ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՈՒՐՈՒԱԿԱՆԸ
Կ՚ըսեն, թէ մարդ իր կեանքի հոլովոյթին կրնայ տեսնել երկու պատերազմ: Իմ կեանքի գարունին ես արդէն երրորդ պատերազմն է, որ կ՚ապրիմ:
Բախտի բերմամբ, թէ պատահմամբ անոնցմէ ոչ մէկը տեսած եմ: Բարեբախտաբար իմ մաշկի վրայ չեմ զգացած պատերազմի ահասարսուռը:
Արցախեան ազատամարտի տարիներուն մանուկ էի: Երբ կը սկսէին հրթիռակոծել Ստեփանակերտը, մայրս ու մեծ հայրս կայծակնային արագութեամբ զիս ու եղբայրս երկրորդ յարկէն կը հասցնէին առաջին յարկ եւ անասնագոմի մէջ իրենց մարմիններով կը ծածկէին մեզ: Եթէ յանկարծ հրթիռ մը իյնար մեր տան վրայ, կարենային փրկել մեզ:
Քառօրեայ պատերազմի ժամանակ Պոլիս էի, կը պատրաստուէի իմ հարսանիքին, երբ իմացայ չարաբաստիկ լուրը: Թերեւս ամէն անգամ Աստուած խնայած է զիս: Բաց աստի, չորս տարի ապրելով Պոլիս, Տէրը չուզեց, որ ես ականատեսը ըլլամ 2016 թուականի յուլիսի 15-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ձախող յեղաշրջումի փորձին. նախօրէին ես հասայ Հայաստան:
Ինչպէս նաեւ այսօր՝ սեպտեմբերեան լայնամասշտաբ պատերազմի օրերուն ես այդ ցաւը կ՚ապրիմ հեռուէն: Ինծի անծանօթ են այն ապրումներն ու զգացումները, որոնք ներկայիս կը զգան մայրս ու եղբօրս կինը, որոնք յամառօրէն կը շարունակեն մնալ Ստեփանակերտի մէջ: Արցախեան խաղաղ երկինքի գլխավերեւը անդադար կը պտտի մահուան ուրուականը, իսկ անոնք կը շարունակեն ապրիլ, ապաւինելով Աստուծոյ ու սպասելով աւետիսի մը: Վստահ են, որ ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ: Ամէնքս վստահ ենք, հայ ազգը ոտքի ելած է՝ մեծէն պզտիկ:
Բազմիցս կ՚աղաչեմ, որ ինքնաշարժով մը հասնին Երեւան, սակայն երկուքն ալ ամէն անգան կտրականապէս կը մերժեն իմ խնդրանքները. «Արայիկը ինչպէ՞ս թողնենք գանք: Մենք այստեղ ինքզինքնիս կը զգանք աւելի հանգիստ»: Ամէն անգամ սա պատասխանը կը հնչէ: Այո, այդտեղ շատ ապահով է թաքստոցներու ու ապաստարաններու մէջ: Թէպէտ անոնք այդ ապաստարանն ալ չունին: Պարզապէս պատսպարուած են մեր դրացիի՝ տիկին Օհանեանի տանը մէջ եւ միասնաբար կը յաղթահարեն ամէն տեսակ վախ ու սարսափ: Ինչպէս հասկցաք, իմ ընտանիքի մէջ ես ունիմ երեք հերոս՝ մէկը մարտի դաշտին մէջ, երկուքն ալ վտանգաւոր գօտիի մէջ անոր սպասողները: Իսկ ես... ո՞վ եմ ես... տակաւին չեմ պարզած: Աստուած ամէն անգամ զիս կը խնայէ: Թերեւս իմ աչքերն ու ականջները անզօր են տեսնելու եւ լսելու այդ արհաւիրքը:
Թէպէտ իմ մաշկի վրայ երբեւէ չեմ զգացած պատերազմի արհաւիրքը, սակայն երազներուս մէջ միշտ տեսած ու ապրած եմ: Տարիներ շարունակ նոյն երազը կը տեսնէի: Պատերազմ: Թշնամին այլեւս մեր փողոցի մէջ է: Գլխակորոյս կը փորձեմ փախչիլ, սակայն չեմ կրնար ձգել մեծ հայրս ու մեծ մայրս: Անոնք կ՚առնեմ ու կը վազեմ: Տարիներ շարունակ երազիս մէջ ապրած եմ սա մղձաւանջը, մինչեւ որ տեղի ունեցաւ Քառօրեայ պատերազմը:
2016 թուականէն վերջ քանի մը ամիս երազիս մէջ պատերազմ չտեսայ: Շատ ուրախացայ: Վստահաբար այլեւս պիտի չըլլայ: Սակայն որոշ ժամանակ անց նորէն սկսայ տեսնել նմանատիպ երազներ: Հասկցայ, որ կրնայ կրկնուիլ: Սակայն ամբողջ հոգիով ու սրտով կ՚ուզէի, որ իմ երազները երբեք չիրականանան:
Մերօրեայ պատերազմէն շաբաթ մը առաջ, երազիս մէջ կրկին տեսայ: Այլեւս իմ անհանգստութեան առարկան տատիկս ու պապիկս չեն, քանի որ անոնք վաղուց լքած են սա փուճ աշխարհը: Այլեւս երազիս մէջ կ՚անհանգստանամ որդիիս՝ Զաւէնի համար:
Կրկին առած ենք պատերազմի բօթը: Խուճապահար կը փորձենք փախչիլ: Զաւէնիկի ձեռքէն բռնած նեղլիկ պատի վրայէ մը կը քալենք: Պատի վրայ քով քովի շարուած են անթիւ անհամար զինուորներ: Պատը երթալէն կը բարձրանայ: Պահ մը ներքեւ կը նայիմ ու կը զգամ, որ կը գտնուինք 4-5 մեթր բարձրութեան վրայ: Քանի որ ես բարձրութենէ շատ կը վախնամ՝ խուճապահար կ՚ըլլամ: Ձեռքերս ու ոտքերս կը թուլնան: Այդ պահին կ՚ուզեմ բարձրութենէն նետուիլ, սակայն կը հասկնամ, որ մինակ չեմ: Իսկ Զաւէ՞նը: Կը հրաժարիմ այդ միտքէն ու կը փորձեմ ձեւով մը փրկել զաւակս: Կը բռնեմ մեր ետեւը կանգնած զինուորներէն մէկուն ձեռքը: Այդ պահին մէկ ուրիշ նորակոչիկ մը, զգալով իմ վախը՝ կ՚ըսէ. «Ձեր որդին ինծի տուէք, ես զայն ապահով վայր կ՚իջեցնեմ»: Եւ կ՚առնէ Զաւէնը, կը տեղաւորէ իր ոտքերու արանքը ու երկուքով կը ցատկեն: Ապահով թռիչքէն վերջ, զինուորն ու Զաւէնը ոտքի կ՚ելլեն: Ես ալ ինքզինքս ցածլիկ տեղ մը նետել կ՚ուզեմ եւ այդ պահին կ՚արթննամ: Քրտինքի մէջ կորած, կը զգամ, թէ որքան արագ կը բաբախէ սիրտս:
Վերջին մղձաւանջս երկար սպասեցնել չտուաւ...
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան