ՀԱՅՈՑ ԱՇԽԱՐՀԻԿԻ ԳԱՐՈՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅՐ ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ
Կեանքէն վաղաժամ հեռացած հայագէտ Վարդան Դեւրիկեանի միակ զաւակը՝ Շողակաթ Դեւրիկեանը, օրերս գրութիւն մը հրապարակած էր, որ այնքան յուզիչ էր եւ խորհրդանշական: Շողակաթ, որ արուեստաբանութիւն կ՚ուսանի եւ յաճախ կ՚այցելէ արտասահմանի նշանաւոր պատմական, արուեստի կեդրոններ, հերթական անգամ Վենետիկ եղած եւ իր հօր՝ Վարդան Դեւրիկեանի ծննդեան օրուան առթիւ ծաղիկներ տարած էր Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի գերեզմանին: Այդ առիթով գրականագէտին դուստրը գրած է.
Վեց տարեկան էի, երբ առաջին անգամ ծնողքիս հետ Վենետիկ գացինք: Հայրիկս Երեւանէն փոքրիկ փունջ մը ծաղիկներ գնած էր՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի գերեզմանին տանելու համար:
Ու ես նշանակութիւնը չհասկնալով կ՚ըսէի.
-Հայրի՛կ, Իտալիա ծաղիկներ չեն աճի՞ր, որ հոստեղէն կը տանինք: Հայրս կ՚ըսէր.
-Հայաստանի հողին աճածը տանինք, որ Հայր Ալիշանը գիտնայ, որ Հայոց աշխարհիկի մէջ գարուն եկած է...
Այս անգամ մինակ գացած եմ, բայց նորէն ծաղիկներ տարած եմ, որպէսզի Հայր Ալիշանը գիտնայ, որ Հայոց աշխարհիկին մէջ գարունը կը շարունակուի…:
Շողակաթ Դեւրիկեան այս գրութիւնը կատարած էր իր հօր ծննդեան 59-ամեակի օրը եւ գրած, որ ան չափազանց վեհ ու երազային հոգի ունեցող հայրիկ էր: «Հայոց աշխարհիկ»ը Ալիշանի նշանաւոր ու արտակարգ գեղեցիկ մէկ տողն է. «Հայո՜ց աշխարհիկ, գարունդ է հասել…»:
Անուանի գրականագէտ, պատմաբան Վարդան Դեւրիկեան կեանքէն հեռացաւ այս գարնան՝ ապրիլ ամսուն, երբ հայոց աշխարհին մէջ դժուար թէ գարուն էր՝ կորուստներով, անորոշութեամբ, խոր տրտմութեամբ… Իր՝ նուիրեալ հայագէտի, հայրենասէրի, այնքան բարի մարդու մահն ալ աւելցուց մորմոքը, որ կը թեւածէ ամէնուր… Բայց անոր յիշատակը վառ է, որ այսօր կենդանի կը պահեն դուստրն ու զինք ճանչցած, սիրած մարդիկ…
Գարունը վերջացաւ հայոց աշխարհի մէջ, դժուար գարուն մըն էր, ինչպէս դժուար էր ձմեռը… Մենք բոլորս յոյսերով կը դիմաւորենք ամառը՝ հայոց աշխարհի վրայ լոյս մը ծագելու մեծ հաւատով:
Յատկանշական է, որ Վարդան Դեւրիկեան Բանասիրական գիտութիւններու իր թեկնածուի աստիճանը ստացած է՝ պաշտպանելով «Ղեւոնդ Ալիշանը եւ հայ հին գրականութիւնը» նիւթը, յետոյ արդէն հայ միջնադարեան գրականութեան թեմայով ստացած է տոքթորական աստիճան:
Հայր Ալիշանի գերեզմանին Շողակաթ Դեւրիկեանի այցն ալ եւ յուշը՝ վեց տարեկանին ծնողքի հետ Վենետիկ այցելած ըլլալու մասին, առիթ դարձան անգամ մը եւս հայեացք նետելու մեր մեծագոյն հայագէտ, պատմաբաններէն Հայր Ալիշեանի եւ հայ մտաւորականութեան կապին, թերթելու այն էջերը, ուր կը կարդանք, թէ ինչպէս հայ մտաւորականներ, արուեստագէտներ, Վենետիկ այցելելով, առիթ կը փնտռէին Մխիթարեան միաբանութիւն ալ այցելել եւ տեսնել ամբողջ կեանքը Հայաստանով ապրած եւ երբեք Հայաստանի մէջ չեղած Նահապետին՝ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանին: Ալիշան իր գրիչով հրաշալի կերպով կերտած էր Հայաստանը: Անոր գրութիւններուն արձագանգը կը հասնէր Հայաստան եւ մշտանորոգ ոգի կը հաղորդէր մտաւորականութեան, որոնք գրիչ կը վերցնէին՝ հայ ժողովուրդի մէջ արթնցնելու ազգային գիտակցութիւնը, մղելու պայքարի եւ ազատագրման: Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի թէ՛ պատմական շունչով գրուած գեղարուեստական գրութիւնները, թէ՛ գիտական եւ պատմական աշխատութիւնները հայրենիքը սիրելու, անոր փրկութեան համար կեանք չխնայելու ինքնատիպ համայնագիտարաններ են, որոնք մինչեւ այսօր կ՚ընթերցուին եւ կը տարածուին:
Հայր Ալիշան նաեւ ծանօթ էր իր չափազանց համեստութեամբ եւ կը ջանար ապրիլ անաղմուկ, չերեւիլ, իսկ հանդիպումներու ժամանակ ալ ըլլալ քչախօս: Անոր հանդիպումները մտաւորականներուն հետ տեղի կ՚ունենային իր խառնուածքէն բխած այդ մթնոլորտին մէջ: Ալիշանի հետ մեր գրողներու, նկարիչներու, հրապարակախօսներու հանդիպումները յետագային կը դառնային յուշեր, բայց անոր համեստութեան եւ սակաւախօսութեան պատճառով այնքան ալ հարուստ չեն այդ յուշերը: Գրող Աւետիք Իսահակեան իր յուշերուն մէջ իբրեւ «դժուար բռնուող մարդ» բնորոշած է Ալիշանը: Մասնագէտներ կը դիտարկեն, որ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան համեստ խառնուածքով կը դրսեւորուէր թերեւս նաեւ այն պատճառով, որ Մխիթար Սեբաստացին միաբանութեան համար գործողութեան ուղեցոյց մը մշակած էր, որուն երկու տասնեակ կէտերուն մէջ կար մէկը, ըստ որու, միաբանութեան անդամագրուած իւրաքանչիւր ոք իրաւունք չունէր զատուելու միւսներէն, եւ նաեւ աւելի իրաւունք ալ պէտք չէ ունենար միւսներուն հանդէպ: Բայց, հակառակ այդ պայմանին եւ հակառակ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի զուսպ եւ համեստ կեցուածքին, Մխիթարեան միաբանութեան անդամներէն ամենէն շատ յուշերը գրուած են նոյն ինք՝ Ղեւոնդ Ալիշանի մասին, ատկէ զատ ալ բազմիցս անդրադարձ կատարուած է անոր ստեղծագործութիւններուն, մինչեւ հիմա ալ անոր լեզուն, միտքը, գաղափարախօսութիւնը կը վերլուծուին զանազան կերպերով: Հայ յուշագրական գրականութեան մէջ շուրջ քսանհինգ յուշագրութիւն կայ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանին մասին: Պատումներուն հեղինակները տարբեր են. յուշեր գրած են անոր նախկին աշակերտ, հրապարակախօս, գրող Արփիար Արփիարեան, գրականագէտ Գրիգոր Խալաթեանց, նշանաւոր նկարիչներ Գէորգ Բաշինջաղեան ու Արշակ Ֆեթվաճեան, Փարիզի հայկական համայնքի առաջնորդ, բժշկութեան պատմաբան, խմբագիր Կարապետ Պասմաճեան, մանկագիր եւ մանկական ամսագրերու խմբագիր Տիգրան Նազարեան, պետական-հասարակական գործիչ Մինաս Նուրիխանեան եւ շատ ուրիշներ, նաեւ՝ Մխիթարեան միաբանութեան անդամներ: Ծանօթ են մանաւանդ նշանաւոր հրապարակախօս Գրիգոր Արծրունիի եւ հայ գրականութեան դասականներէն Աւետիք Իսահակեանի յուշերը: Աւետիք Իսահակեան Ղեւոնդ Ալիշանին հանդիպած է Ալիշանի մահուան տարին: Մխիթարեան միաբանութեան անդամ մեծ գիտնականը մահացած է 1901 թուականի նոյեմբերին, իսկ Իսահակեան Մխիթարեան միաբանութիւն այցելած եւ Ալիշանին տեսած է նոյն տարուայ ապրիլի սկիզբին: Կը ներկայացնենք ուշագրաւ հատուածներ այդ յուշագրութենէն՝ արեւմտահայերէնով:
ԻՄ ՅՈՒՇԵՐԷՆ. ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ
Ապրիլ ամսուայ սկիզբներուն, 1901 թուին, Վիեննայէն կը մեկնիմ Վենետիկ, թէ՛ Մխիթարեաններու վանքի՝ հայագիտութեամբ հարուստ գրադարանէն օգտուելու, եւ թէ՛ Իտալիան հնար եղածին չափ տեսնելու։
Ուշ երեկոյեան կը հասնիմ Վենետիկ։ Առաւօտ կանուխ ոտքի վրայ եմ. կ՚ուզեմ ժամ առաջ տեսնել Սուրբ Ղազար կղզին, Մխիթարեաններուն վանքը։ Հետաքրքրութեանս առաջին գիծին վրայ ասիկա է, պատանի հասակէս երազած եմ տեսնել Վենետիկը, բայց մանաւանդ՝ Սուրբ Ղազարը։
Զիս կը նետեմ առաջին պատահած կոնտոլի վրայ: Արեւավառ օր մըն է. սեւ կոնտոլը սեւ կարապի պէս ներդաշնակ կը սահի Մեծ ջրանցքի կանաչ ջուրերու վրայէն։ Ասիկա կախարդական քաղաքի ամենամեծ, լայն եւ երկայն ջրային պողոտան է, որ կը բաժնէ Վենետիկը երկու մասի։ Անոր աջ ու ձախ կողմերը շարքով կեցած են հրաշագեղ պալատներն ու ապարանքները՝ երփներանգ մարմարիոնով, կառուցուած վենետիկեան չքնաղ ոճով։ Կարծես հեքիաթներու միջով կը քալես՝ այնքա՜ն անիրական, այնքա՜ն երեւակայական կը թուին այս բոլորը, սակայն ես հայեացքս յառած եմ Լակունայի հեռուները, կ՚որոնեմ Սուրբ Ղազար կղզին։ Կոնտոլավարը, ճանապարհի ընթացքին հանդիպող կղզիներուն անունները տալով, կը յառաջանայ եւ, ահա, ցոյց կու տայ ոչ շատ հեռուն գտնուող Սուրբ Ղազարը…
Դանդաղ կը սահի կոնտոլը։ Ես անհամբեր եմ, կ՚աճապարեցնեմ կոնտոլավարը։ Կը մօտենանք կղզիին, անյագուրդ կը նայիմ կանաչ նոճիներու արանքէն երեւցող կարմիր շէնքերուն. «Սուրբ Ղազարն է ասիկա»,- կ՚ըսեմ ինքս ինծի եւ կը կրկնեմ:
Ի՜նչ պատկառելի անուններ կը հնչեն ականջիս՝ Մխիթար Սեբաստացի, Ագոնց, Չամչեան, Ինճիճեան, Բագրատունի… եւ Ալիշան, որուն բախտ պիտի ունենամ այսօր իսկ տեսնելու։
Ինչքա՜ն մեծ երախտիք ունի Սուրբ Ղազարի միաբանութիւնը հայ գրականութեան, հայագիտութեան հանդէպ։ Ի՜նչ հոյակապ գործեր՝ առաջին աշխարհաբար հայ գրականութիւն, Հայկազեան բառարան, Հայոց պատմութիւն, Հայաստանի աշխարհագրութեան՝ ստուար հատորներով, հին ձեռագիր մատեաններու (մատենագրութիւններու) հրատարակութիւններ, դասականներու թարգմանութիւններ։
Կոնտոլը կանգ կ՚առնէ։ Սրտատրոփ ոտք կը դնեմ այս պատմական, թանկարժէք հողին վրայ։
Զիս կը դիմաւորէ առողջ, համակրելի երիտասարդ վարդապետ մը: Եսայի Տայեցի՝ «Անվաւեր աւետարաններ»ու հրատարակիչը։
Միաբաններէն մէկը, ամէն օր, կարգով կ՚ընդունի այցելողները եւ ցոյց կու տայ Սուրբ Ղազարի տեսարժան տեղերը՝ տաճար, մատենադարան, թանգարան, տպարան, պարտէզ եւ այլն։ Վանքը լաւ համբաւ ունի Եւրոպայի մէջ, եւ Վենետիկի այցելուները չեն թերանար Սուրբ Ղազարն ալ այցելելու։
Վանքը շրջելէ յետոյ Եսայի Տայեցին առաջնորդեց զիս հիւրասենեակը, ուր ծանօթացայ մի քանի երիտասարդ կարգապետներու հետ, արդէն անուն ունեցողներ՝ Վարդան Հացունի, Էփրիկեան, Սիմէոն Երեմեան։ Հիւրասիրեցին սուրճով եւ անուշեղէններով։ Անոնք շատ կը հետաքրքրուէին Կովկասի հայերու կացութեամբ, կը հարցնէին դպրոցներու մասին, գրականութեան եւ Էջմիածնի մատենադարանի մասին, Անիի եւ այլ հնութիւններու պեղումներու մասին։
Այս զրոյցէն յետոյ փափաք կը յայտնեմ տեսնել Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը։ Այս անգամ Սիմէոն Երեմեանը կ՚առաջնորդէ զիս մեծանուն բանաստեղծի եւ գիտնականի մօտ։ Ինչքա՜ն, ինչքա՜ն ուրախ եմ, որ պիտի տեսնեմ ամբողջ հայութեան սիրելի Ալիշանը։ 90-ական թուականներու մեր սերունդին համար ան ամենահմայիչ անունն էր: Անոր՝ Նահապետի սքանչելի բանաստեղծութիւնները՝ «Հրազդան», «Պլպուլն Աւարայրի», «Հայոց աշխարհիկ, գարունդ է եկել…», մենք անգիր գիտէինք, մեր դասագիրքերուն զարդն էին անոնք, ոգեւորուած կ՚արտասանէինք հանդէսներուն։
Անոր գիրքերուն պատկառանքով կը մօտենայինք, որոնք մեզի համար բացարձակ հեղինակութիւններ էին։ Անոր աշխարհագրական երկերու վրայ («Այրարատ», «Շիրակ», «Սիսական») կը ճանչնայինք Հայաստանը, եւ, անոր պէս, չտեսած հայրենիքի նուիրական վայրերը կը սիրէինք անբացատրելի սիրով մը:
Կը մտնենք Հայր Ալիշանին խուցը, ոչ մեծ սենեակ մը՝ ծովահայեաց լուսամուտով։ Գրասեղանին հակած է ալեւոր՝ փոքրամարմին, անարիւն, դալուկ սուրբ մը եւ կը գրէ։ Վայրկեան մը կը դիտեմ անոր անշուք խուցը… Ամէն կողմ գիրք՝ աթոռներուն վրայ, սեղանին վրայ, պարզ անկողին մը՝ սնարին Աստուածամօր պատկերը: Փոքր սեղանի մը վրայ ջրաման մը՝ ջուրով լի, քովը՝ գաւաթ մը։ Եւ ուրիշ ոչինչ։
Ալիշանը կը բարձրացնէ գլուխը, խոշորացոյց ակնոցներուն միջով կը նային ինծի երկու փայլուն, մեծ աչքեր:
Յուզմունքով կը համբուրեմ ջլուտ ձեռքը, որ կերտած է այն պատկառելի հատորները:
-Ապրիք, զօրանաք, ուրկէ՞ կու գաք,- կը հարցնէ Ալիշանը՝ տակաւին առոյգ ձայնով:
Հայր Սիմէոնը կը պատասխանէ իմ փոխարէն.
-Ուսանող է Վիեննայի, կովկասահայ է:
Ես կը յայտնեմ իմ մեծ ուրախութիւնս, որ բախտ ունեցայ տեսնելու մեր բոլորիս պաշտելի Նահապետին եւ այսպէս առոյգ, առողջ … Ալիշանը կը ժպտայ մեղմակի, ապա կը հարցնէ՝ ի՞նչ կ՚ուսանիմ, ինչքա՞ն պիտի մնամ Վենետիկ:
-Ես կրնամ ձեզի սուրճ հրամցնել: Վարդապետ, գնա մեզի համար սուրճ ապսպրէ:
Ես շնորհակալ ըլլալով՝ կը հրաժարիմ սուրճէն:
-Սակայն դուն գնա՜,- կ՚ըսէ Ալիշանը:
-Կովկասի հայերը սուրճ չեն սիրեր. դուք թէյ կը սիրէք: Ասկէ շատ տարիներ առաջ պարոն Մինասարովը… յայտնի ազգային մը, գիտէ՞ք զինքը:
-«Քնար Հայկական»ի խմբագիրը, թերեւս:
-Ապրի՛ս, գիտուն մանչ ես։ Այո՛, ան Փեթերսպուրկէն այցի եկած էր վանքը ու ինծի ինքնաեռ մը նուէր բերած էր: Ինծի ըսաւ՝ վարդապետ, թէյ խմել սորվէ, աշխատանքի ժամանակ աղէկ է: Չգործածեցի, հոն կը մնայ՝ վանքին մէկ անկիւնը:
Տպարանէն գնած էի Ալիշանին մեծ լուսանկարը, հիմա կը խնդրեմ, որ բարեհաճի իր անունը գրել նկարին ներքոյ, որ շատ թանկագին յիշատակ պիտի ըլլայ ինծի համար:
Ալիշանը ամուր ձեռքով, դանդաղ կը ստորագրէ իր ներշնչող անունը:
Աւելի քան կէս դար այս խուցին մէջ կամ նման խուցի մը մէջ, իր ողջ երիտասարդութիւնը, կքած է ան սեղանին, որուն վրայէն անցած են անթիւ գիրքեր հին ու նոր լեզուներով, հայեացքը Ադրիականի ոսկեայ ալիքներուն եւ ականջը մշտամրմունջ ջուրերուն, եւ ժողովուրդէն հեռու, հայրենիքէն հեռու, բայց հոգիով մօտ, սիրտով մօտ, երգած է իր «Նուագ»ները (հինգ հատոր՝ I հ. «Մանկունի», II հ. «Մաղթունի» եւ «Բնունի», III հ. «Հայրունի», IV հ. «Տիրունի» եւ V հ. «Տխրունի»), երազելով հայրենիք, տիեզերք, անհունութիւն, յաւերժութիւն…
Այս խուցին մէջ, ներշնչուած Մովսէս Խորենացիի եւ Անանիա Շիրակացիի ներկայութեամբ, անխոնջ համբերանքով եւ աւիւնով պրպտած է ողջ մատենագրութիւնը՝ պատմական եւ աշխարհագրական, արդի հայ գրականութիւնն ու մամուլը, հաւաքած է անթիւ տեղեկութիւններ Հայաստանի ամէն մէկ վայրի մասին՝ հին եւ նոր։
Ալիշանը գիտնական աշխարհագէտ էր, անդամ եւրոպական աշխարհագրական ընկերութիւններու, հմուտ ու շատ կարդացած էր. խորապէս ծանօթ եւրոպական գիտնականներու գործերուն՝ Ա. Հումպոլտի, Կ. Ռիթերի, Էլ. Ռեկլիւի, հին ու նոր ուղեգրութիւններու, սակայն, ան գիրքերէն բանաքաղութիւն կազմող մը չէր՝ չոր ու ցամաք, այլ, առանց նիւթական աչքերով տեսնելու Հայաստանը, հոգիով տեսաւ ան դարերու մշուշներու մէջ թաղուած Հայաստանը, տեսաւ տարածութիւններով հեռու վայրեր, այցելեց Հայաստանի ամէն մէկ կէտը, սիրեց, ապրեցաւ ամէն մէկ հողի կտորը, շնչաւորեց աւերակները, գգուեց, հիացաւ անոնցմով։ Իր հատորներուն եւ մեր հոգիներուն մէջ վերակերտեց ան Հայաստան աշխարհը եւ պատեց վիպական, բանաստեղծական մթնոլորտով մը՝ գեղեցիկ, հրապուրիչ, առասպելական, բայց եւ՝ իրական։
Հայաստանը ո՛չ ոք այնպէս գիտէ, ինչպէս՝ ան, ո՛չ ոք այնքան սիրած է, որքան ան՝ այս մեծ հայրենասէրը։ Իրականութիւնը անոր գրիչին տակ երազ դարձած է եւ երազը՝ իրականութիւն։
Լուսանկարը կը վերցնեմ խորին շնորհակալութեամբ, նորէն կը համբուրեմ բազմաշխատ ձեռքը եւ խուցէն դուրս կու գամ:
Տակաւին Վենետիկ էի, երբ Փեթերսպուրկէն հայ ուսանողներու մէկ խմբակէ նամակ մը ստացայ: Կը գրէին, որ ուսանողներու այդ խմբակը ձեռնարկած է ժամանակակից հայ անուանի մարդոց կենսագրութիւնը գրել ժողովրդական լայն խաւերու համար։ Կը դիմէին ինծի, որ անմիջապէս Ալիշանէն կենսագրական տեղեկութիւններ, փաստեր, դրուագներ խնդրէի, պատմէր ինծի եւ նոյնպէս միաբաններէն հաւաքէի նիւթեր, նաեւ հարցնէի անոր կարծիքը թրքահայերու հարցի մասին (Հայկական հարց)։
Այս նամակով զինուած, գացի Ալիշանի մօտ։ Ալիշանը հեգնանքով ըսաւ.
-Այդ ինչ ծանր քար դրած են քու կռնակիդ: Վախցա՞ր․ գրելիք բան մը չկայ։ Ես կենսագրութիւն չունիմ։
Ըսաւ, որ զինք 8-9 տարեկան հասակին Կ. Պոլսէն բերած են Սուրբ Ղազար, նուիրած են վանքին։ Սկսած է աշակերտիլ միաբանութեան դպրանոցին մէջ, աւարտած է շատ մատաղ տարիքին, ուսանող եղած եւ մի քանի տարի ալ Փարիզի Մուրատեան հայ վարժարանին մէջ դասատու եւ վարիչ եղած է։
-Եւ քանի մը գրքեր գրած եմ: Ուրիշ ալ ըսելիք չունիմ։ Գիրքէ-գիրք՝ ատ է եղած իմ ճամբաս։ Ուրիշ տեղեր չեմ գացած։
Յետոյ ըսաւ, որ աշխարհականները կենսագրական ունին, կարող են ունենալ։ Գործեր կը բռնեն, կ՚իյնան, կ՚ելլեն։ Ճամբորդութիւններ կը կատարեն, կը կռուին, դատեր կը վարեն, կ՚ամուսնանան, երեխաներ կ՚ունենան եւ այլն, եւ այլն։
Թրքահայերու պատրիարք Օրմանեանը քաղաքագէտ մարդ է. բարեկամական յարաբերութիւններ կը մշակէ ան սուլթանին հետ։ Պէտք է աջակցիլ անոր։ Մէկ բառով՝ պէտք է համակերպիլ, ուրիշ ելք չեմ տեսներ հայերուն համար։ Յետոյ աւելցուց.
-Ռուսահայերուն վիճակը, համեմատաբար, գէշ չէ. կոտորած, յափշտակութիւն չկայ, բայց այն պատճառով, որ ազգային դպրոցներ չունիք, հայկական դաստիարակութիւն չկայ, լեզու եւ մշակոյթ ճնշման տակ են, այս դրութիւնը ցանկալի արդիւնք պիտի չտայ…
Ալիշան աւարտեց խօսքը, ծանր շնչեց, լռեց պահ մը, ապա ձեռքը մեկնելով ինծի, ըսաւ.
-Բարեւներ խօսեցէք Փեթերսպուրկ ձեր ազնիւ ընկերներուն, նաեւ իմ շնորհակալութիւնը՝ իմ հանդէպ ունեցած անոնց յարգանքին համար։ Շրջահայեա՛ց եղէք, սիրեցէ՛ք հայոց լեզուն, Հայաստան աշխարհը եւ սիրեցէ՜ք միմեանց։ Ես խոնարհեցի գլուխս եւ դուրս ելայ նուիրական խուցէն:
Երբ կը մեկնէի Վենետիկէն, գացի Ալիշանի մօտ՝ վերջին անգամ տեսնելու եւ հրաժեշտ ընելու։
Օրհնեց ինծի, բարիքներ մաղթեց եւ ողջոյն ղրկեց Խրիմեան Հայրիկին…
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
1948 թիւ, Երեւան
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ