«ԵՐԱԶԷՆ ԱՆԴԻՆ» ԵՐԿՀԱՏՈՐԵԱԿԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան ինքնատիպ ձեռագիր ունեցող սփիւռքահայ ժամանակակից բանաստեղծներէն մին է: Ան սկսած է ստեղծագործել 1980-ական թուականներուն, անոր քերթուածները տեղ գտած են սփիւռքահայ մամուլին մէջ, ինչպէս նաեւ հրատարակած է երեք քերթողագիրքեր, որոնք լոյս տեսած են Պէյրութ: Խաչիկ Տէտէեանի վերջին գիրքը՝ «Երազէն անդին» երկհատորեակը, լոյս տեսած է Երեւանի մէջ, փրոֆ. Երուանդ Տէր-Խաչատուրեանի խմբագրութեամբ եւ յառաջաբանով։

Հատորները կ՚ամփոփեն հեղինակին՝ անցեալին լոյս տեսած քերթուածները եւ վերջին տարիներու անտիպները՝ սիրոյ, երազի, ցասումի, պայքարի եւ այսօրուայ մարդը յուզող բազմաթիւ այլ նիւթերով բանաստեղծութիւններ, զորս հեղինակը գրած է արտացոլելով նաեւ սփիւռքի մէջ գործող մտաւորական մարդու ապրումները, առ հայրենիք ունեցած զգացումները եւ անցեալէն եկող ու դէպի ապագայ միտուած ուղին:

Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Երազէն անդին» նորատիպ երկհատորեակին շնորհանդէսը, ներկայութեամբ հեղինակին եւ պէյրութահայ եւ հայրենի մտաւորականներու:

Շնորհանդէսէն ետք առիթն ունեցանք Խաչիկ Տէտէեանին հետ զրուցելու, որու ընթացքին խօսեցանք ոչ միայն գրականութեան, այլեւ՝ այն մտահոգութիւններուն մասին, որոնք այս օրերուն պատած են բոլորս:

*

-Պարոն Տէտէեան, ի՞նչ զգացողութիւն է սփիւռքահայու համար՝ հայրենիքի մէջ գիրք հրատարակել եւ շնորհանդէս կատարել:

-Երբ իմ գիրքերս կը հրատարակուէին Լիբանանի մէջ, փափաք մը ունէի, որ անպայման նաեւ Հայաստանի մէջ, մայր հողին վրայ լոյս ընծայեմ գիրք մը: Եւ բանաստեղծութիւններու այս երկու հատորը, որոնք պատրաստուած են փրոֆ. Երուանդ Տէր-Խաչատուրեանի քաջալերանքին եւ իր անմիջական հսկողութեան շնորհիւ եւ իր այդ խնամքով ալ լոյս տեսան, ահաւասիկ, հասան նաեւ հայրենի ընթերցողին: Շնորհանդէս կատարելով Հայաստանի մէջ, հիմնական նպատակս էր, որ նաեւ հայրենի ժողովուրդին իմ տագնապներս ու մտահոգութիւններս հասնին, հոս ալ ընթերցողը ծանօթանայ իմ բանաստեղծութիւններուս, որոնք զերծ չեն այդ ապրումներէն:

Խորհրդանշական իմաստ մը ունի հաւանաբար այդ մէկը եւ կը կարծեմ, որ փափաքս իրագործեցի: Ուրախ եմ, որ հատորները գեղեցիկ կերպով ներկայացուեցան:

-Ի՞նչ տրամադրութիւններով եկաք Հայաստան: Մեր ապրածին հանդէպ ընդհանուր տագնապ մը, մտահոգութիւն մը կա՞յ նաեւ սփիւռքի մէջ այս օրերուն:

-Մենք սփիւռքի մէջ մտահոգ ենք Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակով: 44-օրեայ պատերազմը մեզ իրապէս տագնապի մղեց: Որքան ալ որ «Յաղթելու ենք» լոզունգը կը խանդավառէր մեզ, յոյս կը ներշնչէր, որ մենք անպայման պիտի յաղթենք, բայց այն պարտութիւնը, որ մենք կրեցինք, իրապէս ցնցիչ էր եւ մեծ հոգեկան բեկում յառաջացուց ամբողջ սփիւռքին մէջ: Ես անոնցմէ եմ, որ իրապէս տագնապեցայ իւրաքանչիւր օր եւ ամէն օր նաեւ կը տագնապիմ այսօրուայ իրավիճակով, պարզապէս մէկ բառով ըսեմ, որ մտահոգ ենք:

-Ի՞նչ ելքեր կը տեսնէք, ի՞նչ սպասումներ ունիք:

-Ես չեմ կարծեր, թէ քաղաքականութենէ լաւ կը հասկնամ, սակայն երեւոյթները, կամ այն ինչ որ կը լսենք շրջապատէն, ժողովուրդէն, բոլորն ալ, վերիվարոյ, նոյն բաները կը յուշեն, կ՚ըսեն, որ այսօր ընթացքը ի նպաստ մեզի չէ, այսինքն, օտարներու ազդեցութիւնը այսօրուայ եղածին մէջ մեծ է եւ ատկէ ելլելով ալ մեր ղեկավարութիւններուն, իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը հայանպաստ, հայաստանանպաստ չէ: Այսպիսի բաներ կը լսենք եւ ատիկա գետնի վրայ արդէն կ՚երեւի. կը տեսնենք, որ Հայաստանը նոյնը չէ, ինչ որ էր 44-օրեայ պատերազմէն առաջ: Ոգի մը կար, որ այսօր ընկճուած է, բեկում մը կայ…

-Լիբանանահայերը Հայաստանով կը մտահոգուին, բայց իրենց մտահոգութիւններն ալ վերջ չունին, ինչպէ՞ս է այսօր համայնքին վիճակը:

-Լիբանանը իր պատմութեան ամենադժնդակ եւ դժուարին պայմանները կ՚ապրի: Հակառակ պատերազմի բոլոր տարիներուն, լիբանանցին միշտ տոկուն եղած էր, լիբանանահայ գաղութը իր կարգին միշտ տոկուն եղած է, պատնէշի վրայ մնացած է, սակայն այսօրուան պայմանները այնպիսի կացութիւն մը ստեղծեցին, որ թէ՛ դրամական, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ քաղաքական անորոշութիւն կ՚իշխէ, անյոյս իրավիճակ է, ժողովուրդը տագնապի մէջ է, տնտեսական լրջագոյն դժուարութիւներու առջեւ է, գաղութը մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ է: Սակայն այս խնդիրներուն զուգահեռ, միշտ կ՚ըսենք նաեւ, որ լիբանանահայը, լիբանանցին ընդհանրապէս, վարժուած է շրջանցել բոլոր դժուարութիւնները: Ես կը կարծեմ, որ մենք կարո՛ղ ենք շրջանցել այս տագնապն ալ, պարզապէս ժամանակի կը կարօտի: Եթէ մեր քաղաքական ղեկավարութիւններուն կողմէ քիչ մը խոհեմութիւն եւ միասնականութիւն ըլլայ, կը կարենանք աւելի հեզասահ կերպով, կարճ ժամանակի մէջ այս դժուարութիւններէն դուրս գալ:

-Պատերազմէն առաջ լիբանանահայութեան հայեացքը ուղղուած էր Հայաստան, մեծ խումբ մը կար, որ կ՚ուզէր Հայաստան գալ, հաստատուիլ. մարեցա՞ւ այդ ալիքը:

-Ճշգրիտ չեմ կրնար ըսել այսօր ինչ ընդհանուր տրամադրութիւններ կան՝ Հայաստան գալու առումով, բայց գիտեմ, որ տարի մը առաջ, այո, շատ լիբանանահայեր կ՚ուզէին գալ, հաստատուիլ եւ շատերը արդէն այդ հաստատուելու ընթացքին մէջ էին, տուներ առած էին: Միայն մասնաւոր դէպքեր գիտեմ, որ հակառակ այս իրավիճակին, կան մարդիկ, որ պիտի գան, իսկ կան մարդիկ, որ եկած են: Ես հոս՝ Հայաստանի մէջ այս մէկ շաբթուան ընթացքին մարդիկ տեսայ, որ չէի կարծեր, թէ հոս են, բայց արդէն եկած են, պատերազմէն յետոյ կ՚ապրին Հայաստանի մէջ: Լիբանանի սուր տագնապին եւ անորոշ վիճակին միջեւ երբ բաղդատական կը դնեն, երբեմն նաեւ կը նախընտրեն Հայաստանը, հայրենիքը, որպէս յարաբերաբար աւելի լաւ պայմաններու մէջ գտնուող երկիր մը: Թէեւ ես լսած եմ նաեւ, որ որոշներ, որոնք հոս հաստատուած էին շատ կարճ ժամանակով, վերադարձած են Լիբանան կամ Սուրիա: Ամէն ինչ կայունութեան հետ առընչուած է, Հայաստանի մէջ եթէ կայուն իրավիճակ մը ստեղծուի, վստահ եմ, որ շատեր կու գան:

-Վերջին մտահոգութիւնները, նաեւ պատերազմէն ետք կորուստի, ցաւի ապրումները տեղ գտա՞ծ են ձեր ստեղծագործութիւններուն մէջ:

-Նոր լոյս տեսած վերջին գիրքերս պատերազմէն առաջ հրատարակուած են, անոնց մէջ սիրոյ եւ մարդկային այլ զգացումներու կողքին կան Լիբանանն ու Հայաստանը եւ այս երկուքը պատած տագնապները, որոնք որոշ առումով նաեւ համամարդկային տագնապներ են, առհասարակ համամարդկային բոլոր ապրումները իմ գրութիւններուս կիզակէտը եղած են: Ես մարդկութեան դիմագրաւած հարցերուն առումով տագնապած եմ իւրաքանչիւր օր, պատերազմներուն բերած յոյզերը, տառապանքը իմ մէջս զօրաւոր եղած է: Ատոնք արտայայտած եմ գործերուս մէջ, որոնք արդէն լոյս տեսած են: Ունիմ անտիպներ, որոնց մէջ են նաեւ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին ունեցած իմ զեղումներս: Գրողը, ստեղծագործ էութիւնը, երբեք անտարբեր չի կրնար մնալ այդ բոլորէն եւ իմ գրականութեանս մէջ արտացոլուած է: Նպատակ ունիմ անտիպներս, որոնք պարբերաթերթերու մէջ նոր լոյս տեսած են, յառաջիկային երրորդ հատորի մը մէջ ամփոփել, շատ հաւանաբար այդ մէկը նոյնպէս Երեւանի մէջ լոյս տեսնէ եւ այս շարքին երրորդը թերեւս ըլլայ: Բայց չեմ աճապարեր, կ՚ուզեմ այդ մէկը աւելի հասուննայ մէջս եւ ես կարենամ աւելի տարբեր ձեւով մատուցել զայն:

-Հայաստանի մէջ ովքե՞ր են ձեր ընթերցողները, մօտաւոր պատկերացում ունի՞ք:

-Ընթերցումին ձայնը եւ ընթերցուելէն ետք արձագանգը ես շատ բարձր չեմ լսեր: Հայաստանի գրասէր հանրութիւնը, ի մասնաւորի երիտասարդութիւնը, տակաւին ծանօթ չէ իմ գրականութեանս, կամ չ՚ուզեր հաղորդուիլ կամ գրականութեան հանդէպ մօտեցումը տարբեր է: Հաւանաբար սփիւռքահայ ժամանակակից բանաստեղծութիւնը անոնց ներկայացնելու եղանակը ժամանակի պէտք ունի: Բայց որոշ մտաւորական խաւի մէջ, որուն հետ ես հաղորդակցութեան մէջ եմ, կը գնահատեն, կ՚արձագանգեն եւ ես երախտապարտ եմ, շնորհակալ եմ ատոր համար: Հայաստանի հանրութիւնը, քննադատել չըլլայ, բայց գրական հարցերու մէջ աւելի տեղ կու տայ օտարագիր գրականութեան, թերեւս քիչ մը աւելի այսօրուայ աշխարհի թեթեւ գրականութեան հետ աւելի կը հաղորդուի: Հիմա սփիւռքի մէջ յստակ է, որ գրական, մշակութային իմաստով նահանջ կայ, սակայն հայրենիքի մէջ ալ նահանջ կայ եւ ատիկա է տագնապը: Կ՚ուզես, որ գրականութեան, արուեստի, մշակոյթի փառքի օրերը ետ գան եւ մեր բոլորիս փափաքն է այդ մէկը, քանի որ ի վերջոյ հայրենիքը հոգեւոր իմաստ մը ունի մեզի համար, իսկ գրականութիւնը ինքը հոգեւոր երեւոյթ է:

-Սփիւռքի միւս համայնքներէն կը ստանա՞ք արձագանգ: Հիմա համացանցի ճամբով ամէն տեղ կը հասնին նորութիւնները:

-Ես իմ բանաստեղծութիւններս յաճախ այդ ճամբով կը հասցնեմ ընթերցողին, որովհետեւ պարբերաթերթերն ալ նուազեցան: Բայց երբեմն այդպէս ալ կապ չի ստեղծուիր, ընդհանուր մշակութային, գրական կեանքի բացակայութիւն մը կայ ամէնուր: Հոգ չէ, ես կը գրեմ եւ երբեմն չեմ նայիր, թէ մարդիկ կարձագանգե՞ն, կը գնահատե՞ն, կը քննադատե՞ն կամ ոչ. ես իմ գործս կը կատարեմ եւ կ՚ակնկալեմ, որ ժամանակը ինքը ըլլայ լաւագոյն դատաւորը, եթէ գրութիւնը իրապէս արժէք ունի, ան կը բռնէ ժամանակի քննութիւնը:

Ամէն տեղ նահանջ կայ, ամէն տեղ տագնապ կայ, իւրաքանչիւր գաղութ իր մտահոգութիւնները ունի, բայց հայրենիքը այն վայրն է, որ կը միացնէ ամէնքս եւ հայրենիքը ամուր տեսնելը եւ անոր հետ մեր կապը պահելը բոլորիս համար կարեւոր է:

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ

Խաչիկ Տէտէեան ծնած է Պէյրութ, 1961 թուականին։ Ազգային Կիլիկեան վարժարանէն նախնական ուսումը ստանալէ ետք, յաճախած է Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլէճը։ Համալսարանական ուսումը շարունակած է Հայկազեան համալսարանի մէջ՝ հետեւելով պատմաբանասիրութեան ճիւղին, զոր աւարտած է 1984 թուականին։ Նոյն մասնագիտութիւնը շարունակած է Թորոնթոյի համալսարանին մէջ, Գանատա։

Երկար տարիներ գործուն մասնակցութիւն բերած է Հայ Եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ), Համազգային մշակութային միութեան թատերական միաւորի գործունէութեան ու միջեկեղեցական շարժումին։ 1991 թուականին մասնակցած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 7-րդ համաժողովին, Քանպերայի մէջ ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Դպրեվանքէն ներս դասաւանդած է ուսողութիւն եւ անգլերէն լեզու։

Գրական գործունէութիւնը սկսած է ուսանողական տարիներուն։ 2003 թուականին, հրատարակած է «Ուղեւորութիւն դէպի անծանօթը» բանաստեղծութիւններու հատորը, ուր ամփոփուած է երիտասարդական շրջանին գրուած քերթուածներու փունջ մը։ 2008 թուականին, լոյս կը տեսնէ «Դարասկիզբի մտորումներ» բանաստեղծութիւններու հատորը, 2012 թուականին՝ «Խենթ գիշերներու թափառումներ» հատորը։ Աշխատակցած է պէյրութահայ մամուլին: Գրողներու Համահայկական Զ. համաժողովին ընտրուած է Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ։

Խմբագրական եւ թարգմանական գործեր կատարած է. 1983 թուականին, խմբային թարգմանութեամբ, անգլերէն բնագրէն հայերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Ճպրան Խալիլ Ճպրանի «Մարգարէն» երկը՝ հեղինակին ծննդեան 100-ամեակին առիթով։ 1986 թուականին, ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ, խմբագրած է Ռուբէն Սեւակի «Երկեր»ը, ընդարձակ մատենագիտութեամբ մը։ 1988 թուականին, հրատարակած է «Յուշամատեան ՀԵՀՈՄ-ի 25-ամեակին» հատորը՝ կրկին ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի դիւանապետի պաշտօնը կը վարէ 1998 թուականէն ի վեր: Ամուսնացած է Իրմա Գապաքեանին հետ, ունին երեք զաւակներ՝ Փաթիլ, Հրակ եւ Հերա։

ԵՍ, ԴՈՒՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

Գոյներու աստղահոյլին մէջ մխրճուող
Նաւը հատեց վերջին գիծը հորիզոնին,
Ուր աներեւոյթն էր անմեկնելի,
Ձգեց վրձինիս վրայ երանգ մը անսովոր,
Զոր մեքենական գիծեր կը մրոտէ
Հիմա, պաստառին վրայ:
«Բայց ես նկարիչ չեմ», ըսի լռելեայն,
«Ոչ ալ՝ վերացական պատկերներ սիրած եմ երբեւէ».
«Մի՞թէ ես ե՛ս չեմ», գո՞յնն է, վրիպո՞ւմ, թէ՝
Հորիզոնի նաւուն ծուխն է,
Որ կը սփռէ պաստառին վրայ իր հետքը վերջին,
Հոգւոյս սեւ թանաքը տարտղնելով չորսդին:
Մինչ գոյներու աստղահոյլին մէջ գոյներ շա՜տ,
Սրտամօտիկ, ինչպիսին կապոյտը ծաւի երկնքին,
Կանաչը բնութեան կամ թէ
Հնամենի կարմիրը որդան, բայց չէ՜,
Պէտք չեն երեւի,
Ինծի պէտք է հետքն այդ նաւուն, անանցողիկ,
Հետքը, որ պիտի տանի սկզբնակէտին,
Ճշմարիտի ակունքներուն, ծովափին,
Ուրկէ սկսաւ ոդիսականն իմ թերաւարտ,
Ուր կայիր դուն, ես եւ ժամանակն այս՝
Աստղահոյլերու երանգին մէջ առինքնող,
Ուր կը պակսէր անսովոր երանգը, որ գծէր գալիքը,
Անժամանակ,
Որու պատկերին դիմաց ես հիմա միայնակ,
Կը փորձեմ կարդալ մեր ժամանակը թերաւարտ։

2017

ՈՐՈՆՈՒՄ ԼՈՅՍԻ

Ամէն քայլափոխի
Դառնութեան նոյն ոգին
Կը համակէ մեզ:
Նոր օրուան հետ,
Անորոշ ապագայ ուրուագծող
Պատերազմի նոյն արհաւիրքն է,
Որ կը դիմակալենք։
Դաժան ու բիրտ այս ճակատագիրը
Ոչինչ կը խոստանայ վաղուան հաշուոյն,
Բացի նորանոր տառապանքներէ,
Մշտանորոգ սեւ ու թանձր ծուխերէն
Որ կը կրծէ մեր հոգին,
Մեզ կը վերածէ ուղեկորոյս ամբոխի...
Համատարած խաւարին մէջ
Կ՚որոնեմ յուսատու արեւը՝ կալանուած...:

1985

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021