ՄԷԿ ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Մէկ տարի առաջ, ճիշդ այս օրը, երկրային կեանքին հրաժեշտ տուաւ աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր… Երբ տարածուեցաւ անոր մահուան լուրը, հայութիւնը անսփոփ վիշտի մէջ մտաւ… կորուստը ահաւոր էր: Ազնաւուր, որ կեանքին ընթացքին առասպել դարձած էր, կը թուէր, թէ երբեք պիտի չլքէր այս աշխարհը…
Մէկ տարուան ընթացքին կամաց-կամաց վարժուեցանք անոր բացակայութեան… Ազնաւուր, մանաւանդ վերջին տասնամեակին, միշտ ներկայ էր հայաստանեան կարեւոր օրերուն եւ իրադարձութիւններուն եւ տարի մըն է, որ անոր բարի ժպիտը, արուեստագէտի հպարտ կեցուածքը, կարեկցողի խօսքը բացակայ է մեզմէ…
Հայաստանը մէկ տարուան ընթացքին կարեւոր իրադարձութիւններէ անցաւ… Երկրի ներքին ու արտաքին հարթակներուն վրայ տեղի ունեցան շրջադարձներ, ուրախութեան եւ յուսախաբութեան պահեր, եւ Ազնաւուրին ձայնը լսելի չեղաւ ոչ մէկ անգամ… Նախկինին ան կը խօսէր, կ՚արտայայտուէր, իր մտահոգութիւնը, քաջալերանքը, քննադատութիւնը, հպարտութիւնը միշտ տեսանելի եւ լսելի էին հայութեան հարցերուն վերաբերեալ… Ան կը խօսէր հօր, աւագի, վաստակածի, տաղանդաւորի, պարզապէս՝ սրտացաւ հայու դիրքէն եւ մարդիկ կը սպասէին իր խօսքին:
Ազնաւուր կը փափաքէր ապրիլ մէկ դար: Անցեալ մայիսին, անոր բացակայութեան, լրացաւ իր 95-ամեակը: Երգիչը տակաւին լեցուած էր կեանքով, համերգ տալու ուժ ալ ունէր, եւ մահէն ամիսներ առաջ Ճաբոնի մէջ ունեցած համերգը արդէն կեանքի, ապրելու ցանկութեան եւ մարդոց երգ եւ ուրախութիւն պարգեւելու ապացոյց մըն էր:
Իր մահով կարծես սկիզբ առաւ դատարկութիւն մը… Ազնաւուրի ընտանիքը, հարազատները, ընկերները, երկրպագուները այսօր կը փորձեն ձեւով մը լեցնել այդ դատարկութիւնը՝ յիշատակի ձեռնարկներ կազմակերպելով. անոր անունը եւ գործը միշտ բարձր պահելու քայլերը ներկայ են:
Ազնաւուրի հոգեհանգստեան եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը՝ Փարիզի «Հաշմանդամներու տուն» ռազմական համալիրէն ներս, Ֆրանսայի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եւ բազմահազար մարդոց մասնակցութեամբ, այսօր շատեր կը յիշեն: Ֆրանսան պատշաճ կերպով հրաժեշտ տուաւ իր զաւկին՝ Մաքրոնի խօսքով՝ «Ֆրանսայի ամենակարեւոր դէմքերէն մէկուն»։
Այսօր, ինչպէս մէկ տարի առաջ, Մոնֆոր Լամորի 12-րդ դարու վանքի անոր շիրիմը կրկին կ՚ողողուի ծաղիկներով, մոմերով… Բազմաթիւ ֆրանսացիներ, հայեր եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ կ՚այցելեն Մոնֆոր Լամոր՝ ոգեկոչելու Ազնաւուրի յիշատակը եւ անոր մէկ տարուան բացակայութեան մորմոքը կրկին կ՚ապրին… Կրկին կը լսուին անոր երգերը, որ կը սփռեն յոյս, որուն ինք այդքան կառչած էր:
Իսկ վաղուընէ սկսեալ Ֆրանսայի շարժանկարային սրահներուն մէջ կը ցուցադրուի «Շարլի հայեացքը» շարժանկարը, որուն փակ դիտումն արդէն կայացած է եւ շարժանկարը հանրութեան կը ներկայացուի:
Ազնաւուրի բարեկամ բեմադրիչ Մարք տի Տոմենիքոյի պատրաստած այս ժապաւէնին պատկերներն ու դրուագները հեղինակած է ինք՝ Շարլ Ազնաւուր՝ իր կեանքի ընթացքին նկարահանելով զանազան իրադարձութիւններ: Այդ նկարահանումները կու գան առաւել եւս ապացուցելու անոր հետաքրքրութիւնն ու սէրը՝ աշխարհի ու կեանքի հանդէպ:
Ազնաւուր իր կեանքի ընթացքին նկարահանումներու հարուստ արխիւ մը հաւաքած է եւ բեմադրիչ Մարք տի Տոմենիքոն որոշած է ժապաւէնի վերածել հաւաքածոն, որ Շարլի հայեացքով դիտուած է աշխարհը՝ հեռաւոր երկիրներէն սկսած մինչեւ իր ընտանիքի անդամները, իր անձնական կեանքը:
Այսօր, երբ ան չկայ, շատ հետաքրքրական եւ սպասուած կը դառնայ այս ժապաւէնը, ուր մարդ արարածի գործունէութեան նկատմամբ անոր հայեացքն է աշխարհի տարբեր անկիւններէն սկսեալ մինչեւ իր անմիջական շրջապատը՝ ընկերները, ընտանիքը, անձնական կեանքը, Հայաստանը… Ազնաւուր նկարահանած է նաեւ իր սէրերը, կիներուն հետ ունեցած մտերմութեան մասին նոյնպէս դրուագներ կան շարժանկարին մէջ:
1948 թուականին ֆրանսական երգի աստղ Էտիթ Փիաֆ Շարլ Ազնաւուրին նուիրած է իր առաջին նկարահանման գործիքը՝ 8 միլիմեթր «Փայար» մը, որմէ ան չէ բաժնուած ամբողջ կեանքին ընթացքին: Անկէ ետք երգիչը նաեւ ունեցած է 16 միլիմեթրնոց զանազան գործիքներ, զորս ճամբորդութիւններուն ընթացքին միշտ հետը տարած ու նկարած է համերգներէն առաջ եւ վերջ, հանգիստի պահերուն, աշխատանքի կամ հանդիպումներու ընթացքին:
Մօտ հազար ժամ նկարահանումներ հաւաքած է Ազնաւուր, որոնց մասին շատեր տեղեակ չէին, ան չէր հրապարակեր, կը պահէր իր արխիւին մէջ: Մահէն ամիսներ առաջ, կարծես զգալով մօտալուտ մահը, Ազնաւուր այդ արխիւը յանձնած է իր մտերիմ ընկերոջը՝ Մարք տի Տոմենիքոյին եւ միասին որոշած են ժապաւէն մը պատրաստել այդ նիւթերով: Տոմենիքօ դիտած է այդ բոլորը եւ պատրաստած բեմագրութիւնը, զանազան անձերու օգնութեամբ: Ձեւով մը ասիկա Ազնաւուրի կենսագրութիւնն է, որուն որոշ մանրամասնութիւններուն թերեւս տեղեակ չենք, հակառակ որ կը թուի, թէ շատ բան գիտենք մեծ երգիչին մասին:
«Շարլի հայեացքը» շարժանկարին մէջ Ազնաւուրի նկարահանած պատկերները կ՚ուղեկցին անոր լաւագոյն երգերով։ Ըլլալով նաեւ դերասան, ան տեսած է, թէ ինչպէս կ՚աշխատին մեծ բեմադրիչները, ո՞ր տեսակէտը հետաքրքրական կը դարձնէ նկարահանումները, եւ Ազնաւուր, նոյնպէս արուեստի շունչով կատարած է իր կեանքի նկարահանումը: Ֆրանսայէն ետք ժապաւէնը կը ցուցադրուի նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր կը գործէ «Ազնաւուր հիմնադրամ»ը: Անոր յիշատակը Հայաստանի մէջ պահելու «Ազնաւուր կեդրոն»ը այսօր մեծ ծաւալով աշխատանքներու սկսած է: Երգիչին մահէն ետք Հայաստան փոխադրուած է անոր որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուր, ընտանիքին հետ եւ հաստատուած Հայաստան: Մէկ տարուան Շարլի բացակայութիւնը Հայաստանի մէջ ձեւով մը անոր որդին կը լրացնէ:
Նիքոլան Շարլ Ազնաւուրի վերջին՝ երրորդ ամուսնութենէն ծնած երեք երեխաներէն կրտսերն է: Շատ սիրելով ռուսական մշակոյթը նաեւ երգելով ռուսական երգեր, այդ մէկը ժառանգելով Կովկաս ծնած իր հօրմէն, Ազնաւուր ամբողջ կեանքին ընթացքին տուրք կու տար ռուսական մշակոյթին: Ան իր երեք զաւակները կոչած է ռուսական անուններով՝ Քաթիա, Միշա, Նիքոլայ, բայց քանի որ Ֆրանսայի մէջ Նիքոլայ ըսելու շատեր դժուարութիւն կ՚ունենային, որդիին անունը փոխուած եւ Նիքոլա դարձած է: Նիքոլան ամուսնացած է ռուսահայ Քրիստինա Սարգսեանի հետ, որ յետագային «Ազնաւուր հիմնադրամ»ի գործադիր տնօրէնը դարձած է եւ այսօր յաջողութեամբ կը կատարէ այդ գործը… Քրիստինա Սարգսեան լրագրող է եւ Ազնաւուրի հետ հարցազրոյց կատարելու համար մտերմացած է անոր հետ, յետոյ մաս կազմած է Ազնաւուրի խումբին, ապա դարձած ընտանիքի անդամ: Նիքոլայի հետ ունին Միսաք անունով մէկամեայ որդի, որ Ազնաւուրի հօր կողմէն եկող անուն մըն է՝ մեծ պապերուն մէջ: Այսօր արդէն Ազնաւուր մականունը կրող Քրիստինա, ամբողջութեամբ նուիրուած է հիմնադրամի աշխատանքներուն: Ամուսինին հետ անոնք վերջին տարին Հայաստանի մէջ էին ամենակարեւոր օրերուն՝ ընտրութիւններ, Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելից… Ծրագիրներ ունին նաեւ աղէտի գօտիին առընչուող եւ բնակարաններ նուիրած են երկրաշարժէն տուժած եւ մինչ օրս բնակարան չունեցող ութ ընտանիքներու:
«Ազնաւուր հիմնադրամ»ի առաջին նախագիծը Երեւանի մէջ «Ազնաւուր կեդրոն»ի ստեղծումն է, ուր կը գործեն առասպելական արուեստագէտին թանգարանն ու անոր անուան կրթամշակութային կեդրոնը:
Ազնաւուրն ու անոր ընտանիքը որոշած են «Ազնաւուր կեդրոն»ին նուիրաբերել իրենց արժէքաւոր անձնական իրերը՝ ստեղծելու համար Ազնաւուրի կեանքին վաւերական, կենդանի եւ շարժուն վերապատումը: Ստեղծուելք կեդրոնին մէջ ամէն ինչ կը յիշեցնէ եւ կ՚ապրեցնէ Ազնաւուրը: Հոս նաեւ ֆրանսերէնի դասընթացքներ պիտի կազմակերպուին՝ Ազնաւուրի երգերու թեքստերուն միջոցաւ, նախատեսուած են երաժշտութեան եւ շարժապատկերի դասընթացքներ եւս: Ազնաւուր բազմակողմանի արուեստագէտ մը ըլլալով շատ ասպարէզներու մէջ ներդրում ունեցած է. իբրեւ բանաստեղծ, երաժիշտ, դերասան, նուագող, արուեստասէր, բարերար, հաւաքորդ հետաքրքրութիւններու լայն շրջանակ ունեցած է. այդ բոլորը դասընթացքներու կը վերածուի եւ կեդրոնին մէջ ներդրուելիք կրթական ծրագրերուն միջոցաւ մանրամասն կերպով ի ցոյց կը դրուին… ինչ որ երգիչը ձգած է իր ետին, առատութեան անսպառ աղբիւր մըն է, որմէ պիտի ըմպենք բոլորս…
Որդին՝ Նիքոլա Ազնաուր, ըսած է՝ իմ հայրս գերմարդ էր։ Տղան կը զարմանար, թէ ան ինչպէս 94 տարեկանին օդանաւ կը նստէր՝ Ճաբոն համերգ ունենալու համար, կը վերադառնար եւ առանց հանգստանալու կ՚երթար հանդիպումներու, հարցազրոյցներու… Մինչեւ պատկառելի տարիքի հասնիլը, ան ընդամէնը գիշերը քանի մը ժամ կը քնանար, միշտ կը ստեղծագործէր, երգեր կը գրէր, երաժշտութիւն կը մշակէր… «Ան պէտք է որ ապրած ըլլայ սովորական մարդու նուազագոյնը երեք կամ չորս կեանքին համարժէք։ Կը կարծեմ, որ ստեղծագործելով ապրելու այս անյագ ծարաւը անոր փոխանցուած էր իր ծնողներէն, որոնք կոտորածէն փախած էին: Այդ խոր ցնցումը մղած է ապրելու։ Երբ ան երկար շրջագայութիւններու կը մեկնէր, մենք շատ քիչ կը տեսնէինք զայն, բայց ան ամէն օր կը հեռաձայնէր: Միշտ կը վերադառնար շատ նուէրներով եւ մեծ սիրով։ Մենք մեծցած ենք այդպիսի միջավայրի մէջ եւ հասկցած ենք, որ մարդկային յարաբերութիւնները ամենակարեւորն են»,- Իր հօր մասին ըսած է Նիքոլա Ազնաւուր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ