ՊԵՏՐՈՍ ՀԵՐԵԱՆ. «ՀՄԱՅՔԻ ՏՂԱՆ»

«Հմայքի տղան». այսպէս խորագրուած է յառաջաբանը վաղամեռիկ լիբանանահայ գրող Պետիկ Հերկելեանի (Պետրոս Հերեան) Երեւանի մէջ լոյս տեսած գիրքին: Հայրենի հանրածանօթ գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեան Պետիկ Հերեանը նկատած է անոր մէկ քերթուածի վերնագրին նման եւ արժեւորած է 1987 թուականին կեանքէն հեռացած սփիւռքահայ գրողին գրական ուղին՝ քերթուածները, արձակը եւ մանաւանդ երգիծական գրութիւնները: Անոր «Եուհու» քաղաքական, երգիծական վիպակը գրանակագէտը դասած է արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ այնպիսի գրողներու երգիծական գործերու կարգին, ինչպիսիք են՝ Պարոնեան, Օտեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Օննիկ Չիֆթէ Սարաֆ եւ այլն: Պետիկ Հերեանի «Ընտրանի» խորագրով այս գիրքին շնորհանդէսը նախատեսուած էր Երեւանի մէջ՝ 2021-ի սեպտեմբերին, սակայն գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեան նոյն ամսուն կը մահանայ քորոնաժահրէն: Օրեր յետոյ նոյն հիւանդութենէն կը մահանայ նաեւ անոր կինը՝ նշանաւոր դերասանուհի Անահիտ Թոփչեան…

Պետիկ Հերեանի գիրքը կը սպասէ արժանաւայել ներկայացման՝ թէ՛ հայրենի ընթերցողին, թէ՛ ալ սփիւռքին, ուր ան թերեւս աւելի ճանչցուած էր, քան՝ Հայաստանի մէջ:

Պետրոս Հերեան ծնած է Լիբանանի Այնճար գիւղը՝ 1954 թուականին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրի Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ ստանալէն ետք, փոխադրուած է Պէյրութ եւ հետեւած՝ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն կաճառի դասընթացքներուն։

Լիբանանի պատերազմի հետեւանքով՝ ուսման ընթացքը ընդհատուած է, սակայն ան յետագային յաջողած է շարունակել իր մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւնը եւ վերոնշեալ կաճառէն շրջանաւարտ եղած է 1985 թուականին՝ իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» վէպին նուիրուած իր աշխատասիրութիւնը։

1976 թուականին գործուղղուած է Յունաստան եւ երկու տարի վարած՝ «Ազատ Օր» օրաթերթին խմբագիրի պաշտօնը։

1978 թուականին վերադարձած է Լիբանան եւ միացած՝ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան:

Պետիկ Հերկելեան իր բանաստեղծական նախափորձերը կատարած է դպրոցական գրասեղաններուն վրայ: 1973 թուականին լոյս ընծայած է իր առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն դուրս», որուն էջերուն մէջ ամփոփուած 23 բանաստեղծութիւնները կը բացայայտեն սկսնակ գրողին գրական շնորհները։

1983 թուականին կը յաջորդէ «Բառը» խորագրեալ քերթողագիրքը, 1985 թուականին, ան մամուլին կը յանձնէ «Եւ Երկիր պագանեմ» խորագրով իր երրորդ քերթողագիրքը։

1986 թուականին լոյս տեսած է իր կարապի երգը՝ «Եուհու» քաղաքական երգիծական վիպակը։ Նոյն տարին խմբագրած եւ մամուլին յանձնած է Ռազմիկ Դաւոյեանի «Հատընտիր» քերթողագիրքը եւ Մ. Լեռնցիի «Էջեր կեանքիս գիրքէն» ինքնակենսագրական հատորը։

Միաժամանակ իբրեւ ուսուցիչ սկսած է պաշտօնավարել Լիբանանի Ճիպէյլ շրջանի «Թռչնոց բոյն» որբանոցին մէջ, սակայն մահացու հիւանդութիւնը վրայ հասած է եւ քանի մը ամիս տեւած հիւանդանոցային մաքառումներէ ետք, մահացած է 10 մարտ 1987-ին։

1992 թուականին, յետ մահու, բանաստեղծին հարազատները հրատարակած են անոր «Գրական վերլուծական էջեր» խորագիրը կրող հատորեակը, որ կ՚ամփոփէ Վազգէն Շուշանեանի ուսումնասիրութիւնը եւ մամուլին մէջ տպուած գրադատական յօդուածները։

«Ընտրանի» ժողովածոն ցայսօր լոյս տեսածներէն առաւել ամբողջականն է, կ՚ընդգրկէ հեղինակի կենդանութեան օրօք եւ մահուընէ ետք լոյս տեսած անոր բոլոր գիրքերը: Այս գիրքին մէջ Պետիկ Հերեան ընթեցողին կը ներկայանայ իբրեւ բանաստեղծ, արձակագիր եւ գրականագէտ: «Ընտրանի»ն լոյս տեսած է բանաստեղծի ընկերներուն մեկենասութեամբ։ Հատորի կողքին զետեղուած է լիբանանահայ նշանաւոր գեղանկարիչ Փօլ Կիրակոսեանի «Պետրոս Հերեան յանձնառու բանաստեղծը» դիմանկարը եւ հեղինակէն տասնաբանեայ խոհեր, իսկ հատորին մէջ ընթերցողը կը գտնէ Կիրակոսեանի «Բանաստեղծը» խորագրեալ իւղաներկի պատճէնը։

Խմբագիր Ալեքսանդր Թոփչեան իր նախաբանին մէջ կը գրէ, որ եթէ Պետրոս Հերեան իր երեք ժողովածուէն, մէկ վիպակէն եւ աւարտաճառէն յետոյ այլեւս ոչինչ գրէր եւ կամօքն Աստուծոյ այսօր մեր կողքին ըլլար, մենք դարձեալ մեր գնահատումի եւ երախտագիտութեան խօսքը կ՚ըսէինք այդ թէկուզ ծաւալով ոչ մեծ, բայց արժէքաւոր ժառանգութեան համար։

Սակայն, ցաւալի է, որ ինչպէս ժամանակին անողոք հիւանդութիւնը ընդհատեց Հերեանին կեանքը, այնպէս ալ անկանխատեսելի ժահրը ընդհատեց իր գիրքը լաւագոյնս արժեւորած եւ յառաջաբանը գրած գրականագէտին կեանքը: Շնորհանդէսին կը սպասենք տակաւին…

«ԵՈՒՀՈՒ»

Ալեքսանդր Թոփչեան նկատած է, որ «Եուհու» վիպակին երգիծանքը սովորական չէ՝ կծու, խայթող, գերիրական եւ նոյնքան ալ շօշափելի իրական արձակ մըն է, այն աստիճան իրական ու ճանաչելի, որ գաղութի ազգային ջոջերէն ու ջոջուհիներէն ոմանք ժամանակին իրենց դիմանկարները տեսած էին անոր մէջ եւ վրդոված: Հատուած «Եուհու»էն

ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԻ

Եուհուին նախատեսութիւնը ճիշդ դուրս եկաւ եւ որոշեալ օրը «Կնոջ Ազատագրութեան Շարժում»ին եւ «Այրերու Փրկութեան Ճակատ»ին գլխաւորութեամբ՝ ժողովրդային երկու ստուարաթիւ հատուածներ համախմբուեցան Քաղաքապետարանի հրապարակը, ուր տեղի պիտի ունենար Եուհուին հռչակաւոր դառնալու կոչուած դասախօսութիւնը՝ «Բամբասանքը» նիւթին շուրջ։

Հակադիր կազմակերպութիւնները տեղ գրաւեցին դաշտին ամբողջ երկայնքին՝ դէմ-դիմաց։ Այրերու խմբաւորումին մէջ նկատելի էին քանի մը արուացած կիներ, իսկ կիներուն մէջ՝ կարգ մը իգականացած այրեր։

Քաղաքապետարանի նուագախումբը հնչեցուց դարերէ ի վեր մոռցուած «Բամբասանք»ի քայլերգը, որուն ոգիի ձայնին անսալով հակադիր ճակատները ոտքի կանգնեցան՝ միանալով յարգանքի գաղափարին շուրջ։

Օրիորդ Փանոսէ Սրբիչեանի օձագալար մարմինը սիգաճեմ բարձրացաւ բեմահարթակ եւ յայտարարեց, որ Եուհուն պիտի ներկայացնէ «Բամբասանքը» նիւթին շուրջ ուսումնասիրութիւն մը, որ պիտի ունենայ միջ-մոլորակային աւարտաճառի զօրութիւն։

Եուհուն ճշդեց, որ իր ուսումնասիրութեան տուած է «Վարդապետութիւն Բամբասանքի» ընդհանուր խորագիրը եւ սկսաւ.

ԱՍՔ ՍՐՏԱԳԻՆ (փոխան յառաջաբանի)

Նկատի ունենալով, որ վերջին տարիներուն Բամբասանքը սկսած է թերագնահատուիլ, իսկ քաղաքացիական պատերազմին առթած սարսափը կը սպառնայ իր ճիրաններուն մէջ սպաննել մեր գոյատեւման պայքարի հիմնական լծակներէն հանդիսացող այս մէկը եւս, նկատի ունենալով, որ՝

Ի մեծ ուրախութիւն մեղկ ու կրաւորական արարածներու՝ Բամբասանքը սկսած է զգալի նահանջ արձանագրել։

Մենք անհրաժեշտ համարեցինք ձեռնարկելու՝ գիտական հիմերու վրայ պատրաստուած մեր ներկայ աշխատութեան, որ ցարդ իր բացակայութեամբ քաջալեր կը հանդիսանար այս յոյժ կարեւոր մարզի անտեսման տխուր գործին։

Մեր նպատակն ու մտահոգութեան առանցքն է՝ ոչ միայն փրկել ու կենդանի պահել վտանգուած շունչը Բամբասանքի ոգիին, այլ նաեւ վերարծարծել եւ թէժ պահել բոցերը անոր մաքրազտող կրակին, որուն նպաստը անգնահատելի եղած է հին ժամանակներէն ի վեր՝ մարդկային պատմութեան ողջ յառաջընթացին գծով։

Բամբասանքի ներգործօն ուժը, այսպէ՛ս, սիրելինե՛ր, ծանօթ է մեր բոլորին, սկսած Նախնադարէն։ Անոր շնորհիւ, գիտենք, թէ մարդիկ ինչպէս յաջողած են վար բերել վերերէն թռչող յաւակնոտ արարածներ, եւ թէ՝ ինչպէ՛ս Բամբասանքը իր հոգածու թեւերուն վրայ բարձրացուցած է իր հաւատարիմ մշակները, այսինքն բամբասողները, լրիւ հատուցելով այս վերջիններուն ծառայութեան փոխարէն։

Բամբասանքի դժնդակ, երկարատեւ, արիւնալի, այլ հոգեգրաւ պատմութիւնը կ՚՚ուսուցանէ, որ առանց իրեն չկայ մարդկային աշխոյժ փոխ-յարաբերութիւն, եւ թէ՝ որքա՛ն օգտակար է անոր բուժիչ թոյնը՝ անտաշ մարդոց անմշակ հոգիներուն փթթումին ի խնդիր։

Յարգելով հանդերձ Շէյքսփիրի անվիճելի տաղանդը՝ մենք չէինք կրնար սահմանափակուիլ Եակոյի փոխանցած գիտելիքներով, տրուած ըլլալով որ հարկաւոր էր քայլ պահել ներկայ դարու նուաճումներուն հետ, եւ այս վերջիններուն առընթեր անհրաժեշտ էր հարստացնել նաեւ բամբասանքային գիտելիքները եւ իրազեկ դառնալ անոր տակաւին անյայտ կարգ մը թաքուն ծալքերուն։

Առ այդ, աչքէ անցուցինք բազմաթիւ հրատարակութիւններ եւ հետեւեցանք միջազգային լրատու գործակալութեանց հաղորդումներուն, որոնցմէ օգտուեցանք մեծապէս, շնորհակալ ենք։

Հոս, կ՚ուզենք նաեւ շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղել՝ յանուն այս գործի յաջողութեան իրենց ուղղակի կամ անուղղակի մասնակցութիւնը բերած կարգ մը անհատներու, որոնց շարքին՝

Ա.- Հոգիներու բարեբեր աղտեղութեանց բազմամեայ մշակ, մաղձային բազմապիսի նիւթերու եռացող խառնարան, մարդկային խորախորհուրդ բարդոյթներու շիկացած կեդրոն, մեղկ ու լճացած կեանքի ահազանգային եռուզեռ, իտէալական տեսիլներով հրդեհուած շրջուն հնոց, յաջող դաւադրութիւններու արհեստավարժ մասնագէտ, տգեղ երեւոյթներու ներհուն քննադատ, հետաքրքրական ենթադրութիւններու անսպառ աղբիւր, անհատական պառակտումներու չպեղուած, այլ հարուստ հանքավայր, հոգեշահ քինախնդրութիւններու կենսատու սերմ, բարեկրթութեան լպրծուն կատակներուն վրայ շաչող մարդկային զիլ կանչ, հրապարակային գզվռտուքներու աննահանջ ռահվիրայ, համաշխարհային դարաւոր ատելութեանց կենդանի խորհրդանիշ, բուի ահազանգային վայոց, կաչաղակներու սրաթռիչ թեւ, ճիւաղային սոսկատեսիլ կերպարանք, կիրքի, ցուցամոլութեան եւ կասկածի անձնուէր առաքեալ, յանուն բամբասանքի ընդհանրական փառքին իր սեփական ընտանիքը զոհած, երբեմնի վաստակաշատ եւ այժմու թափառական գործիչ՝ տիկին Ձկնաբերան Թութեան ծնեալ Ֆըլֆըլիկեանին, որ քիչ մնաց բամբասանքի ապերախտ ճամբուն վրայ իր անձը զոհէր, երբ անոր գոռոզ ամուսինը իր իսկ անճարակութեան շնորհիւ, փոխանակ թանկագին տիկին Ֆըլֆըլիկեանին վրայ կրակելու, սխալմա՞մբ թէ դիտմամբ՝ կրակեց ինքն իր վրայ եւ... անձնասպան եղաւ։ Աստուած անոր... ապականած հոգին լուսաւորէ։ (Մինչեւ այսօր տակաւին, երբ տիկին Ձկնաբերան մտաբերէ այդ չարաղէտ դէպքը, անոր մարմարեայ ուսերը կը ցնցուին յուզումէն, ան կը բարձրացնէ տիպար բամբասողի մը վայել՝ սրտաճմլիկ աղաղակ մը եւ կը սկսի լալ... ուրախութենէն, յիշելով այդ ահաւոր արկածէն իր անվնաս փրկութիւնը...):

Բ.-Անձնական հարցերը ազգային հարցերու վերածելու մասնագէտ, բամբասանքային գիտութիւններու թեկնածու, հոգեկան ախտագին երեւոյթներու դասախօս՝ դոկտ. փրոֆ. Պաղտասար Հերոսեանին, որ եթէ զբաղած չըլլար բամբասանքային անյետաձգելի աշխատանքներով, փոխանակ հանրային ձախող գործիչ մը ըլլալու՝ կրնար յաջող վաճառական մը ըլլալ այսօր:

Զուր չէ, որ մեր յարգելի դոկտորը Ս. Էջմիածնի հետ կը շփոթէր Կեդրոնական Դրամատունը, ամէն անգամ որ երկիւղածօրէն կ՚անցնէր անոր մօտէն, իր յոգնատանջ ուղեղին եւ հոգիին մէջ ահեղ մարտեր մղելով իր ոսոխներուն դէմ:

Մոռցած իր բուն մասնագիտութիւնն ու առօրեայ ճղճիմ մտահոգութիւնները, անցնելով զրպարտութիւններու տաք ու պաղ քուրաներէն եւ բաւիղներէն եւ թրծուելով իբրեւ հմուտ բամբասող, մեր հանրային աւերակներուն մէջ եկաւ կանգնեցաւ դոկտ. փրոֆ. Պաղտասար Հերոսեանը, իբրեւ լճացած կեանքի պարարտ ծանծաղուտ...

Ժամանակի ընթացքին, երախտարժան փրոֆեսէօրը յօրինեց բամբասանքային այնպիսի երգեր, որոնց ի լուր կը փշաքաղուէր մարմինը բազմաթիւ կիներու, եւ էգերուն կարգ մը յատկանշական գիծերը լաւապէս իւրացուցած արուներուն։

Չհաւատալով դասակարգային խտրութեան, այլ ձախողելով ամբոխը բարձրացնել իր մակարդակին՝ ինք իջաւ ամբոխի աստիճանին, համեստօրէն։

Գ.- Բանաստեղծ, դերասան, խմբագիր, թատերագիր, գրագէտ եւ քննադատ Փիլիպպոս Սնոտիին, որ երկարատեւ տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք, յաջողեցաւ քննադատութիւնը բարձրացնել... բամբասանքի մակարդակին, եւ գրական մեծ դէմքերու անունին շուրջ գայթակղութիւններ ստեղծելով՝ իր հերթին դարձաւ մեծ դէմք մը... բամբասանքի ասպարէզին մէջ։

Կեանքին մէջ գործեց իբրեւ դերասան, բեմին վրայ իբրեւ ոչ-դերասան եւ թէեւ թատրերգութիւն չգրեց երբեք, բայց մենք զինք նաեւ թատերագիր կը նկատենք՝ շրջապատին ու գրականութեան մէջ ունեցած իր թատերական ելոյթներուն համար...

Ան բանաստեղծութեամբ ալ չզբաղեցաւ, բայց մենք արդարօրէն զինք բանաստեղծ կը նկանենք՝ իր արձակ էջերուն մէջ վխտացող, այլ ռոմանթիքներու շրջանը յիշեցնող քնարերգական իր զեղումներուն համար, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն՝ բամբասանքի մեր բառամթերքին մեծապէս նպաստող, եւ իգական սեռին նախանձը շարժող բազմաթիւ բացագանչութիւններ, ինչպէս, օրինակ՝ «Ա՜-ա՜խ-ո՜ւխ»ը, «ղէ՜-ղա՜-ղուն», «չէ-չում-չեմ»ը, «պում-պում-պում»ը, «տանկ-տանկ-տանկ»ը, «վայ-վույ-վէ»ն, «թո՜ւ»ն եւ «օ՜ֆ»ը։

Շրջապատուած ըլլալով դաւադիր, սնամէջ, ամբարտաւան եւ ապերախտ նորելուկներով՝ Փիլիպպոս Սնոտին քանից երերաց իր բարձր դիրքին վրայ (ուր բարձրացած էր յուսատու նորերու գրական փորձերուն վրայ կոխելով) եւ քիչ մնաց որ տապալէր, եթէ երբեք անոր պատուանդանը կառուցուած չըլլար՝ տարիներու փորձառութեամբ եւ անհուն զոհողութիւններու գնով ձեռք բերուած բամբասանքային ամուր շաղախով։

Միւս կողմէ, փոխանակ պարկեշտութեան միջոցով անձնապէս բարձրանալու դժուարին ուղին ընտրելու, բամբասանքի միջոցով ուրիշները... ցածցնելու դիւրին եւ շահաւէտ ճամբան ընտրեց, խոհեմաբար։

Տրուած ըլլալով, որ Փիլիպպոս Սնոտիին քաջ ծանօթ է մեր հասարակութեան ծանծաղ մտայնութիւնն ու հարցերը մակերեսէն դիտելու սովորութիւնը, ան փոխանակ Խորքին՝ կարեւորութիւն ընծայեց Ձեւին, եւ շողշողուն բառերու ետին թաքնուած՝ իր խեղճութիւնը իբրեւ ինքնավստահութիւն, եւ իր եսը իբրեւ անհատականութիւն յաջողեցաւ ներկայացնել ժողովուրդին։

Իր գրական պարբերաթերթը անձնական հաշիւներու մաքրագործման բեմի վերածելով՝ վտանգաւոր բազմաթիւ մրցակիցներէ եւ երէցներուն հանդէպ յարգանք չունեցող եւ մարդակերտ իր կաղապարը հանդուրժել չուզող բազմաթիւ նորերէ փորձեց մաքրագործել մեր Գրական Տաճարը, որուն գաւիթին մէջ կոչուած էր վարպետ լումայափոխ մը ըլլալու...

Ճիշդ է, որ գրական եւ դերասանական իր ելոյթներուն կողքին զբաղած ըլլալով նման հոգեպարար գործերով՝ առիթ չունեցաւ գրական կամ բեմական դէմք մը ըլլալու, բայց վստահ ենք, որ իբրեւ տիրական բամբասող ան պիտի յիշուի մեր գրական եւ թատերական պատմութեան մէջ...

Բամբասանքի իր ընդունակութիւնը ան պտըտցուց իրեն հետ ամէնուրեք՝ Կեանքին ու Գրականութեան մէջ եւ յոգնած ու ուժասպառ, լուտանքներու բեռան տակ կքած, այլ յաղթականօրէն հասաւ մեր օրերուն եւ հպարտօրէն բախեց... մեր աշխատութեան դուռները։

Կրկին շնորհակալութիւն՝ բամբասանքի ազատ ասպարէզի պաշտօնակիցներ՝ տիկին Ֆըլֆըլիկեանին, Պաղտասար Հերոսեանին, Փիլիպպոս Սնոտիին եւ բոլոր անոնց, որոնք բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս (իրենց լեզուով), օժանդակեցին մեր ներկայ աշխատութեան իրագործումին...

ՊԵՏՐՈՍ ՀԵՐԵԱՆԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ԲԱՌԸ…

Վաղուց արդէն բնակուած հմայական ցաւերով,
Կը շրջէի ես անդուլ դիւահարի մը հանգոյն,
Կը փնտռէի փրկարար բառըս բարի,
Սակայն չէի յաջողեր ճշդել անունը անոր:

Բառը ցօղ էր նախապէս՝ իջած դողին մատներուս,
Դէմքիս թեքուած ծաղիկներու ժպիտ էր ան վայրենի,
Թոթովանքիս շնորհուած գուրգուրանք էր պարզապէս:

Բառը ցո՜լք էր աղջկայ,
Բաժակ էր ան հրաշահիւս կակաչի,
Ապա խաչքար ճաքճքած,
Մագաղաթի ծուէն էր՝ արիւնիս մէջ թաթախուած,
Երակներս լափլիզող կրակ էր ան պատուհաս,
Եւ ջիղերուս ցանցը ցնցող հրապոյր էր էգերու,
Որդան կարմիր էր եռուն,
Արեւայորդ հաւատամք էր հեթանոս,
Հնադարեան մեղեդի,
Հողի բոյր էր զգլխիչ,
Յովատակի վրինջ էր ու վարգ էր ան եղնիկի:

(«Բառը» 1983)

 

ՄԻ՛ ՄՈՌՆԱՔ, ՄԱՐԴԻԿ…

Եթէ երբեք
Աննպատակ ձեզ թուեր եմ,
Ես քիչ մը խենթ
Եւ միշտ ուրախ ձեզ թուեր եմ,
Մի՛ մոռնաք, մարդի՛կ,
Որ ձեզի համար,
Իմ սրտին խորը
Ես շարունակ
Թախիծ մը խոր
Ունեցեր եմ…

(«Եւ երկիր պագանեմ» 1985)

 

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կենաց անձրեւ,
Յոյսի արեւ,
Իմ պապերուն
Կտակին հետ
Գոյութեանս մէջ
Շրջող բարեւ…

Արդարութիւն՝ յոյսի արեւ,
Սակայն աշնան բախտի տերեւ…

(«Պատուհանէն դուրս» 1972)

 

ՏԱՌ ԻՄ

Ոսոխի զարկին ընդդէմ բարձրացող
Խորանի քուլայ,
Նահատակներու արիւն իմ բորբոք,
Կը բերեմ ես քեզ
Հաւատացեալի հոգեպարար ծէսն յաւիտենութեան,
Հայրենազուրկի ապաստան վերջին,
Առաջին սիրոյ դալո՜ւկ իմ ժպիտ,
Միակ սփոփանք հալածանքի,
Մեսրոպեան տա՜ռ իմ,
Ես քեզմով առլի
Ու կարօտ՝ քեզի՜,
Դո՞ւն ես կրակն իմ ամենափրկիչ:

Մեսրոպեան տա՜ռ իմ,
Գուրգուրա՛ վրաս՝ իբրեւ հիւանդի,
Եւ մի հեռանար դուն սնարէն իմ,
Որ ես… չմեռնի՜մ…

(«Հատընտիր» 2004)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022