ԹԻՒԵՐԸ, ՄԵՐ ԲԵՐՆԻՆ ՄԷՋ
Այս տողերը միայն նորութիւններ չեն, ոչ ալ՝ սովորական շարադրանքներ, այլ՝ օրուան ընթացքին մեր գործածած կամ օգտագործած զանազան թիւերու մասին որոշ տեղեկութիւններ: Շատեր կրնան տեղեակ ըլլալ: Իմ կողմէ պարզապէս ընթեցողին միտքը վերադարձի բերող կէտեր:
Եւ որովհետեւ, բոլորս ալ կ՚ապրինք «թիւերու» աշխարհի մը մէջ, ուզենք կամ ո՛չ, զանոնք ստիպուած կը գործածենք, եւ պիտի շարունակենք գործածել, այնքան ատեն որ կը խօսինք:
Այս մասին շատ գրուած է: Բայց կ՚արժէ անգամի մը համար արտայայտուած կարծիքները լոյսին բերել, ծանօթանալու կամ լուսաբանուելու միտումով:
Այսպէս, առաւօտ կանուխէն, մինչեւ ուշ գիշեր, բոլորս ալ թիւերով կը զբաղուինք, կամայ թէ ակամայ, ուր որ ալ գտնուինք: Ամէն վայրկեան թիւ կը գրենք, թիւով կը խօսինք, թիւ կ՚ըսենք կամ կը կրկնենք: Այս է կարծես ներկայ մեր կեանքի անբաժան «զբաղումը», կամ՝ մեզ «ընկերացողը»: Բժիշկի մօտ կամ շուկայ... փողոց կամ դպրոց... չէք գրելու ատեն կամ՝ պարզ խօսակցութիւն, անպայման թիւերու կը դիմենք, կը խօսինք, թիւեր կը տեսնենք, կը գրենք, կը համրենք: Որովհետեւ, թիւերու անմիջական կարիքը կը զգանք եւ ունինք: Կ՚ապաւինինք: Կը մէջբերենք: Կը հանդիպինք: Կը կարդանք: Կը զբաղուինք: Կը խաղանք: Կը կրկնենք: Կը սորվինք: Կը հաշուենք: Մէկ խօսքով, կարծես թիւերով կը սնանինք: Ու այս բոլորը նորութիւններ չեն, բայց մեր կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը ըլլալէ չեն դադրիր: Այսպէս ամէն օր եւ ամէն առիթով թիւ կը խաղցնենք, կամ ալ՝ թիւերը մեզ կը խաղցնեն:
Բայց, երբեմն ալ յատուկ թիւերու միջոցով կ՚ըսենք մեր ըսելիքը, անոր աւելի շեշտաւորեալ դարձնելու եւ խոր իմաստ տալու, կամ դիտաւորեալ մեր դիմացինը սաստելու, մեր բառերը յաւելեալ բացատրողական դարձնելու, արտայայտելու եւ մեր միտքը աւելի պարզ ձեւով ներկայացնելու համար:
Մէկ խօսքով՝ այդ թիւերը կը գործածենք իբրեւ չափազանցուած խօսք... եթէ կ՚ուզէք: Պարզապէս՝ ըսելու ձեւ եւ ոճ: Բարկութեան նշան կամ խրատական դաս... եւ ինչու չէ նաեւ մեր խօսակիցը զգաստացնելու եւ մեր տալիք «հրահանգին» աւելի ազդու արտայայտելու եղանակ:
Օրուան ընթացքին, ծնողք կամ ուսուցիչ, ղեկավար, ոստիկան, գործատէր, յաճախորդ, պատասխանատու անձ, կամ խմբավար, բոլորս ալ զանազան թիւեր կը գործածենք։
Այդ բոլորը, մեր կեանքի թելադրանքէն ծնած եւ մեր բացատրութիւնները աւելի հեղինակաւոր դարձնող միջոցներ են, որոնց ընդհանրապէս կը դիմենք առաւել տպաւորիչ դարձնելու համար մեր արտայայտութիւնը: Անկասկած մեր խօսած ձեւէն եւ եղանակէն, այս թիւերը իրենց հաստատ հետքերը կը դնեն հասցէագրուած անձին մտքին վրայ:
Ու զարմանալի չէ, որ այս նշելիք թիւերը ժողովուրդներու ամէնօրեայ խօսակցական լեզուին մէջ ալ մեծ եւ սակայն յաճախ ալ տարբեր իմաստ կ՚ունենան: Ունին:
Օրինակները շատ հետաքրքրական եւ նոյնքան՝ սովորական ալ են:
Այսպէս. բոլորիս ծանօթ եւ միշտ կրկնուող 1000-ը, 100-ը, 10-ը, 7-ը, 2-ը, 60-ը, կամ 50-ը, նոյնիսկ՝ միլիոնը:
Նաեւ աւելցնենք, որ ժողովուրդէ ժողովուրդ, այս թիւերը կրնան փոխուիլ իրենց գործածուած տեղերուն կամ պահերուն համաձայն:
Փորձենք ականջ դնել.
Մէկը «50»ը կը գործածէ, իսկ ուրիշ մը նոյն մտքին համար՝ «20»ը կամ «2»ը:
Շատ գործածական է «հարիւրը» եւ ընդհանրացած նոյնիսկ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու լեզուին մէջ: Այլ խօսքով, ծամօն դարձած: Նաեւ տեսնուած է, թէ «կլորցուած» թիւերը շատ աւելի յաճախ կը գործածուին: Օրինակ՝ չենք ըսեր «ութսուն» կամ «երեսուն» անգամ: Բայց կ՚ըսենք. հարիւր անգամ... քսան անգամ... եւ այլն: Ուրիշ օրինակներ.
«Աչքդ տասը բաց: -Յիսուն անգամ ըսի, մի՛ ըներ: -Քսան անգամ ելար իջար, ի՞նչ հասկցար: -Տասը աչքէ կու լայ: -Հազար ապրիս: -Եօթը սուրբերուն մոմ վառեց: -Եօթը տարի սպասեցին պզտիկ ունենալու համար: -Հազար անգամ փողոցը դարձայ, մինչեւ որ ինքնաշարժիս տեղ մը գտայ: -Երկու ժամէ ի վեր քեզ կը փնտռեմ. ոտքերուս վրայ ջուր իջաւ: -Հինգ անգամ բացատրեցի, չհասկցաւ: -Հիմա հինգ եղբայրները կ՚իջեցնե՛մ երեսիդ...»:
Նաեւ յիշենք, որ հեքիաթներուն մէջ, շատ կը հանդիպինք թիւերու առատ գործածութեան: Իւրաքանչիւր ընթերցող, այս մասին արդէն մտովի կրնայ կռահել եւ նոյնիսկ հաստատել այս բոլոր ըսուածները:
***
Արդ, այս բոլորէն ետք, ըսեմ որ մեր մամուլը տարին «յիսուն» անգամ իր սիւնակներէն, իր էջերէն, իր ընթերցողներուն կը հասցէագրէ, կը գրէ, կը թելադրէ, կը յիշեցնէ ազգային գիտակցութեան, հայու ռիթմի, հայրենի հողի կանչի, մայրենի լեզուի նահանջի եւ շատ մը ազգային մտահոգութիւններու մասին: Բայց.- որո՞ւ կ՚ըսես, որո՞ւ կը գրես.- ո՞վ է կարդացողն ու մտիկ ընողը եւ մանաւանդ հասկցողն ու գործադրողը.- ի՜նչ օգուտ:
Բայց, պատիւ իրեն, աւելցնեմ որ հայ մամուլը միշտ պիտի շարունակէ նման հարցեր լոյսին բերել եւ նոյնիսկ ընթերցողի ականջին օղ դարձնել, եթէ ո՛չ «յիսուն»՝ նոյնիսկ «միլիոն» անգամ:
Հաւատացէ՛ք...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ