Ամմօ Արտոյին Կոլերը «Պէտք Չէ Միայն Խաղալ, Այլ Նաեւ՝ Պայքարիլ»
1973 թուականն էր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ: Հայրս որոշեց, որ այլեւս բաւարար էր Էշրէֆիէի Մոնթէ Նապհան թաղամասի մէջ մեր բնակութիւնը: Մեր թաղը յատկանշական էր տուներուն «քով-քովի» եւ «մէջ-մէջի» իրարու միացած իրականութեամբ, ուր ընտանիքներ թէպէտ զատ տնակներու մէջ էինք, բայց միասին ապրելու սովորութիւն ունէինք: Այսպէսով, փոխադրուեցանք Ժտէյտէի շրջանը, որ այդ օրերուն ծածկուած էր նարինջի պարտէզներով: Մեր շէնքը, կարելի է ըսել, որ առաջիններէն էր ընդհանուր թաղամասին մէջ: Մոնթէ Նապհանի «խճողուած» կեանքէն ետք Ժտէյտէի մեր տունը շատ աւելի մենակեաց էր, նորութիւն մը, որուն պէտք էր ընտելանայինք:
Բայց չուշացան նոր շէնքերու կառուցումները, եւ մեր մենակեաց կեանքը սկսաւ կամաց-կամաց փոխուիլ. այդ նոր շինարարութիւններէն մէկը Արտաւազդ Մարութեանի կառուցած շէնքն էր, մեր տան ճիշդ դիմացը:
Ես այդպէսով պիտի գիտնայի, որ Արտաւազդ Մարութեան եւ հայրս եղած են մտերիմ բարեկամներ՝ Հալէպէն, իրենց երիտասարդական տարիներէն սկսեալ: Այդ նոր շէնքի շինարարական աշխատանքներուն հետ սկսաւ նաեւ հօրս բարեկամին հետ իմ նոր ծանօթութիւնս, որ զարգացաւ ու ջերմացաւ՝ պատանեկան կեանքիս, ընտանեկան եւ ընկերային յարաբերութիւններուս մէջ աւելցնելով օղակ մը եւս՝ Ամմօ Արտոն…
Արդեօք այդ օրերը տարբե՞ր էին, աւելի դիւրի՞ն, օրհնաբե՞ր: Ամէն կէսօր Ամմօ Արտոն մեզի պիտի միանար ճաշի: Հայրս իր աշխատանքները եւ Ամմօ Արտոն շէնքի շինարարական գործերը կարգաւորելէ ետք, իսկ ես ալ դպրոցէն վերադառնալով՝ ճաշի պահը կը վերածուէր հաւաքոյթի: Պատմութիւններ, անցեալի յուշեր, ծիծաղ, բայց մանաւանդ՝ բարեկամութիւնը ամրապնդող ժամեր, որոնք երբեք ձանձրացուցիչ չէին, քանի որ պատմութիւնները շատ էին: Իսկ Ամմօ Արտոն զուարթ մարդ մըն էր եւ շատ լաւ «պատմող», իսկ պատմածներուն վրայ «համեմներ» աւելցնելու իր սովորութեամբ կը զուարճացնէր մթնոլորտը:
Հայրս կը սիրէր բարեկամները եւ բարեկամութիւնը, հաւատացած էր այս մարդկային արժէքին կարեւորութեան: Ինծի հետ իր երկրային կեանքը շատ երկար չեղաւ, բայց այդ իր «խտացեալ» կեանքի ժամանակաշրջանին ան բաժնեց ինծի հետ իր բարեկամները, որոնք մէկիկ-մէկիկ իրենց դրոշմն ու արժէքները փոխանցեցին ինծի՝ որպէս կեանքիս շարունակականութեան կռուան: Եւ Ամմօ Արտոն անոնցմէ մէկն էր:
Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի մէջ 1930-ական թուականներէն սկսեալ Արտաւազդը եղած էր մեծ անուն վաստկած ֆութպոլ խաղացող, այնքան մեծ, որ կոչուած էր նաեւ «ֆութպոլի թագաւոր»… Սուրիոյ ժողովուրդը, հայ թէ արաբ, իրեն երկրպագուներն էին: Խա-ղացած ու մաս կազմած էր շատ մը մարզական ակումբներու, նկատի ունենալով, որ այդ օրերուն չկային ֆետերասիոնի դրութիւն եւ համակարգ, որ պարտադրանք կատարէր մարզիկներուն: Ան նաեւ հասած էր Սուրիոյ հաւաքականի խմբապետի պատասխանատու դիրքին:
«Ժողովուրդին հերոսն էր եւ բոլորը կը սպասէին իր կոլերուն», հայրս էր: «Բայց մանաւանդ երբ իրենց խումբը «անելի» մէջ ըլլար, ամբողջ դաշտը կը թրթռար. «Եա՜ Արտօ, պատնա կոլ» (Արտօ՛, կոլ կ՚ուզենք):
Ամմօ Արտոն ինծի համար ալ սկսաւ դառնալ «հերոս», չէի տեսած իր խաղերը, ոչ ալ՝ իր նշանակած կոլերը: Բայց իւրաքանչիւր կէսօր մեր հաւաքական ճաշին հետ կ՚ապրէի այդ մրցումներուն ուժը, որ կու գար այն ժամանակէն, երբ դաշտերը կը լեցուէին բացագանչութիւններով. «Եա՜ Արտօ՛, պատնա կոլ»:
Արտաւազդը կը հետեւէր իմ հետաքրքրութիւններուս: Կը տեսնէր իմ պատանեկան խանդավառութիւնս: Ապրած էր իր հազարաւոր «երկրպագուներուն» ուժը եւ գիտէր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է այդ զգացումները կամրջել եւ հասնիլ մարդոց սրտերուն ու հոգիին: Փաստօրէն ան կրցած էր հասնիլ ու ընել ճիշդ այդպէս եւ ինծի հետ ալ կրցաւ ընել նոյնը…
Օր մը մեր հաւաքական ճաշին ընթացքին Ամմօ Արտոն ըրաւ իր անակնկալը: Իրեն հետ բերաւ իր նկարներու մեծ հաւաքածոն, որ գեղեցիկ կերպով զետեղուած էր ալպոմի մը մէջ: Զայն դրաւ առջեւս՝ որպէս ապրած ու ապրուած կեանք եւ սկսաւ ներկայացնել իր ֆութպոլային ասպարէզին աւանդը:
Հպարտութիւն չէր երբեք իր փնտռածը, ոչ ալ անցեալի այդ անվերադարձ օրերու հմայքէն բան մը վերագտնելու միտում ունէր: Ուրախ էր իր ներկայով եւ անցեալին կը նայէր որպէս անուշ «յուշ», որ զինք հասցուցած էր իր այսօրուան: Այդ օրը մեր տան երդիքին տակ, իր անցեալի նկարներուն մէջէն Ամմօ Արտոն փորձեց իմ պատանեկան հոգիիս մէջ դնել ամուր, ապրուած ու փորձուած արժէք մը՝ պայքարը:
«1936-ին «Եունիոն սփորթիվ Հալէպ»ի հետ մրցեցանք Ռումանիոյ եւ Պալքանեան տարածքի ախոյեան Սէ.Էֆ.Էր.ի հետ,- Ամմօ Արտոն է պատմողը:- Անոնք շրջագայութեան ելած էին շրջանի երկիրները եւ յաղթանակներ տարած՝ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի ախոյեաններուն դէմ: Հալէպի ժողովուրդը անձկութեամբ, բայց նաեւ մտահոգութեամբ կը սպասէր մեր առճակատումին՝ Ռումանիոյ խումբին դէմ»:
Ամմօ Արտոն կամաց-կամաց զիս տարաւ դէպի անցեալը, զոր չէի ապրած, այն ժամանակները, երբ պիտի մրցէր ռումանացիներուն դէմ, եւ իր պատկերաւոր ոճով ան փորձեց ինծի ներկայացնել իր հազարաւոր համակիրներուն իրմէ ունեցած ակնկալութիւնը՝ կոլն ու յաղթանակը:
«Առաջին տասը վայրկեանին նշանակեցի կոլ մը: Եւ այդ կոլէն խելագարած՝ միայն տեսայ, թէ ժողովուրդը արդէն դաշտ խուժած է եւ զիս առած է իր ուսերուն վրայ: Խաղը ընդմիջուեցաւ 10 վայրկեան: Խաղը շարունակուեցաւ, եւ մենք յաղթեցինք 3-0 արդիւնքով», պատմեց Ամմօ Արտոն:
Ան շարունակեց նկարներու էջերը դարձնել, իւրաքանչիւրին վրայ կար կեանք մը, որուն մասին պէտք էր պատմել: «Եգիպտոսի ախոյեան «Ահլի»ին դէմ մրցումը եղաւ շատ ճակատագրական», նշեց Ամմօ Արտոն ու շարունակեց. «Մրցումը տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ: Առաջին 17 վայրկեաններուն մենք ստացանք չորս կոլ… Ետքը մենք նշանակեցինք մէկ կոլ, եւ իրենք դարձեալ մէկ հատ եւ կիսախաղի արդիւնքը եղաւ 5-1՝ ի նպաստ եգիպտացիներուն»։
Առանց յուսահատելու շարունակեց պատմութիւնը. «Չյուսահատեցանք: Երկրորդ կիսախաղին չորս կոլ նշանակեցի ես անձամբ եւ մրցումը վերջացաւ 6-5՝ ի նպաստ «Ահլի»ի: Եւ երեւի եգիպտացի ժողովուրդին խանդավառութիւնը սուրիացիներու խաղաոճէն շատ աւելի էր, քան՝ իրենց խումբէն: Մրցումէն ետք զիս իրենց ուսերուն վրայ տարին մինչեւ պանդոկ»:
Իւրաքանչիւր նկարի հետ Ամմօ Արտոն կը վերակենդանացնէր պատմութիւն մը, իսկ ես հարցումներ սկսայ ուղղել անոր: Այս որքա՜ն կեանք եւ ապրուած փորձառութիւն, բայց նաեւ՝ նուաճում: Ամմօ Արտոն գոցեց ալպոմը, բայց աչքերը մնացին սեւեռած անոր վրայ: Հաւանաբար կը փորձէր վերաքաղ մը ընել… վերջալոյսէն առաջ: Վերջապէս «փառքի» օրեր էին, եւ իւրաքանչիւր մարդ պիտի ուզէր անգամ մը եւս ապրիլ այդ բոլորը: Բայց Ամմօ Արտոյին համար կար նաեւ մէկ այլ իրականութիւն մը, զոր առջեւս դրաւ իբրեւ պատուէր: Գլուխը վեր հանեց ալպոմէն եւ ինծի նայեցաւ: Պզտիկ ժպիտ մը գծուեցաւ դէմքին վրայ ու ըսաւ ինծի. «Պէտք չէ միայն խաղալ, այլ նաեւ՝ պայքարիլ»:
Շէնքի շինարարութիւնը վերջացաւ: Ամմօ Արտոն ծախեց իւրաքանչիւր յարկաբաժինը եւ մեկնեցաւ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ, մարդկային յարաբերութիւններն ու բարեկամական կապերը ընդհատուեցան եւ նախկինին նման չմնացին: Օրհնաբեր օրերը գացի՞ն: Երկարակեաց եւ համով-հոտով ճաշկերոյթները վերացան, եւ հայրս ալ անակնկալ կերպով մեկնեցաւ այս աշխարհէն: 1977 տարուան օրերէն մէկն էր, երբ լիբանանեան քաղաքացիական կռիւներուն, այսպէս ըսած, պատերազմ՝ քիչ մը հանդարտութեան այդ հանգրուաններէն մէկը: Անակնկալ կերպով հանդիպեցայ Ամմօ Արտոյին, Պէյրութ քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ, երբ տակաւին փլատակ չէր եղած: Նայեցաւ ինծի: Նշմարեցի, թէ աչքերուն մէջ կար յուզում, որուն յաջորդեց խեղդուած արցունք: Բայց «հերոսներ»ը չեն լար, չէ՞: Գրկեց զիս ու ըսաւ. «Հօրդ տեղն եմ, եթէ բանի մը պէտք ունենաս, քովս եկուր»:
Ատկէ ետք չտեսայ Ամմօ Արտոն: Լիբանանի պատերազմն ալ աւելի սաստկացաւ: Պէյրութ քաղաքը բաժնուեցաւ, ինչ որ ա՛լ աւելիով դժուարացուց հաղորդակցութիւնը: Մէկ-մէկ կը լսէի, թէ քիչ մը անհանգիստ է: Մինչեւ որ լսեցի, եւ՝ այդ ալ ուշ, թէ Ամմօ Արտոն ալ մեկնած է այս աշխարհէն, 1984-ին:
Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ եղաւ այդ իր նկարներու հաւաքածոն: Իրմէ ինծի մնաց այս քանի մը նկարները, որոնցմէ անդին շատ բան կայ: Պայքարի հասկացողութիւնն է ատիկա եւ անոր արժէքը:
Նոյնիսկ եթէ նկարները կորսուեցան կամ այլ բան եղաւ անոնց ճակատագիրը, բայց մնաց տակաւին իմ մէջս Ամմօ Արտոյին կոլերուն յիշատակը: Եւ իւրաքանչիւր կոլին հետ՝ հայուն վերապրումը…
Եղեռնի ենթարկուած հայը ինչքան արագ ոտքի կրցած է կենալ եւ ստեղծել ոչ թէ միայն անհատական ու հաւաքական կեանք, բայց մանաւանդ մէկական արժէք, այդ ալ տարբեր մակարդակներու վրայ: Ասիկա՝ Ամմօ Արտոն եւ իր նման շատերը, որոնք դարձան մեր հերոսները, որոնք մեր հոգիներուն մէջ դրին հայուն ապրելու հպարտութիւնը: Եւ իւրաքանչիւր «կոլ»ը՝ քիչ մը աւելիով արմատացուց հայուն այս հպարտութիւնը:
Բայց այս հայուն հպարտութիւնը չեկաւ առանց աշխատանքի, այլ անպայման կար պայքարը:
Եւ եթէ հայը այս արժէքը եւ հպարտութիւնը պիտի շարունակէ կերտել, կը նշանակէ, թէ «պէտք չէ միայն ապրիլ՝ իմմա խաղալ՝ այլ նաեւ պայքարիլ»:
Եւ հայուն շարունակականութիւնը նոյնինքն այս պայքարին մէջն է, որ յուսահատութիւն պէտք չէ ճանչնայ:
Ամմօ Արտոյին կոլերը: Բայց անպայմանօրէն՝ իւրաքանչիւր հայուն, իսկ իւրաքանչիւր կոլ արժէք է, բայց նաեւ՝ հպարտութիւն…
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ