասութեամբ Մայր Աթոռի միաբան Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեանի՝ ի յիշատակ հոգելոյս եղբօր՝ Աստուածատուր Աւետիքեանի։
Բաց աստի, Մայր Աթոռի հրատարակչական բաժնէն լոյս տեսաւ նաեւ «Ս. Էջմիածնի 1917 թուականի եկեղեցական համագումարը» գիրքը։ Նոյնպէս Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 100-ամեայ յոբելեանին ձօնուած է այս գործը, որու հեղինակն է պատմաբան Փրոֆ. Վահան Մելիքեան։
Այս գիրքին մէջ ընթերցողի ուշադրութիւնը կը հրաւիրուի պատմական այդ բախտորոշ փուլին մէջ՝ 1917 թուականին Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած եկեղեցական համագումարի դերակատարութեան լուսաբանման վրայ։ Առանձնայատուկ կերպով կը ներկայացուի 1917 թուականի ամրան Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած եւ իր բնոյթով բացառիկ ու եզակի համագումարը, այնտեղ օրակարգի վրայ եկած հարցերով, ինչպէս նաեւ արեւմտահայութեան եւ եկեղեցւոյ համար կենսական նշանակութեամբ ներքին բարեփոխումներու հիմնախնդիրներով հանդերձ։
Այս աշխատութիւնը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։