ԵՐԱԽԱԴ՝ ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՄԱՆԴ ԶՈՀԸ

Թերարժէքութեան բարդոյթը հոգեկան «բարդութաւորուած» ախտ մըն է, որուն ծալքերը սկիզբ կ՚առնեն մանուկ հասակէդ եւ կը հասնին մինչեւ խո՜ր ծերութիւն։ Սակայն այդ բարդոյթը ինքնեկ ախտ մը չէ, այլ ունի իրեն դրդապատճառներն ու շարժառիթները։ Թերարժէքութեան բարդոյթը ամուսնալուծման զոհ գացող երախային մէջ արմատ նետած մնայուն ու անբաժան մասնիկ մըն է, զոր երախան իւրաքանչիւր քայլափոխին, թէ՛ ընկերային եւ թէ իր ապագայ ընտանեկան կեանքէն ներս իրեն հետ կը կրէ։

Ստեղծագործութեան դափնեպսակը հանդիսացող մարդը՝ վերջինն ու իմաստաւորողը արարչագործութեան, իբրեւ հոգեղէն ու մարմնեղէն գոյացութիւն, Աստուծոյ «կենդանի շունչ»ով արարուած, երկրային հողէն առ-նըւած բայց Երկնայինո՛վ անմահացած, եղծանելի տարրէն գոյաւորուած բայց Ամենակալին հպումովը անե՛ղծ դարձած, Աստուծոյ գերբնարփեան շնորհքներով ոգեզինուած, ազատութեամբ, բանականութեամբ եւ անմահութեամբ օժտուած, կոչուած էր բոլոր արարածներուն պարագլուխը դառնալու եւ Աստուծմէ իրեն տրուած սուրբ կտակը շարունակելու։

Բոլոր ստեղծուածները մարդուն համար են եւ մարդով իրենց իմաստը կը գտնեն ու կը զգենուն: Աստուած մարդը ստեղծեց իբրեւ Իր սիրոյն եւ բարութեան վայելքին իրագործման համար: Միակ պատճառը տիեզերքի եւ մարդու ստեղծագործութեան՝ կարելի է ըմբռնել այն սէրը, որ Աստուծոյ բնութիւնն իսկ է: Այլ խօսքով՝ մարդու ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ սէրէն դրսեւորուած արտայայտութիւն է, որովհետեւ սէրը իր բնութեամբն իսկ ինքնամփոփ, ինքնավախճան էութիւն մը չէ, այլ՝ ինքզինքէն դուրս եկող, արտաբխող, տեսակ մը մշտապէս յորդող էութիւն: Այս բոլորը մէկ նպատակ կը հետապնդեն, թէ Աստ-ւած ծրագիր մը ունի տիեզերքին համար եւ այդ ծրագրին գործադրողն է մարդը՝ իր սերնդագործութեամբ, ճարտարապետը մնալով միշտ Աստուած՝ Իր նախախնամութեամբ:

Ստեղծագործութեան ժամանակ ամուսնալուծման մասին խօսք չկար եւ ոչ ալ որդեծնութեան սահմանափակման մասին յատուկ օրէնք մը սահմանուած էր։ Բայց եւ այնպէս 21-րդ դարու մարդ արարածը ամբողջապէս յոռեշրջած է ստեղծագործութեան բուն նպատակը եւ սկսած է զայն ծառայեցնել իր անձնական շահերուն ու գազանավարի կիրքերուն ի խնդիր։ Ամուսնալուծումներու թուաքանակի արագասոյր աճը, ոչ լրակազմ ընտանիքներու երեւան գալը, առանց ամուսնութեան զուգընկերանալու ընդհանրացած մոլութիւնը եւ արտամուսնական երեխաներու ծնելիութիւնը օրըստօրէ սովորութենականացած եւ «ընդունուած» երեւոյթներ են դարձած։

Ընտանեկան անկայունութիւնը շատ յաճախ զուգորդուած է մարդու տհասութեան հետ։ Շատ քիչ են ի ծնէ «տհաս» մարդիկը, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով անառողջ եւ թերաճ աշխարհ եկած են։ Բայց կայ տհասութեան միւս երեսակը, որ վտանգաւոր է եւ կործանարար բնոյթ ունի. այդ «գիտակցուա՛ծ» տհասութիւնն է։ Բազում են այն մարդիկը, որոնք իմանալով հանդերձ իրենց տգիտութիւնը, մտային սահմանափակ կարողութիւնները, հոգեկան բարդոյթները, արտասովոր վարուելակերպը, խայտաբղէտ գաղափարները, առանց ապագան մտածելու՝ ինչ-ինչ միջոցներով կ՚ամուսնանան եւ երախաներ կ՚ունենան։ Ո՞վ է մեղաւորը։ Տղա՞ն, որ դեռ պատանեկութենէն երիտասարդութեան անցումային շեմը չթեւակոխած՝ ամուսնութեան հապճեպ որոշում կ՚առնէ, առանց մտածելու իր երախաներու ապագան, ծնողական լուրջ պատասխանատուութիւնը եւ իր զաւակներու դաստիարակութիւնը։ Աղջի՞կը, որ հասունացման տարիքը չբոլորած, առանց իր ծնողներու համաձայնութիւնը առնելու՝ կ՚ամուսնանայ, կը մայրանայ, սակայն մայրական սուրբ կոչումը ըստ արժանաւորինս չի՛ կատարեր։ Երբ երկու երիտասարդ զոյգերը տհա՛ս են եւ չունին ընտանիք կազմելու, զաւակ ունենալու, դաստիարակելու կոչումն ու պատասխանատուութիւնը, իրենց ընտանեկան եւ ներանձնական հարցերը խօսելով լուծելու ունակութիւնը՝ անմիջապէս իրենց ամուսնութեան կապը հեշտութեամբ եւ անգիտակցութեամբ կը խզեն, իրենց ետին թողելով աշխարհի թոհուբոհին մէջ չմխրճուած անմեղունակ զաւակը։

Նմանատիպ թեթեւամիտ եւ անպատասխանատու անհատներու պատճառով աշխարհը իր սովորական եւ խաղաղ հունէն վաղո՜ւց ելած է եւ ողողուած է վիթխարի, այլանդակ փոփոխութիւններով։ Մարդկութեան գոյապահպանման խնդիրը դժբախտաբար այսօր աւելի եւս խաթարուած վիճակի մէջ կը գտնուի, վերարտադրողական գործընթացը ամբողջապէս խախտուած է, աւանդական հասարակութեան կառուցուածքը կազմալուծուած է, ծնելիութեան մակարդակը լրջօրէն նուազած է, իսկ աւանդական ընտանիքը «փոքրամասնութիւն» է դարձած, ծնողներ հոգեբանական անհամատեղելիութեան մէջ կը դեգերին, զոյգերու ծնողական գիտակցութեանը մէջ երկատուածութիւն մը գոյաւորուած է…։

Ամուսնալուծումը պարզապէս խնդիրներով տարբերակուած «փաթեթ» մը կը նուիրէ քեզի՝ կեանքդ աւելի դժուարացնելով եւ զաւակներուդ հոգեվիճակը վատթարացնելով։ Ծնողներու ամուսնալուծումը երախայի փոքր ու սպիտակ աշխարհը լուրջ ու անտեղիտալի փոփոխութեանց կը յանգեցնէ՝ էապէս ազդելով անոր ապագայի ամուսնական կեանքին պատկերացումներուն եւ ընտանեկան կառուցուածքին վրայ։ Ամուսնալուծումը երախային համար քանդիչ տարր մըն է, սակայն այլ միջավայրը, մթնոլորտը, որուն մէջ երախան իր ծնողներու բաժնուելէն ետք կը յայտնուի, կրնայ հոգեկան խանգարումներու եւ շեղումներու պատճառ հանդիսանալ։ Երախայի բնականոն աճման, դաստիարակման ու հասունացման համար հօր եւ մօր մէկ երդիքի տակ ապրիլը հրամայական անհրաժեշտութիւն է։

Երախաները առհասարակ ամուսնալուծման վերաբերեալ տարբեր ձեւերով կ՚արձագանգեն: Մէկ մասը կտրականապէս կը մերժէ, կը հրաժարի հաւատալ այդ փաստին եւ ժխտելով կը պնդէ, որ ծնողները այդ քայլին դիմելու համար հիմնաւոր պատճառներ չունին: Երախաներէն շատերը կը շարունակեն ապրիլ այն յոյսով, որ ծնողները կրկին պիտի միանան։ Իսկ երբ իրենց փայփայած յոյսերը ի դերեւ կ՚ելլեն, յարձակողապաշտութեան, ինքնամփոփ վիճակի, բարձր տագնապայնութեան, յառաջդիմութեան անկման ախտանիշերը ի յայտ կու գան՝ երախայի վարքն ու արարքները անկառավարելի դարձնելով։

Հոգեբանական ու մանկավարժական հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ նախադպրոցական եւ դեռահասութեան տարիքի երախաները իրենց ծնողներուն ամուսնալուծման որպէս հետեւանք կրնան յանկարծ հիւանդանալ, դպրոցական կեանքէն ներս մանկական կռիւներն ու վէճերը շարունակական բնոյթ կը ստանան, իսկ երբ անոնց «ջանքերը» նախատեսուած արդիւնքին չեն հասնիր՝ տունէն փախուստ կու տան։ Երբեմն նաեւ կը տեսնենք, որ ծնողներու ամուսնալուծումէն ետք, երախաները աւելի կարգապահ ու հնազանդ կը դառնան եւ իրենք զիրենք մեծահասակի պէս կը պահեն։ Այս վարքի ետին թաքնուած պատճառը այն է, որ երախաները կը կարծեն, թէ ծնողներու ամուսնալուծումը իրենց «սխալ» վարքի հետեւանքն է։ Մեղքի զգացումը տանջելով զիրենք, կը փորձեն բարիանալ ու կիրթ դառնալ՝ իրենց հօր ու մօր յարաբերութիւնները վերականգնելու նպատակով։ Այս վարագուրուած վարքի դրսեւորման պատճառներէն է նաեւ երախաներուն մեծահասակներու դեր առնելու «պատրաստակամութիւնը» եւ «յանձնառութիւնը»։ Տղաները հօր պարտականութիւնը կը ստանձնեն՝ պաշտպանելով իրենց մայրը, իսկ աղջիկները տան մաքրութիւնը կը կատարեն՝ իրենց հօր հոգսերը նուազացնելու համար։ Անմեղունակ մանկութիւն…։

Ոմանք կը պնդեն, որ պատանեկան տարիքի երախաները աւելի դիւրութեամբ կը համակերպուին իրենց ծնողներու բաժանման իրականութեան, քանի որ անոնք արդէն հասուն են եւ այսպէս թէ այնպէս մօտիկ ապագային կը պատրաստուին իրենց ծնողներէն առանձնանալ։ Սակայն հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ ամուսնալուծումը բացասական ազդեցութիւն ունի երախաներու նկարագրին եւ հոգեկերտուածքին վրայ։ Հոգեբաններ տարբեր տեսութիւններ պարզած են այս ուղղութեամբ.

• Պատանեկութենէն դէպի չափահասութիւն թեւակոխելու ժամանակ պատանիները աւելի շատ կը զգան իրենց ծնողներու օգնութիւնն ու աջակցութիւնը, քան այն ժամանակ, երբ փոքր էին։ Ուստի, ծնողներ պէտք չէ խաբուին՝ մտածելով, որ անոնք արդէն ինքնուրոյն, ինքնահաստատուած անձնաւորութիւններ են եւ ի վիճակ են անկախ ապրիլ ու դիմակայել կեանքի դժուարութիւնները։ Պատանիները ընտանիքի կարիք ունին։ Ընտանիք, որ խարիսխի պէս ամրակուռ եւ կայուն է։

• Պատանեկան շրջանին երախաները կը սկսին ընկերներ ընտրել, բայց եւ այնպէս ամուսնալուծումը ստէպ պատճառ կը դառնայ, որ վերջիններս դժուարութեամբ դրսեւորեն այնպիսի յատկութիւններ. ինչպիսիք են՝ վստահութիւնը, նուիրուածութիւնը, զոհողութիւնն ու սէրը…։ Յետագային, երբ անոնք չափահաս կը դառնան, չեն կրնար մտերիմ փոխյարաբերութիւններ հաստատել այլ մարդոց հետ։

• Թէեւ բոլոր երախաներն ալ տարբեր ձեւերով ու եղանակներով կ՚արտայայտեն իրենց ցաւերը, սակայն պատանիներու պարագային այդ ցաւի ու զգացումի դրսեւորումը վտանգաւոր ձեւով մարմին կը ստանայ՝ յանցագործութեամբ, արբեցողութեամբ եւ թմրամոլութեամբ զեղուն մոլուցքներով…։

• Հոգեբաններ եզրակացուցած են ըսելով, որ սա չի նշանակեր, որ այն պատանիները, որոնց ծնողները ամուսնալուծուած են՝ անյաջողակներ են եւ չեն կրնար մտերիմ ընկերներ կամ լաւ ապագայ ունենալ։ Անոնք կրնան բարձր յաջողութեանց հասնիլ, երբ երկու ծնողներու հետ կապը կը պահպանեն։ Իսկ ամուսնալուծուած եւ «անտանելի» նկատուած նախկին կողակիցները իրենց երախայի ֆինանսական կամ դաստիարակչական հարցերով աւելի համաձայնութեամբ կը համագործակցին, քան նախապէս՝ երբ ամուսնացած էին։ Մէկ խօսքով՝ ամուսնալուծումը ընտանեկան խնդիրներու վերջաբանը կամ եզրայանգում չէ, այլ ան պարզապէս զանոնք ուրիշ հարթակ կը տեղափոխէ։

Սխալ որոշումները եւ երիտասարդական տարիներու ընթացքին առնուած անկանխատեսելի քայլերը երբեմն պատճառ կը դառնան ընտանեկան հարցերու ահռելի բռնկումներուն եւ ամօթալի, անյարգալիր վերաբերմունքի դրսեւորման։ Զոյգեր կը փորձեն իրենց զաւակներու սիրոյն ընտանեկան կեանքը տեւականացնել, սակայն միւս կողմէ մշտական վէճերը, կռիւները, բռնութիւնը, դաւաճանութիւնները ու պէս-պէս մոլութիւնները աւելի խոր ցաւ կը պատճառեն երախային, քան՝ ամուսնալուծումը։ Հոգեբաններ երբ կը տեսնեն նման ընտանիքներու անլուծելի եւ «շարասիւնուած» հարցերը, զոյգերու միջեւ ատելավառ վերաբերմունքը, երկար տարիներու համատեղ ապրելու ճիգերու եւ եկեղեցականներու կողմէ կատարուած բազմակի միջամտութեանց ու խորհրդատուութեանց անարդիւնաւէտութիւնը, ամուսնալուծումը լաւագոյն հանգուցալուծում կը նկատեն։ Խաղաղ ամուսնալուծումը որոշակիօրէն կը մեղմացնէ մանուկի տառապանքները, նամանաւանդ եթէ ծնողները երախային կը բացատրեն կացութիւնը եւ կը պարզեն, որ իրենց ամուսնալուծումը իրենց ամուսնական կեանքին բաժանումն է եւ ոչ թէ՝ երախայէն։ Երախայի համար իրավիճակը կը բարդանայ յատկապէս այն ժամանակ, երբ մանուկին հետ մնացող ծնողքը անոր կ՚արգիլէ դրական զգացումներ տածել հեռացողին նկատմամբ, սիրել զինք, խօսիլ եւ նոյնիսկ մտածել անոր մասին։

Առածը կ՚ըսէ, թէ երախան ընտանիքի հայելին է, ան կը տեսնէ եւ կը սորվի այն ինչ որ ընտանիքի մէջ տեղի կ՚ունենայ։ Ընտանիքին մէջ կը գտնուին կեանքի դասարանին առաջին գրասեղանները, ուսուցիչ ունենալով ընտանիքի երկու սիւները՝ հայրն ու մայրը։ Ըսուած խօսք է, որ ընտանիքը «Սալ մըն է, որուն վրայ պիտի ծեծուի շիկացած եւ ձեւ չստացած երկաթը, որ շուտով պիտի վերածուի ձեւակերպուած գործիքի՝ հայու տիպարի։ Հնոց, ուր պիտի թրծուի կեանքը, որ պիտի դառնայ ընկերութեան շէնքը բարձրացնող աղիւսներէն մին։ Արուեստանոց մը, ուր մուրճի կոփիչ հարուածներուն տակ շունչ ու ոգի պիտի ստանայ մարդու իսկական կերպարը ներկայացնող քանդակը»։ Գիտակից ծնողներու շնորհիւ է, որ նորածին երախայի մտաւոր եւ հոգեւոր անդաստանէն ներս կը սերմանուին ջերմ վերաբերմունքի, մարդասիրութեան, աշխատասիրութեան, իրերօգնութեան, զոհողութեան եւ առաքինութեան բարի սերմերը։

Քրիստոնէական հոգեւոր-բարոյական արժէքներու առկայութիւնը ընտանիքի ձեւաւորման եւ պահպանման գործընթացին մէջ ամենէն կարեւորագոյն ազդակներէն է: Աշխարհին մէջ կատարուող բացասական փոփոխութիւնները կը վկայեն մարդ-Աստուած յարաբերութիւններու խզման, մարդուն՝ իր աստուածանման պատկերէն հեռացման մասին: Ընտանիքէն ներս միայն բարոյական արժէքներու պահպանման շնորհիւ կարելի է հասնիլ ընտանեկան յարատեւ ու կայուն ներդաշնակութեան: Այն ընտանիքը, զոր հիմնուած է քրիստոնէական ճշմարիտ արժէքներու եւ սկզբունքներու՝ սիրոյ, ներողամտութեան, փոխզիջման վրայ, չի կրնար դիւրութեամբ քայլքայուիլ եւ կործանուիլ: Երբ Աստուած է ընտանիքիդ հիմքն ու պարագլուխը, կրնաս յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւններ ու խոչընդոտներ. ընտանեկան մշտավառ օճախ ստեղծել՝ ներքին, հոգեւոր ջերմութեամբ:

Ամուսնութեան հիմքը նաեւ սէրն է՝ անսահման ու անշահախնդիր սէրը, որուն մէջ չկան «ես» եւ «դուն» դերանունները, այլ կայ «մենք» հասկացողութիւնը: Այդ սիրոյ մէջ ազատ կամքն ու զոհողութիւնը անքակտելիօրէն իրարու միահիւսուած են: Պօղոս առաքեալ ճշմարիտ սիրոյ զօրութիւնը ցոյց տալով՝ կ՚ըսէ. «Սէր ունեցողը համբերատար կ՚ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ։ Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան։ Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա.Կր 14.4-7)։

Սիրելի՛ ընթերցող, ամուսնական կեանքիդ սիրոյ պտուղը երախաներդ են, որոնք ընտանիքիդ բաղադրութեան լրացուցիչ տարրերն են եւ քեզ ու կողակիցդ զիրար կապող միակ օղակն ու կամուրջը։ Յիշէ՛, թէ ինչպէս անոր ծնունդը իրեն հետ անսահմանելի ուրախութիւն եւ քաղցր հոգսեր բերաւ՝ կեանքի յենարանդ աւելի ջլապնդելով եւ ամրակայելով։ Երախայիդ միջոցաւ ընտանիքդ կը վերածուի ամբողջական մարմինի մը, ուր կան ե՛ւ ցաւեր, ե՛ւ ուրախութիւններ, ե՛ւ ձախորդութիւններ, ե՛ւ յաջողութիւններ…։ Երախան այն կանխարգելիչ դեղն է (preventive measure), որուն միջոցաւ միջամուսնական խնդիրները կը լուծուին ու ամուսնական յարաբերութիւնները կը բարելաւուին։ Ամուսնական կեանքիդ հարցերը ո՛չ միայն քու եւ կողակիցիդ անձնական հիմնախնդիրներն են, այլեւ՝ ձեր երախային զարգացման գործօնը:

Աստուած կը թելադրէ մեր զաւակները դաստիարակել, երբ անոնք տակաւին նոր կը թեւակոխեն կեանքի ասպարէզ. «Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար» (Առ 19.18)։ Իսկ այլուր կ՚ըսէ. «Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ զուարճացնէ» (Առ 29.17)։ Եթէ կ՚ուզես զաւակդ երջանիկ տեսնել եւ անոր անմեղ խնդուքի քրքիջները շարունակ լսել, նախքան ամուսնալուծումդ մտածէ՛ անոր մասին։ Պահի տակ որոշումդ, կրնայ քու, կողակիցիդ եւ զաւկիդ կեանքը մէկ անգամէն քանդել։ Ընտանիքդ քու մարմի՛նդ է…։ 

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 1, 2017