bgst ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ԳԷՈՐԳ ՊԱՐՏԱՔՃԵԱՆԻ՝ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԹԵԶԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Պողազիչի» գեղարուեստից խումբը (bgst) վերջերս հրատարակած է անմահ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի վերաբերեալ գիրք մը։ «Sivri Dilli Dâhi: Hagop Baronyan'ın Siyasi ve Toplumsal Hicvi» կը կոչուի այս գիրքը, որ պատրաստուած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեանի հետազօտութեան հիման վրայ։ Այս գործը 1978 թուականին Գէորգ Պարտաքճեան Օքսֆորտ համալսարանին մէջ պաշտպանած է որպէս թեզ։ Ներկայիս Ֆըրատ Կիւլլիւ եւ Զէյնէփ Օքան թրքերէնի թարգմանած են Գէորգ Պարտաքճեանի այս գործը։ Այշան Սէօնմէզ եւ թարգմանիչներէն Ֆըրատ Կիւլլիւ գործը պատրաստած են հրատարակութեան։ bgst-ի հրատարակութիւններու շարքէն լոյս տեսած այս գործը կ՚ընդգրկէ նաեւ թրքերէն հրատարակութեան համար գրի առնուած յառաջաբան մը։ Հրատարակիչները մատնանշած են, որ այս գործը կեդրոնացած է Յակոբ Պարոնեանի կեանքին, գործին ու գաղափարներուն վրայ։ Թէեւ 1978 թուականին, այդ շրջանի պայմաններով եւ տեսակէտներով գրի առնուած է, սակայն գիրքը այժմէականութիւնը կը պահպանէ՝ իր վիճարկած խնդիրներուն տեսակէտէ։ Հրատարակիչները նոյնպէս մատնանշած են, որ Յակոբ Պարոնեան երգիծանքի արուեստը, գոնէ իր հասարակութեան համար, կ՚օգտագործէր որպէս զէնք՝ հասարակական բարոյագիտութիւնը, արդարութիւնն ու ներդաշնակութիւնը խրախուսելու ու վերականգնելու համար։

bgst այս գործը լոյս ընծայած է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Յակոբ Պարոնեանի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը զգալի է լայն հասարակութեան մօտ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2018