ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆԻ

Մար­սէյ­լի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նարկ մը, որ ձօ­նուած էր Փա­րի­զի նախ­կին «Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թի եր­կա­րա­մեայ խմբագ­րա­պե­տու­հի հան­գու­ցեալ Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի յի­շա­տա­կին։ Այս ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին ար­ժե­ւո­րուե­ցան թէ՛ Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի վաս­տա­կը եւ թէ «Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, 1925 թուա­կա­նին հիմ­նուած եւ 2009 թուա­կա­նին փա­կուած «Յա­ռաջ»ը Ե­ղեռ­նէն վերջ Եւ­րո­պա­յի մէջ հրա­տա­րա­կուած ա­ռա­ջին հա­յե­րէն օ­րա­թեր­թը հան­դի­սա­ցած էր։

Ձեռ­նար­կի ա­տե­նա­խօս­ներն էին ֆրան­սա­հայ յայտ­նի պատ­մա­բան Քլոտ Մու­թա­ֆեան, «Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թի եր­կա­րա­մեայ խմբա­գիր­նե­րէն Ար­փի Թո­թո­յեան, «Յա­ռաջ»ի Մար­սէյ­լի աշ­խա­տա­կից Կա­րօ Յով­սէ­փեան եւ Հայկական յիշողութեան արխիւի եւ հետազօտութեան ընկերակցութեան  (ARAM)ի նա­խա­գահ Ժագ Ու­լու­սեան։

Այս ե­րե­կոյ­թը կազ­մա­կերպուած էր Մար­սէյ­լի Հայ­կա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան ու մշա­կու­թա­յին տան եր­դի­քին տակ։ Այս վերջ­նոյն ա­ռըն­թեր նա­խա­ձեռ­նու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած էր նաեւ «Փա­րան­թէզ» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը։

Քլոտ Մու­թա­ֆեան ներ­կա­նե­րու ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց «Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Շա­ւարշ Մի­սա­քեա­նի եւ իր հօր ու­նե­ցած մտեր­մու­թիւ­նը՝ զա­նա­զան դրսե­ւո­րում­նե­րով։ Մու­թա­ֆեան­նե­րու բնա­կա­րա­նէն ներս ան­պա­կաս էր «Յա­ռաջ»ը, ո­րուն յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն եր­բեմն կը թղթակ­ցէր նաեւ Քլոտ Մու­թա­ֆեան։

Ար­փի Թո­թո­յեան, որ եր­կար ժա­մա­նակ մաս­նակ­ցած էր «Յա­ռաջ»ի խմբագ­րու­թեան, փո­խան­ցեց յու­շեր եւ ներ­կա­նե­րուն հետ բաժ­նեց  զա­նա­զան ապ­րում­ներ, ո­րոնք ի­րենց խոր­քին մէջ կը ցո­լաց­նէին Սփիւռ­քի մէջ հայ­կա­կան օ­րա­թերթ մը հրա­տա­րա­կե­լու ժա­մա­նակ ցոյց տրուած դի­մադ­րու­թիւ­նը։

Կա­րօ Յով­սէ­փեան նոյն­պէս ունկն­դիր­նե­րուն հետ բաժ­նեց յու­շեր եւ դի­տար­կում­ներ, իսկ Ժագ Ու­լու­սեան ընդգ­ծեց, որ «Յա­ռաջ»ի ամ­բողջ ար­խի­ւը ի մի հա­ւա­քուած է ARAM-ի մօտ։

Հայ­կա­կան յի­շո­ղու­թեան շաբթուան մաս կազ­մած այս ե­րե­կոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման ա­ջակ­ցած էր նաեւ Պուշ տիւ Ռոն նա­հան­գի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015