ԱՇՏԱՐԱԿԻ ՄԷՋ ՊՈՊՈԿԻ ՓԱՌԱՏՕՆ-ՄՐՑՈՅԹ

Այ­սօր Աշ­տա­րա­կի մէջ տեղի պիտի ունե­նայ «Պո­պո­կի մրցոյթ-փա­ռա­տօն»ը։ Պո­պո­կի (ըն­կոյզ) փա­ռա­տօ­նը-մրցոյթը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի չոր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով՝ հայ­րե­նա­դարձ գոր­ծա­րար­ներ Պաղ­տա­տեան եղ­բայր­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Աշ­տա­րա­կի «Պաս­կալ եւ Դիո­դա­տո» սրճա­րա­նին մէջ, Կարմ­րա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ հա­րե­ւա­նու­թեամբ։

«Պո­պո­կի տօ­նը, պո­պո­կի տա­նը» մրցոյթ-փա­ռա­տօ­նը կը սկսի ժա­մը 16.00-ին։ Ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցիլ փա­փա­քող­նե­րը, Ե­րե­ւա­նէն Աշ­տա­րակ եւ Աշ­տա­րա­կէն Ե­րե­ւան կրնան հաս­նիլ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն տրա­մադ­րած յա­տուկ հան­րա­կառ­քե­րով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016