ԱՄՈՔԻՉ ԱՐՈՒԵՍՏԸ…

 Արուեստը կ՚ամոքէ մարդուն ցաւերը. իմաստութիւն մը, որ դարեր շարունակ ինքզինք արդարացուցած է: Կեանքի դժուարութիւնները, պատուհասները եւ անոնց պատճառած ցաւը գրականութեան, թատրոնի, շարժապատկերի եւ արուեստի միւս ճիւղերուն միջոցաւ յաղթահարելու դարաւոր ճանապարհ անցած է մարդը: Արուեստը մարդուն ցոյց կու տայ կեանքը շարունակելու, դժուար պարագաներուն ելք գտնելու, մխիթարուելու ուղիները… Այսօր ալ մարդկութիւնը կեցած է աղէտալի այլ իրավիճակի մը առջեւ, բայց արուեստը մեծ առումով հասու չէ մարդուն… Քորոնա համաճարակին պատճառով գոցուած են թատրոններուն, համերգասրահներուն, շարժապատկերի սրահներուն, թանգարաններուն եւ պատկերասրահներուն դռները:

Արուեստէն դրական լիցքեր ստանալու լաւագոյն միջոցը մնացած է գիրն ու գրականութիւնը, որ հասու է տուներու մէջ փակուած մարդոց: Ճիշդ է, որ թատրոնները, համերգասրահները, թատերասրահները համաճարակի բոլոր օրերուն առաջարկեցին առցանց ներկայացումներ իրականացնել, գիտնալով հանդերձ, որ այդ մէկը երբեք չի կրնար փոխարինել հանդիսատեսին եւ բեմին միջեւ կենդանի կապը: Թատրոնը, օրինակ, իր բնոյթով, կենդանի եւ ապրող արուեստ մըն է: Անիկա լիարժէք է միայն դահլիճին մէջ, երբ դերասանը կը զգայ դահլիճէն եկող շունչը, իսկ հանդիսատեսը անմիջապէս կ՚որսայ դերասանին բոլոր յոյզերը: Առցանց թատրոնը, որ այսօր կը հրամցուի, կարծես անկենդան տեսաշար մըն է…

Համաճարակային սահմանափակումներու վերացումներուն զուգահեռ արդէն կը բացուին թանգարանները, պատկերասրահները, գրադարանները... վերջինները կարծես թատրոններն են, քանի որ թատերասրահները վերաձեւաւորելը աւելի ժամանակի կը կարօտի. ժամանակը նաեւ անհրաժեշտ է դերասաններուն՝ իրենց տրամադրութիւններուն վերադառնալու:

Արուեստի աշխարհը շատ ընկճուած վիճակի մէջ է: Բացի անկէ, որ այդ աշխարհի մարդիկը կիսով կամ ամբողջութեամբ զրկուած են իրենց եկամուտներէն, մտահոգիչ է նաեւ ժանգոտած ըլլալուն վախը: Երկար դատարկութեան պատճառով դերասանները դուրս եկած են իրենց ապրելաձեւէն, կերպէն, անոնցմէ ոմանց նոյնիսկ արտաքինն ու ձայնը փոխուած է: Ամենաշատ տուժածը կատարողական արուեստն է, մասնաւորապէս՝ տուժած են երգիչները, դերասանները… Սակայն այսպէս երկար չի կրնար շարունակուիլ, եւ փակ թատրոններու աշխատակիցները արդէն աղաղակելու սկսած են:

Եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ ձեւեր գտած են՝ բաց տարածքներու վրայ, այգիներու մէջ ներկայացումներ խաղալու, սակայն դահլիճին մէջ, քով քովի նստած հանդիսատեսով թատերական կատարելապէս կեանքը շատ հեռու է իրականութենէն: Հայաստանի մէջ նոյնպէս դերասանները ընկճախտի եւ բողոքի շրջան մը ապրեցան եւ քայլեր կը կատարեն դուրս գալու պարտադրուած թմբիրէն:

Երեւանի մէջ դանդաղօրէն սկսաւ թատերական կեանքը. օրեր առաջ, Երեւանի Ռուսական թատրոնը բաց տարածքի մէջ նախախաղ մը ունեցաւ եւ ամէն շաբաթ թատրոնի բակին մէջ «Կարտենիա» անունով ներկայացումը կը բեմադրուի: Քառասուն հոգինոց հանդիսատեսը կը նստի բակին մէջ դրուած աթոռներուն, իրարմէ հեռու. իբրեւ բեմ գործածուած են բակին բոլոր անկիւնները, նոյնիսկ շէնքին պատուհանները, դռները: Ստացուած է ինքնատիպ ներկայացում մը՝ բաց երկնքի տակ:

Երեւանի Տիկնիկային թատրոնը նոյնպէս, անցնող շաբաթավերջէն սկսեալ, թատրոնի բակին մէջ ներկայացումներու սկսաւ փոքրիկ հանդիսատեսներուն համար, անոնք պիտի շարունակուին ամէն շաբաթ եւ կիրակի օրերը: Փոքրիկները իրենց մայրիկներուն կամ հարազատներուն հետ կը դիտեն հեքիաթներու հերոսներուն խաղը՝ Թումանեան փողոցի մայթին վրայ:

Օփերայի տանիքին վրայ, կրկին բաց երկնքի տակ, ներկայացումներու կը պատրաստուի Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնը: Տոմսեր կը վաճառուին, իսկ հանդիսատեսին համար սահմանափակ թիւ ընտրուած է:

Եղանակային պայմաններու արտօնութեամբ, Հայաստանի մէջ սկսաւ ամառնավերջի եւ աշնանասկիզբի թատերական կեանքը, բայց վստահ այս ձեւերը մռայլ, անձրեւային եղանակներու համար չեն:

Այս ճգնաժամը մարդոց երեւակայութիւնները շարժել սկսաւ: Երբեք չէիր կըր-նար երեւակայել, թէ հանդիսատեսը կրնայ Օփերայի տանիքը բարձրանալ եւ հոն օփերա դիտել: Երեւանի որոշ թատրոններու դերասանները նախարարութեան առաջարկեցին, որ պատրաստ են փոքր խումբերով այցելել շէնքերուն բակերը, առանձնատուները, բաց տարածքները, այգիները եւ հոն ներկայացումներ խաղալ:

Իրենց թատերաշրջանները բանալու պատրաստութիւններ կը տեսնեն նաեւ աշխարհի կարգ մը մեծ թատրոններ:

Սեպտեմբերին կը բացուի Վիեննայի պետական օփերան, որ սակայն, իր այցելուներուն նախազգուշացուցած է կարգ մը կանոններու կապակցութեամբ: Դահլիճին մէջ նստողներուն զգուշացուցած են հրաժարիլ «Պռաւօ» յուզական ճիչերէն, քանի որ այդ մէկը թուքի կաթիլներ կրնայ սփռել շուրջը: Պռաւոյին փոխարէն առաջարկած են աւելի բարձր ծափահարել եւ այդպիսով արտայայտել իրենց հիացմունքը: Խորհուրդ չի տրուիր ներկայացումներուն երթալ ծաղկեփունջերով, քանի որ պարզապէս հանդիսատեսը պիտի չկարենայ փունջը տալ իր սիրած դերասանին: Արգիլուած է նաեւ յետնաբեմ բարձրանալ եւ դերասաններէն ինքնագրեր խնդրել կամ լուսանկարուիլ անոնց հետ, ողջագուրիլ: Կան նաեւ կարգ մը հրահանգներ, որոնք տարածուած են օփերայի կեանքին մէջ եւ տոմսակներուն հետ հանդիսատեսներուն կը տրուին: Տոմս գնելու ժամանակ արուեստասէրը պարտաւոր է ներկայացնել անձը հաստատող փաստաթուղթ, տոմսերը պիտի վաճառուին անուններով, որպէսզի վարակը բռնկելէն ետք վարակին աղբիւրը եւ շղթան պարզելը դիւրին ըլլայ:

Վիեննայի օփերան արդէն սկսած է Փուչինիի «Թոսքա» օփերայի փորձերուն: Սոյն փորձերուն նոյնիսկ դերասանները կը ներկայանան խումբ առ խումբ, սկզիբը՝ մեներգիչները՝ դաշնակահարներու նուագակցութեամբ, յետոյ՝ ուրիշ խումբ մը, ուրիշ երաժշտական գործիքի նուագակցութեամբ: Այս մէկը չափազանց դժուար աշխատանք մըն է արուեստագէտներուն, բեմադրիչներուն համար, սակայն քորոնայով չվարակուելու համար ստիպուած են համակերպիլ: Անոնք կը վստահեցնեն, որ հետեւանքը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, բայց այդ մէկը աւելի լաւ կը զգան հանդիսատեսն ու արուեստի քննադատները: Վերջիններս թերեւս ստիպուած ըլլան շատ խիստ չվերաբերիլ արուեստագէտներու աշխատանքին եւ մեղմ դատել զանոնք, քանի որ սահմանափակումներուն պատճառով թերացումներ անխուսափելի են:

Վիեննայի օփերայի թատրոնին մէջ ձեւափոխած են դահլիճին աթոռները, որպէսզի հեռաւորութիւն ըլլայ այցելուներուն միջեւ, իսկ դիմակներու, ախտահանումներու մասին խօսիլը աւելորդ է. անոնք պարտադիր են:

Մինչ Վիեննայի մէջ կը պատրաստուին աշնանային ելոյթներուն, Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթէն-օփերա» թատրոնը ստիպուած որոշում ընդունած է չեղարկել իր աշնանային թատերաշրջանը, որ աւանդաբար, պէտք է մեկնարկէր սեպտեմբերին:

Այդ հսկայական թատրոնին մէջ կարելի չէ պահպանել հեռաւորութիւնը, անվտանգութեան կանոնները, ուստի այդպիսի որոշում կայացուցած են:

«Մեթրոփոլիթէն-օփերա» թատրոնը կը նախատեսէ իր դռները բանալ Կաղանդին՝ տօնական համերգով, եթէ մինչ այդ, համաճարակի նոր բռնկումներ չըլլան:

Միլանոյի Teatro Franco Parenti-ն պիտի չգոցէ իր դռները, բայց իւրաքանչիւր ներկայացման համար նախկին 500 աթոռներուն փոխարէն միայն 65-70-ի համար տոմս պիտի վաճառէ: Ամէն հանդիսատես իր շուրջը պիտի ունենայ ութ ազատ աթոռ:

Կարգ մը թատրոններ որդեգրած են այս նոյն ձեւը՝ ամէն շարքի վրայ նստեցնել միայն քանի մը հոգի, իրարմէ հեռու, դիմակներով:

Մեծն Բրիտանիոյ Ազգային օփերան ուրիշ ելք մը գտած է. սեպտեմբերին հրամցուող ներկայացումը մարդիկ կրնան դիտել իրենց ինքնաշարժներուն մէջ նստած կամ հեծանիւներուն վրայ: Կարծես զուարճալի կամ երեւակայական շարժանկար ըլլան թատրոն յաճախելու այս նոր ձեւերը, բայց այսպիսի ելքեր կը պահանջէ անվտանգութիւնը: Տոմսեր գնողները գոհ մնացած են: Անոնք պատրաստ են ներկայացման երթալ ինքնաշարժներով, բանալ ինքնաշարժներուն դռները եւ բացօթեայ սրահին մէջ դիտել ներկայացումը:

Մինչ որոշ երկիրներու մէջ սահմանափակումները երեւակայական չափերու կը հասնին, անցնող օրերուն Գերմանիոյ մէջ մօտաւորապէս 18 հազար մարդ, Պերլինի փողոցները ելած է՝ բողոքելով քորանավարակին առընչուող սահմանափակումներուն դէմ:

Երթը տեղի ունեցած է «Յանուն ազատութեան» կարգախօսով եւ մասնակիցները Գերմանիոյ զանազան շրջաններէն են: Անոնք իրենց ձեռքերուն մէջ կը պահեն «Մենք մարդ ենք», «Ամէնը սուտ է» պաստառները, ցուցարարները նաեւ կը պահանջեն դաշնային կառավարութեան հրաժարականը եւ վերացումը համավարակի պատճառով բոլոր սահմանափակումներուն, որոնք խաթարած են մարդոց առօրեան եւ հոգեբանութիւնը:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը արդէն յայտարարած էր, որ այո՛, համաճարակը բացասաբար ազդած է երկրագունդի միլիոնաւոր մարդոց հոգեկան առողջութեան վրայ:

Այս մասին Ժընեւի մէջ, օրեր առաջ, տեղի ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյէսուս ըսած է. «COVID-19-ը միլիոնաւոր մարդոց հոգեբանութեան վրայ ազդած է տագնապներու ու վախերու, ինչպէս նաեւ հոգեկան առողջութեան աջակցութեան կեդրոններու աշխատանքին խափանման պատճառով»: Անոր կարծիքով, իրավիճակը պայմանաւորուած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ մտցուած սահմանափակիչ միջոցառումներով, մարդոց միջեւ փոխգործակցութեան բացակայութեամբ: Արդէն յայտարարուած է, որ քորոնավարակին պատճառով մէկ միլիոն մարդ հոգեկան խանգարումներէ կը տառապի, բայց որակեալ բուժօգնութիւնը հասու է քիչերու: Ատոր համար, դերասանները եւ արուեստագէտները իրաւունք ունին պահանջելու, որ արտօնեն իրենց, որպէսզի դրական տրամադրութիւն փոխանցեն մարդոց, որոնք այնքան կարիքն ունին բարձր եւ ապրեցնող արուեստի:

ՏԱԼԱՅ ԼԱՄԱՅԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Թիպեթական պուտտայականութեան հոգեւոր առանջնորդ Տալայ Լամա 14-րդ անգամ յայտարարած է, որ հնդկական, թիպեթական եւ չինական բժշկութեան մասնագէտները պէտք է միաւորեն իրենց ուժերը՝ քորոնա վարակին դէմ դեղամիջոց մշակելու համար: Ան վստահ է, որ այդ ուժերը արդիւնք կու տան եւ արեւելեան բժշկութիւնն ու իմաստնութիւնը կը գտնէ միջոցը աշխարհը պատած վարակին դէմ, ինչպէս պատմութեան ընթացքին գտած է միջոցներ բազմաթիւ մահացու հիւանդութիւններու դէմ:

«Հիմա գիտական ոլորտէն ներս նոր հիւանդութեան դէմ դեղեր կը մշակուին: Եթէ խօսինք Հնդկաստանի մասին, ապա դուք ունիք Այուրվետայի հազարամեայ համակարգը: Կրնաք հրաւիրել նաեւ չինական աւանդական բժշկութեան ներկայացուցիչները: Մենք՝ թիպեթցիներս, նոյնպէս ունինք մեր սեփական բժշկական համակարգը», ըսած է հոգեւոր առաջնորդը իր առցանց ելոյթներէն մէկուն ժամանակ: Տալայ Լաման նաեւ չէ բացառած, որ արեւելան բժշկութեան եւ իմաստնութեան շարժումներուն ներկայացուցիչները միջազգային հանդիպում մը կը կազմակերպեն համաճարակի դէմ պայքարին նուիրուած: Հոգեւոր առաջնորդը աւելի վաղ նաեւ առաջարկած է այս հարցը ժամանակակից կրթութեան մաս դարձնել:

«Ցաւօք, այսօր կրթութիւնը կեանքի նիւթական կողմին ուշադրութիւն կը դարձնէ, մոռնալով հոգեւորի մասին», նշած է առաջնորդը:

Գնահատելով ժամանակակից բժշկութեան ձեռքբերումները, աւանդական բժշկութեան կողմնակիցները կը բանան արեւելեան բժշկութեան գաղտնիքները, իսկ այդ գաղտնիքներէն մէկը միշտ ժպտիլն ու լաւ տրամադրութեամբ զինուիլն է: Լաւ տրամադրութիւնը, ըստ հնագոյն բժշկութեան, բոլոր հիւանդութիւններուն դէմ պայքարի զէնքն է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2020