ԱՆԵԼ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ ՅՈՅՍԻ ՆՇՈՅԼ ՄԸ

Ի վերջոյ պարտուեցաւ ծանր հիւանդութեան։

Բազմազաւակ ընտանիքի հայրը՝ Արմէնը այլեւս չկրցաւ դիմադրել անգութ հիւանդութեան եւ 38 տարեկան հասակին աչքերը գոցեց կեանքին։ Ընտանիքի միակ աշխատող ուժը հեռացաւ, իրմէ ետք, իր տիկնոջ խնամքին ձգելով եօթ անչափահաս երեխաներ։

Արմէնը շինարարական ընկերութեան մը մէջ կ՚աշխատէր որպէս գործաւոր։ Ընտանիքի հանապազօրեայ հացը մեծ դժուարութեամբ հայթայթող հօր առողջութիւնը տարի մը առաջ աշխատավայրին մէջ յանկարծակի վատթարացաւ։ Գործընկերները զինքը կիսակառոյց շինութեան դիմաց գտան գիտակցութիւնը կորսնցուցած։ Անմիջապէս տեղափոխեցին հիւանդանոց, ուր ժամեր անց առին, մինչեւ այսօր գաղտնի շրջան ապրած, չարաբաստիկ հիւանդութեան բօթը։ Փրկութեան նշոյլ մը անգամ չկար, բժշկութիւնը միջամտելու անզօր էր։ Բժիշկները տուած էին ընդամէնը քանի մը ամիս ապրելու յոյս։

Եւ այսպէս, տարի մը տանը եւ հիւանդանոցին մէջ ծանր ախտանիշի մը դէմ մաքառելէ վերջ, Արմէն ընդունեց իր պարտութիւնը՝ հիւծած ու գլխիկոր։ Այժմ, երբ այլեւս տիկնոջ սիրելի ամուսինը ու երեխաներու պաշտելի հայրը ոչ եւս է, ընտանիքը ստիպուած է սեփական ջանքերով դիմագրաւել կեանքի անարդար մարտահրաւէրները։ Սակայն ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով անոնք պիտի կարենան հոգալ իրենց ապրուստը։ Որպէս բազմազաւակ ընտանիք՝ պետութեան կողմէ յատկացուած նպաստով հնարաւոր է հոգալ մեծ ընտանիքի ծախսերու չնչին մասը։ Երեխաներուն մայրը՝ Մարիամը չի կրնար խորհիլ աշխատելու մասին։ Ան որո՛ւ խնամքին պիտի ձգէ իր մէկուկէս, երեք, հինգ ամեայ զաւակները։ Իսկ աւագ դուստրը տակաւին անցեալ ամիս բոլորեց 13 տարեկանը։

Հօր մահէն վերջ ընտանիքը հասած էր օրհասական վիճակի։ Մարիամը քանի մը անգամ օգնութեան նպատակաւ դիմեց բարեգործական զանազան կազմակերպութիւններու, սակայն ապարդիւն։

Դատարկ սառնարան. խոհանոցի մէջ կար քանի մը քիլօ հողկիթ, շաքարաւազ, ձիթաիւղ ու տուփ մը դդմաճ։ Ահաւասիկ այս խեղճ ընտանիքի վերջին ուտելիքները։ Պարտքերու կուտակման պատճառաւ ալ՝ իրենց հարեւան խանութի տէրը հրաժարած էր տրամադրելու պարտքով ուտելիք։ Մարիամը այդ խանութէն պարտքով միայն կրնար հաց գնել։

Ճարահատ մայրը ստիպուած կը դիմէր այլ եւ այլ հնարքներու, որպէսզի երեխաները հնարաւորին չափ խնայողաբար սնանին։ Զոր օրինակ, ամէն անգամ, երբ բոլորով կը նստին ճաշասեղան, տղոց կ՚ըսէ.

-Իմ սիրասուն պալիկներ, կուզէ՞ք շուտ մեծնալ։

-Այո՛, այո, այո, մայրիկ,- յաջորդաբար կը պատասխանէին Մարիամի երեխաները։

-Ուրեմն, ի՞նչ պիտի ընենք։

-Շատ հաց ուտենք, իսկ ուտելիքը քիչ, որպէսզի ուշ անօթենանք եւ շուտ մեծնանք,- կը պատասխանէին անմեղ տղաքը։

-Շատ ապրիք, իմ խելացի, բարի ու ազնիւ մանուկներ։ Այժմ բարի ախորժակ մեզ՝ բոլորիս։- Վհատած սրտով, դէմքին կեղծ ու անհոգ ժպիտ պատկերած կ՚ըսէր մայրը։

Յաջորդ առտու, երբ Մարիամ ճաշ պատրաստելու համար խոհանոց մտաւ, գտաւ ընդամէնը քանի մը կաթիլ ձիթաիւղ։ Պահ մը երիտասարդ կնոջ թուաց, թէ աշխարհը փուլ եկաւ իր գլխին. գրպանը մէկ կոպեկ դրամ չունէր։ Յուսահատ ու տամուկ աչքերով Մարիամը գնաց խանութ՝ պարտքով հաց առնելու։ Ճամբան կ՚աղօթէր, կ՚աղերսէր Աստուծոյ օգնութիւնը։ Երբ գլխիկոր խանութ հասաւ, գնորդ մը թէ՛ հաց կը գնէր, թէ կը գանգատէր.

-Մեր օրերուն ոչ մէկ բանի համ ու հոտը մնաց։ Նոյնիսկ հացը՝ հացի համ չունի։ Բնաւ չես զգար, թէ հաց կ՚ուտես, այս ուր հասանք։

-Լիովին համամիտ եմ ձեզի հետ։ Սակայն ի՞նչ կրնանք ընել, եղածը այս է, ուրիշ ընտրանք չունինք,- դժգոհութեամբ շարունակեց խանութպանը։

Այս իրմէ անկախ խօսակցութենէն Մարիամ շատ տպաւորուեցաւ։ Երկար ատեն գնորդի ու խանութպանի երկօսութիւնը կը հնչէր անոր ականջներուն մէջ։

Ամիսը կը մօտենար աւարտին։

Ահաւասիկ եկաւ երկար սպասուած նպաստի օրը։ Մարիամ անչափահաս երեխաներուն նպաստը ստացաւ, խանութին պարտքերը փակեց։ Մնացեալ դրամով ըրաւ քիչ մը ուռեւտուր։ Այլեւս որոշած էր ամէն օր հաց չգնել, փոխարէնը առնել ալիւր, քանզի այդպէս աւելի շահութաբեր կ՚ըլլար։ Այդպէս ալ ըրաւ։

Հացը պատրաստեց ու թխեց փուռին մէջ։ Այդ միջոցին դրացին տղոց որպիսութիւնը հարցնելու նպատակաւ բախեց իրենց դուռը։ Մարիամ դրացին ներս հրաւիրեց. բնակարանի մէջ տարածուած էր հացի զգլխիչ բոյրը։

-Այս ինչ անոյշ կը բուրէ,- ըսաւ դրացին։

-Անահիտ, որոշած եմ այլեւս հաց թխել։ Այսպէսով, գոնէ քիչ մը դրամ կը խնայեմ։

-Շատ տեղին որոշում տուած ես, Մարիամ։ Կտոր մը հաց կը խնդրեմ, պարզապէս այս անոյշ բոյրը գրգռեց իմ ախորժակը։

-Սիրով Անահիտ, անուշ ըլլայ։ Այս մէկ հացն ալ տար տուն, թող երեխաները ուտեն։

-Շնորհակալ եմ, Աստուած թող քեզ տայ քու սրտի չափ։

Յաջորդ առաւօտեան բախեցին դուռը։ Մարիամը քնաթաթախ բացաւ. դրացիին զաւակն էր։

-Բարիլոյս Տիկին Մարիամ, մայրիկս երեք հատ հաց խնդրեց,- գրպանէն հանելով՝ դրամը, ըսաւ դրացիի տղան։

Այսպէս ամէն օր դրացին սկսաւ Մարիամէն տնական հաց գնել։ Օրէ օր կը շատնար գնորդներուն թիւը։ Կարճ ժամանակ անց, ամբողջ թաղամասը սկսաւ հաց գնել բազմազաւակ մայրիկէն։ Մարիամի ուրախութիւնը անսահման էր. ան իր զաւակներուն օգնութեամբ յաջողեցաւ գործը ի գլուխ հանել…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2019