ՄԵԾ ՄՕՐՍ ՔԱՐԻՆ ՏԱԿԸ

Տատի, այսօր նորէն մտովի քեզի հետ արթնցայ: Կը կարօտնամ մեր զրոյցները, քու բարի ու խոնարհ դէմքը, թախծոտ հայեացքը, բուժիչ ձայնը: Ինչո՞ւ պատերազմէն վերջ, վերջին շրջանին իմ երազներուն մէջ, մշտապէս դուն եւ մեծ հայրս կը յայտնուիք շատ տխուր ու խաւարի մէջ: Մենք միշտ կը մոռնանք ձեր գոյութեան մասին, կը մոռնանք հարցնելու, թէ այսօր բան մը կերա՞ք, կամ մեր ճաշակած ուտեստէն ձեզի ալ բաժին հանե՞նք: Մշտապէս լուռ էք իմ երազներուս մէջ, բան մը չէք խօսիր: Շուրթերու փոխարէն կ՚աղաղակեն ձեր տխուր ու մտահոգ հայեացքները: Մութ սենեակի մը մէջ երկուքով կը նստիք՝ Ստեփանակերտի մեր տանը: Արթննալէ վերջ այս տխրութիւնը կ՚ուղեկցի ինծի ժամեր շարունակ:

Իսկ մինչեւ պատերազմը իմ երազներու մէջ կը տեսնէի, իբր թէ կու գամ Արցախ եւ կը մոռնամ ձեզի այցելելու: Իմ սիրասուններ, ներեցէք: Ամիս մը առաջ Արցախ կատարած մեր այցելութեան ընթացքին իմ երազները իրականացան. չկրցայ ժամանակ գտնել ձեզի այցելելու: Թէպէտ մեր ուղեւորութիւնը շատ կարճատեւ էր՝ ընդամէնը երեք օր, այնուամենայնիւ ես իրաւունք չունէի առանց ձեր գերեզմանը այցելելու վերադառնալ: Ներեցէք ձեր անփոյթ թոռնուհիին: Ներեցէք, որ քաջ գիտակցելով, թէ յաջորդ անգամ կրնայ այլեւս չըլլալ, ձեզի չայցելեցի: Կը խոստանամ, պիտի գամ ու ծաղիկներ պիտի խոնարհեմ ձեր շիրիմներուն: Ձեր ննջարանը, ուր դուք մտած էք յաւիտենական քունի, ամենէն հանգիստ վայրն է, ուր իմ հոգին կը խաղաղի:

Իզապելլա մեծ մայրս ծնած է 1930 թուականի մարտի 10-ին, Շուշիի շրջանի Քարին Տակ գիւղին մէջ: Իմ մեծ մայրը շատ կապուած էր իր մեծ հօրն ու մօրը, որոնց ծոցին մէջ քնանալով մեծցած էր: Տատիկս տեսակ մը նեղացած էր իր մայրիկէն: Երբեք զգալի ջերմութեան ու քնքշանքի չէր արժանացած վերջինիս կողմէ։ Տատիկիս մայրը՝ Նուրվարդը, մեծ տարբերութիւն կը դնէր իր եօթ զաւակներուն միջեւ, մանչերը աւելի շատ կը սիրէր, քան աղջիկները: Մօր սիրոյ ու քնքշանքի պակասէն իմ տատիկը չչարացաւ, ընդհակառակը, որպէս մեծ քոյր երկրորդ մայր դարձաւ իր երկու քոյրերուն ու չորս եղբայներուն: Այսօր չորս եղբայրներէն ոչ մէկ կենդանի է: Միայն երկու քոյրերը ողջ են՝ Ռոզան ու Վեներան:

Կեանքի վերջին տարիներուն իմ սիրասուն մեծ մայրը սկսաւ տառապիլ յիշողութեան կորուստ դաժան հիւանդութենէն: Ժամանակի հետ կը վատթարանար յիշողութիւնը: Այլեւս ոչ մէկը կը յիշէր, միայն եղբայրը՝ Շահէնը եւ իրենց գիւղը՝ Քարին Տակը: Տատիկս ամէն օր կը հաւաքէր իր իրերը ու կը շտապէր գիւղ: Կը խնդրէր իր զաւակներէն, մութը չինկած՝ զինքը հասցնել գիւղ: Իր տունին մէջ ան ինքզինք կը զգար որպէս հիւր ու կ՚ըսէր. «Ամօթ է, հիւրութեան գացած ատեն այսքան երկար չեն մնար: Այլեւս ժամը շատ ուշ է. մայրս ու հայրս կը բարկանան»:

Անգամ մայրիկս փորձեց իր մօրը՝ տատիկիս բացատրել, որ իր ծնողքը վաղուց մահացած են: Տատիկս շատ ծանր տարաւ այս լուրը: Խիստ բարկացաւ մայրիկիս վրայ: Կու լար: Բարկութենէն ամբողջ մարմինը կը դողար: Ամէն Աստուծոյ օր ան կը շտապէր դէպի Քարին Տակ: Հայրենի գիւղին անունը անգամ կը յիշէր: Քանի մը անգամ ալ մեր դրացիները զանգահարեցին մայրիկիս ու յայտնեցին, թէ տատիկս իր երկու գաւազաններով, հազիւ քայլելով, ճանապարհ ինկած է: Այսպէս քանի մը անգամ ճանապարհէն ետ բերին զինքը:

Իմ ուսանողական տարիներն էին: Քանի մը անգամ մայրիկէս խնդրեցի, որ կատարեն տատիկիս սրտի փափաքը: Սակայն տատիկիս եղբայները մտահոգութիւն ունէին, որ գիւղ այցելելէ վերջ տատիկիս հոգեվիճակը կրնայ վատթարանալ: Սակայն կրնար հակառակն ալ տեղի ունենալ: Այսպէս, ոչ մէկը ի կատար ածեց իմ մեծ մօր սրտի  փափաքը: Աչքը գիւղի ճանապարհին, 2018 թուականի յունուարի 26-ին իմ սիրասուն մեծ մայրը աւանդեց իր հոգին Աստուծոյ: Կը խորհիմ, թերեւս անոր սիրտը բան մը վկայած էր, որ այդքան շատ կ՚ուզէր երթալ գիւղ: Իմ տատիկի գիւղը՝ Քարին Տակը, այսօր կը գտնուի գերութեան մէջ: 2020 թուականի 44-օրեայ սահմռկեցուցիչ պատերազմի ընթացքին, Քարին Տակ գիւղը, Շուշիի ու հայկական միւս տարածքներու հետ միասին հայոց նեռը դաւադրաբար յանձնեց Ատրպէյճանին:

Երբ կը հեռանան ընտանիքի մեծերը, մեր տուներուն համն ու հոտը կը կորսուի: Անոնք աղն են մեր կեանքին: Արայիկ Համբարձումեանի բանաստեղծական տողերը լաւագոյս կը նկարագրեն այն, ինչ որ ես կը զգամ.

Երբ մեծերը հեռանում են
Պակասում է օրհնութիւնը,
Տան մէջ լոյսը նուաղում է,
Թեքուում է տան ամուր սիւնը...
Երբ մեծերը հեռանում են
Հասկանում ենք հենց այդ պահին
Որ մենք արդէն ծերանում ենք
Էլ չենք ձգտում փառքի գահին...
Դեռ երէկ էր, տատս նստած
Մեր տան շեմին դրուած քարին,
Իր օրհնանքը բառերի հետ բաժանում էր
Պատահական անցորդներին...
Հիմա՛, այդ օրհնանքը
Երկնքի մէջ արեւ դարձած
Պարսպել է իմ կարօտը...
Իմ տան մեծը երկինք գնաց...
Իմ մեծութիւն, իմ մաքրութիւն,
Իմ զուսպ բարի յաւերժութիւն,
Ինչքա՞ն ցաւ կար կնճիռների մէջ քո դէմքի,
Զարմանում եմ, դու ցաւիդ հետ
Ո՞նց մնացիր այդքան բարի...
Երբ մեծերը հեռանում են
Օրհնութիւնը պակասում է
Մեր մեծերի հեռանալուց
Շեմին դրուած քարը անգամ՝ քարանում է...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2022